Երեքշաբթի, 14. 01. 2025

spot_img

Պաքուն կը Յայտնէ Գերի Կարէն Պետրոսեանի Մահուան Մասին

Ատրպէյճանական աղբիւրները, երկրի ՊՆ-ի հաղորդագրութեան յղումով կը յայտնեն վերջերս գերի ինկած Կարէն Պետրոսեանի մահուան մասին։

Չինարի գիւղէն 31-ամեայ Կարէն Պետրոսեանը, ըստ ատրպէյճանցիներու, մահացած է սիրտանօթային սուր անբաւարարութեան հետեւանքով։ Անոր մահուան մասին տեղեակ պահուած է Պաքուի մէջ Կարմիր խաչի ներկայացուցչութեան։

Հակառակ անոր, որ ատրպէյճանցիները կը յայտնեն յանկարծակի մահուան մասին, սակայն անոնց տարածած տեսանիւթերու մէջ արդէն կ’երեւէր, որ Պետրոսեանի դէմքը ամբողջութեամբ այտուցուած է եւ դժուար կը  քալէ։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին