Հայ կաթողիկէ հաղորդամիջոցներու Բ. համագումարի աւարտին, համագումարի մասնակիցներուն կողմէ ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութիւն այցելութեան ընթացքին, նախարար տիկին Հրանուշ Յակոբեան՝ Զմմառու հայ կաթողիկէ վանքին փոխ մեծաւոր, ծիսագէտ, հրապարակագիր, «Զուարթնոց» պարբերականի խմբագիր եւ «Մասիս» շաբաթաթերթի նախկին խմբագիր գերյարգելի հայր Անդրանիկ ծ-վ. Կռանեանին յանձնեց ՀՀ նախագահ՝ Սերժ Սարգսեանի հրամանագրով ստացած «Մովսէս Խորենացի» մետալը, միաժամանակ բարձր գնահատելով հայր Կռանեանին գրական ստեղծագործական վաստակը :