Շաբաթ, 05. 10. 2024

spot_img

Մեկնարկեց Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Հաղորդակցութեան Միջոցներու 2-րդ Համագումարը

Յուլիս 15-ին Երեւանի մէջ մեկնարկեց Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ հաղորդամիջոցներու յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ եւ ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան համագործակցութեամբ կազմակերպուած Հայ Կաթողիկէ հաղորդակցութեան միջոցներու 2-րդ համագումարը: Այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մամուլի եւ տեղեկատւութեան գրասենեակէն:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Հայ Կոթողիկէ եկեղեցւոյ հաղորդամիջոցներու պատրիարքական յանձնախումբի նախագահ, Հայ Կոթողիկէ եկեղեցւոյ Հայաստանի, Ռուսաստանի, Վրաստանի եւ Արեւելեան Եւրոպայի թեմի առաջնորդ Հայր Ռաֆայէլ արքեպիսկոպոս Մինասեանը` համագումարի մասնակիցներուն ներկայացնելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Առաջինի ողջոյնի ուղերձը:

Հայր Ռաֆայէլ արքեպիսկոպոս Մինասեանը նշեց, որ այս համագումարը նպատակ ունի զարգացնելու համագործակցութիւնը հայ համայնքներուն մէջ գործող եկեղեցական հաղորդակցութեան միջոցներու միջեւ եւ մշակելու կառուցակարգեր` անոնց աշխատանքը քրիստոնէական եւ ազգային արժէքներու տարածման ու պահպանման լաւագոյնս ծառայեցնելու համար:

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միջեկեղեցական յարաբերութիւններու բաժնի տնօրէն, Գերաշնորհ Տ. Յովակիմ եպիսկոպոս Մանուկեանը փոխանցեց մասնակիցներուն Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Երկրորդի ողջոյնի ուղերձը նշելով, որ համագումարը աննախադէպ օրինակ է հայ յարանուանութեան պատմութեան մէջ, որուն մասնակիցները միասնաբար ջանքեր պիտի գործադրեն Հայ Կաթողիկէ հաղորդամիջոցներու գործակցութեան զարգացման ուղղութեամբ:

Համագումարի մասնակիցներուն Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ Կաթողիկոս Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Ներսէս Պետրոս ԺԹ-ի օրհնութեան գիրը ընթերցեց Զմմառի մեծաւոր Հայր Վարդան վարդապետ Գազանճեանը:

ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանը, ողջունելով եւ գործնական աշխատանք մաղթելով համագումարի մասնակիցներուն, յայտնեց պետութեան անվերապահ աջակցութիւնը բոլոր հայանպաստ նախաձեռնութիւններուն:

Նախարարը նշեց, որ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի նախաշեմին կազմակերպուած համագումարը պէտք է օգտագործել իբրեւ միջոց` ազգային խնդիրները աշխարհին կազմակերպուած եւ լաւագոյնս ներկայացնելու ուղղութեամբ:

Առանձնացուեցան երկու առանցքային խնդիրներ, որոնց պէտք է անդրադառնայ ցանկացած հայկական լրատուամիջոց. Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման, դատապարտման, հետեւանքների վերացման եւ Հայկական երկու պետութիւններու հզօրացման հարցերը:

ՀՀ սփիւռքի նախարարը կարեւոր համարեց հայաստանեան եւ Սփիւռքի լրատուամիջոցներու կողմէ անդրադարձը այն պետութիւններուն, որոնք արդէն ճանչցած են Հայոց Ցեղասպանութիւնը:

«Ցեղասպանութեանը զոհ գնացած մարդկանց եւ նրանց ժառանգներին անդրադառնալուց զատ, պէտք է բարձրաձայնել նաեւ մեր մշակութային եւ հոգեւոր կոթողների, եկեղեցիների ոչնչացման, արեւմտահայերէնի վտանգուած լինելու, Թուրքիայում բնակուող ծպտեալ հայերի խնդիրների մասին»,– նշեց նախարարը` աւելցնելով,– «Պայքարելով յանուն Ցեղասպանութեան ճանաչման` պէտք է յատուկ անդրադարձ կատարել Ցեղասպանութիւնը վերապրած հայերի ժառանգների կեանքի պատումներին»:

Նշուեցաւ, որ բացայայտ է թրքական հակահայկական քարոզչութիւնը ամբողջ աշխարհի մէջ, ուստի կարեւոր է մեծ ուշադրութիւն դարձնել եւ խօսիլ այն թուրք մտաւորականներուն մասին, որոնք ճանչցած են Հայոց Ցեղասպանութիւնը, իսկ լրահաւաք աշխատանքներ իրականացնելու ժամանակ ճշգրտել տեղեկատւութեան աղբիւրը:

Նախարարը հաւաստիացուց, որ օտար լրատուամիջոցներու մէջ կը գործեն բազմաթիւ հայ լրագրողներ, որոնց ուժերը օգտագործելը մեծապէս պիտի օգնէ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին տեղեկատւութիւնը աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ ճանաչելի դարձնելու գործին:

«Այսօր աշխարհում գործում են 78 հայագիտական կենտրոններ, որոնք նոյնպէս իրենց խօսքը պէտք է բերեն Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ դատապարտման գործում»,– նշեց նախարար Հ. Յակոբեանը` աւելցնելով,- «Հայ Կաթողիկէ հաղորդակցութեան միջոցների 2-րդ համագումարին մասնակցող բոլոր լրագրողներին հրաւիրում եմ մասնակցելու սեպտեմբերին կայանալիք «հայոց ցեղասպանութիւն 100. ճանաչումից պահանջատիրութիւնէ խորագրով լրագրողների համահայկական 7-րդ համաժողովին»:

Շնորհակալութիւն յայտնելով ՀՀ սփիւռքի նախարարին՝ համագումարի աշխատանքներուն բերած գործուն աջակցութեան համար` Հայր Ռաֆայէլ արքեպիսկոպոս Մինասեանը նշեց,- «Կը ցանկամ, որ ձեր խրատները դառնան ատաղձ մեր համագումարի մասնակիցներուն համար»:

Համագումարի ընթացքին զեկուցումներու եւ քննարկումներու միջոցով պիտի ներկայացուին Հայ Եկեղեցւոյ հովանաւորութեամբ գործող եկեղեցական ԶԼՄ-ներու գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Հայկական Սփիւռքի պատմութեան վերացական թանգարան» կայքը:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին