.Պատրաստեց՝ ՊԵՏԻԿ ԹՈՐՈՍԵԱՆ.
Հայ գիրքը կը կազմէ հայ մշակոյթի անբաժան մէկ մասը: Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան շարքերուն պատկանող եւ համակիր անցեալի եւ ներկայի բազմաթիւ մտաւորականներ հրատարակած են գիրքեր, ուսումնասիրութիւններ եւ խոհեր ՌԱԿի մասին՝ իբրեւ կուսակցութիւն եւ հայ մշակոյթի դրսեւորում: Ի վերջոյ, ինչպէս ըսած է հրապարակագիր եւ խմբագիր, ուսուցիչ՝ Օննիկ Սարգիսեան «ՌԱԿը է» նաեւ Մշակոյթի Կուսակցութիւն»:
Սոյն համառօտ մատենագիտութեամբ կը ներկայացնենք Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան եւ զայն բաղկացնող կազմակերպութիւններու ու անձնաւորութիւններու վերաբերեալ ինչպէս նաեւ Հայկական Դատին նուիրուած Կուսակցութեան հրատարակութիւններու ցանկը: Ամբողջական մատենագիտութիւն մը ներկայացնելու հաւակնութիւնը չունինք անշուշտ: Հետեւաբար հաւանական է, որ կարգ մը գիրքեր վրիպած ըլլան մեր ուշադրութենէն: Առ այդ պիտի փափաքինք, որ յաւելումները յղուին մեր հասցէին՝ bedig_94@live.com:
Շնորհակալութիւն՝ բոլոր անոնց որոնք իրենց յաւելումներով պիտի օգնեն մեզ աւելի ամբողջական դարձնել այս ցանկը, եւ շնորհակալութիւն անոնց, որոնք օգնեցին այս մատենագիտութեան յառաջացման:
Կ’ուզէինք նաեւ հանրութեան տեղեկացնել թէ, այս մատենագիտութիւնը կարելի եղածին չափ ամբողջանալէ ետք յառաջիկային գրքոյկի պիտի վերածուի, գիրքերու բովանդակութեանց մասին կարճ տեղեկութիւններով առընթեր հրամցուելու համար հայ մատենագիտութեամբ հետաքրքրուած հանրութեան ընդհանրապէս եւ բանասէրներու մասնաւորաբար:
– 50 Յոբելեան Երուանդ Պապայեանի Դաստիարակչական եւ Ազգային Հասարակական Գործունէութեան, Հրտ. Յոբելեանական Գործադիր Մարմին, Պէյրութ, 1983, 209 էջ:
– 50 Յոբելեան Փրոֆ. Բարունակ Թովմասեանի Ազգային եւ Դաստիարակչական Գործունէութեան, Պէյրութ, Տպ. Ալթափրէս 1982, 63 էջ:
– 50 Յոբելեան Փրոֆ. Բարունակ Թովմասեանի Ազգային եւ Դաստիարակչական Գործունէութեան, Պէյրութ, Տպ. Ալթափրէս, 135 էջ:
– 100 Ամեակ Արմենական Կուսակցութեան, Տպ. Արազ, 1985, Առանց էջաթիւի:
– Ազգային Մարզական Միութիւն- 50 Ամեակ. Ամման- Յորդանան, ընդհ.պատ. Անդրանիկ Լէփէճեան, խմբ.Ներսէս Ներսէսեան եւ Ռոզէթ Ալեմեան-Մահսերէճեան, Պէյրութ, Տպ. Շիրակ, 2008:
– Ալպօյաճեան Արշակ, Վահան Թէքէեան իբր Հանրային Մարդ եւ Հրապարակագիր, խմբ. եւ ծնթ. Վաչէ Ղազարեան, Հրտ. ԹՄՄ Մ. Նահանգներու եւ Գանատայի Կեդրոնական Վարչութեան, Պէյրութ, Տպ. Հայ Տիպ Քոմփիւկրաֆ-Թեքնոփրէս, 1988, 400 էջ, պտկզ.:
– Ահարոնեան Գերսամ, Խոհեր Յիսնամեակի Աւարտին (Զարթօնքի Խմբագրականներու Շարք), Պէյրութ, Տպ. Ատլաս, 1966, 348 էջ, պտկզ., քարտէս:
– Ահարոնեան Գերսամ, Հատընտիր Խմբագրականներու կազմ. Անդրանիկ Տագէսեան, Պէյրութ, Տպ. Գրիգոր Անտոնեան, 1996, 199 էջ:
– Ահարոնեան Գերսամ, Մեծ Երազի Ճամբուն Վրայ… (Ակնարկ Հայկական Հարցի Պատմութեան Վրայ), Պէյրութ, Տպ. Ատլաս, 1964, 224 էջ, պտկզ., քարտէս:
– Ահարոնեան Գերսամ, ՌԱԿ-ի Խօսքը, Հրտ. ՌԱԿ-ի Փրոփականտի Յանձնախումբ, Պէյրութ, Տպ. Ատլաս, 1971, 102 էջ:
– Աղպաշեան Պարոյր, Ապրուած Հրապարակագրութիւն՝ Յետադարձ Հայեացքով- Մեկնաբանութիւններ, Վերլուծումներ, Քննարկումներ, Խորհրդածութիւններ, Ա. Հտր., խմբ. Երուանդ Հ. Գասունի, Հրտ.պատր. ՄԱՀԱԵՄ-ՀԳ, Պէյրութ, Տպ. Pawo Photogravure, 2008, 270 էջ:
– Աղպաշեան Պարոյր, Ապրուած Հրապարակագրութիւն՝ Յետադարձ Հայեացքով. Մեկնաբանութիւններ, Վերլուծումներ, Քննարկումներ, Խորհրդածութիւններ, Բ. Հտր., խմբ. Երուանդ Հ. Գասունի, Հրտ.պատր. ՄԱՀԱԵՄ-ՀԳ, Պէյրութ, Տպ.Design Kestenian, 2009, 400 էջ:
– Աղպաշեան Պարոյր, Ապրուած Հրապարակագրութիւն՝ Յետադարձ Հայեացքով. Մեկնաբանութիւններ, Վերլուծումներ, Քննարկումներ, Խորհրդածութիւններ, Գ. Հտր., Պէյրութ, Տպ.Design Kestenian, 2010, 446 էջ:
– Աղպաշեան Պարոյր, Պատառիկներ՝ Մեծերէն, Պէյրութ, Տպ. Design Kestenian, 2010, 87 էջ:
– Աղպաշեան Պարոյր, Հրապարակախօսական- Բանախօսական- Գրախօսական Ընտրանի Էջեր (Քննարկումներ,Վերլուծումներ, Դիտարկումներ, Հաստատումներ), Պէյրութ, Տպ. Zincograph Kesdenian, 2012, 287 էջ:
– Աճէմեան Լեւոն, Յուշեր Արմենակ Եկարեանի, Հրտ. Ազգային Հիմնադրամի Թիւ 5, Գահիրէ, Տպ. Նոր Աստղ, 1947, Գ. 307 էջ, պկզ.:
– Աճէմեան Լեւոն, Եգիպտահայ Տարեցոյցը, Աղեքսանդրիա, Տպ. Գասապեան, 1925-1926 2 Հատոր:
– Անդրանիկ Անդրէասեան. Գրական-Հասարակական Գործունէութեան 45 Ամեակի Յոբելեան, Հրտ. ՌԱԿ Շրջանային Վարչութեան, Պէյրութ, Տպ. Շիրակ, 1977, 64 էջ:
– Անդրէասեան Անդրանիկ, Խոհեր. Գրական, Ազգային եւ Հասարակական, Հրտ. Մատենաշար Անի Թիւ 11, Պէյրութ, Տպ. Ատլաս, 1961, 256 էջ:
– Անդրէասեան Անդրանիկ, Հայկական Դատին Նոր Հանգրուանը, Պէյրութ, Տպ. Զարթօնք, 1967, 100 էջ:
– Անդրէասեան Անդրանիկ, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւն, Վերապրում, Ազատութիւն, Անկախութիւն, Հրտ. ՌԱԿ Փրոփականտի եւ Դաստիարակչական Յանձնախումբ թիւ 2, Պէյրութ, Տպ. Ատլաս, 1974, 40 էջ:
– Անդրէասեան Անդրանիկ, Խոհեր. Գրական, Ազգային եւ Հասարակական Բ. հատոր, Լոս Անճըլըս, Տպ. Նոր Օր, 1976, 392 էջ:
– Անդրէասեան Անդրանիկ, Խոհեր. Գրական, Ազգային եւ Հասարակական Գ. Հատոր, Լոս Անճըլըս, Տպ. Նոր Օր, 1980, 358 էջ:
– Անդրէասեան Անդրանիկ, Պատմութիւն Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Ամերիկայի Արեւմտեան Շրջանակի, Լոս Անճըլըս, Տպ. Նոր Օր, 1981, 199 էջ:
– Արեւը որ Կը Ծագի Ամէն Երեկոյ Յօդուածներու Ժողովածու Արեւ Օրաթերթի Հիմնադրութեան 75 Ամեակին Առթիւ, Հրտ. Մատենաշար Հայ Ազգային Հիմնադրամի, Գահիրէ, Տպ. Ոսկեդար, 1990, 312 էջ:
– Արմէն Ենովք, Արշակ Չօպանեան. Կեանքը եւ Գրական ու Հասարակական Գործունէութիւնները, Կ. Պոլիս, Տպ. Սագաեան, 1913, 30 էջ:
– Բաբազեան Էօժէն, Ինքնակենսագրութիւն եւ Յուշեր (Ազգային Գործերու Յարակցութեամբ), Հրտ. Հայ Ազգային Հիմնադրամի Թիւ 25, 187 էջ, պտկզ.:
– Գալէմքեարեան Զարուհի, Թերլեմեզեան Փանոս.1874- Հասկաքաղ, Երեւան, Տպ. Հայաստան, 1965, 180 էջ:
– Գրիգորեան Զաւէն Գ., Ամփոփ Պատմութիւն Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան, Աթէնք, Տպ. Նոր Աշխարհ, 1982, 38 էջ:
– Դալլաքեան Կարլէն, Արշակ Չօպանեան. Կեանքը եւ Գործը, Երեւան, Տպ. Սովետական Գրող, 1987, 479 էջ, դիմանկար:
– Դալլաքեան Կարլէն, ՀԲԸՄիութեան Նախագահ Գալուստ Կիւլպէնկեանի Հրաժարականի Հարցի Շուրջ, Հրտ. Ազգ Օրաթերթի, Երեւան, 1996, 112 էջ:
– Դալլաքեան Կարլէն, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Պատմութիւն, Հրտ. ՀՀ ԳԱԱ Պատմութեան Ինստիտուտի, Երեւան, Տպ. ՀՀ ԳԱԱ Գիտութիւն Հրատարակչութեան, 1999, 308 էջ:
– ԴալլաքեանԿարլէն, Ա. Չօպանեանի Մահուան 50րդ Տարելիցին Առիթով Ծաղկեփունջ իր Շիրիմին, Հրտ. ԹՄՄ Լիբանան, Պէյրութ, 2005, 76 էջ:
– Դալլաքեան Կարլէն, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Պատմութիւն, Հրտ. Մուղնի, Երեւան, Տպ. Գասպրինտ, 2007, 504 էջ:
– Դանիէլեան Ժիրայր, Ռամկավար Ազատական Մամուլը (Մատենագիտական Ակնարկ), Պէյրութ, Տպ. Արազ, 1982, 48 էջ:
– Դարբինեան Արտակ, Հայ Ազատագրական Շարժման Օրերէն (յուշեր 1890էն 1940), Հրտ. Հայ Ազգային Հիմնադրամի թիւ 3, Փարիզ, Տպ. Արաքս, 1947, 640 էջ, պտկզ.:
– Եափուճեան Աւետիս, Համառօտ Պատմութիւն Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կազմութեան, Հրտ. Մատենաշար Հայ Ազգային Հիմնադրամի, Գահիրէ, Տպ. Ոսկետառ, 1977, 56 էջ:
– Եազ Օ.Գ. (Տոթք. Ս. Գ. Եազմաճեան), Թուղթ Առ Հայ Արմատ, ՀԲԸՄ եւ ՌԱԿ-Հնչակ Ազգային Կուսակցութիւններ. Հայ Ղարիպներու Հայրենազրկումի Եւ Հայասպառումի 37րդ եւ ՀԲԸՄիութեան Հիմնադրութեան 52րդ Տարեդարձի Առթիւ, Պէյրութ, առանց տպարանի, 1958, 106 էջ:
– Եկարեան Արմենակ, Յուշեր, Հրտ. ՌԱԿ Արմենակ Եկարեան Ակումբ, Պէյրութ, Տպ. Զարթօնք, 1985, 256 էջ:
– Երուանդ Հրաչ, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւն Իր Այսօր եւ Վաղը, Պոսթըն, 1927, 32 էջ:
– Երուանդ Հրաչ, Բանախօսութիւն. Խօսուած Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Ամերիկայի Շրջանակի Ութերորդ Պատգամաւորական Ժողովի առթիւ գումարուած հրապարակային ժողովին մէջ, Պոսթըն, 1928, 16 էջ:
– Երուանդ Պապայեան Ծննդեան 90 Ամեակ, Վաստակի 70 Ամեակ, Բ. Հրտ., 103 էջ:
– Զարթօնք 30-ամեակ, Պէյրութ, Տպ. Ատլաս, 1967, առանց էջադրութեան:
– Զարթօնք Բացառիկ. Նուիրուած Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Ամբողջական Միութեան 60 Ամեակին, խմբ. Յակոբ Աւետիքեան, Պէյրութ, Տպ. Արազ, 1982, 138 էջ:
– Զարթօնք Բացառիկ. Նուիրուած Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Քառասնամեակին եւ «ԶԱՐԹՕՆՔ» Օրաթերթի Քսանսհինգամեակին, խմբ. Գերսամ Ահարոնեան եւ Հրաչ Վահունի, Պէյրութ, Տպ. Ատլաս, 1962, 496 էջ, պտկզ.:
– Էօրտէքեան Յովիկ, ՌԱԿ-ի Մամուլի Խմբագիրները, Երեւան, Տպ. Տիգրան Մեծ հրատարակչատուն, 2005,131 էջ:
– Թապագեան Յովհաննէս, Քսանհինգամեակ Թէքէեան Մշակութային Միութեան, Հրտ. ԹՄՄ, Պէյրութ, Տպ. Ատլաս, 1971, 112 էջ:
– Թէքէեան Մշակութային Միութիւն (1878-1945) Չկայ Աւելի Ամուր Կռուան Քան Մշակոյթը՝ Ազգի մը Գոյատեւումին Համար, Տպ. Սեւան:
– Թէքէեան Մշակութային Միութիւն, 50 Ամեակ (1947-1997), խմբ. Արտաւազդ Մելքիսէթեան, Լիբանան, Տպ. United Printers and Traders, 1997, առանց էջաթիւի:
– Թովմասեան Բարունակ, Հայրենական Օրագրութիւն, խմբ. եւ ծնթ. Դոկտ. Վաչէ Ղազարեան, Ուոլթհէմ-Պէյրութ, Տպ. Սիփան, 1994, 403 էջ:
– Ծրագիր-Կանոնագիր Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան, Գահիրէ, Տպ. Սահակ-Մեսրոպ, 1935, 38 էջ:
– Ծրագիր- Կանոնագիր Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան, Պէյրութ, 1968, 34 էջ:
– Կէօրկիզեան Արսէն Ա., Վասպուրականի Հերոսամարտը, 1915 Ապրիլ 7- 1915 Մայիս 7, Յոյս եւ Լոյս, Հրտ. ԹՄՄ, Պէյրութ, Տպ. Ատլաս, 1965, 271 էջ, պտկզ.:
– Կէօրկիզեան Արսէն Ա., Մեր Ազգային Գոյապայքարը, 1915-1922ի զուլումի տարիներուն, Պէյրութ, Տպ. Զարթօնք, 1967, 503 էջ:
– Հայկ Վահէ, Լուսաւոր Դէմքեր Մեր Օրերուն Վրայ…, Պէյրութ, Տպ. Տօնիկեան, 1972, 387 էջ:
– Հարիւրամեակ Արմենական Կուսակցութեան Կազմութեան 1885-1985, Հրտ. ՌԱԿ Արշակ Չօպանեան Ակումբ, Փարիզ, 1985, առանց էջաթիւի եւ առանց տպարանի:
– ՀԲԸՄ-ԹՄՄ Յոբելեանական Հանդիսութիւն Բանաստեղծ Վահէ Վահեանի, Պէյրութ, 1987, առանց էջաթիւի:
– ՀԵԸ-ԹՄՄ Ոսկեայ Յոբելեան Մեթր Հրաչեայ Սեդրակեանի, Պէյրութ, 1994, 72 էջ, պտկզ.:
– Ղազարեան Վաչէ, Արմենական Կուսակցութիւնը (Ակնարկներ),Հրտ. ՌԱԿ Լիբանանի Քարոզչական Յանձնախումբ, Պէյրութ, Տպ. Զարթօնք, 1985, 65 էջ:
– Ղազարեան Վաչէ, Համառօտ Պատմութիւն ՌԱԿ-ի, Պէյրութ, Տպ. Մշակ, 1978, 80 էջ:
– Ճիզմէճեան Մանուկ Գ., Պատմութիւն Ամերիկահայ Քաղաքական Կուսակցութեանց. 1890-1925, Ֆրէզնօ, Տպ. Նոր Օր, 1930, 572 էջ, պտկզ.:
– Մանուկեան Սարիբեկ Արմենակ, Լեւոն Բաշալեան, Երեւան, Տպ. Հայկ, Հրտ. ՍՍՀ Գիտութիւններու Ակադեմիա, 1969, 263 էջ:
– Մարտիկեան Եղիշէ, Փանոս Թերլեմեզեան, Երեւան, Տպ. Հայպերհրատ, 1964, 103 էջ, պատկզ.:
– Մարտունի Ալ., Կուսակցութիւնները Գաղութահայութեան Մէջ, Հրտ. Պետական Հրատարակչատան, 190րդ հրտ., Թիֆլիս, 1924, 140 էջ:
– Մեր Գաղափարն ու Գործը, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Միութեան Երեսնամեակին Առիթով (Խմբագրականներու Շարք «Նոր Օր»ի), Ֆրէզնօ, Տպ. Նոր Օր, 1952, 71 էջ:
– Մեր Դերը Ինչ Եղաւ եւ Ինչ Պիտի Ըլլայ, Ռամկավար Եւ Ազատական Կուսակցութեանց Միութեան Տասնեւհինգամեակին Առթիւ 1921-1935, Պոսթըն, 1935, 43 էջ:
– Մսըրլեան Զաւէն, Մկրտիչ Մսըրլեանի Ազգային Քաղաքական Գործունէութիւնը, Պէյրութ, Տպ. Արազ, 1981, 437 էջ:
– Յուշամատեան Մեծ Եղեռնի, պատր. ԳերսամԱհարոնեան, Նազարէթ Թօփալեան, Գ.տիպ,Հրտ. Զարթօնք, Պէյրութ, Տպ. Հայ Տիպ, Քոմփիւկրաֆ-Թեքնոփրէս, 1987, ԺԶ+1115 էջ, պտկզ., քարտէս:
– Յուշամատեան Մեծ Եղեռնի. 1915-1965, պատր. ԳերսամԱհարոնեան, Նազարէթ Թօփալեան, Գ.տիպ, Հրտ. Զարթօնք, Պէյրութ, Տպ.Ատլաս, 1965, 1115 էջ, պտկզ., քարտէս:
– Յիշատակի Հանդիսութիւն Նուիրուած Վահան Թէքէեանի Մահուան Տասնամեակին, Հրտ. ԹՄՄ, Պէյրութ, Տպ. Սեւան, 1955, 15 էջ:
– Յոբելեանական Հանդիսութիւն Պերճ Ֆազլեանի, Հրտ. ԹՄՄ Նիւ Եորքի Մասնաճիւղ, Նիւ Ճըրզի:
– Նարդունի Շաւարշ, 1898- Լուսեղէն Շիրիմներ, Հրտ. Մատենաշար Յառաջ, Փարիզ, Տպ. Յառաջ, 1960, 171 էջ, դիմանկարներ:
– Նորագիր Ռամկավար Ազատականին Ուղեցոյցը, պատր. Վաչէ Ղազարեան, Պէյրութ, 1981, 62 էջ, [լուսապատճէն]:
– Նոր Օր Բացառիկ թիւ Նոր Օրի Քսաներորդ Տարեդարձին Առթիւ խմբ. Անդրանիկ Անդրէասեան, Ֆրէզնօ, Տպ. Նոր Օր, 1942, 192 էջ:
– Նոր Օր Բացառիկ Նուիրուած Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան 60 Ամեակին եւ Նոր Օրի հրատարակութեան 60-րդ Տարեդարձին խմբ. Վաչէ Սեմերճեան, Հրտ. Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Ամերիկայի Արեւմտեան Շրջանի Շրջանային Վարչութեան, Լոս Անճըլըս, Տպ.Նոր Օր, 1982, 184 էջ:
– Շահպազ Ստեփան, Արփիար Արփիարեան, Պէյրութ, Տպ. Ալթափրես, 1987, 620 էջ, դիմանկարներ:
– Ոսկեան Մարտիրոս, Խռովքի Եւ Յարութեան Երգեր. Գիշերային Հեծկլտուքներ (1916-1918), Հրտ. ՌԱԿ Մ. Ոսկեան Ակումբ, Բ. Տիպ, Պէյրութ, Տպ. Ատլաս, 1969, 128 էջ:
– Չորմիսեան Լեւոն, Կուսակցութիւնները, Պէյրութ, Տպ. Մշակ, 1965, 308 էջ:
– Պարիկեան Հայկ, Լեւոն Բաշալեան, Հալէպ, Տպ. Հալէպ, Հրտ. Ներսէս Նալպանտեան, 1970, 148 էջ:
– Պօղոսեան Յակոբ, Ռամկավարութեան Ոգին կամ Անհատականութեան Զարգացումը, Պոսթըն, Տպ. Ազգ, 1920, 49 էջ:
– Պօղոսեան Յովհաննէս, Կուսակցական Կեանքի Յուշերս, խմբ. եւ ծնթ. Դոկտ. Վաչէ Ղազարեան, Հրտ. ԹՄՄ Մ. Նահանգներու եւ Գանատայի Կեդրոնական Վարչութիւն, Պէյրութ, Տպ. Տօնիկեան, 1987, 153 էջ:
– ՌԱԿ 75 Ամեակ, 1921-1996, Պէյրութ, 1996, 32+12 էջ:
– ՌԱԿ-ի Խօսքը, Պէյրութ, Տպ. Ատլաս, 1971, 102 էջ:
– ՌԱԿ-ի Խօսքը Մամուլի Ընդմէջէն (1988-1991), կազմեց Եղիա Գայայեան, Հրտ. ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան, Նիկոսիա, 2003, 228 էջ:
– Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւն, Դասախօսութիւններու Շարք, Հրտ. ՌԱԿ Փրոփականտի եւ Դաստիարակչական Յանձնախումբ թիւ 1, Պէյրութ, Տպ. Ատլաս, 1974, 54 էջ:
– Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան 75-Ամեակին Նուիրուած Խմբագրականներու Շարք ՌԱԿ 20-րդ Արտահերթ Ընդհանուր Պատգամաւորական Ժողովի Լոյսին Տակ, խմբ. Պարոյր Աղպաշեան, Պէյրութ, 1996, 48 էջ:
– Սարգսեան Սուրէն, Հայ Սահմանադրական Ռամկավար Կուսակցութիւն (1908-1921 ԹԹ.), Հրտ. ՀՀ Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիա Պատմութեան Ինստիտուտ, Երեւան, Տպ. Տիգրան Մեծ, 2009, 228 էջ:
– Սարգսեան Սուրէն, 1885-1908 Հայ Ժողովուրդի Ազգային Ազատագրական Պայքարը Արմենական Գործիչներու Գնահատմամբ, Հրտ. ՀՀ Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիա Պատմութեան Ինստիտուտ, Երեւան, Տպագրիչ Լեւոն Մուրատեան, 2010, 119 էջ:
– Սարգսեան Սուրէն, Արմենիա Պարբերականը Ազատագրական Գաղափարախօսութեան Ակունքներում, Հրտ. ՌԱԿ Մատենաշար, Երեւան, Տպ. Անտարես, 2014, 679 էջ:
– Սեմերճեան Վաչէ, Յիշատակելի Դիմաքանդակներ, Հրտ. ԹՄՄ, Կլենտէյլ, 2012:
– Վահան Թէքէեանի Նամականի, Հրտ. ԹՄՄ, Ուոթըրթաուն-Մասաչուսեց, Տպ. Abril Printing Company, 1983, 709 էջ:
– Վահան Թէքէեան, Մամուլի Մէջ Տպուած Եւ Անտիպ Երկեր Ու Նամակներ, հաւք. Եւ ծնթ. Վաչէ Ղազարեան, Պէյրութ, Տպ. Ալթափրէս, 1987, 386 էջ:
– Վարդան Լեւոն, Մուսայ Լերան Երկրորդ Արտագաղթը, Պէյրութ, Տպ. Ալթափրես, 1981, 147-198 էջ:
– Վարդիվառեան Յակոբ, Հանդիպումներ-1(Յառաջաբանը Թորոս Թորանեանի), Պէյրութ, Տպ. Հայ Տիպ Քոմփիւկրաֆ-Թեքնոփրես, 1989, 445 էջ, պտկզ.:
– Վարդիվառեան Յակոբ, Հանդիպումներ-2(Յառաջաբանը Գրիգոր Քէօսէեանի), Հրտ.ԹՄՄ, Նիւ Ճըրզի, Տպ. Mayreni Pub., 2007, 438 էջ, պտկզ.:
– Վարդիվառեան Յակոբ, Հանդիպումներ-3 (Յառաջաբանը Վաչէ Ղազարեանի), Հրտ. ԹՄՄ, Նիւ Ճըրզի, Տպ. Mayreni Pub., 2008, 452 էջ, պտկզ.:
– Վարդիվառեան Յակոբ, Հանդիպումներ-4 Գաղութները Իրենց Հայութեամբ (Յառաջաբանը Վաչէ Ղազարեանի), Հրտ. ԹՄՄ, Նիւ Ճըրզի, Տպ. Mayreni Pub., 2008, 500 էջ, պտկզ.:
– Վարդիվառեան Յակոբ, Հանդիպումներ-5, Հրտ. ԹՄՄ, Նիւ Ճըրզի, Տպ. Mayreni Pub., 2012, 527 էջ, պտկզ.:
– Տագէսեան Անդրանիկ, Պատմութիւն ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանակի, 1922-1937, Հրտ. ՌԱԿ Մարտիրոս Ոսկեան Ակումբ, Պէյրութ, Տպ. Զարթօնք, 1993, 89 էջ:
– Տամատեան Միհրան, Ներշնչումներ. Ազգային եւ Յեղափոխական Արդի Կեանքէ, Գահիրէ, Տպ. Վիմա- տպարան, Հրտ. Մնտիկեան Եղբարք, 1898, 116 էջ:
– Տամատեան Միհրան, Ռամկավարութիւն, աշխատասիրեց Մ. Տամատեան հետեւողութեամբ Հանրի Միշէլի, Մօրիս Պուրկէնի եւ Բրէվօ-Բարատօլի, Հրտ. Ռամկավարական Մատենաշար թիւ 2, Աղեքսանդրիա, Տպ. Խնայողական, 1910, 158 էջ:
– Տանն Կիլիկիոյ Աթոռին Բաբելոնեան Գերութիւնը (Զարթօնք Օրաթերթի Խմբագրականներու Շարքը, 1961 Փետրուար 16-Ապրիլ 2), Պէյրութ, Տպ. Զարթօնք, 1961, 72 էջ:
– Տեփոյեան Պետրոս Յ, Ատոմ Ասլանեան, խմբ. եւ ծնթ. Դոկտ. Վաչէ Ղազարեան, Հրտ. ԹՄՄ Մ. Նահանգներու եւ Գանատայի Կեդրոնական Վարչութիւն, Պէյրութ, Տպ. Ալթափրէս, 1988, 134 էջ:
– Տեփոյեան Պետրոս Յ., Միհրան Տամատեան (1863-1945), թերթօն Զարթօնքի թիւ 52, Պէյրութ,Տպ. Զարթօնք, 1945, 240 էջ:
– Տեփոյեան Պետրոս Յ., Նիւթեր Պատմութեան. Մեր Առաքելութեան Ճամբով, խմբ. եւ ծնթ. Դոկտ. Վաչէ Ղազարեան, Հրտ. ԹՄՄ Մ. Նահանգներու եւ Գանատայի Կեդրոնական Վարչութեան, Պէյրութ, Տպ. Զարթօնք, 1988, 174 էջ:
– Տէր Մկրտիչեան Երուանդ, Գանձեր Վասպուրականի, Պոսթոն, Տպ. Պայքար, 1966, 639 էջ, Ա. Հատոր:
– Տոքթ. Մովսէս Յովսէփեան, Հրտ. ՌԱԿ Մովսէս Յովսէփեան Ակումբ, Պէյրութ, Տպ. Զարթօնք, 1986, 51էջ:
– Փոլատեան Անդրանիկ Լ., Հերկ եւ Բերք, Հրտ. ԹՄՄ, Նիւ-Ճըրզի-Պէյրութ, Տպ. Սիփան, 2002, 464 էջ, պտկզ.:
– Փորթուգալեան Մկրտիչ, Մի Գաղթէք, Հրտ. ՌԱԿ Մկրտիչ Փորթուգալեան Ուսանողական Ակումբ, Պէյրութ, Տպ. Սիփան, 1997, 31 էջ:
– Ֆէնէրճեան Գեղամ, Արշակ Չօպանեան, Կենսագրական եւ Մատենագրական Նօթեր, Փարիզ, Տպ. Արթիսթիք, 1938, 111 էջ, պտկզ.: