Երեքշաբթի, 18. 02. 2025

spot_img

Վարդավառի Տօնը՝ Կարապի Լիճի Տարածքին

Վարդավառի տօնին առիթով Երեւանի քաղաքապետարանի կազմակերպած ձեռնարկներու գլխաւորն ու ամենամարդաշատը Կարապի լիճի տարածքին էր: Երեւանի քաղաքապետարանի տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան տեղեկութիւններով՝ երէկ առաւօտեան բաժնուած են օրուայ խորհուրդին համահունչ փոքրիկ դոյլեր:

«Կարապի լիճը վերածուած էր իւրօրինակ ջրամբարի` ջուրի անսպառ պաշար ապահովելով հաւաքուած մեծ ու փոքր երեւանցիներու եւ մայրաքաղաքի հիւրերու, ինչպէս նաեւ անոնց հետեւող անցորդներու համար: Ջրառատ այս տարածքին մէջ ներկաներու տօնական տրամադրութիւնն ու ուրախ ժամանցը մինչեւ երեկոյ ապահովեցին ինչպէս Երեւանին նուիրուած, այնպէս ալ այլ երգերն ու տօնական ուրախ երաժշտութիւնը:

Իսկ ՀՀ ԱԻՆ հրշէջ մեքենաներէն արձակուող ջրաշիթերը միտուած էին միայն ատրենալինի յաւելեալ չափաբաժին ապահովելուն»,- նշուած է քաղաքապետարանի հաղորդագրութեան մէջ:

Spread the Word

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին