Կիրակի, 10. 11. 2024

spot_img

Մեծ Եղեռնի 100-Ամեակի Ծրագիրները Հայաստանի Կառավարութեան 6 Միլիառ Դրամ Պիտի Արժեն

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի ձեռնարկները պատրաստելու համար Հայաստանի կառավարութիւնը դրամական միջոցներ չի խնայեր` իրականութիւնը ամբողջ աշխարհին աւելի ճոխ ներկայացնելու համար: Այս մասին Ծաղկաձորի մէջ «Բազէ-2014» համահայկական երիտասարդական հաւաքի բացման արարողութեան ընթացքին հաւաքին մասնակիցներուն հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան:

«Նախագահին կարգադրութեամբ ստեղծուած  յանձնաժողով կայ, բազմաթիւ քայլեր կան, բազմաթիւ ծրագիրներ կան, որոնց համար կառավարութիւնը շուրջ 6 միլիառ դրամէն աւելի պիտի ծախսէ: Պիտի փորձենք ներգրաւել  բարեգործական ծրագիրներ, որպէսզի ամբողջ բեռը չմնայ մեր պետական պիւտճէին վրայ»,- յայտնած է վարչապետը:

Յովիկ Աբրահամեան նշած է, որ բազմաթիւ միջազգային կառոյցներ, օտարերկրացի խորհրդարանականներ չեն գիտեր, թէ իրականութեան մէջ ի՛նչ տեղի ունեցած է 100 տարի առաջ: Այդ պատճառով կառավարութիւնը պիտի փորձէ Ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկները լաւագոյնս ներկայացնել:

«Ատիկա պէտք է մեզի համար նաեւ քննութիւն ըլլայ, մարդիկ պէտք է իրապէս ականատես ըլլան այն պատմութեան, որ եղած է 100 տարի առաջ: Բազմաթիւ միջազգային կառոյցներ իրական պատկերին ծանօթ չեն, ինչպէս նաեւ Արցախ-Ատրպէյճան տագնապին: Մենք պէտք է ամէն ինչ ընենք, որ աւելի շատ հիւրեր գան Հայաստան, իրականութեան քաջատեղեակ ըլլան: Միջոցներ պիտի չխնայենք, որպէսզի աւելի ճոխ ներկայացնենք իրականութիւնը ամբողջ աշխարհին»,- ըսած է վարչապետը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին