Չորեքշաբթի, 16. 10. 2024

spot_img

ՕՐԱԳՐՈՒԹԻՒՆ՝ Օր 3

*ԹՈՐՈՍ  ԹՈՐԱՆԵԱՆ*

toros-toranianՅատուկ «ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼ»-ին

Պէյրութ, 23 Յունիս 2014

Աւարտեցի ընթերցումը Դոկտ. Զաւէն Մսըրլեանի հեղինակած մէկ գիրքին՝ անգլերէնով (541 էջ):

Իսկապէս գնահատելի գործ մը այս նուիրեալ ճանչցուած ու գնահատուած տնօրէն ու պատմաբանին կողմէ երբ հեղինակը մանրամասնօրէն կու տայ քաղաքական պատմութիւնը Լիբանանի հայութեան, թէ մեր համայնքը ինչպիսի մասնակցութիւն բերած է երկրին մէջ կատարուած երեսփոխանական ընտրութիւններուն  1934-2009 թ. ընթացքին եւ թէ որպիսի՜ համայնքային կեանքով կ’ապրի Հայը այս երկրին մէջ առանց բեռ մը ըլլալու Լիբանանին, բայց նաեւ որպիսի օժանդակութեամբ բաժին կը բերէ մայրիներու երկրի զարգացումին:

Այս քաղաքական հատորը իր նիւթերը կը ներկայացնէ կարելի մանրամասնութեամբ ուր Հայը կը ներկայացուի որպէս երկրի առաջընթացքին միախառնած իր տնտեսական, մշակութային հնարքները: Հոս կը լսենք հեղինակին դիտողութիւնները նաեւ մեր ժողովուրդին մասին ուր կ’ըսուի թէ Հայը ունի մշտամեայ անմիաբանութիւն զոր առայսօր չէ կրցած պատմութեան աղբանոցին մէջ նետել որպէս անպէտք իր:

Ասով հանդերձ Հայը կրցած է պահել իր ինքնութիւնը, աստուածային լեզուն, դպրոցը, եկեղեցին, եւ իր պանծալի մշակոյթը:

Ահա Դոկտ. Զաւէն Մըսրլեանի հեղինակած հատորին անունը.- “Armenian Participation in the Lebanese Legislative Elections 1934-2009”

Երկրին քաղաքական կացութիւնը բնական ըլլալէ հեռու է:

Վերջը Բարի ըլլայ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին