Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան լուծման համար կայ միայն մէկ` խաղաղ բանակցութիւններու ճանապարհ: Ըստ Armenpress.am-ի՝ այդ մասին լրագրողներու հետ հանդիպմանը ընթացքին ըսած է Հայաստանի մէջ ԱՄՆ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ճոն Հեֆֆըրնը` պատասխանելով լրագրողներու այն հարցին, որ կը վերաբերի ատրպէյճանական կողմի հայկական գիւղերու վրայ կատարուող յարձակումներուն:
«ԵԱՀԿ Մինսկի խումբը խստիւ կը քննադատէ ռազմատենչ հռետորաբանութիւնը եւ կը դատապարտէ հրադադարի խախտումները: Ես իմ ցաւակցութիւնը կը յայտնեմ բոլոր անոնց, որոնք կը տուժեն սահմանին տեղի ունեցող միջադէպերուն հետեւանքով: Պետական քարտուղար Քերին վերահաստատած է մեր դիրքորոշումը այս հակամարտութեան խաղաղ բանակցային լուծումը ապահովելու ուղղութեամբ: Լեռնային Ղարաբաղի հարցով մենք կը շարունակենք աշխատիլ խաղաղ կարգաւորման ուղղութեամբ: Կը շարունակենք յորդորել կողմերը որքան հնարաւոր է յաճախակի հանդիպումներ ունենալ, հարցերը միասին քննարկելու, եւ յոյս ունինք` մօտ ապագային նախագահներու հանդիպում տեղի պիտի ունենայ, որուն միջոցով հնարաւոր պիտի ըլլայ փոխել իրավիճակը»,- ըսած է ամերիկացի դիւանագէտը:
Հեֆֆըրնը վերահաստատած է, որ բարձր մակարդակի հանդիպումները` կարեւոր, իսկ երկխօսութիւնը` առանցքային նշանակութիւն ունին Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման համար: