.ՊէՅՐՈՒԹ, ԼԻԲԱՆԱՆ.
ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Արին պարախումբի 48 անդամներ` գլխաւորութեամբ իրենց գեղարուեստական ղեկավար ու պարուսոյց Գայեանէ Մածունեանի, բեմավար Վարդան Մկրտիչեանի եւ ՀԵԸ «Արին» պարախումբի վարչական անդամներու` Երկուշաբթի, 30 Յունիս 2014-ի երեկոյեան ժամը 6:25-ին մեկնեցան Հայաստան` մասնակցելու Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան կողմէ կազմակերպուած «Իմ Հայաստան» համահայկական Բ. փառատօնին տարբեր ծրագիրներուն:
Այս փառատօնին ընթացքին ՀԵԸ-ի «Արին» պարախումբը պիտի ունենայ չորս ելոյթներ: Առաջին ելոյթը տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 1 Յուլիս 2014-ին, Երեւանի Ալ. Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնին մէջ` «Իմ Հայաստան» փառատօնի բացման հանդիսաւոր արարողութեան ընթացքին: Երկրորդ ելոյթը տեղի պիտի ունենայ Հինգշաբթի, 3 Յուլիս 2014-ին Լոռի մարզի Վանաձոր քաղաքի թատերասրահին մէջ: ՀԲԸՄ-ՀԵԸ «Արին» պարախումբի երրորդ ելոյթը տեղի պիտի ունենայ ուրբաթ, 4 յուլիսին Ծաղկաձորի «Արի տուն» ծրագիրի երկրորդ փուլի փակման ընթացքին` ներկայութեամբ Հայաստանի վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանին եւ Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանին: ՀԵԸ «Արին» պարախումբի վերջին ելոյթը տեղի պիտի ունենայ շաբաթ, 5 Յուլիս 2014-ին, Արագածոտնի մարզի Օշական գիւղին մէջ, «Գիւղի տատիկ» խորագիրով բացօթեայ տօնախմբութեան ընթացքին: