Թուրքիոյ Պաթման նահանգի Սասնոյ շրջանի Մարաթուկ լերան վրայ գտնուող հայկական Սուրբ Մարիամ Աստուածածին եկեղեցւոյ աւերակներէն հնամեայ պատմական գիրք մը եւ շարք մը այլ արժէքաւոր գտածոներ յայտնաբերուած են. այս մասին տեղեկացուցած է Սասունի հայերու միութեան նախագահ Ազիզ Տաղճը «Էրմենիհապեր»կայքէջին:
Ըստ թրքական «Մայնեթ» կայքին՝ եկեղեցւոյ վերանորոգման աշխատանքներուն սկսելու համար, կազմակերպուած էր մաքրութեան եւ աւերակ կտորներու հաւաքման արշաւ, որուն մասնակցած են նաեւ Պաթմանի թանգարանի մասնագէտները:
«Աւերակներուն միջէն գտած ենք խաչաձեւ իրեր, ձիու սմբակի նալեր եւ հայերէն գրութեամբ մեծ գիրք մը», կայքին տեղեկացուցած է Տաղճը՝ նշելով, որ գտածոներուն մասին անմիջապէս տեղեկացուցած են տեղւոյն ոստիկանութեան եւ զանոնք յանձնած են Պաթմանի թանգարանին:
«Մեր նպատակն է 2 տարի առաջ փլուզուած այս եկեղեցին վերականգնել եւ վերանորոգել: Կ՛ենթադրենք, որ 2973 մեթր բարձրութիւն ունեցող Մարաթուկ լերան գագաթին գտնուող այս եկեղեցւոյ մէջ յայտնաբերուած գտածոները շուրջ 2000 տարուան պատմութիւն ունին: Նաեւ դիմած ենք Պաթմանի նահանգապետարան՝ դէպի եկեղեցի տանող առանձին ճամբայ մը բանալու փափաքով», եզրափակած է Սասունի հայերու միութեան նախագահը: