Երկուշաբթի, 20. 05. 2024

spot_img

Ուշագրաւ Աշխատութիւն Մը` Մկրտիչ Յ. Պուլտուքեանի «Հայ Սեղանաւորներ»-ը

*ԴՈԿՏ. ՄԻՆԱՍ ԳՈՃԱՅԵԱՆ*

Kojayan

Հայկական Ցեղասպանութեան համապարփակ ուսումնասիրութեան անդասատանին մէջ կարեւոր ներդրում մը դրուած է սեղանի վրայ: Հայ թէ մանաւանդ օտարազգի բանասէրներու եւ պատմաբաններու տրամադրութեան դրուած է եւս մէկ գիրք՝ «Հայ Սեղանաւորներ Միջին Արեւելքի Տարածքին Պոլիսէն Մինչեւ Պէյրութ» վերնագրով, հեղինակութեամբ Մկրտիչ Յ. Պուլտուքեանի, Պէյրութ, 2012: Հայ տնտեսագիտական փորձառութեան ուսումնասիրութեան մէջ նկատելի ուսումնասիրութիւն մը ըլլալու կողքին՝ նշուած հրատարակութիւնը լուսարձակի տակ կ՚առնէ նաեւ 1915-1923 թուականներու եւ ապա հանրապետական Թուրքիոյ մէջ համակարգուած ձեւով հայկական դարաւոր ներկայութիւնը փոշիացնելու քաղաքականութիւնը, ինչպէս նաեւ Օսմանեան կայսրութեան տարածքին հայ ժողովուրդի կրած տնտեսական աստղաբաշխական կորուստները:

Մկրտիչ Յ. Պուլտուքեան միջազգային տնտեսագիտութեան մէջ յայտնի անուն մըն է, որուն վստահուած էր Լիբանանի Կեդրոնական Դրամատան փոխկառավարիչի խիստ պատասխանատու պաշտօնը (1985-1990): Ան ներկայացուցած է Լիբանանը Միջազգային Հիմնադրամին մէջ (IMF)` արժանանալով նշեալ հաստատութեան բարձր գնահատանքին: Այնպէս որ հեղինակը, երբ կը գրէ այս ուսումնասիրութիւնը՝ ունի տնտեսագիտական հսկայ պաշար, գիտելիք ու միջազգային հարոստ փորձ:

Մկրտիչ Յ. Պուլտուքեան
Մկրտիչ Յ. Պուլտուքեան

Մ. Յ. Պուլտուքեան «Յառաջաբան»-ին մէջ կարեւոր մատնանշում մը կը կատարէ այս հրատարակութեան իւրայատկութեան մասին: Ան կը գրէ. «Ընթերցողը աւելի ծանօթ է Օսմանեան ժամանակաշրջանի քաղաքական ճնշումներուն եւ մեր ժողովուրդին անոնց ձգած ազդեցութեան: Ահաւասիկ հայ ընթերցողին սեղանին վրայ կը ներկայանայ գիրք մը, որ բովանդակութեամբ կը շեղի իր նախորդներէն եւ յանդուգն փորձ մը կը կատարէ նկարագրելու՝ խոճայական կապիտալի մասին, ապա Օսմանեան կայսրութեան դրամաշրջանառութեան համակարգին մէջ մեր նախնիներուն տիրապետած հմտութեան»: (էջ 17)

Եւ այսպէս անուանի տնտեսագէտը ցոյց կու տայ հայ ձեռնարկատէրերու, լումայափոխներու, սեղանաւորներու (Banker), վաճառականներու, ամիրաներու ամբողջ պատկերը, որոնցմէ կը պարզուի կայսրութեան տարածքին հայ ձեռնարկատէրերու գործառնութեանց ընդարձակ պատկերը, որմէ օգտուած են ոչ միայն իրենք, այլ ամբողջ կայսրութիւնը, որոնց մէջ անշուշտ նաեւ թուրքերը:

Հայ սեղանաւորները մեծ վստահութիւն վայելած են կայսրութեան մօտ՝ սկսելով սուլթաններէն, ներքին եւ արտաքին շուկաներու վրայ, միջազգային տօնավաճառներուն, եւրոպական վաճառականական ու ելեւմտից ,պուրսաեներու եւ կամ առեւտրական սրահներու մէջ: Աշխարհագրական տարածքը հայ տնտեսագիտական մտքի կը սկսէր ովկիանոսէն ու կը վերջանար ովկիանոսով՝ Խաղաղականէն Հնդկաց եւ Ատլանտեանի ափերը՝ Ամսթերտամ ու Մանչեսթըր:

Մկրտիչ Յ. Պուլտուքեան համբերութեամբ ու բծախնդրութեամբ կը ներկայացնէ գործառնութեանց բարդ համակարգը, զոր զարգացուցած են հայ սեղանաւորները, ինչպէս՝ տոկոսով պարտք տալու, վարկ բանալու, ստացականներ փոխանակելու, օրինաւոր դրամական փոխանցումներ կատարելու, պետութեան շահերը պաշտպանելու (այս պարագային Օսմանեան կայսրութեան), հարկերը հաւաքելու եւ պետական ֆինանսական վիճակը առողջ պահելու գործառնութիւնները եւ հաշուեկշիռները ճշգրտութեամբ ներկայացնելու ճամբաները: Այլ խօսքով ամբողջ գիտութիւն մը իր եզրաբանութեամբ (terminology, հայերէն եւ օսմաներէն-թրքերէն) զարգացուցած են հայ սեղանաւորները. յիշենք՝ վարկագիր, փոխանակագիր, աւանդառուք, ապրանքի յանձնառողչէք, եւայլն:

Գիրքը միաժամանակ սպառիչ բացատրութիւններ կու տայ առեւտրա-տնտեսական-երեւմտից գործերով զբաղուող խաւերու մասին, ինչպէս՝ ամիրաները, չելեպիները (շարժուն դրամագլուխի տէր), խոճաները եւ ուրիշներ: Գիրքին մէջ տեղ գտած են նաեւ այսպէս կոչուած ,հայ կապիտալեի կարեւոր ոստաններու կարեւոր տեղեկութիւններ, ինչպիսիք եղած են Հին Ջուղան, Նոր Ջուղան, Սպահանը, Կալկաթան եւ յատկապէս Պոլիսը:

«Հայ կապիտալ»-ի արդիւնաւոր շահարկումը եւ անկէ ստացուած նիւթատնտեսական օգուտները եթէ յաճախ գնահատուած եղած են սուլթաններու կողմէ, որոնք առատ կերպով շքանշաններու արժանացուցած են կայսրութեան հաւատարիմ հայ հպատակները, եղած են նաեւ բութ ու համաշխարհային շուկայի համակարգէն շատ չհասկցող թուրք փաշաներ, մեծահարուստներ կամ պաշտօնեաներ, որոնք առիթը չեն փախցուցած սուլթանի մօտ վատաբանելու եւ կամ զրպարտելու ,հայ կապիտալեի առաւել աչքի ինկող հայ ներկայացուցիչները եւ սուլթանի խորհրդատուտերը: Անոնց աչքը մնացած է հայ սեղանաւորներու, գործարարներու եւ արդիւնաբերողներու յաջող գործառնութեանց վրայ: Հետեւաբար պատահական չէին այն խիստ կողոպտչական միջոցառումները, որոնց շնորհիւ ,օրէնքիե պիտակին ու անունին տակ, հայ բնակչութեան ամբողջ թողօնը, շարժական ու անշարժ ունեցուածքները, դրամատուներու մէջ գտնուող միլիոնաւոր գումարները պարզապէս յափշտակուեցան Ա. Համաշխարհային Պատերազմի տարիներուն եւ ապա հանրապետութեան շրջանին:

Ե՞րբ եւ ի՞նչ միջոցներով պիտի հատուցուին այս վնասները, որոնք կրնան թրիլիոնի հասնիլ:

Հեղինակը կ՚անդրադառնայ նաեւ այս կարեւոր խնդրին, որպէս հայկական պահանջատիրութեան յոյժ կարեւոր միջոցառում: Ո՞վ դատարանի առջեւ պիտի բերէ այն պատասխանատուները եւ անոնց փառաւոր կողոպուտներուն վրայ առօք-փառօք նստած այսօրուան թուրքերն ու քիւրտերը: Ո՞ր միջազգային առեւտրական դատարանը պիտի բռնէ յափշտակիչներու օձիքէն եւ պահանջէ հատուցում:

Այս նկատառումով ալ հեղինակը երբ կ՚անդրադառնայ գրքին նպատակին, պարզ ու մէկին կ՚ըսէ. «Հարկաւոր է որ հայ նոր սերունդը խոր գիտակցութեամբ ուսումնասիրէ թէ ինչպէս հայուն դարերու ընթացքին կուտակած դրամագլուխը յափշտակուեցաւ, իւրացուեցաւ 1915-1923 սեւ տարիներուն, Օսմանեան կայսրութեան վերջաւորութեան, ազգի մը կողմէ, որ այսօր կ՚ուրանայ իր գործած անմարդկային արարքը»: (Էջ 21-22)

Ներկայացուող հրատարակութիւնը ունի աղբիւրագիտական կարեւոր նշանակութիւն: «Յաւելուած» բաժնին մէջ տրուած են հայերու կողմէ հիմնուած ֆինանսներն ու ֆինանսիստներու ցանկը, ձեռնարկատէրերու անուններն ու գործունէութիւնը եւ հայ ամիրաներու ցուցակը: Հեղինակը յատուկ բծախնդրութեամբ տուած է նաեւ լիբանանահայ անուանի ու յաջողած սեղանաւորներու եւ դրամափոխներու ցանկը՝ հակիրճ տեղեկութիւններ տալով անոնց մասին:

Մ. Յ. Պուլտուքեան իր հրատարակութեան մէջ զետեղած է նաեւ արխիւային կարեւոր նիւթեր, անցեալի գործառնութիւններու նմոյշներ: Ան տեղ տուած է նաեւ ցեղասպանութեան ընթացքին ու անոր յաջորդած տարիներուն հայ ժողովուրդի կրած անհաշուելի նիւթական ու կալուածային վնասներու մասին գրուած Պետրոս Տէր Մաթոսեանի The Taboo within the Taboo: The Fate of ՚Armenian Capital՚ at the End of the Ottoman Empire աշխատասիրութեան, որուն մէջ կը մերկացուի թուրքական յաջորդական կառավարութիւններու եւ թուրք դրամատէրերու եւ ձեռնադկատէրերու աւազակութիւնը:

Մեր առաջարկութիւնը պիտի ըլլար սոյն գիրքը համաշխարհային հանրութեան մատչելի դարձնելու նպատակով թարգմանել քանի մը լեզուներու, ներառեալ նաեւ թրքերէնի:

Լոս Անճելըս

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին