Հայաստանի Գիւմրիի քաղաքի մէջ պիտի կառուցուի երկրի ամենամեծ արեւային ելեկտրակայանը: NEWS.am-ի թղթակցի հետ զրոյցին Caritas Armenia ընկերութեան ծրագրերու համակարգող Տիգրան Պետրոսեան տեղեկացուցած է, որ կայանը պիտի տեղադրուի երեխաներու ցերեկային խնամքի նոր կեդրոնի տանիքին, զայն կը կառուցէ Caritas Austria-ն: Երեխաները մինչեւ տարեվերջ պիտի տեղափոխուին նոր կեդրոն:
Համալիրը բաղկացած պիտի ըլլայ 381 մարտկոցէ, արեւային բարձրագոյն աշխուժութեան ժամանակ՝ 95.25 ք.ուաթ հզօրութեամբ: Նոր կայանի բնապահպանական արդիւնքը տարեկան CO2-ի՝ 123 թոն արտանետումներու տնտեսումն է: