Հինգշաբթի, 15. 05. 2025

spot_img

Յարձակում Գանտիլլիի Հայկական Եկեղեցիին Վրայ

Սեւ ծովու սահմանամերձ Գանտիլլիի հայկական եկեղեցւոյ Թաղային խորհուրդի ատենապետ Տիգրան Գէորգեան «Մարմարա»-ին յղած է հետեւեալ հաղորդագրութիւնը.

«Գանտիլլիի Սրբոց Երկոտասան Առաքելոց մեր եկեղեցին Օգոստոս 14, 2014ին, Հինգշաբթի գիշեր, անծանօթներու կողմէ նետուած սալաքարերու յարձակման ենթարկուեցաւ։ Այս յարձակումին ընթացքին փշրուեցան տանիքի բազմաթիւ կղմինտրներ, վնասուեցան զանգակատունը եւ պարտէզի վրանի ծածկոյթը։ Ապակիներուն փոքրիկ մէկ մասն ալ փշրուեցաւ յարձակման ընթացքին։ Ապահովութեան ուժերը Օգոստոս 15 թուակիր ու թիւ 2014-2597 ատենագրութեամբ ձեռք դրին պատահարին վրայ ու շարժման անցան, որպէսզի անհրաժեշտ քննութիւնները կատարուին։ Պատահարը, բացի իր պատճառած նիւթական վնասէն, բարոյական տեսակէտէ եւս մեծ ցաւ պատճառած է Թաղային խորհուրդին ու շրջակայ երիտասարդութեան։ Թուրքիոյ Հայոց պատրիարքարանն ալ տեղեակ պահուած է այս ցաւալի պատահարէն։ Պատահարին մասին ուզեցինք տեղեկութիւն տալ նաեւ մեր համայնքի ողջախոհ շրջանակներուն»։

«Մարմարա» (Պոլիս)

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին