Հինգշաբթի, 27. 03. 2025

spot_img

Վանի Արտամէթ Քաղաքին Մէջ Հայատառ Ցուցանակներ Զետեղուած Են

Վան նահանգի Արտամէթ (թրքերէն՝ Էտրեմիթ) քաղաքի փողոցներուն մէջ տեղադրուած ցուցանակներուն վրայ հայերէն գրութիւններ աւելցուած են: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Տողան» լրատուական գործակալութիւնը:

Արտամէթի քաղաքապետ, քր-տամէտ, Ժողովրդավարական տա-րածաշրջաններու կուսակցութեան (DBP) անդամ Սեւիլ Ռոյպին Չեթինը այս մասին խօսելով՝ պարզաբանած է, որ իրենց նպատակը հասարակութեան մէջ հայերուն հանդէպ եղած թշնամական պատկերացումներուն վերջ դնելն է եւ հայերուն հանդէպ համակրանք ձեւաւորելը:

«Քիւրտ ժողովուրդը Անատոլուի մէջ դարերով իրեն հետ ապրած հայ ժողովուրդին հետ պատմական, մշակութային, հասարակական ընդհանրութիւններ ունի: Մինչեւ 1915 թուական Վանն ու Ատրամէթը մեծաթիւ հայերով բնակուած վայրեր եղած են: Այդ պատճառով մենք թոյլ պիտի չտանք, որ պետութեան կողմէ եւ անոր փափաքով ջնջուի հայոց պատմութիւնը եւ անհետանայ հայկական մշակոյթը: Մենք այդ քայլը կատարած ենք որպէս հայերուն հանդէպ յարգանքի դրսեւորում», յայտնած է քիւրտ քաղաքապետը:

www.armenpress.com

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին