*ՊԱՅԾԻԿ ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ*
Յակոբ Վարդիվառեան համասփիւռքեան վարկ եւ հեղինակութիւն վայելող դէմք մըն է, աւելի քան չորս տասնամեակէ մը ի վեր, իր ծաւալած ազգային ու միութենական լուրջ գործունէութեամբ, հրատարակած «Հանդիպումներ»ու հինգ հատորներով, ստանձնած մեկենասութիւններով, հաստատած մամլոյ մրցանակներով, եւ վերջապէս Հայ մշակոյթի տարածումով:
Արդարեւ, հովանաւորութեամբ Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ Խաժակ Արքեպիսկոպոս Պարսամեանի եւ կազմակերպութեամբ Թէքէեան ՄշակութայինՄիութեան Նիւ Եորքի մասնաճիւղին, Շաբաթ, Յունիս 21ին, Նիւ Ճըրզիի Քլինթոն Ինն հիւրանոցի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ բազմավաստակ ազգային ու հասարակական գործիչ, մտաւորական, հրապարակագիր, խմբագիրեւ հայ մշակոյթի դեսպան Յակոբ Վարդիվառեանիմեծարանքիհանդիսութիւնը՝ներկայութեամբհոգեւորհայրերու, Հայրենի պետական գործիչներու, Թէքէեան Մշակութային Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան պատկառելի անդամներուն, կուսակցական, միութենականպատկանմարմիններուեւ հայկական միութիւններու ներկայացուցիչներու, մտաւորականներու, արուեստագէտներու, եւՅակոբ Վարդիվառեանի հարազատներուն ու գաղափարի ընկերներուն։
Յոբելենական հանդիսութեան հեզասահ ընթացք տուաւ օրուան հանդիսավարը՝ Գոլոմպիա Համալսարանի Պառնարտ Գոլէճի նախկին տեկան՝ Տիկին Օլիմփիա Ճեպեճեան, որ հակիրճ կերպով անդրադարձաւ սոյն պատուասիրութեան նպատակին, ապա հակիրճ կերպով ներկայացուց Վարդիվառեանի հոգիին կորիզը կազմող տուեալներու մասին. «Յակոբի հոգիին կորիզը կը բոլորեն գիրն ու գիրքը, հայ ազգն ու անոր մշակոյթը»: Ապա բեմահարթակ հրաւիրուեցաւ Եղիշէ Արք. Գիզիրեան` Մեծն Բրիտանիոյ նախկին առաջնորդ իր օրհնութեան աղօթքով հանդիսութիւնը բացուած յայտարարելու համար: 300 հոգիով լեցուն սրահը յուզմունքով ու հպարտութեամբ ունկնդիր հանդիսացաւ ամերիկեան եւ հայկական պետական հիմներուն, որոնք բացառիկ կերպով մեկնաբանուեցան Սոլանժ Մերտինեանի եւ Նիքոլա Պոմբարթի կողմէ:
Յանուն կազմակերպիչ մարմինին, բարի գալուստի խօսքով ելոյթ ունեցաւ Տոքթ. Վաղինակ Դարբինեան՝ Յոբելինական Յանձնախումբին ատենապետի հանգամանքով, ան նախ ներկայացուց օրուան խորհուրդը, ապա դրուատեց յոբելեարին ծաւալած գործունէութիւնը ՌԱԿ-էն եւ ԹՄՄ-էն ներս: «Յակոբ Վարդիվառեան անհատը, իր էութենէն ոչինչ խնայած է նուիրաբերելու համար յանուն Հայրենիքին, Սփիւռքին ու ազգին: Իրեն համար յոյժ կարեւոր կը նկատուի հայը հայուն հետ կապելէ բացի, հայը Հայաստանին կապել: Մենք այսօր հաւաքուած ենք հոս մեծարելու համար Յակոբ Վարդիվառեան մարդը եւ անոր տաղանդը: Ան պատրաստ է լեռներ շարժելու, հասնելու համար իր գերագոյն նպատակին:»
Յոբելենական հանդիսութեան ընթացքին գործադրուած յայտագրի պարունակէն ներս իր որդիականխօսքըարտասանեցՀայկ Վարդիվառեան, որնշեց, թէ ինք միշտ հպարտ եղած է Յակոբ Վարդիվառեանի որդին ըլլալով: «Ան ճամբորդած ըլլալով աշխարհի չորս ծագերը՝ Հիւսիսային Ամերիկայէն մինչեւ Հարաւային Ամերիկա, Ասիա, Եւրոպա եւ Ափրիկէ բարեկամացած է հազարաւոր հայ մարդոց ու գործած է անոնց հետ լոկ ազգային մակարդակի վրայ: Սրտի ջերմ խօսքերով հանդէս եկաւ Տոքթ. Զարեհ Վարդիվառեան՝ հարազատ եղբայրը մեծարեալին. «Կեանքիս ամենայիշատակելի օրերէն մին է այս ինծի համար, ականատես ըլլալ եղբօրս մեծարման հանդիսութեան: Թէեւ մենք մղոններով հեռու ենք իրարմէ, սակայն հոգիով այնքան ջերմ ու գաղափարով այնքան մօտիկ, որ կարելի է անվարան ըսել, թէ Յակոբը պարզապէս անձ մը չէ, այլ կազմակերպութիւն մը ինքնին: Նման անհատներ մեծարուելու կարիքը չունին, քանի որ անոնք իրենց գործով, վաստակով, ձգած մեծ ժառանգութեամբ եւ կերտած պատմութեամբ արդէն իսկ նուաճած են բարձունքներ»։
Երեկոյթը ստացած էր հայկական ջերմ մթնոլորտ, յատկապէս երբ գեղարուեստական յայտագիրի առաջին բաժինով գործադրուեցաւ հայկական երաժշտական որակաւոր մեկնաբանութիւններ: Գաղութին հեղինակաւոր պարիթոն՝ Նիքոլա Պոմբարթ բացառիկ կերպով ներկաներուն հրամցուց բոլորին կողմէ սիրուած «Կենաց երգ»ը, իսկ Սոլանժ Մերտինեան՝ Կոմիտասին «Շողեր Ճան» , Ռոմանոս Մելիքեանի «Վարդը» եւ Կոմիտասի «Հոյ Նազան»ը:
«Յակոբ Վարդիվառեան երեւոյթը» նիւթը ներկայացուց Թէքէեան Մշակութային Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան փոխ ատենապետ՝ Երուանդ Ազատեանը, որնշեց, թէ Սփիւռքի մէջ եկեղեցին ու ազգային կազմակերպութիւնները մտաւորականութեան նկատմամբ ունին յարգանքի ու խորհրդակցելու յատուկ վերաբերմունք, ինչ որ դրական է ու շահեկան։ Ան հաստատեց, որ Յակոբ Վարդիվառեան յատուկ երեւոյթ է, որուն հսկայական վաստակը Սփիւռքի մէջ իր հրատարակած յօդուածներով, ստեղծած է մամլոյ իւրայատուկ միջավայր ու մթնոլորտ։
«Հայ իրակականութեան մէջ ան գրաւած է իր ուրոյն տեղը, իսկ իր ունեցած տպաւորիչ իրագործումները յարգանք կը պարտադրեն իւրաքանչիւր հայորդիէ: Ահաւասիկ ա՛յս իսկ գլխաւոր պատճառով է որ այսօր բոլորս մեկտեղուած ենք հոս, մեր յարգանքի տուրքը մատուցելու իրեն, արժեւորելու նաեւ իր մատուցած անձնազոհ ծառայութիւնները մեր սիրելի ԹՄՄ-ին եւ ընդհանրապէս հայ ժողովուրդին Հայրենիքի մէջ թէ Սփիւռքի»: Շարունակելով ան իր խօսքը յայտնեց թէ Կեդրոնական Վարչութենէն ո´չ ոքի համար նախատական կը թուի ըլլալ Յակոբին համար շռայլուած խօսքերը աւելցնելով նաեւ թէ Կեդրոնական Վաչութեան մէջ ինք ամենագործունեայ անդամն է, որովհետեւ բոլորն ալ կու գան հաստատելու սոյն իրողութիւնը։
Ընտանեկան պարագաներու անունով, Ամերիկայի Բանակային Վեթերաններու նախարար՝ Անթոնի Փրինսիփի (աներձագը Յ.Վ.-ին), նախ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ներկաներուն, որոնք զանազան գաղութներէ գալով, ի մի հաւաքուած են մեծարելու համար մարդ մը, որուն հետ իր ընտանեկան բարեկամութիւնը մեծագոյն հաճոյք է: «Ան մեզի համար ամենաազնիւ մարդն է, իր հոգածու վերաբերմունքով, իւրայատուկ հիւմորով եւ համբերատար նկարագրով»: Փրինսիփի յայտնելով իր անձնական զգացումները, դրուատեց Վարդիվառեանը արժեւորող անհատը. «Մեծ հաճոյքով, բաժակ մը քոնեակի ընկերակցութեամբ, կարելի է երկար զրուցել Յակոբին հետ զանազան նիւթերու շուրջ, սկսելով միջազգային արուեստէն, քաղաքականութենէն, ու մարդկային-ընկերային հարցերէն: Մեր զրոյցը անպայմանօրէն կ’եզրափակուի Հայոց Ցեղասպանութեան ու անոր ճանաչման հանգրուաններուն մասին եւ այսօր ես անգամ մը եւս կը հաստատեմ, որ Ցեղասպանութեան ճանաչումը լոկ հայկական կամ թրքական հարց չէ, այլ համայն մարդկութիւնը յուզող, 20րդ դարու պատմութիւնը յստակացնող ողբերգութիւն մըն է: Փրինսիփի իր ակնարկները սեւեռելով մարդկային պատմութեան սկզբնական տարիներուն, յայտնեց «Եթէ բոլորս որպէս քրիստոնեաներ կը հաւատանք, որ Նոյեան տապանը կանգ առած էր Արարատ լերան գագաթին, հետեւաբար բոլորիս ալ նախահայրերը ակամայ ունին հայկական ծագում»:
Գեղարուեստական դասական յայտագիրը իւրայատուկ բոյր մը կը թեւածէր հանդիսասրահին մէջ, երբ Նիքոլան` Մոցարթի «Լա Մոզէ արիան», իսկ Ֆիկարոյէն՝ Gaetemo Donizetti “Mevoglin fan a casa» գերազանցապէս կը հրամցնէր ներկաներուն, մինչ Կոնստանդին Պետրոսեանի «Հայաստան»ով կը թնդար սրահը Ալին Գորիկընի, Նիքոլայի եւ Վաղարշակ Օհանեանի թունդ մեկնաբանութեամբ:
Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան անունով իր գնահատանքի խօսքը փոխանցեց ընկեր Դոկտ. Արշաւիր Կէօնճեան: «Ինծի համար մեծ հաճոյք է ու առանձնաշնորհում, մեր երախտագիտական զգացումները յայտնել Յակոբ Վարդիվառեան անհատին, իր ազգային ծառայութեան 45 ամեակին առիթով: Եթէ փորձենք իր կեանքի էջերը թղթատել, հոն պիտի գտնենք էութիւնը անոր, որ նուիրումի, հաւատքի, զոհողութեան եւ անշահախնդիր ծառայութեան ոգին։ Ազգային կեանքի հաւատաւորնուիրեալնէ ան, ործառայածէ ՌԱԿ-ի ու ԹՄՄ-ի գործունէութեան։Մեր մաղթանքը պիտի ըլլար, որ Վարդիվառեանվերանորոգուխտովշարունակէիրերթը»։Այնուհետեւ, յարգելի կուսակցապետը անդրադարձաւ ՌԱԿի անշեղ հայրենասիրութեան ոգիին եւ ազգային քաղաքական ուղեգիծին, որուն ճամբով քալեցին մեր երէկի ընկերները ու այսօր նոյ´ն հաւատարմութեամբ կը քալէ մեր սիրելի մեծարեալը»։
Պահն էր մեծարեալը պարգեւատրելու, որուն առընդեռ տեղի ունեցաւ խորհրդաւոր արարողութիւն:Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ Խաժակ Արք. Պարսամեան հրաւիրեց Բաբգէն ծ. Վրդ. Անուշեանին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոցկաթողիկոսիհայրապետականսրբատառ կոնդակը կարդալու, ապա մեծարեալին կուրծքին զետեղեց «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց եւ Ս. Սահակ» շքանշանը: Կոնդակինմէջնշուածէր. «Ազգանուէր ծառայութիւնը Դուք սկսեցիք տակաւին Ձեր ծննդավայր Բէյրութում, ապա անսպառ նախանձախնդրութեամբ շարունակեցիք Միացեալ Նահանգներում, կարեւոր աւանդ բերելով Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան, Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան, Թէքէեան Մշակութային Միութեան եւ ազգային այլ հաստատութիւնների գործունէութեան: Ձեր վաստակը հարստացրեցիք նաեւ գրական-ստեղծագործական ու լրագրողական արդիւնաւոր աշխատանքով: Ուրախ ենք, որ ազգանուէր Ձեր երկարամեայ ծառայութիւնը, հեղինակած աշխատութիւններն ու Սփիւռքի մեր անուանի պարբերականներուն մէջ հրատարակուած յօդուածները արժանիօրէն բերել են Ձեզ մտաւորականի եւ ազգային գործիչի բարեհամբաւ ու ճանաչում»:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ շնորհուած Մովսէս Խորենացի պատուոյ շքանշանը յանձնեց Միացեալ Ազգերու կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի նորանշանակ դեսպան Զոհրապ Մնացականեան, որ շնորհաւորելէ ետք օրուան մեծարեալը, յայտնեց թէ հակառակ որ անձամբ նոր հանդիպած էր Յակոբ Վարդիվառեանին , սակայն այնքան շատ լսած էր անոր մասին ու կարդացած անոր յօդուածները, որ վաղեմի բարեկամներ որպէս կարելի էր երկար զրուցել իր հետ: Դեսպանը Թէքէեան Մշակութային Միութեան մեծ ընտանիքին ծաւալած գործունէութեան ան մօտէն ծանօթ էր յատկապէս Հայրենիք-Սփիւռք-Էջմիածին փոխ յարաբերութեան պարունակէն ներս:
Թէքէեան մեծ ընտանիքին կողմէ պատուոյ յուշատախտակ փոխանցեց ԹՄՄ Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ՝ Տոքթ. Յարութիւն Արզումանեան, իսկ նիւեորքաբնակ հանրածանօթ գեղանկարչուհի՝ Էմմա Գրիգորեան յանձնեց իր արուեստի գործերէն իւղաներկ գեղանկարչութիւն մը:
Առիթ տրուեցաւ ներկաներէն մի քանիներու արտայայտուելու մեծարեալին մասին։ Համազգային Հայ Մշակութային Կրթական Միութեան երկարամեայ պատասխանատուներէն եւ գործիչներէն Դոկտ. Հրանդ Մարգարեան սրտբացօրէն վեր առաւ Յակոբ Վարդիվառեանին հայ մշակոյթի ծառայելու ոգին ըսելով. «Թէեւ մենք երկուքս կը գտնուինք տարբեր գաղափարական դպրոցներու մէջ, ինք` ռամկավար եւ ես` դաշնակցական, սակայն մեր երկուքին աշխատանքի դաշտը եղած է նոյնը` հայ մշակոյթին ծառայելու նուիրական առաքելութիւնը»։
Խոսք կ’առնէ նաեւ երիտասարդ մեր ուժերէն Օր. Թալին Պապայեան, որ նախ կը կարդայ իր մեծ հօր հարիւրամեայ ընկեր Երուանդ Պապայեանի ողջոյնի խօսքը եւ ապա կու տայ իր մանկութենէն եկած բարի յիշատակներ ՌԱԿի ու ԹՄՄի հետ կապուած, ինչպէս նաեւ կը նշէ թէ յոբելեարը եղած էր զինք դէպի լրագրութիւն մղողն ու քաջալերողը սկսելու իր աշխատակցութիւնը ՌԱԿի օրկան «Տհը Արմինիըն Միրըր-Սփեքթէյթըր» շաբաթաթերթէն։ Երիտասարդ սերունդի որպէս ներկայացուցիչ Թալինին խօսքը կ’ապահովցնէ թէ տակաւին երկա~ր ատեն կարելի պիտի ըլլայ ազգապահպանման համար տարուած աշխատանքները շարունակել այս ափերուն վրայ։
Յակոբ Վարդիվառեան իր խօսքին մէջ նախ անգլերէն լեզուով շնորհակալական խօսքեր ուղղեց Հայոց Հայրապետին` Գարեգին Բ.ին, հանրապետութեան Նախագահին` Սերժ Սրագսեանին, Սրբազան Հօր, ՀՀ Դեսպան Մնացականեանին, ինչպէս նաեւ նախկին դեսպան Կարէն Նազարեանին, որ իր կեցութեան շրջանին հարազատօրէն գործակցեցանք իրարու հետ։ Յայտագրին մէջ բաժին վերցնող բանախօսներուն թէ արուեստագէտներուն, բարերարներուն, ինչպէս նաեւ`յոբելենական հանդիսութիւնը կազմակերպող իր ընկերներուն։ «Չէի խորհէր որ այսքա´ն բարեկամ կրնամ ունեցած ըլլալ, որովհետեւ ազգային գործիչ մը եւ մանաւա´նդ կուսակցական` միայն թշնամիներ կ’ունենայ. եւ այսօր ես ուրախ եմ որ հոս հաւաքուած են մեր գաղութի բոլոր շրջանակներէն սիրելի ներկայացուցիչներ»։ Այնուհետեւ, յոբելեարը շե´շտը կը դնէ երիտասարդներու եւ նոր սերունդին համար ապահովելու հաւաքավայեր ու ակումբներ նշելով որ հոս հաւաքուածներէն մեծ թիւ մը այսօր Մայր գաղութներու մէջ հասակ առած են ակմբային մթնոլորտի մէջ եւ ուր դրծուած են ազգային հայրենասիրական շունչով։ «Եթէ այսօր չապահովենք մեր նոր սերունդին ազգային դաստիարակութիւնը, ապա` 20-30 տարի պիտի չունենանք ազգային ծառայութեան եւ Հայրենիքին օգտակար ըլլալու նուիրուած սերունդ մը. այսօրուընէ պատրաստելու ենք մեր ապագայ առաջնորդները»։ Հուսկ ան իր խօսքի աւարտին կարեւորութեամբ նշեց Հայաստանին օգնելու իւրաքանչիւրին պարտականութիւնը եւ ըսաւ թէ իր պատկանած Կուսակցութիւնը այդ ծառայութեան նոիրուած է առաջին օրէն, առանց նկատի ունենալու թէ մեր Հայրենիքին վրայ ո՞ր գոյնի դրօշակ կը ծածանի։
Ներկաներուն մէջ կը գտնուէին ազգային բարերարներ Տէր եւ Տիկին Նազար Նազարեաններ, Տէր եւ Տիկին Էտուըրտ Կիւլպէնկեաններ, Տոքթ. եւ Տիկին Րաֆֆի Յովհաննէսեան, ՀԲԸՄի Կեդրոնական Վարչական Ժողովի անդամներ` Սարգիս Ճէպէճեան եւ Նազարէթ Ֆսթըգճեան, ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Արամ Յովակիմեան , Համազգային Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչ Հրայր Պարոնեան, Վարդանանց Ասպետներու աւագ սպարապետ Դոկտ. Տենիս Բաբազեան, Հայկական Հիմնադրամի նախագահ Խորէն Պանտազեան, Հարաւային Գընթիքըթ Համալսարանի նախագահ Դոկտ. Մէյրի Բաբազեան, «Միրըր»ի խմբագիր Ալին Գրիգորեան եւ «Հայրենիք»ի խմբագիր Զաւէն Թորիկեան։
Հանդիսութիւնը իր աւարտին հասաւ երբ Յակոբ Վարդիվառեան հրաւիրեց ներկաներուն մէջ Վահան Թէքէեանը ճանչցող միա´կ անձին, արուեստագիտուհի Նորա Իփէկեան-Ազատեանին, որ իր մեծ հօր` ՌԱԿի հիմնադիրներէն եւ Սասունի հերոսամարտի կերտիչներէն Միհրան Տամատեանի օրերէն յաճախ վայելած է անմահանուն բանաստեղծին ջերմ ներկայութիւնը. Նորան այդ օրէն սկսեալ լաւագոյն մեկնաբաններէն է Թէքէեանի բանաստեղծութեան։ Հակառակ իր յառաջացած տարիքին արտասանեց «Հայու Հոգին» օրուան հանդիսութեան տալով բացառիկ եւ անմոռանալի յիշատակ մը, անկասկած։
Յարգանքի ու շնորհակալութեան ամենաջերմ զգացումներ կարելի է արտայայտել կազմակերպիչ յանձնախումբի իւրաքանչիւր անդամին, գլխաւորութեամբ Տոքթ. Վաղինակ Դարբինեան, Շողիկ Չալեան, Սիրվարդ Տէմիրճեան, Տոքթ. Սվեդլանա Ամիրխանեան, Շմաւոն Ադամեան, Յարութ Չաթմաճեան, Գարմէն Կիւլպէնկեան, Վարդան Իլանճեան, Տիրան Ճեպեճեան, Օլիմփիա Ճեպեճեան, Գրիգոր Մարգարեան, Նորայր Մկրտիչեան, Հելէն Միսք եւ Մարի Զօքեանի:
Արդարեւ, կազմակերպուած սոյն մեծարանքի հանդիսութիւնը իր մնայուն ներկայութիւնը պիտի ունենայ Վարդիվառեանի բոլոր բարեկամներուն մօտ, նոյնիսկ անոնց՝ որոնք ֆիզիքապէս ներկայ չի կրցան գտնուիլ, սակայն մեծարանքի գրքոյկին մէջ իրենց անկեղծ խօսքերով մասնակցութիւն բերին: ԹՄՄ-ի մեծ ընտանիքին հաւատաւոր անդամներէն Վարդան Իլանճեանի բծախնդիր պատրաստութեամբ, հայկական գրադարաններուն մէջ իր արժանի տեղը պիտի գրաւէ սոյն գրքոյկը:
Յոյժ տպաւորիչ սոյն պատուասիրութիւնը հրապարակային երախտագիտական համեստ արտայայտութիւն մըն էր պատուական ընկերոջ մը, որ մեր բոլորին համար շատ սիրելի է: Յանուն իր լայն ու հարազատ շրջանակին, ջերմօրէն կը շնորհաւորենք մեծարեալը՝ Ընկեր Յակոբ Վարդիվառեանը, մաղթելով անոր նորանոր նուաճումներ իր ծաւալած ազգային ու միութենական գործունէութեանց ծիրէն ներս: