Երեքշաբթի, 08. 10. 2024

spot_img

ՀՀ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ՊՈՒԷՆՈՍ ԱՅՐԷՍԻ ՄԷՋ ՄԱՍՆԱԿՑԱԾ Է ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԹԱՆԳԱՐԱՆԻ ՀԻՄՆԱՐԿԷՔԻՆ

*ՊՈՒԷՆՈՍ ԱՅՐԷՍ, ԱՐԺԱՆԹԻՆ* Յուլիս 8-ին՝ Արժանթինի Հանրապետութիւն պաշտօնական այցի երկրորդ օրը, ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան Պուէնոս Այրէս քաղաքային կառավարութեան նախարարներու խորհուրդի նախագահ Օռասիոյ Լառեդայի, տեղական ինքնակառավարման մարմիններու եւ արժանթինահայ համայնքի ներկայացուցիչներու հետ ներկայ գտնուած է Պուէնոս Այրէսի Փալերմօ թաղամասին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարանի հիմնարկէքին: Այս մասին կը հաղորդեն ՀՀ նախագահի մամուլի եւ տեղեկատւութեան գրասենեակէն:

Հիմնարկեքի յուշատախտակի օրհնութենէն յետոյ՝ Պուէնոս Այրէսի քաղաքային կառավարութեան նախարարներու խորհուրդի նախագահ Օռասիոյ Լառեդան եւ ՀՀ նախագահի աշխատակազմի ղեկավար Վիգէն Սարգսեանը բացած են զայն: Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարանի հիմնարկեքին առիթով Նախագահը արարողութեան մասնակիցներու առջեւ հանդէս եկած է ելոյթով:

“Սիրելի՛ հայրենակիցներ,
Պուէնոս Այրէսի քաղաքային կառավարութեան նախարարների խորհրդի յարգելի՛ նախագահ,
սրբազան Հայրե՛ր,
տիկնա՛յք եւ պարոնա՛յք,

Այսօր առանձնակի պատիւ է ինձ համար գտնուել այստեղ` Պուէնոս Այրէսի սրտում, եւ ձեզ հետ միասին առաջին աղիւսը դնել Հայոց Ցեղասպանութեանը թանգարանի հիմքում:

Այս թանգարանը ստեղծւում է` լրացնելու Հայոց Ցեղասպանութեանը նուիրուած այն բազմաթիւ յուշակոթողների շարքը, որ սփռուած են արեւելքից արեւմուտք, հիւսիսից հարաւ` որպէս խօսուն վկայ, որ որքան ժամանակ էլ անցնի, մենք յիշելու ենք ու պահանջելու: Մարդկային յիշողութիւնը պատմութեան իւրայատուկ մաղն է, որն առանձնայատուկ երախտագիտութեամբ պահում է այն անուններն ու տեղանունները, որոնք մշտապէս արդարութեան սերմեր են ցանում` առաջ մղելով համամարդկային ամենավեհ արժէքները:

Այդ լուսաւոր տեղանուններից մէկն էլ, ի հարկէ, Արգենտինան է, որն օգնութեան հասնելով մեր ժողովրդին արհաւիրքի ամենածանր պահին, փրկեց ոչ միայն հարիւր հազարաւոր հայերի, այլեւ վերականգնեց մեր ժողովրդի սասանուած հաւատն առ այն, որ մարդը ստեղծուած է Աստծոյ նմանութեամբ, որ մարդու մէջ չի կարող մեռնել մարդը եւ կենդանի մնալ ցեղասպան բարբարոսը:

Յարգելի գործընկերնե՛ր,

Յաջորդ տարի լրանում է Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեայ տարելիցը: Սակայն բոլորին է յայտնի` մարդկութեան դէմ ոճիրները վաղեմութեան ժամկէտ չունեն: Մեծ Եղեռնի հարիւրամեակն աւարտի սահմանագիծ չէ, այլ իւրատեսակ հանգրուան: Հարիւրամեակով մենք ամփոփելու ենք պատմական մի փուլ եւ ազդարարելու յանուն արդարութեան վերականգման պայքարի մի նոր փուլ, որը համալրուելու է ժխտողականութեան քաղաքականութեանը դիմակայելու նոր գործիքներով, որտեղ մենք լինելու ենք աւելի հզօր, հզօր միջազգային հանրութեան հետ միասին, քանզի միասնութեան մէջ է ուժի գաղտնիքը եւ արդարութեան յաղթանակը:

Տիկնա՛յք եւ պարոնա՛յք,

Հայ-արգենտինական բարեկամութեան դարաւոր պատմութիւնը ամբարում է էջեր, առանց որոնց հնարաւոր չէ պատկերացնել մեր երկկողմ համագործակցութիւնը: Եւ այս օրը, անշուշտ, ոսկէ տառերով է գրուելու ոչ միայն հայ-արգենտինական պատմութեան մատեանում, այլեւ իր անջնջելի հետքն է թողնելու մարդկութեան դէմ երբեւէ գործուած ամենածանր ոճրի` ցեղասպանութեան դատապարտման եւ կանխարգելման գործում”:

***

Նշենք, որ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ընդառաջ, Պուէնոս Այրէսի քաղաքային կառավարութեան 2014թ. Մայիս 6-ի որոշումով` մայրաքաղաքի Փալերմօ թաղամասին մէջ անվճար տարածք յատկացուած է Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարանի կառուցման համար:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին