Երկուշաբթի, 17. 03. 2025

spot_img

Լիբանանի կաթողիկէ տեղեկատուական կեդրոնի տարեկան ընթրիք

*ՊԷՅՐՈՒԹ – ԼԻԲԱՆԱՆ*Լիբանանի կաթողիկէ տեղեկատուական կեդրոնի կազմակերպութեամբ Քազինօ տիւ Լիպանի մէջ, չորեքշաբթի 23 յուլիս 2014, երեկոյեան ժամը 8:30-ին տեղի ունեցաւ տարեկան  ընթրիք, որուն ներկայ եղան քաղաքական, հոգեւոր եւ հասարակական անձնաւորութիւններ, պատկառելի մարմիններ եւ հոծ բազմութիւն: Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանէն իր մասնակցութիւնը բերաւ «Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի» կեդրոնի տնօրէն՝ հայր Վարդան վրդ. Գազանճեան:

Սոյն ընթրիքին Մարոնիներու պատրիարք՝ կարդինալ Պշարա Ռաի իր խօսքով ելոյթ ունեցաւ, ուր անդրադարձաւ Լիբանանի ընդհանուր կացութեան, նախագահական ընտրութիւններուն եւ մանաւանդ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներու կրած հալածանքներուն: Խօսք առին նաեւ Լիբանանի Եպիսկոպոսական հաղորդամիջոցներու յանձնախումբի նախագահ Պուլոս Մաթար, եւ տեղեկատուական կեդրոնի տնօրէն արժ. Ապտօ քհն. Ապու Քասմ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին