Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը քաղաքական կողմերու իր պաշտօնական այցելութիւններու շարքին ծիրեն ներս այցելութիւն մը տուաւ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի անձնական ներկայացուցիչ եւ աշխատակազմի ղեկավար Նատէր Հարիրիին:
Արդարեւ՝ Ուրբաթ 18 Յուլիս 2014-ի կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին ընկերներ՝ Միքայէլ Վայէճեան (ատենապետ), Սեւակ Յակոբեան (ատենադպիր) Ճէքի Տէրվիշեան (գանձապահ), Էւա Տաքեսեան ինչպէս նաեւ պետական նախկին երեսփոխան ընկեր Յակոբ Գասարճեան Պէյրութի Կեդրոնական Տան (Պէյթ էլ Ուասաթ) մէջ ընդունուեցան Պրն. Նատէր Հարիրիին կողմէ:
Մօտ մէկ ժամ մը տեւած մտերմիկ ընդունելութեան ընթացքին ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան պատուիրակութիւնը Պրն. Նատէր Հարիրիին հետ քննարկեց Լիբանանն ու տարածաշրջանը յուզող հարցեր:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի քաղաքական եւ ապահովական ներքին վիճակը, նախագահական ընտրութիւններ կայացնելու առաջնահերթութիւնը, այս իրավիճակին մէջ երեսփոխանական ընտրութիւններ կայացնելու դժուարութեան պարագան, ինչպէս նաեւ շրջանային իրադարձութիւններու ազդեցութիւնը Լիբանանի վրայ:
Հանդիպման աւարտին Պրն. Նատէր Հարիրի շնորհաւորեց Լիբանանի Շրջանային նորընտիր Վարչութիւնը մաղթելով, որ ինչպէս միշտ, ապագային եւս գործակցութիւնը սերտ կը մնայ նախկին Վարչապետ Սաատ Հարիրիի եւ ՌԱԿ-ի միչեւ:
ՄԱՄԼՈՅ ԴԻՒԱՆ
ՌԱԿ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ