Շաբաթ, 17. 05. 2025

spot_img

Եւրոմիութիւնը Կ’ողջունէ Տինքի Գործով Թուրքիոյ Սահմանադրական Դատարանի Վճիռը

Եւրոմիութիւնը կ’ողջունէ 2007 թ. Սթամպուլի մէջ սպաննուած հայ լրագրող Հրանդ Տինքի հարցով Թուրքիոյ Սահմանադրական Դատարանին կայացուցած վճիռը: Այս մասին նշուած է ԵՄ պաշտօնական կայքին մէջ հրապարակուած ԵՄ ընդլայնման եւ եւրոպական հարեւանութեան քաղաքականութեան հարցերով յանձնակատար Շթեֆան Ֆիւլէի յայտարարութեան մէջ:

Թուրքիոյ Սահմանադրական Դատարանի վճիռին մէջ նշուած է, որ Հրանդ Տինքի սպանութեան գործի դատավարութիւնը անցած է խախտումներով:

Սպաննուած հայ լրագրողի ընտանիքի բողոքին ի պատասխան՝ թրքական բարձրագոյն դատական ատեանը միաձայն որոշած է, որ այդ գործով տարուած հետաքննութիւնը անարդիւնաւէտ էր, իսկ դատական իշխանութիւնները Տինքի ընտանիքը գործի քննութեան ընթացքի մասին պատշաճ կերպով չեն տեղեկացուցած:

ՍԴ այս որոշումէն յետոյ թրքական դատախազութիւնը պէտք է Տինքի սպանութեան գործով սկսի նոր` գործուն հետաքննութիւն:

«Այս որոշումները Թուրքիոյ մէջ կը վերաբերին կարեւոր խնդիրներու, ու այդ քայլերը միտուած են հասարակութեան մէջ ամրապնդելու ժողովրդավարական սկզբունքները: Մենք կ’ակնկալենք, որ դատական համակարգն ու կառավարութիւնը պիտի առաջնորդուին այս վճիռներուն մէջ սահմանուած չափանիշներով` յետագայ նմանատիպ գործերուն մէջ որոշումներ կայացնելու ընթացքին` Մարդու իրաւունքներու եւրոպական պայմանագրի եւ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանի սկզբունքներուն համապատասխան»,– մասնաւորապէս նշուած է եւրոյանձնակատար Շթեֆան Ֆիւլէի յայտարարութեան մէջ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին