Կիրակի, 27. 04. 2025

spot_img

Ցեղասպանութեան Մասին Գերմանիոյ Պունտեսթակի Նախագահին Ելոյթը Անհանգստացուցած Է Անգարան

«Համաշխարհային Ա. պատերազմի 100ամեակը» խորագիրով ձեռնարկին ընթացքին արտասանուած Գերմանիոյ Պունտեսթակի (խորհրդարանի) նախագահ Նորպերթ Լամերթի ելոյթը անհանգստացուցած է Անգարան: Այս մասին կը յայտնէ armenpress-ը։

Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահ Ճեմիլ Չիչեք այդ կապակցութեամբ յատուկ նամակ մը յղած է Լամերթին՝ իր մտահոգութիւնը յայտնելով վերջինիս խօսքերուն առնչութեամբ: Ըստ թրքական «Հապերլեր» կայքին՝ Չիչեք քննադատած է յատկապէս Պունտեսթակի նախագահի հետեւեալ յայտարարութիւնը. «Հայերու աքսորն ու ոչնչացումը, անոնց տեղահանութիւնն ու զանգուածային սպանութիւնը վերածուած էին պատերազմական գործիքի»:

Իր նամակին մէջ Չիչեք կրկնած է, թէ «հայերուն տեղահանութիւնը պատերազմական պայմաններու հետեւանքով եղած է, եւ այդ պատճառով ալ, զայն կարելի չէ աքսոր կամ զանգուածային սպանութիւն նկատել»՝ աւելցնելով, որ պատերազմը «թէ՛ հայերու, թէ՛ թուրքերու համար մեծ ցաւերու ժամանակաշրջան մը եղած է»:

Անդրադառնալով Լամերթի խօսքերուն՝ Չիչեք կոչ ըրած է Գերմանիոյ «անկողմանակալ վերաբերմունք ցուցաբերելու», եւ փափաք յատնած է այս հարցին մանրամասնութիւնները քննարկելու իրենց յաջորդ հանդիպման ընթացքին:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին