Ուրբաթ 4 Յուլիս 2014-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց Ցեղասպանութեան ճանաչման համար պայքարող թուրք մտաւորական Ռագըփ Զարաքոլուն: Այս մասին կը հաղորդէ Սփիւռքի Նախարարութեան կայքէջը:
Ռագըփ Զարաքոլուն Հայաստան է ժամանած է «Հայոց ցեղասպանութիւնը Օսմանեան կայսրութեան մէջ. վերապրածներու վկայութիւններ» արխիւային փաստաթուղթերու եռահատոր ժողովածուի հիման վրայ ստեղծուած թուրքերէն միահատորեակի շնորհանդէսին մասնակցելու նպատակով: Շնորհանդէսը կայացած է Յուլիս 3-ին Առնօ Բաբաջանեանի անուան համերգասրահէն ներս, ուր ուշագրաւ ելոյթով հանդէս եկած է թուրք մտաւորականը:
Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան բարձր գնահատելով թուրք մտաւորականի ներդրումը Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման գրծին մէջ նշեց. «ձեզ ընդունում ենք որպէս ազնիւ մտաւորականի, եղբօր, որ չի կարողանում ապրել կեղծիքի, ստի եւ անարդարութեան մթնոլորտում: Ցեղասպանութիւնից անցել է 100 տարի, թուրք ժողովուրդը պէտք է ազատուի այդ բեռից եւ այդ հարցում ժողովրդին պէտք է առաջնորդեն Ձեր նման մտաւորականները»: Նա առանձնայատուկ կարեւորեց Թուրքիայում Հայոց ցեղասպանութեան մասին պատմող գրքերի, աշխատութիւնների հրատարակումը` շեշտելով Ցեղասպանութեան ականատեսների վկայութիւնների փաստագրման եւ հրապարակման գործում Ռագըփ Զարաքոլուի մեծ աւանդը: «ցեղասպանութիւնը մինչ օրս շարունակւում է».
«Հայաստանի նկատմամբ 25 տարի շարունակուող շրջափակմամբ, հայկական սփիւռքի հոգեկան տառապանքներով ու դեգերումներով». նշեց տիկին Յակոբեան:
Շնորհակալութիւն յայտնելով ընդունելութեան համար` թուրք մտաւորական Ռագըփ Զարաքոլուն` յանուն Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ արդարութեան վերականգնման իր պայքարը համարեց պատւոյ պայքար: Ան տեղեկացուց, որ կը շարունակէ վկայութիւններու ու ականատեսներու պատմութիւններու հաւաքագրումը եւ յառաջիկային հրապարակելու է եւս 2 գիրք` մէկը քիւրտերու, միւսը` իսլամացած կանանց վկայութիւններու մասին: Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան պատրաստակամութիւն յայտնեց Ռագըփ Զարաքոլուի նշած 2 գիրքերու շնորհանդէսը կազմակերպելու Սփիւռքի նախարարութենէն ներս: Ի դէպ, թուրք մտաւորականը տեղեկացուց, որ վերսկսած է հայոց լեզուի տիրապետելու իր ընդհատուած դասընթացը, եւ յոյս յայտնեց , որ շուտով Հայաստանի մէջ հաղորդակցուելու համար այլեւս թարգմանիչի կարիք չ’ունենայ:
Հանդիպման ընթացքում քննարկուեցան Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման, դատապարտման, հետեւանքներու վերացման, պահանջատիրութեան, ինչպէս նաեւ ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ընդառաջ կազմակերպուելիք միջոցառումներուն վերաբերող հարցեր: