Շաբաթ, 05. 10. 2024

spot_img

Մահացած է Բանաստեղծուհի Մետաքսէն

10 Օգոստոսին մահացած է 88ամեայ բանաստեղծ, թարգմանիչ, Հայաստանի «Մովսէս Խորենացի»ի մետալակիր, Հայաստանի Գրողներու միութեան անդամ Մետաքսէն (Մետաքսէ Պօղոսեան): Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան հասարակութեան հետ կապերու բաժինէն յայտնած են, որ Մետաքսէի մահուան առիթով վարչապետին որոշումով պիտի կազմուի թաղման կառավարական յանձնաժողով:

Բանաստեղծ, արձակագիր Մետաքսէ Պօղոսեան ծնած է 1926ին, Արթիկի շրջանի Արեւշատ գիւղը: Աւարտած է Երեւանի Խ. Աբովեանի անուան պետական մանկավարժական, այնուհետեւ՝ Գրողներու միութեան կից Մոսկուայի Կորքիի անուան գրականութեան հաստատութիւնները:

Հեղինակ է աւելի քան երեք տասնեակ գիրքերու՝ «Զգոյշ, Սիրտ Է», «Սէրը Հաւատ Է», «Արցունքները Չեն Ծերանում», «Հազար Ու Մի Սէր», «Երբ Ես Գալու, Տէր» եւ այլն: 1995ին հրատարակած է «Շամիրամ» բանաստեղծութիւնը: Ունի մանկական, ինչպէս նաեւ ռուսերէնով գիրքեր։ 1963էն Հայաստանի Գրողներու միութեան անդամ էր: 1989-91ին եղած է Հայաստանի Մայրութեան հիմնադրամի փոխ-նախագահը, 1992-95ին՝ արցախեան պատերազմի զինուորներու աջակցութեան յանձնաժողովի նախագահը: 2002ին գրած է «Յովհաննէս Շիրազը Իմ Յուշերում», 2004ին՝ «Պարոյր Սեւակը Իմ Կեանքում» յուշագրութիւնները: Թարգմանած է ռուս բանաստեղծ Ախմատուլինայի «Բանաստեղծութիւններ»ը, սլովաք Միրոսլաւ Վալեքի «Հեռաւոր Հանդիպում», ռումանացի դասական Թուտոր Արկեզիի «Խորհրդաւոր Սաղմոս» բանաստեղծական գիրքերը եւ այլն։ Մասնակցած է միջազգային բանաստեղծութեան փառատօներու:

1985ին գրած է «Ամենափրկի»չ, «Յովհաննէս Մկրտի»չ եւ «Աստծոյ Տեսիլք» բաանստեղծութիւնները, որոնք առանձին գիրքերով հրատարակուած են հայերէն եւ անգլերէն լեզուներով: 1998ին արժանացած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան ոսկի «Զօրավար Անդրանիկ» մետալին, 2004ին՝ ոսկի մետալի՝ Արցախի ազատագրման գործին մէջ ունեցած աւանդին համար: 2008ին արժանացած է «Մովսէս Խորենացի» մետալին:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին