Այսօր՝ 7 Օգոստոս 2014-ի առաւօտեան կանուխ ժամերուն, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը Պէյրութի Թէքէեան Կեդրոնէն ուղղուեցաւ Արսէլ (Պեքաա), տեղւոյն վրայ զօրակցելու Լիբանանեան Բանակին, ուր ան օրերէ ի վեր մեծ թիւով զոհեր տալով արիւնալի մարտեր կը մղէ հոն թափանցած ահաբեկիչ՝ ծայրայեղական զինեալներու դէմ:
Լիբանանեան բանակին իր բարոյական նեցուկն ու զօրակցութիւնը ուղղակի մարտաճակատին վրայ յայտնելու համար Արսէլ ուղղուած ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան պատուիրակութեան մաս կազմեցին ընկերներ՝ Միքայէլ Վայէճեան (ատենապետ), Սեւակ Յակոբեան (ատենադպիր), Տոքթ. Ժոզէֆ Կրպոյեան եւ Գրիգոր Մկըրեան (անդամներ): Պատուիրակութեան ընկերակցեցան ՌԱԿ-ի Լիբանանի շրջանակի երիտասարդական միաւորները ներկայացնող ընկերներ:
Այլ մանրամասնութիւններ՝ օրուայ ընթացքին: