Շաբաթ, 17. 05. 2025

spot_img

Գոյժ՝ Ոչ Եւս է Երուանդ Պապայեան

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային Վարչութիւնը Ի խորոց սրտի կը սգայ մահը Ընկեր Երուանդ Պապայեանին Որ տեղի ունեցաւ  2014 թուականի Օգոստոսի 6-ին:

Ընկեր Երուանդ Պապայեան համակ աշխարհատարածքով իր ետին կը թողու հայ լեզուի եւ մշակոյթի կրթական հնոցէն շրջանաւարտ հոյլ մը ազգային ոգիով եւ մշակոյթով կերտուած հայորդիներ, որոնք այսօր կը շարունակեն ընկեր Պապայեանի հայրենասիրական ոգիով սնած իրենց ազգային առաքելութիւնը :

Ընկեր Երուանդ Պապայեանի կեանքը եղաւ հայ ազգի նորահաս բեղուն եւ արգասաբեր սերունդներու կերտումով:

Ան եղաւ բազմավաստակ կրթական մշակ, հայ ազգային –հասարակական գործիչ, գաղափարի նուիրեալ եւ երկարամեայ հաւատաւոր կուսակցական անդամ վարելով ղեկավար դիրքեր:

Այս տխուր առիթով, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային Վարչութիւնը իր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնէ իր տիկնոջ՝ Ռոզինին, զաւակներուն, թոռներուն, ծոռերուն եւ համայն հարազատներուն:

Այսօր, կը տապալէր Հայ լեզուի եւ մշակոյթի կաղնիներէն մին՝ ընկեր Երուանդ Պապայեանը:

Բիւր յարգանք իր յիշատակին:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին