Կիրակի, 06. 10. 2024

spot_img

Թուրքերը Կ՛այլասերեն Ուրֆայի 1200 Տարուան Հայկական Ամրոցը

Անցեալ տարուան Ապրիլին, սաստիկ անձրեւներու պատճառով Ուրֆայի 1200ամեայ ամրոցի պատնէշի փլուզուած մասը վերակառուցելու նպատակով թուրք «մասնագէտներ»ու՝ Յունուարին սկսած աշխատանքները արժանացած են ուրֆացիներու հակաղդեցութեան:

Վկայակոչելով թրքական «Ռատիքալ» թերթը՝ Armenpress.am-ը կը տեղեկացնէ, թէ պատնէշի ամբողջական վերականգնումը նախատեսուած էր Օգոստոսին. նախագիծին համաձայն՝ հոն պէտք է օգտագործուէին պատի նախկին քարերը։ Սակայն, աշխատանքները իրագործող ընկերութիւնը որոշած է պատի վերականգնման համար չօգտագործել նախկին քարերը, այլ պարզապէս սպիտակ պատ կառուցել:

Այդ խայտառակութիւնը չէ վրիպած նաեւ Ուրֆա այցելող զբօսաշրջիկներու ուշադրութենէն: Թուրք «մասնագէտներ»ը իրենց այդ «յայտնագործութիւնը» հիմնաւորած են անով, որ ժամանակի ընթացքին իրենց կառուցելիք պատը պիտի «ստանայ պատմական պատի գոյնը», սակայն յստակ է, որ տեղի ունեցածը թուրքերուն կողմէ հայկական պատմական կառոյցները աղաւաղելու եւ պղծելու հերթական արարք մըն է։

Ուրֆայի ամրոցի պատերը կառուցուած են հայկական թագաւորութեան օրերուն, մօտաւորապէս 812 թուականին: Ամրոցը կառուցուած էր արաբական ասպատակութիւններէն պաշտպանուելու համար:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին