Երկուշաբթի, 20. 05. 2024

spot_img

Լիբանանեան Թնճուկին Որպէս Լուծում` Ապակեդրոնացում

*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*

Sevag Hagopian

Լիբանանի քաղաքական բեմին վրայ տեղի ունեցող հին ու նոր վերիվայրումները, իւրաքանչիւր կառավարութեան կազմ նշանակելու նախօրէին պաշտօններու բաժանումին վերաբերող մէջտեղ բերուող ահագին դժուարութիւններն ու տեղի ունեցող քաշքշուքը, քաղաքական բաժանումները, Թաէֆի  համաձայնագրի հանդէպ գոյութիւն ունեցող հարցականները, երկրին քաղաքական ուժերուն ուղղահայեաց բաժանումը, միջ-համայնքային լարուածութիւնները, Շիաա համայնքը ներկայացնող ուժերու մէջտեծ դրած երակողմանի իշխանութեան (մուսէլասէ) առաջարկը, եւ այլն, անգամ մը եւս կու գան փաստելու, թէ լիբանանեան քաղաքական դրուածքը հիմնական եւ կառուցային խնդիր մը ունի, որ անլուծելի է նուազագոյնը իր անկախութեան առաջին իսկ օրէն ի վեր: Հետեւաբար լիբանանեան քաղաքական թնճուկը է, ու պիտի մնայ անլուծելի, եթէ արմատային փոփոխութեան մը չենթարկուի երկրի կառավարման ձեւն ու դրուածքը: Այս յաւիտենական թնճուկին միակ լուծումը, ըստ ինծի՝ Ապակեդրոնացումն է (decentralization), ինչու չէ՝ Դաշնակցային Դրութեան մը (Federation System) հաստատումը եթէ ոչ քաղաքական, այլ քոնէ լայն իրաւասութիւններով վարչական տնօրինման ապակեդրոնացումի դրութեամբ՝ որ արդէն իսկ հիմը կը կազմէ Թաէֆի լիովին չգործադրուած համաձայնագրին:

Ի՞նչ է Դաշնակցային Դրութիւնը

Դաշնակցային դրութիւնը, ժողովրդավար կարգերու մէջ, կառավարութեան ձեւ մըն է, որ տարբեր է կամ կեդրոնացած իշխանաձեւի մը կարգերէն: Ան իշխանութեան տարան-ջատման ձեւ մըն է՝ երկրի մը տարբեր շրջաններու տեղական կառավարութիւններու միջեւ, ուր տուեալ երկիրը կ՛ունենայ մէկ նախագահ, մէկ դրամանիշ եւ կեդրոնական դրամատուն, մէկ բանակ ու մէկ արտագին քաղաքականութիւն, իսկ շրջաններու ներքին քաղաքականութիւնն ու վարչական տնօրինութիւնը (ներքին ապա-հովութիւն, հանրային սպասարկութիւն, կրթական համակարգ, դատական օրէնսդրութիւն, եւայլն) կը վստահուի տեղական իշխանութիւններուն (քաղաքապետութիւն), ուր իւրաքանչիւր տարածքաշրջան դաշնակցային կեդրոնական իշխանութեան կը մասնակցի ընտ-րելով իր ներկայա-ցուցիչները (ծերակուտական կամ երեսփոխան), որոնք կը ներկայացնեն իրենց պատկա-նած շրջաններու բնակչութեան կամքը, դաշնակցային կեդրոնական կառավարութեան քաղաքականութեան մէջ: Դաշնակցային դրութեան կամ ապակեդրոնական կառավարու-թեան զանազան տարբերակներ գոյութիւն ունին աշխարհի վրայ, սակայն Ամերիկեան Միացեալ Նահանգներու տարբերակը լաւագոյն օրինակն է այդ վարչաձեւին, որ իր կիրարկման մէջ սոսկ կառավարութեան ձեւ մը չէ, այլ՝ ընկերային, հասարակական եւ ընդհանրապէս ժողովրդավարական յատուկ եւ յաջող հասկացողութիւն մը:

Այս վարչաձեւին գաղափարը նորարարութիւն մը չէ անշուշտ: Ան փորձուած եւ տարիներէ ի վեր կիրարկուած ու յաջողած վարչաձեւ մըն է շատ մը երկիրներու մէջ, որոնց բնակչութիւնը բազմատարր (heterogeneous) է իր բաղադրութեամբ, ինչպէս՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու, Պրազիլի, Զուիցերիոյ, Ռուսիոյ, Նիճերիայի եւ այլ երկիրներու մէջ:

Լիբանանի Քաղաքական Թնճուկը

Լիբանան համայնաքային երկիր մըն է որ անկախութենէն իսկ առաջ եւ անկէ ետք անշուշտ կը դիմագրաւէ համայնքային մրցակցութիւն, տիրապետելու կեդրոնական իշխանութեան: Երբ կեդրոնական իշխանութիւնը գտնուած է համայնքի մը տիրապետութեան տակ, միւս համայնքները երբեմն առանցին, յաճախ ալ միասնաբար պայքարած են ձեռք ձգելու կեդրոնական իշխանութիւնը նոյնիսկ ապաւինելով շրջանային եւ միջազգային երկիրներու նեցուկին: Օրինակները շատ են: Մարոնի համայնքին տիրապետութենէն խլելու կեդրոնական կառավարութիւնը, Սիւննի համայնքը ատենին ապաւինած է Նասէրական Եգիպտոսին ապա Պաղեստինեան կրօնակից զինեալ ուժին: Իր կարգին, իրեն պահելու իշխանութիւնը, Մարոնի համայնքը ապաւինած է արեւմուտքին ու գործակցած Իսրայէլի հետ ըննդէմ իսլամին: Յոյն-Օրթոտոքս համայնքը ատենին միացած եւ պարագլուխներէն եղած է ազգայնական հակումներ ունեցող աշխարհագրական Մեծն Սուրիայ ստեղծելու ծրագիրներուն: Շիաա համայնքը ապաւինած է համակրօն Իրանին իրագործելու իր նպատակը: Եւ այսպէս անդադար անընդհատ մէկ նսպատակով, որն է՝ տիրանալ կեդրոնական իշխանութեան: Եթէ երկիրը ունենար ապակեդրոնացած իշխանութեան դրութիւն, կեդրոնական իշխանութեան տիրանալը արդեօք այնքան ալ կարեւոր հարց պիտի ըլլա՞ր Լիբանանի բաղկացուցիչ տարերուն կողմէ: Չեմ կարծեր:

Ապակեդրոնացում՝ Երկրի Բաժանո՞ւմ, Թէ Փրկութիւն

Լիբանանի մէջ գոյութիւն ունի այն հասարակաց կարծիքը, թէ ապակեդրոնացում կը նշանակէ՝ երկրին բաժանումը: Այս սխալ մեկնաբանութիւնը ունի իր հոգեբանական դրդապատճառները: Ապակեդրոնացումի գաղափարը Լիբանանի մէջ առաջին անգամ մէջ մէջտեղ դրուեցաւ Լիբանանեան Ուժեր քրիստոնեայ զինեալ կազմակերպութեան կողմէ, քաղաքացիական պատերազմին դոհուփոհին մէջ, երբ երկիրը արդէն իսկ բաժնուած էր զանազան շրջաններու որոնց սահմանները կը հսկուէին համայնքային զինեալ կուսակցութիւններու կողմէ: Գոյութիւն ունէին աւազակոյտերով փակուած սահմաններ: Այս պայմաններուն մէջ նմանօրինակ գաղափարի մը ներկայացումը՝ կռուող կողմերէն մէկուն կողմէ, որքան ալ արդարացի ըլլար, տարբեր շրջաններունմէջ ապրող քաղաքացիներուն մօտ հոգեբանական այն զգացումը ստեղծեց, թէ ապակեդրոնացում՝ պիտի նշանակէ երկիրը հողակոյտերով եւ զրահապատերով պաշտպանուած փոքր շրջաններու բաժնել, իւրաքանչիւր քայլափոխին անցարգելներու հանդիպելու հրամայականով: Մինչ իրականութեան մէջ այս պատերազմական իրավիճակը ոչ մէկ կապ ունի ապակեդրոնացումի կամ դաշնակցային դրութեան գիտական տեսութեան հետ, որ ընդհակառակը, ստեղծուած է առաջքը առնելու քաղաքացիական պատերազմներու եւ երկրի մը բաժանումին:

Իրականութեան մէջ, բազմատարր եւ բազմահամայնք Լիբանանի մէջ սոյն դրութիւնը անպաշտօն ձեւով եւ ինչ որ չափով արդէն իսկ կիրարկուած էր քաղաքացիական պատերազմի տարիներու ընթացքին (եւ կարգ մը շրջանններու մէջ մինչեւ օրս) նուազագոյնը, իր վարչական եւ ներքին քաղաքական ձեւին մէջ, երբ իւրաքանչիւր համայնաքային կուսակցութիւն ունեցած է կեդրոնական իշխանութենէն կիսանկախ, անպաշտօն սակայն իրողական (de facto) դրութիւն ունեցող տարածքներ: Սակայն այս մէկը պաշտօնակացնելու մասին արտայայտուիլը ատենին նկատուած էր մեծ յանցանք եւ դաւաճանութեան համազօր վարքագիծ: (Այսօր սակայն այս նիւթին մասին խօսիլը բարեբախտաբար բանադրանք (taboo) մը չէ այլեւս, փաստն ալ այն է, թէ ահաւասիկ վերջին քանի մը տարիներուն, ուրիշներուն կարգին, այս գաղափարախօսութեան մասին հանրութեան մէջ, բեմին վրայ, դասասրահին եւ տեղական մամուլին մէջ՝ կ՛արտայայտուիմ ազատօրէն եւ առանց որեւէ դժուարութեան հանդիպելու):

Մարդկային պատմութիւնը ցոյց տուած է, թէ բազմատարր բնակչութիւն ունեցող երկիրներու մէջ, ապակեդրոնացած վարչակարգի բացակայութիւնը կամ չգոյութիւնը պատճառ հանդիսացած է բռնատիրական կարգերու հաստատումին, ուր շատ յաճախ ալ փոքրամասնութիւն մը, յեղափոխութեամբ տիրանալով իշխանութեան, միահեծան եւ անարդարօրէն իշխած է երկրին բաղկացուցիչ միւս համայնքներուն վրայ: Ապակեդրոնացած վարչակարգի բացակայութեան կամ չգոյութեան միւս տարբերակը եղած է անշուշտ իւրաքանչիւր քսանամեակին կրկնուող ներքին ընկերաքաղաքական եւ ապահովական վերիվայրումներ, յեղափոխութիւններ, հասնելով քաղաքացիական պատերազմի, իւրաքանչիւր համայնք նպատակ ունենալով տիրանալ կեդրոնական իշխանութեան կամ վերատեսութեան ենթարկել տալու սահմանադրութիւնը կամ իշխանութեան դրուածքը: Համեմատաբար խաղաղ տարեշրջաններ եղած են նոր վրդովումներու եւ արիւնահեղութիւններու գետին նախապատրաստող տարիներ եւ այսպէս շարունակաբար: Լիբանանը լաւագոյն օրինակն է այս տարբերակին որ իր դրուածքէն մինչեւ այսօր բնաւ ալ կարողացած չէ խուսափիլ վերոյիշեալ հոլովոյթէն (cycle)  Մինչ միւս կողմէ միայն նախանձով կարելի է դիտել Արեւմտեան դաշնակցային պետութիւններու յաջող փորձը:

Շատեր կրնան ըսել. շա՛տ աղէկ, սակայն Լիբանանը Ամերիկա չէ եւ թէ տարածութիւնները շա՜տ փոքր են ապակեդրոնացած շրջաններու վերածուելու hամար: Այսպէս մտածողներուն խորhուրդ կու տամ ստուգելու օրինակի hամար, Դաշնակցային Ռուսիոյ, Նիճերիայի եւ այլ դաշնակցային պետութիւններու էթնիք եւ hամայնքային բաժանումներով ստեղծուած կարգ մը տարածքաշրջանները եւ տեսնելու թէ որքա՜ն փոքր են անոնք: Հապա ի՛նչ կ՛ըսէք Մոնաքոյի ճղճիմ տարածութեան մասին, որ Իշխանապետութի՛ւն ալ կը կոչուի: Օրինակի hամար, մեր Քէսրուանին ի՞նչ կը պակսի, Մոնաքօ մը ըլլալու hամար…:

Ապակեդրոնացումը մեծ չափով կը սատարէ տարբեր շրջաններու բարգաւաճումին ու վերելքին, շրջաններու կառավարիչ մարմիններու միջեւ ստեղծելով մրցակցութեան ոգի: Լիազօր քաղաքապետարաններու տնօրինմամբ կը լուծուի ելեկտրականութեան հարցը, ուր իւրաքանչիւր շրջան կ՛արտադրէ իր ելեկտրականութիւնը օրինակի համար: Նոյնը ինչ կը վերաբերի քաղաքացիին հրամցուելիք ոեւէ սպասարկութեան: Ապակեդրոնացումի կիրարկումով, ոչ մէկ շրջան կը տուժէ միւսին hաշուոյն: Աւելին, ապակեդրոնացումը Լիբանանի մէջ կրնայ տնտեսական hսկայ աճ արձանագրել, օրինակի hամար շաբթուայ եօթ օրերն ու տարուայ բոլոր օրերը գործի օրեր համարուելով, երբ (օրինակի hամար) Քրիստոնեայ շրջանի բնակիչ մը Կիրակի օրով կրնայ դրամատնային իր գործողութիւնները կատարել ինքնաշարժով միայն քանի մը վայրկեան hեռաւորութեան վրայ գտնուող ուրիշ շրջանի մը մէջ, ուր դրամատուները Կիրակի օրերը գործի սովորական օրեր կ՛ունենան իսկ Իսլամ շրջանի մը բնակիչը նոյնը կրնայ ընել Ուրբաթ օրը: Ոչ մէկ տօնական օր, օրինակի hամար կրնայ անդամալուծել ամբողջ երկիրը, բացի անկախութեան կամ նաhատակաց տօներէն, որ բնականաբար պէտք է ըլլայ բոլորինը:

Մտահոգութիւններ

Շատեր կրնան մտաhոգութիւն յայտնել, թէ ապակեդրոնացումը կրնայ պատճառ hանդիսանալ միեւնոյն շրջանին մէջ ներhամայնքային բախումներու:

Այս մտաhոգութիւնն ալ ունի hոգեբանական բնոյթ, քանի որ Լիբանանցիին յիշողութեան մէջ թարմ է տակաւին քրիստոնեայ-քրիստոնեայ եւ իսլամ-իսլամ զինեալ բախումները։ Սակայն այդ մէկը պատաhած է եւ կը պատաhի զինեալ կողմեր գոյութիւն ունենալու պարագային եւ ոչ թէ խաղաղ պայմաններու մէջ եւ ո՛չ ալ hանգրուանաբար ստեղծուած ապակեդրոնացումի պարագային, ուր մրցակցութիւնը տեղի կ՛ունենայ միայն ժողովրդավարական միջոցներով:

Ուրիշներ կրնան ըսել. Քանի որ դաշնակցային դրութիւնը Լիբանանի մէջ տրամաբանականօրէն պիտի ըլլայ hամայնքային, ապա այս մէկը դուռ պիտի բանայ ժողովրդային hսկայ տեղաշարժերու, որովhետեւ իւրաքանչիւր hամայնքային hաւաքականութիւն ձգելով իր ծննդավայրը, ուր ինք փոքրամասնութիւն կը կազմէ, պիտի գայ վերաhաստատուելու այն շրջաններուն մէջ, ուր իր hամայնքակիցերը մեծամասնութիւն կը կազմեն: Այսպէս մտածողներուն կարելի է ծանօթացնել այսօրուայ բազմատարր դաշնակցային Ռուսիոյ պարագան, ուր դաշնակցային hսկայ շրջաններուն (տեղական լեզուով oblast) կողքին կամ մէջ՝ կան ինքնավար մարզեր (avtonomny okrug, անգլերէնով՝ autonomous district) եւ շատ աւելի նեղ եւ էթնիք բաժանումներով ստեղծուած յատուկ կարգավիճակով տարածքաշրջաններ (Komi-Permyak Okrug, անգլերէնով՝ territory with special status):

Այս վերջինը, օրինակի hամար, կիրարկելի է Ժէզզինի Քրիստոնեաներուն եւ Ժիպէյլի Շիաաներուն պարագային՝ առաջքը առնելով անոնց տեղաշարժին:

Լիբանանահայութիւնը՝ հաւանական մեծագոյն օգտուողը

Պուրճ Համմուտն ու այլ հայահոծ շրջաններն ալ որպէս էթնիք փոքրամասնութիւն մը (այս պարագային՝ մեծամասնութեամբ Հայեր) պարփակող աշխարհագրական շրջան, կրնայ օգտուիլ յատուկ կարգավիճակով տարածքաշրջանի այս դրութենէն:

Հոս բարձրաձայն կրնամ ըսել թէ նման կարգավիճակէն Հայերս մեծագոյն օգտուողները կրնանք ըլլալ, սփիւռքի մէջ ունենալով յատուկ կարգավիճակով տարածքաշրջան մը, ուր ապրող hայերն ու hայկական իշխանութիւնները կրնան ազատօրէն Հայերէն լեզուն ու մշակոյթը դասել տարածքաշրջանային առաջնաhերթ լեզու եւ մշակոյթ, բարելաւելով hայկական կրթական hամակարգը, ունենալով յատուկ ապաhովական ուժեր եւ դատական օրէնսդրութիւն ու դաշնակցային կեդրոնական կառավարութեան մէջ միայն hայոց կողմէ ընտրուած Հայ ներկայացուցիչներ, եւայլն: Վերջապէս, նոր եւ ժամանակակից Կիլիկիա մը թերեւս…:

*********

Մշակութային, պատկանելիութեան զգացումի եւ այլ աhագին տարբերութիւններ ունեցող բնակչութեամբ երկրի մը մէջ (ուր մշակութային hասարակ յայտարարները խոhանոցային են միայն, ինչպէս՝ թապպուլէն եւ քէպպէն, ուր նոյնիսկ hայրենիք, hայրենասիրութիւն, անկախութիւն եւ այլ ազգային-քաղաքական բառա-hասկացողութիւնները չունին միեւնոյն սաhմանումները) կարելի չէ բռնի ուժով hամակեցութիւն ստեղծել տարբեր hաւաքականութիւններու միջեւ: Լիբանանի նախկին նախագաh Լաhուտի ազգային միաձուլում «ինսիhար ուաթանի»ի տեսութիւնը կիրարկելի է միայն մետաղներ hալեցնելու պարագային եւ կամ բանակին մէջ, ուր գոյութիւն ունի բացարձակ hնազանդութեան դաստիարակութիւնը եւ բնաւ կիրարկելի չէ ազատախոh քաղաքացիներու վրայ: Այս պարագային ապակեդրոնացումը կամ դաշնակցային դրութիւնն է միակ արդար եւ տրամաբանական լուծումը:

Ինչպէս վերը ըսինք, Թաէֆի տակաւին լման չգործադրուած hամաձայնագիրը նկատի առած է շրջաններու վարչական ապակեդրոնոցումը միայն եւ hամայնքային դրութեան hանգրուանային վերացումը: Ինչո՞ւ ժամանակ վատնել կէս ու կատար լուծումներու վրայ եւ կամ Լիբանանը զրկել իր գոյութիւնը արդարացնող hամայնքային դիմագիծէն, երբ այս թնճուկին լուծումը այնքան պարզ է, փորձուած ու գործնական: Լիբանանը շատ յաճախ կոչուած է Արեւելքի Զուիցերիան: Ինչո՞ւ իրողապէս եւ ամէն մակարդակի վրայ չնմանիլ եւ արժանի չըլլալ այս վերագրումին:

Մինչ ամբողջ միջին արեւելեան տարածքաշրջանը կ՛երեւեփի,  կը շեշտեմ, որ ժամանակն է անյապաղ եւ միանգամընդմիշտ լուծելու լիբանանեան թնճուկը՝ պահպանելու եւ ապահովելու համար Լիբանանի որպէս երկիր գոյութիւնը… որովհետեւ վերջը կրնայ արդէն շատ ուշ ըլլալ:

Վերջապէս, խորապէս hաւատալով թէ ապակեդրոնացումը կամ դաշնակցային դրութիւնն է միակ փրկութիւնը Լիբանանին եւ երաշխիքը անոր գոյութեան, այս յօդուածս կ՛ուզեմ աւարտել լիբանանեան հայրենիքի գոյատեւման եւ բարօրութեան ի նպաստ իր սուր կեցուածքներով քաջածանօթ Հայ Կաթողիկէ Գերապայծառ Հայր Յովհաննէս Եպս. Թէյրուզեանին ատենին կատարած մէկ յայտարարութիւնը՝  «…Լիբանանի մէջ ապակեդրոնացումի դրութեան որդեգրումը իր hաստատ ու ուսումնասիրուած hանգրուաններով կը պաhպանէ արդար գոյութիւնը բոլոր hամայնքներուն…»։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին