Հինգշաբթի, 27. 03. 2025

spot_img

Թուրք-Լազ Գրող Սերքան Էնկինի Պօէմը՝ Հայերու, Ասորիներու Եւ Յոյներու Ցեղասպանութեանց Մասին

Թուրք-լազ գրող Սերքան Էնկինի պօէմը՝ հայերու, ասորիներու եւ յոյներու ցեղասպանութեանց մասին, արդէն իսկ հասանելի է ընթերցողին: Պօէմը վերնագրուած է «Բարբարոսն ու Տիկին Տէյզըն» եւ տեղադրուած է ամերիկեան «աւանկարտ» երգչուհի Տիամանտա Կալասի կայքին վրայ՝ Diamandagalas.com:

Սերքան Էնկին մօր կողմէ թուրք, իսկ հօր կողմէ լազ է, բայց ինքզինք կը համարէ ազգութեամբ լազ, քանի որ իրեն համար՝ «ամօթ է մօրենական կողմի նախնիներու արարքին կրողը ըլլալ»:

«Կը մերժեմ ես զիս թուրք համարել, քանի որ իմ թուրք նախնիները Օսմանեան կայսրութեան ժամանակաշրջանին իրականացուցած են Հայերու Ցեղասպանութիւնը: Թուրքերն ու քիւրտերը դաժանաբար սպաննած են 1.5 միլիոն հայեր, բռնաբարած են փոքրիկ երեխաներ, ողջ-ողջ այրած զանոնք ու գողցած են հայերու հարստութիւնը: Հայերու հետ, Օսմանեան Թուրքիոյ մէջ սպաննուած են նաեւ հազարաւոր ասորիներ», ըսուած է Էնկինի «Անտանելի Ամօթ Է Ըլլալ Թուրք» խորագրեալ յօդուածին մէջ։
Բանաստեղծութեան անգլերէն տարբերակը կարելի է ընթերցել հետեւեալ կայքէջին վրայ.

https://armenian-poetry.blogspot.com.tr/2014/06/serkan-engin-barbarian-and-ms-daisy.html։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին