Կիրակի, 16. 03. 2025

spot_img

«Սան Էժիտիօ» համայնքը կ’արժանանայ Գ. Կիւլպէնկեանի մրցանակին

21 յուլիս 2014-ին, Փորթուգալի մայրաքաղաք Լիզպոնի մէջ տեղի ունեցած է Գ. Կիւլպէնկեանի մրցանակաբաշխութիւնը՝ ձեռամբ հանրապետութեան նախկին նախագահ Խորխէ Սամբայոյի։ Գալուստ ԿԻւլպէնկեանի մրցանակին  արժանացած է «Սան Էժիտիօ» համայնքը:

Այս պարգեւատրումը մեծ արձագանգ ունեցած է տեղական մամուլին մէջ, որովհետեւ ան գնահատանքն է համայնքին մարդասիրական գործունէութեան այն բոլոր երկիրներուն մէջ, ուր ներկայ է ան վասն մարդու իրաւունքներուն, ինչպէս նաեւ այն միջնորդութիւններուն զորս կը կատարէ «Սան Էժիտիօ»՝ հակամարտութիւններուն եւ միջ-կրօնական երկխօսութեան շրջագիծէն ներս: 

«Սան Էժիտիօ» համայնքը հանրածանօթ է Փորթուգալի մէջ որպէս դերակատար Մոզամպիքի խաղաղութեան ի խնդիր հաշտութեան բանակցութիւններուն եւ երկխօսութեան մէջ, որ տեղի ունեցած է Հռոմի մէջ 1992-ին: 

Ափրիկէի եւ փորթուգալերէնախօս երկիրներուն մէջ ան կը գործէ «DREAM» անուան տակ (Drug Resource Enhancement against AIDS and Malnutrition), հոգալով «AIDS» հիւանդութենէ տառապող մարդիկը. ինչպէս նաեւ «BRAVO» անուան տակ քարոզարշաւ կը կատարէ արձանագրելու համար ապօրինի փոքրերը (անյայտ մանչերը) պետութեան մօտ, որպէսզի անոնց շնորհուին քաղաքացիական իրաւունքները:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին