Կիրակի, 03. 12. 2023

spot_img

ՀՈԼԱՆՏԱՅԻ ՕՎԵՐԵՅՍԵԼ ՄԱՐԶԻ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԸ ՃԱՆՉՑԱՒ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

*Հոլանտա* Հոլանտայի Օվերեյսել մարզի խորհրդարանը 2 յուլիս 2014-ի նիստին ընթացքին ընդունած է բանաձեւ մը, ուր արտայայտուած է խորհրդարանի դիրքորոշումը նախորդ 1 յունիսին թրքական կազմակերպութիւններու բողոքի ցոյցին նկատմամբ, որ ուղղուած էր Ալմելոյի հայկական եկեղեցւոյ սեփական բակին մէջ տեղադրուած հայոց ցեղասպանութեան յուշարձանին դէմ:

 Այդ ցոյցին ընթացքին հայ ժողովուրդի հասցէին եղած են անարգալից, զրպարտական եւ վիրաւորական արտայայտութիւններ, ուր կոպտօրէն հերքուած է Հայոց ցեղասպանութիւնը: Բանաձեւը, զոր ներկայացուցած են Քրիստոնէական միութիւն, Բարեփոխուած քաղաքական կուսակցութիւն, Ազատութեան համար կուսակցութիւն եւ Քրիստոնեայ դեմոկրատական կոչ խմբակցութիւններու երեսփոխանները կը վկայակոչէ 1915-1918 թուականներուն Օսմանեան կայսրութեան մէջ 1,5 միլիոն մարդոց (հայերու, ասորիներու եւ պոնտացի յոյներու), գազանաբարոյ ջարդերը:

Բանաձեւը հրաժարած է ցեղասպանութիւնը ժխտողներու բողոքի ցոյցէն եւ կը յայտնէ, որ կ՛ընդունի Հայոց ցեղասպանութիւնը, անդրադառնալով 2004 թուականի Հոլանտայի խորհրդարանի ընդունած բանաձեւին: Անով մարզային խորհրդարանը հայերուն ազդանշան կու տայ, որ անոնք իրաւունք ունին ունենալու իրենց զոհերու ոգեկոչման արժանի վայրը:

 

  

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին