Հ.Բ.Ը. Միութեան Հայկական Համացանցային Համալսարանը այս տարուան սկիզը յայտարարած էր առաջին Multimedia ելեկտրոնային գիրքի`, Հայկական Բարձրաւանդակեի մասին, որ Համալսարանին կողմէ պատրաստուած հայկական մշակոյթը եւ պատմութիւնը ներկայացնողելեկտրոնային գիրքերու նոր շարքի մը անդրանիկ հրատարակութիւնն է: Ելեկտրոնային այս գիրքը համակարգիչներու, բջիջայինհեռախօսներու շարժական եւ դիւրակիր սարքերու միջոցով անվճար հասանելի դարձած է բոլորին: Այս գիրքերու շարքին միջոցովՀամալսարանը ընդլայնած է իր առցանց լսարաններուն մաս կազմող շուրջ 3000 ուսանողներու շրջանակը:
Օգտագործողներուն համարլաւագոյն յարմարութիւններով օժտուած ,Հայկական Բարձրաւանդակըե ելեկտրոնային գիրքը մեծ ոգեւորութեամբ ընդունուած է կրթականասպարէզի ներկայացուցիչներուն եւ ընթերցողներու լայն շրջանակներուն կողմէ:
Գիրքին մէջ ներկայացուած են Հայկական Լեռնաշախարհի բազմադարեան մշակոյթը, շրջակայ միջավայրը եւ վարչական-տարածաշրջանային բաժանումները, որոնցմէ իւրաքանչիւրը յագեցած է պատկերներով եւ տեսանիւթերով: Ընթերցողներուն կարելիութիւն տրուած է հարցաշարերու միջոցով գնահատելու իրենց անձնական յառաջընթացը, առանձնացնելու ժամանակաշրջանի ամենէն կարեւորդէպքերը եւ ծանօթանալու յատուկ այս աղբիւրին համար պատրաստուած հարուստ բառապաշարին:
«Multimedia ելեկտրոնային գիրքերու շարքով հայկական հարուստ մշակոյթը եւ պատմութիւնը ներկայացնելու միտքը ծագեցաւ Հայաստանիմասին տեղեկատուութիւն ստեղծելու եւ զայն աւելի տեսանելի դարձնելու ցանկութենէն: Առաջարկելով բջիջային հեռախօսներու եւ համակարգիչներու համար այս անվճար գիրքը, մենք զայն հասանելի կը դարձնենք բոլորին համար, ամէն տեղ եւ ամէն պահ: Այս գիրքերը նորէջ մը կը բանան հայկական ինքնութեան բացայայտումի եւ հայկական փորձառութեան վերաբնորոշումի հարցերուն մէջ»,- նշած է Հ.Բ.Ը.Միութեան Հայկական Համացանցային Համալսարանի Հիմնադիր եւ նախագահ՝ Դոկտոր Երուանդ Զօրեան:
«Հայկական Բարձրաւանդակը» ելեկտրոնային գիրքին մէջ օգտագործուած նիւթերը առնուած են Համալսարանի ուսումնական գրականութենէն, ինչպէս նաեւ ակադեմիական ամսագիրներէն, պատմական վաւերագիրներէն եւ համալսարաններու մէջ կիրարկուողդասանիւթերէն:
Յաջորդող երկու գիրքերը նոյնպէս հիմնուած պիտի ըլլան վերոյիշեալ աղբիւրներուն վրայ եւ պիտի ներկայացնեն Հայաստանի տնտեսութեան,փոփ-մշակոյթին եւ զբօսաշրջութեան վերաբերող նիւթեր: Գործածելով նորագոյն ճարտարարուեստներ եւ նկատի առնելով օգտագործողներունարձագանգը՝ այս աղբիւրը պիտի ծառայէ հայկական կրթութիւնը միշտ եւ ամէն տեղ հասանելի դարձնելու կոչուած Համալսարանիառաքելութեան:
«Նորագոյն ճարտարարուեստներու եւ Հայկական Բարձրաւանդակին վերաբերող լաւագոյն Multimedia աղբիւրներու միացման միջոցով մենքստեղծած ենք հետաքրքրական եւ հրապուրիչ գիրք մը, որ կը գրաւէ իւրաքաչիւր ընթերցող», ըսած է բջիջային առեւտուրի ասպարէզի ներկայացուցիչ եւ Հ.Բ.Ը.Միութեան Համացանցային Համալսարանի Հոգաբարձուներու Խորհուրդի անդամ՝ Պէն Թոքէր:
Հ.Բ.Ը. Միութեան Multimedia ելեկտրոնային գիրքերու շարքին բաժանորդագրութիւնը անվճար եւ հասանելի կը դառնայ վայրկեաններու ընթացքին: Մարտ 2014էն iBook տարբերակը արդէն իսկ հասանելի դարձած է iPadերու եւ Mac համակարգիչներու, իսկ Browser տարբերակը՝շարժական այլ գործիքներու եւ համակարգիչներու համար:
[divide icon_position=»left» width=»medium»]
ՀՀՀ-ի մասին
ՀԲԸՄ Սիլիքոն Վելլի մասնաճիւղի նախաձեռնած Հայկական ՀամացանցայինՀամալսարանը (ՀՀՀ) աշխարհի հայկական օնլայն կրթութիւն շնորհող առաջատարկառոյցներէն մէկն է: ՀՀՀի օնլայն դասերը ստեղծուած են այն ուսանողներունհամար, որոնք կարելիութիւն չունին մասնակցելու աւանդական հայկականկրթական ծրագիրներուն` հայկական կրթութիւն ստանալու: Աշխարհի վրայ օնլայնկրթութեան վերջին զարգացումներուն հետ` ՀՀՀի առաքելութիւնն է ստեղծել օնլայնկրթական համայնք` ամրացնելով մշակութային, կրթական եւ սոցիալական կապերը:
www.avc-agbu.org