Կիրակի, 03. 11. 2024

spot_img

RagMamoul.net-ը Պաշտօնապէս Մեկնարկեց

Ինչպէս նախապէս կարճ լուրով մը հաղորդած էինք,  Չորեքշաբթի 30 Յուլիս 2014-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Պէյրութի Թէքէեան Կեդրոնի 7-րդ յարկի «Գերսամ Ահարոնեան» սրահին մէջ՝ հովանաւորութեամբ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան, պաշտօնական մեկնարկումը կատարուեցաւ «ՌԱԿՄԱՄՈՒԼ»-ի կայքին, իր խմբագրութեան կողմէ կազմակերպուած «Հաղորդակցութեան Միջոցներու Զարգացման Հոլովոյթը» ձեռնարկին ընդմէջէն:

Ձեռնարկին ներկայ էին Հայաստանի Հանրապետութեան Վսեմաշուք Դեսպան Պրն. Աշոտ Քոչարեան, ԹՄՄ Հիմնադիրներու Մարմնի ատենապետ՝ նախկին երեսփոխան ընկեր Յակոբ Գասարճեան եւ անդամներ, ՌԱԿ-Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ ընկեր Միքայէլ Վայէճեան եւ անդամներ, ՍԴՀԿ Լիբանանի Վարիչ Մարմնի ներկայացուցիչ Տոքթ. Մարտիկ Ժամկոչեան, «ԱԶԴԱԿ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Պրն. Շահան Գանտահարեան, ինչպէս նաեւ այլ լրատուական միջոցներու ներկայացուցիչներ, հիւրեր եւ ընկերներ:

Քայլերքներու ունկնդրութենէ ետք, բացման խօսքով հանդէս եկաւ Երազ Պասմաճեան: Ան իր խօսքին մէջ ձեռնարկին նիւթը շեշտաւորելէ ետք մէջբերելով Չարլս Տարուինի հետեւեալ խօսքը թէ. « Ամենազօրաւորը չէ, որ կը գոյատեւէ, ոչ ալ էակներու մէջ ամենախելացին, այլ՝ այն, որ կարողութիւնը ունի յարմարելու նոր պայմաններու», բեմ հրաւիրեց օրուայ բանախօսը՝ բոլորին ծանօթ հոգեբանուհի եւ «ՌԱՏԻՕ ՍԵՒԱՆ»-ի յայտագիրներու բաժնի տնօրէնուհի՝ Տիկ. Վերա Սիսեռեանը:

ԵՐԱԶ  ՊԱՍՄԱՃԵԱՆ
ԵՐԱԶ ՊԱՍՄԱՃԵԱՆ

Տիկ. Սիսեռեան հանգամանաւորապէս ներկայացուց հաղորդակցութեան միջոցներու զարգացման հոլովոյթը մարդկային պատմութեան մէջ շեշտելով թէ, այսօրուան դրութեամբ առանց արհեստագիտական միջոցներու հաղորդակցութիւնը կըմնայ թերի եւ ոչ ամբողջական հետեւաբար բոլոր հաւաքականութիւնները իրենց առօրեայ յարաբերութիւններուն մէջ կը գործածեն կամ կը փորձեն գործածել նորագոյն ձեւերը,  որպէսզի ըլլան  գործնական, ազդու եւ հասանելի (խօսքը հրապարակուած է առանձին):

ՎԵՐԱ ՍԻՍԵՌԵԱՆ
ՎԵՐԱ ՍԻՍԵՌԵԱՆ

Տիկ. Սիսեռեանի խօսքէն ետք ներկաներուն ցուցադրուեցաւ օրուայ համար «ՌԱՏԻՕ ՍԵՒԱՆ»-ի հետ գործակցաբար «ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼ»-ի պատրաստած վիտէօ հաղորդագրութիւնը նիւթ ունենալով. «Տեղեկատուական Արհեստագիտութեան Օգտագործումը մեր Առօրեայ Կեանքին Մէջ», որուն հիւրերն էին տարիքային եւ ասպարէզային զանազան տարբերութիւններ ներկայացնող մասնակիցներ:

Ժամանակը հասած էր ձեռնարկի երկրորդ բաժնին: Օրուայ հանդիսավարը բեմ հրաւիրեց «ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼ»-ի խմբագրական կազմի անդամ բոլորին ծանօթ Դամասկոսահայ ընկերուհի Ճենի Գրիգորեան-Բարսեղեանը, որ Երեւանէն յատուկ կերպով ժամանած էր Պէյրութ իր խօսքը ըսելու ներկաներուն: Ընկերուհի Ճենի իրեն յատուկ գաղափարական բարձր ոճով ներկայացուց «ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼ»-ի նպատակն ու առաքելութիւնը (խօսքը հրապարակուած է առանձին):

ՃԵՆԻ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ
ՃԵՆԻ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

Իր խօսքին աւարտին ընկերուհի Ճենի բեմը յանձնեց «ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼ»-ի պատասխանատու խմբագիր ընկեր Սեւակ Յակոբեանին, որ իր կարգին մեծ պաստառի վրայ ragmamoul.net-ի օգտագործման մանրամասնութիւնները բացատրեց ներկաներուն, շեշտելով համացանցային լրատուութեան յատկանիշներուն վրայ օրուայ ձեռնարկին լուրերը տեղադրելով կայքին վրայ՝ բան մը, որ կը խորհրդանաշէ արագ լրատուութիւն: Ան շեշտեց թէ, «ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼ»-ի կայքը, որ շարունակութիւնն է 8 տարիներ անխափան համացանցի ել. նամակի միջոցաւ ցրուող ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան պաշտօնաթերթին, գիւտ մը չէ անշուշտ, այլ՝ ժամանակին յարմարելու համեստ ճիգ հաստատ քայլերով քալելու դէպի ապագայ:

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Իր խօսքին աւարտին ընկեր Յակոբեան շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք օրուայ պատգամաբերին՝ Տիկ Վերա Սիսեռեանին եւ իրեն գործակից ընկերուհի Ճենիին, իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան, յանձինս՝ ընկեր Մայք Խարապեանին իրեն վստահուած այս բարձր պատասխանատուութեան համար: Ան նոյնպէս շնորհակալութիւն յայտնեց ԹՄՄ Հիմնադիրներու Մարմնին, յանձինս՝ ընկեր Յակոբ Գասարճեանին եւ ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան, յանձինս՝ ընկեր Միքայէլ Վայէճեանին իրենց անվերջ քաջալերանքին եւ անսակարկ գործակցութեան համար, ինչպէս նաեւ բոլոր անոնց, որոնք նիւթապէս եւ բարոյապէս սատար հանդիսացան եւ կը հանդիսանան այս գործին յաջողութեան եւ յարատեւութեան:

IMG_104856307162223

 

Աւարտին՝ ընկեր Յակոբեան բեմ հրաւիրեց ՀՀ Դեսպան Պրն. Աշոտ Քոչարեանը, ԹՄՄ Հիմնադիրներու Մարմնի ատենապետ՝ ընկեր Յակոբ Գասարճեանը, ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ՝ ընկեր Միքայէլ Վայէճեանը, Տիկ. Վերա Սիսեռեանն ու ընկերուհի Ճենի Գրիգորեան-Բարսեղեանը, որպէսզի միասնաբար հատեն օրուայ յատուկ կարկանդակը:

Բարի երթ եւ նորանոր իրագործումներ «ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼ»-ին:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին