Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցած պատերազմական վիճակը եւ յատկապէս Հալէպի մէջ մինչեւ օրս տեղի ունեցած ռմբակոծումները, հրթիռակոծումները եւ կրակոցները պատճառ եղան, որ բնակիչները ամէն տեսակով վտանգուին:
Այս անապահով վիճակին մէջ եւ յատկապէս հայկական գերեզմաններու վայրը անապահով եւ զինեալներու բախումներու վայր ըլլալուն պատճառով Հայ ազգի զաւակները այս տարուան Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման յաջորդող օրը՝ Մեռելոցին ինչպէս անցեալ տարի եւս, չկրցան այցելել իրենց ննջեցեալներուն գերեզմանները: Այս մասին կը յայտնէ perionews-ը։