Շաբաթ, 05. 10. 2024

spot_img

ՌԱԿ Իւրայատուկ Կերպով Իր Զօրակցութիւնը Յայտնեց Լիբանանեան Բանակին

Ինչպէս աւելի կանուխ հաղորդած էինք, այսօր՝ Հինգշաբթի 7 Օգոստոս 2014-ի առաւօտեան կանուխ ժամերուն, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը Պէյրութի Թէքէեան Կեդրոնէն ուղղուեցաւ Արսէլ (Պեքաա), տեղւոյն վրայ զօրակցելու Լիբանանեան Բանակին, ուր ան օրերէ ի վեր մեծ թիւով զոհեր տալով արիւնալի մարտեր կը մղէ հոն թափանցած ահաբեկիչ՝ծայրայեղական զինեալներու դէմ:

received_m_mid_1407410871709_354691b0b442a7c793_0

Լիբանանեան բանակին իր բարոյական նեցուկն ու զօրակցութիւնը ուղղակի մարտաճակատին վրայ յայտնելու համար խորհրդանշանակօրէն բանակին յատուկ շապիկներ հագած Արսէլ ուղղուած ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան պատուիրակութեան մաս կազմեցին ընկերներ՝ՄիքայէլՎայէճեան (ատենապետ), ՍեւակՅակոբեան (ատենադպիր), Տոքթ. Ժոզէֆ Կրպոյեան եւ Գրիգոր Մկըրեան (անդամներ): Պատուիրակութեան ընկերակցեցան ՌԱԿ-ի Լիբանանի շրջանակի երիտասարդական միաւորներըներ կայացնող ընկերներ:

Ձախէն՝ ընկերներ Վաչէ Յակոբեան, Գրիգոր Մկըրեան, Ժոզէֆ Կրպոյեան, Միքայէլ Վայէճեան, Սեւակ Յակոբեան, Վարդան Կիրակոսեան, Հրաչ Թաշճեան
Ձախէն՝ ընկերներ Վաչէ Յակոբեան, Գրիգոր Մկըրեան, Ժոզէֆ Կրպոյեան, Միքայէլ Վայէճեան, Սեւակ Յակոբեան, Վարդան Կիրակոսեան, Հրաչ Թաշճեան

Արսէլի մուտքին, ուր դիրքաւորուած էր Լիբանանեան Բանակը,  ՌԱԿ-ի պատուիրակութիւնը մտերմիկ տեսակցութիւն մը ունեցաւ բանակային ջոկատներու հետ  քաջալերելով  եւ ընդհանրապէս Լիբանանահայութեան եւ ի մասնաւորի ՌԱԿ-ի անվերապահ նեցուկը յայտնելով Լիբանանեան քաջարի բանակի մէն մի սպային ու զինուորին:

received_m_mid_1407410871709_354691b0b442a7c793_4

Հոն գտնուող Լիբանանեան եւ օտար մամուլի թղթակիցներուն ուղղուած իր խօսքին մէջ ընկեր Միքայէլ Վայէճեան  բացատրեց ՌԱԿ-ի պատուիրակութեան այցելութեան նպատակը շեշտելով թէ, լիբանանեան բանակը կարմիր գիծ մըն է ու Լիբանանի գոյատեւման միակ երաշխիքը եւ բոլորիս պարտքն է ամէն գնով զօրակցիլ անոր: Իր կարգին ընկեր Սեւակ  Յակոբեան խօսելով «ՌԱՏԻՕ ՍԵՒԱՆ»ի թղթակից Շիրազ Ճերեճեանին, որ տեղւոյն վրայ կենդանի հաղորդում մը կը կատարէր ըսաւ թէ, ուղղակի մարտաճակատին վրայ ՌԱԿ-ի այս իւրայատուկ այցելութիւնը գրասենեակներու մէջ գրուած դասական զօրակցական գիրերու սովորութենէն անդին անցնելու փորձ մըն է, որովհետեւ արեան գնով հայրենիքը  պաշտպանող Լիբանանեան բանակը արժանի է մեր ամէն տեսակի զոհողութեան:

20140807_082919

Արսէլեն վերադարձի ճամբուն վրայ ՌԱԿ-ի պատուիրակութիւնը կանգ առաւ Զահլէ, ուր այցելեց ՌԱԿ-ի ակումբը: Այցելութեան նպատակն էր տեսակցիլ տեղւոյն ընկերներուն հետ միասնաբար քննարկելու, խորհրդածելու եւ ծրագրելու շրջանին վերաբերող ամէն տեսակի հաւանականութիւն:

ՄԱՄԼՈՅ ԴԻՒԱՆ

ՌԱԿ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին