Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան զինուած ուժերու գրոհային օդագնացները թռիչքներ կ’իրականացնեն սահմանագիծի երկարութեամբ:
ԼՂՀ ՊՆ մամուլի ծառայութեան տեղեկութիւններով՝ թռիչքները կապուած են ստեղծուած գործօն իրադրութեամբ:
Նախապէս յայտնուած էր, որ Օգոստոս 5-ին` ժամը 23:00-ի սահմաններուն, հակառակորդի յատուկ նշանակութեան ջոկատայինները ղարաբաղա-ատրպէյճանական հակամարտ զօրքերու սահմանագծի հարաւ արեւելեան` Մարտունիի (Իւսուֆջանլու) ուղղութեամբ, ձեռնարկած են յարձակողական ներթափանցման փորձ:
ՊԲ դիրքապահ ստորաբաժանումներու կազմակերպուած գործողութիւններու իբրեւ արդիւնք, հակառակորդը տալով մէկ զոհ եւ վիրաւորներ, ետ շպրտուած է ելման դիրքեր: