Կազմակերպութեամբ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի Անդրանիկ Անթիլիաս մասնաճիւղի եւ հովանաւորութեամբ Հայկազեան Համալսարանին, տարեկան առաջին «Ֆութսալ»ի մրցաշարքը տեղի ունեցաւ 8-10 Օգոստոս, 2014-ին ՀԲԸ Միութեան Տեմիրճեան Կեդրոնէն ներս:
Ճոխ ու խանդավառ մթնոլորտի մէջ, ներկայ միութենականները եւ համակիրները տարբեր տարիքներէ եկած էին քաջալերելու իրենց նախասիրած խումբը: Սոյն մրցաշարքի մասնակից խումբերը բաժնուած էին զանազան խմբակներու:
Աւարտական հանգրուանին մնացած 2 խումբերը կը բաղկանային առաջին՝ Էտի եւ Շիրազ Թորամանեաններէն, Կարպիս Սերչեյեանէն, Ռազմիկ Վարագեանէն, Կարէն Եալմանեանէն, եւ Հմայակ Փարթամեանէն իսկ երկրորդ խումբը՝ Ռաֆայէլ Այվազեանէն, Գէորգ եւ Հրայր Ազնաւուրներէն, Գարլոս Մըթրըպեանէն եւ Ժան-Ժագ Գարաօղլանեանէն:
Խաղը (2-2) հաւասարութիւնէ ետք, շարունակուեցաւ բենալթիներով եւ աւարտեցաւ (5-4) արդիւնքով ի նպաստ առաջին խումբին:
Ապա մրցանակներ բաշխուեցան յաղթական խումբերու մարզիկներուն ինչպէս նաեւ «լաւագոյն եւ արժանի» մարզիկի տիտղոսին արժանացող Արարատ Ճերեճեանին ձեռամբ Հայկազեան Համալսարանի Մարզական Բաժնի պատասխանատու Պրն. Սահակ Պիտինեանի եւ ՀԵԸ-ի Անդրանիկ Անթիլիաս Գործադիր Մարմնի ներկայացուցիչ Պրն. Վազգէն Այվազեանի: