Հանդիպմանը ներկայ էր նաեւ «Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող կեդրոն» ՀԿ-ի փոխնախագահ Ալեքսան Գարատանայեանը, որ նոյնպէս Հալէպի Կրթասիրաց Ս. Ճեմպերճեան երկրորդական վարժարանի հոգաբարձութեան երկարամեայ անդամ եղած է:
Անդրանիկ Պօղոսեան ներկայացուց վարժարանի անցած ճանապարհը եւ ներկայ գործունէութիւնը: Վարժարանը հիմնադրուած է 1924 թուականին` իբրեւ նախակրթարան, 2003 թուականին վարժարանի մէջ բացուած է միջնակարգ բաժին՝ աշակերտներու յետագայ կրթութիւնը ապահովելու նպատակով:
2006 թուականին Կրթասիրացի զարգանալու արդիւնքով բացուած է երկրորդականի բաժին եւ զայն վերանուանած են Կրթասիրաց Սարգիս Ճեմպերճեան երկրորդական վարժարան` նուիրատու Գաբրիէլ Ճեմպերճեանի նիւթաբարոյական օժանդակութեամբ: Վերջին տարիներուն դպրոցը կը յաճախեն նաեւ այլազգի քրիստոնեայ աշակերտներ, որոնք հայեցի կրթութիւն կը ստանան եւ յետագային կը դառնան «հայերու դեսպաններ օտար երկիրներու մէջ: Այսօր դպրոցը ունի 540 աշակերտ:
Անտեսելով ներկայ դժուարին պայմանները՝ վարժարանը առ այսօր կը շարունակէ իր գործուն մասնակցութիւնը ունենալ Հալէպի հայկական, ազգային, մշակութային կեանքին եւ հայ զաւակներու ազգային դաստիարակութեան ու կրթութեան գործին մէջ:
Բարձր գնահատելով Անդրանիկ Պօղոսեանի համայնքային արդիւնաւէտ գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ անգնահատելի աւանդը Հայաստան-Սփիւռք գիտակրթական գործակցութեան ամրապնդման ու զարգացման, սերունդներու հայեցի կրթութեան ու դաստիարակութեան, հայապահպանութեան գործին մէջ՝ նախարար Հրանոյշ Յակոբեան զինք պարգեւատրեց ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Մայրենիի դեսպան» մետալով:
Անդրանիկ Պօղոսեանը եղած է Գամիշլիի քաղաքապետարանի անդամ, Ազգային վարժարանի հոգաբարձութեան խորհուրդի անդամ, ապա` ատենապետ: 1990-1993թթ. եղած է Գամիշլի քաղաքի եւ իր շրջաններու թաղական խորհուրդի ատենապետ: 1991-ին ընտրուած է Բերիոյ թեմի գաւառական ժողովի անդամ` ներկայացնելով Ճեզիրէի շրջանը: Երկրորդ եւ երրորդ անգամ վերընտրուած է Բերիոյ թեմի գաւառական ժողովի անդամ` առ այսօր ներկայացնելով Հալէպի մայր գաղութը: Եղած է Բերիոյ թեմի հայկական կալուածներու հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամ, ապա` նոյն խորհուրդի ատենապետ: Եղած է Բերիոյ թեմի դատաստանական խորհուրդի նախադատ ատեանի դատախազ: 1999-էն առ այսօր Կրթասիրաց Ս. Ճեմպերճեան երկրորդական վարժարանի տնօրէնն է:
Անդրանիկ Պօղոսեանը եւ Ճորճ Քասարեանը բարձր գնահատեցին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան ջանքերը այս դժուարին օրերուն Սուրիոյ հայ համայնքին աջակցելու եւ համայնքը կանգուն պահելուն ուղղուած ջանքերուն համար: Անոնք ողջ սուրիահայ համայնքի երախտիքի խօսքը փոխանցեցին՝ նշելով, որ իրենց թիկունքին մշտապէս զգացած են Հայրենիքի հզօր աջակցութիւնը: