Շաբաթ, 04. 04. 2026

Մեր Մշակոյթի Բերքառատ Կաղնին Տապալեցաւ. Մահ՝ Մարմարա Օրաթերթի Խմբագրապետ՝ Ռ. Հատտէճեանի

0

ՄԱՔՐՈՒՀԻ Պ. ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Այսօր համատարած սուգի օր է Հատտէճեան ընտանիքի անդամներու, Իսթանպուլահայ մեր ժողովուրդի, Մարմարայի ընթերցողներու, նաեւ մեզի՝ Ռ. Հատտէճեանի անմիջական մտերմութեան եւ աշխատակցութեան մէջ ապրած անձերուս համար։

Սուգի օր է նաեւ աշխարհի չորս ծագերուն մէջ այն հայերուն համար, որոնք կը սիրեն, կը ծաղկեցնեն եւ կ՝ապրեցնեն հայ գիրն ու գրականութիւնը եւ անվթար կը պահեն մեր մշակոյթը, որպէս ազգային սուրբ ժառանգութիւն։

Այսօր սուգի օր է, որովհետեւ կորսնցուցինք արժանաւոր հայ մը, Ռ. Հատտէճեանը, որ իր ամբողջ կեանքը անսակարկ նուիրումով եւ անփոխարինելի ծառայութեամբ զոհաբերեց Հայ գիրի ու դպրութեան զարգացման ու բարգաւաճման գործին։

Այսօր կորսնցուցինք այլեւս մեր դարաշրջանի հայ մշակոյթի ամէնէն պատկառելի ու կարկառուն դէմքը, հայ գիրի ու դպրութեան աննահանջ ու բերքառատ մշակը, բեղմնաւոր ու արգաւանդ գրիչը, եռանդուն ու անաչառ գործիչը, հայ ապրումներու ամէնէն վճիտ ու պաղպաջուն աղբիւրը։ Կորսնցուցինք մեր ժողովուրդի արժէքներուն եւ ձգտումներուն յանձնառու իսկական առաքեալը, ամէնէն երախտարժան ու զտարիւն հայ մտաւորականն ու մեծ հայրենասէրը։

Ան եղաւ մտաւորական մը, որ ջերմօրէն սիրեց իր ազգային պատկանելիութիւնը։ Հպարտացաւ հայ ծնած ըլլալուն համար։ Ամէն առտու եւ իրիկուն, անշեղ հաւատքով ապրեցաւ Մաշտոցեան տառերու հմայքին հետ եւ բեղմնաւոր գրիչ ի ձեռին, անյագուրդ ծարաւով ոռոգեց հայրենի անդաստանները։ Ուզեց ստեղծել այնպիսի գրականութիյն մը, որ սիրուէր ինքզինք հայ կոչող ամէն մարդու կողմէ։ Ջանաց աշխարհի վրայ ապրող մարդոց հասցնել հայոց ապրումներէն խապրիկներ եւ բոլորին ծանօթացնել ու սիրցնել հայ մշակոյթի բազմազան երեսակները։ Գրեց լեռնակուտակ գիրքեր։ Ընդլայնեց եւ զարգացուց ընթերցողին մտածողութեան եւ դատողութեան տեսադաշտերը եւ բարձրացուց բոլորին գեղեցիկի եւ բարձր գաղափարականի ճաշակը։

Տիրաբար քաջատեղեակ էր օտար լեզուներու, ուստի կրնար իր գրութիւնները օտար ազգերու ալ ծանօթացնել հպարտութեամբ։ Սակայն ան նախընտրեց հայ տառերու շրջանակին մէջ գտնել իր հոգեգրաւ երջանկութիւնն ու սուրբ առաքելութիւնը։ Սկզբունքի հարց էր ատիկա, որուն ան հաւատարիմ մնաց մինչեւ իր կեանքի վախճանը։ Որովհետեւ, իր հաստատ համոզումն այն էր որ, որպէս հայ խմբագրապետ, իր մէջ ամէնէն ակնբախ եւ ուժեղ գիծը ազգային տոհմիկ գոյատեւումը պէտք է ըլլայ։

Ունէր գերզգայնութեամբ տոգորուն, փխրուն սիրտ մը, որ գրաւական կը հանդիսանար իր ազնիւ նկարագրին։ Բարի էր եւ անյիշաչար։ Հաղորդական էր ու վստահելի։ Անկաշառ էր եւ խղճամիտ։ Համեստ էր եւ հաւասարակշռուած։ Ողջամիտ էր եւ հեռատես։ Վերջապէս մէկն էր որ օժտուած էր մարդկային ամենավսեմ արժանիքներով։

Շատ սիրելի Պրն. Ռոպէր, Դուք համայն հայաշխարհի մէջ սիրուած ու յարգուած անձ մը որպէս , իր ազգային սուրբ պարտականութիւնը լիովին կատարած մարդու հաստատ համոզումով, կ՝երթաք ահաւասիկ հանդերձեալ այն աշխարհը, ուր գացին ու պիտի երթան հողին ոտք դրած բոլոր արարածները անխտիր։ Վստահ եղէք որ հոն մուտքին, առաջին հերթին , ձեզ բերկրանքով պիտի դիմաւորեն հայ գրերու գիւտարարներ՝ Ս. Մեսրոպն ու Սահակը, որոնք շնորհակալութիւն պիտի յայտնեն ձեզի, իրենց աւանդը ի կատար ածելու գծով՝ ձեր վատնած երախտաշատ աշխատանքին համար։ Հոն պիտի գտնէք Հայ եկեղեցւոյ նուիրեալները, հայոց պայքարի հերոսները, մեր նահատակ սուրբերը, որոնց ճամբէն քալեցիք աներկիւղ, եռանդագին սիրով եւ հաւատարմօրէն։ Հոն բոլորն ալ ովսաննաներով պիտի դիմաւորեն ու պիտի ողջունեն ձեզ եւ խունկ ու աղօթք պիտի մատուցանեն ձեզի։

Խաղաղ ննջեցէք երկինքի օթեւաններու մէջ։ Հողը թեթեւ թող ըլլայ ձեր վրայ։ Խորին ցաւակցութիւններ ձեր արժանաւոր որդիներուն՝ Արիին, Այգին եւ իրենց ընտանիքներուն, նաեւ այլ պարագաներուն։

«Հայոց Կրթական Պատմութիւն Օսմանեան Գաւառներուն Մէջ» Ա. Եւ Բ. Հատորներու Շնորհանդէսը Երեւանի Մէջ

0

Հայաստանի Պետական Մանկավարժակսն Համալսարանի

«Սփիւռք» գիտաուսումնական կեդրոնի նախաձեռնութեամբ,

9 Սեպտեմբեր 2025-ին, ժամը 13.00-ին Համալսարանի սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ

Գէորգ Պ. Յակոբեանի

«ՀԱՅՈՑ ԿՐԹԱԿԱՆ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ ՕՍՄԱՆԵԱՆ ԳԱՒԱՌՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ» Ա. եւ Բ. ՀԱՏՈՐՆԵՐՈՒ ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍԸ

Բանախօսներ՝

Կեդրոնի տնօրէն՝ Փրոֆ. Սուրէն Դանիէլեան.

Փրոֆ. Ռուբէն Սաֆրաստեան

Տոցենթ՝ Քնարիկ Աբրահամեան

Պ.Գ. Թ. Վերա Սահակեան

եւ այլ անձնաւորութիւններ

ՀՐԱՒԷՐ

ԳՈՅԺ – Ոչ եւս է Ռոպէր Հատտէճեանր

0

Այսօր, Պոլսահայ մեր բազմավաստակ երէց գործընկերն ու պաշտօնակիցը՝ Ռոպէր Հատտէճեանը իր մահկանացուն կնքած է:  

Ժամեր առաջ զինք գուժած  է «Մարմարա»-ն, որուն մէջ կը կարդանք հետեւեալը.

Մեր Խմբագրապետը, Պոլսահայ Նորագոյն Գրականութեան Ոսկեղէն Բազում Էջերու Հեղինակ Ռ. Հատտէճեան՝ Յաւերժի Ճամբորդ

………………..

Մեծ սուգ է ՄԱՐՄԱՐԱ-ի ընտանիքի համար։

Մեր երկարամեայ խմբագրապետը՝ Ռ. ՀԱՏՏԷՃԵԱՆ կեանքի դարադարձը նշելէ երեք ամիս առաջ, այս առտու, պատկառելի տարիքին մէջ աւարտեց իր երկրային ուղին ու բռնեց յաւերժութեան ճամբան։

Սուգ է համայնքի ու բոլոր անոնց համար, որոնք ԶԻՆՔը ճանչցան ո՛չ միայն որպէս անփոխարինելի խմբագիր, այլ որպէս ՄԱՐԴ՝ մեծատառով։

Անսակարկելի ճշմարտութիւն է որ ՄԱՐՄԱՐԱ-ն իր ոսկեդարը ապրեցաւ Ռ. ՀԱՏՏԷՃԵԱՆի շնորհիւ։ 1967 թուականէն սկսեալ՝ իր խմբագրապետութեան ներքեւ, մեր թերթը միայն չհրատարակուեցաւ, այլ շնչեց, սիրեց, կերտեց, ապրեցաւ, պայքարեցաւ։

Լեզուի պահապան էր Ռ. ՀԱՏՏԷՃԵԱՆ, նաեւ հոգիի ջահակիր՝ անոնց համար, որոնց սրտին մէջ կենդանի է հայ ոգին եւ որոնց համար մայրենին արժէք մը չէ միայն, այլ կեանքի բաբախուն մասնիկ։

Տիպար լրագրողի մարմնացում էր Ռ. ՀԱՏՏԷՃԵԱՆ։ Ո՛չ մէկը վիրաւորեց, անտարբեր չգտնուեցաւ դիմացինի արժանապատուութեան նկատմամբ, իր քննադատութիւններու մէջ մնաց զուսպ ու հաւասարակշռուած. սիրեց, յարգեց, սորվեցուց։

Պոլսահայութեան վերջին 60ամեակի հզօր պատմիչներէն մէկն էր Ռ. ՀԱՏՏԷՃԵԱՆ, անփոխարինելի վկայագիրը այն տարիներու, երբ մեր հասարակութիւնը դեռ հայախօս էր, երբ հայ մամուլը հպարտութեամբ կը կարդացուէր տուներէն ներս։

ՄԱՐՄԱՐԱ-ն ունեցաւ բազմահազար ընթերցողներ, որոնց համար թերթը մասունք էր, իսկ Ռ. ՀԱՏՏԷՃԵԱՆի յօդուածները՝ բարոյական սուրբ նշխար։

Յարգանքի ու սիրոյ արժանի մարդ էր Ռ. ՀԱՏՏԷՃԵԱՆ։ Ապրեցաւ ստեղծագործական կեանքի գագաթային պահերը, մեծարուելով Սփիւռքի գաղթօճախներու ու Հայաստանի պետական ու հասարակական շրջանակներէն ներս։

Բախտաւոր ծնող էր Ռ. ՀԱՏՏԷՃԵԱՆ։ Միշտ մնաց ընտանիքի հոգածութեան կիզակէտին վրայ։ Զոյգ որդիները մինչեւ վերջին վայրկեանները «պահակ» մնացին իր սնարին քով։ Այս առտու ժամը 8։30ի շուրջ, արժանապատիւ հեռացաւ սիրով շրջապատուած ու խաղաղ սիրտով։ Հոգին աւանդեց իր որդիներուն ձեռքերուն մէջ ու անցաւ յաւերժութեան անդորրը՝ անջնջելի հետք թողլով մեր բոլորի յիշողութեան մէջ։

Այսօր որբացաւ ՄԱՐՄԱՐԱ-ի ընտանիքը։ Որբացան նաեւ անոնք, որոնք սիրեցին հայ մամուլը, վայելեցին Ռ. ՀԱՏՏԷՃԵԱՆի բեղուն գրիչէն յամեցող գրական շունչը, ոգեշնչուեցան ՀԱՏՏԷՃԵԱՆԱԿԱՆ գաղափարներով։

Մեր խոնարհումը ձեզի՝ սիրելի ԽՄԲԱԳՐԱՊԵՏ։

Մեր երախտագիտութիւնը ձեր ապրած կեանքին։

Մեր խոստումը՝ անսասան հաւատքով փարած մնալու ձեր դաւանած արժէքներուն։

Թող լոյսերով ողողուի ձեր երկնային ճամբան։

ՄԱՐՄԱՐԱ-Ի ԽՄԲԱԳՐԱԿԱԶՄ

****

Այս տխուր առիթով «ԶԱՐԹՕՆՔ» խորապէս կը վշտակցի «ՄԱՐՄԱՐԱ»-ի խմբագրակազմին ինչպէս նաեւ անոր ընթերցողներու մեծ փաղանգին: Թող, որ մեր Վարպետին յիշատակը մնայ անթառամ:

Յարգանքի Տուրք Հանգուցեալ Ընկեր Ներսէս Պապայեանի Յիշատակին

0

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ ԱԶԴ – ԱՌ ՈՐ ԱՆԿ Է

5 Սեպտեմբեր 2025

Յարգելի գրչակից բարեկամ,

Թուականես շուրջ երկու տարի առաջ սրտի խոր կսկիծով ԶԱՐԹՕՆՔ գուժած էր եռանդուն կուսակցական գործիչ, ՌԱԿ-ի Մամուլի՝ «ԶԱՐԹՕՆՔ»-ի, «ՊԱՅՔԱՐ»-ի, «ՆՈՐ ՕՐ»-ի եւ «THE ARMENIAN MIRROR SPECTATOR»-ի աշխատակից եւ քաջածանօթ հրապարակագիր՝ ընկ. ՆԵՐՍԷՍ ՊԱՊԱՅԵԱՆի անակնկալ մահուան բօթը: Ան իր մահկանացուն կնքած էր Նիւ Եորքի մէջ ԱՄՆ, 8 Նոյեմբեր 2023-ին:

Ինչպէս Ձեզի ծանօթ է, Ընկ. Ներսէս Պապայեան արժանաւոր շառաւիղն էր Պապայեան երախտաշատ ընտանիքին, զաւակը՝ Պէյրութի Վահան Թէքէեան Վարժարանի վաստակաշատ նախկին տնօրէն՝ Երուանդ Պապայեանին:

Մինչ անհուն կարօտով միշտ կը յիշենք  հոգեհարազատ մեր ընկեր Ներսէսը, իր վաստակաւոր քրոջ՝ Դոկտ. Սիլվային եւ եղբօր՝ ժրաջան միութենական ընկեր Արային, հանգուցեալին ազնիւ տիկնոջ` Հերմինէին, իր արժանաւոր  զաւակներուն՝ Երուանդին եւ Թալինին եւ իրենց ընտանիքներուն գիտակցութեամբ, «ԶԱՐԹՕՆՔ» որոշած է ընկեր Ներսէսի մահուան երկրորդ տարելիցին առիթով հրապարակել մեր սիրելի ընկերոջ նուիրուած համեստ Յաւելուած մը (երախտաշատ աշխատակիցներու եւ բարեկամներու պարագային ի գործ դրուած, մեր թերթին բարի աւանդոյթին համաձայն), յարգելու համար երախտաւորին անթառամ յիշատակը:

Այս առիթով կը դիմենք Ձեզի մինչեւ սոյն թուականի Հոկտեմբերի 15-ը, ել-նամակի միջոցաւ՝ zartonkadl@gmail.com , ընկեր Ներսէս Պապայեանին յիշատակին նուիրուած գրութեամբ մը, նկարով, յուշագրութեամբ, կամ Ձեր կողմէ պատշաճ նկատուած մասնակցութեամբ, օգտակար հանդիսանաք նշեալ Յաւելուածին բովանդակութեան հարստութեան:

Վստահ ըլլալով, որ նման բարի առաջարկի մը համար պիտի չզլանաք Ձեր սուղ ժամանակէն տրամադրել, օգտակար հանդիսանալու մեզի, լաւագոյնս իրագործելու մեր ազնիւ նպատակը՝ յարգելու համար մեր սիրելի ընկերոջ եւ աշխատակիցին անմեռ յիշատակը:

Կանխայայտ շնորհակալութեամբ,

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Գլխաւոր խմբագիր

www.zartonkdaily.net

Հեռախօս: +374 77 937 281 / Whatsapp/Viber: +961 3 824 833

«Մաքուր Պահենք Մեր Միջավայրը»

0

Տեսանկիւն

Հայանուն եւ սկզբունքով հայաբոյր Վանաձորի մէջ կը քալէի, երբ հետեւեալ տեսարանին առջեւ յայտնուեցայ.

Հայու խանութի դրան առջեւ աղբաման մը, որ մաքրասիրական տեսանկիւնէ, սկզբունքով ողջունելի  բան է: Սակայն եկուր տես, որ վրան թրքերէնով գրուած էր «çevremizi temiz tutalım» (Մաքուր պահենք մեր միջավայրը):

Ինձ համար բաւական խորթ եւ ընդվզեցուցիչ երեւոյթ մը ըլլալուն պատճառով կանգ առի եւ ուզեցի նկարել, յետագային սոյն սիւնակով  անդրադառնալու համար անոր մասին:

Խանութի տիրուհին, որ դուրսն էր, զարմացած, քիչ մըն ալ բարկացած հարցուց ինչո՞ւ կը նկարեմ: Բացատրեցի երեւոյթին տգեղութիւնը՝ թարգմանելով թրքերէն տողը: Նաեւ շեշտեցի, որ վիճակը աւելի եւս ողբերգական կը դառնայ երբ ան զետեղուած է «Տիգրան Մեծ» փողոցի անունը կրող ցուցանակի մը տակ:  Տիկինը չհասկցաւ պարզուած հակասութիւնը…:

Փորձեցի խնդիրը իր հետ խորքային, սակայն պարզաբանուած ոճով քննարկել: Բացատրեցի, որ երբ ոեւէ արտադրութիւն մը կը գնենք, քաջալերած կ՛ըլլանք զայն արտադրողը, որ իր հերթին իր արտադրութեան վաճառքէն յառաջացած շահին համեմատ հարկեր կը վճարէ իր պետութեան: Իսկ եթէ այդ ապրանքը արտադրուած է Թուրքիոյ մէջ, ապա հարկէն օգտուող պետութիւնը մեր ժողովուրդի թշնամին՝ Թուրքիան  է: Թրքական պետութիւնը, իր հերթին նման հարկերէ գոյացած իր պետական պիւտճէէն կը տրամադրէ իր սպառազինման: Ան  օրինակ կ՛արտադրէ «Պայրաքտար» անօթաչու սարքեր, որոնք կ՛արտածէ կամ կը տրամադրէ Ազրպէյճանին: Ահաւասիկ այդ զէնքերուն զոհը գացին մեր լոյս տղաքը, որոնք ինկան Արցախի մարտերուն ընթացքին: Աւարտին հարցուցի, թէ ինք նահատակ հարազատներ չունի՞: Ցաւով յիշեց, որ ունի: Ինքզինքս աւելի չկարենալով զսպել բացագանչեցի, որ ահա այդ հայորդիին զոհուելուն մէջ ինքը եւ իր նման բոլոր այն հայերը, որոնք նման արտադրութիւններ կը գնեն կամ կը ծախեն պատասխանատուութեան բաժին ունին:

Հոգեկան հարուածը ծանր էր: Անմիջապէս ձեռնարկեց թրքերէն այդ տողը ջնջելու աղբամանին վրայէն: Մինչ այդ, ուրիշ խումբ մը «հանդիսատեսներու» կարգին մարդ մը մօտեցաւ կնոջ (ենթադրաբար ամուսինը), ու բարկացաւ կնոջ վրան պոռալով. «պրախի»: Համբերութեանս բաժակը յորդած էր: Մօտեցայ մարդուն եւ ըսի. «Հայրենակից, կնոջդ տուած հրահանգդ գոնէ հայերէնով տուր»: Զարմանալով չորս կողմիններուն հարցուց. «բա պրախի հայերէն չէ՞»: Ո՛չ մէկը պատասխանեց: Վստահ չեմ եթէ չուզելով, թէ չիմանալով…: Բացատրելէ ետք, որ իր օգտագործած բառն ալ թրքերէն է ինչպէս նշեալ տողը, շեշտեցի, որ այդ տողը՝ ափսոս, որ  պրախի թէ ոչ, խորքային հարց մը չէր լուծեր, սակայն գոնէ երեւոյթ կը փրկէր…: Ոչ մէկ բան արտայայտող աչքերով նայեցաւ ինծի, գուցէ նաեւ մտածելով, որ այս նեղ մաճալին այս տարօրինակ մարդը ուրտեղէն բուսաւ այսօր…:

Հեռացայ վայրէն մտածելով, որ ինչպէ՞ս կարելի է նման տարրական հայրենասիրութիւն սորվեցնել հինաւուրց Նայիրեան մեր ժողովուրդին մնացորդածին տակը մնացած այս դասակարգին, որ սորվելու ալ տրամադրութիւն չունի:

Հիմա նստած կը մտածեմ, որ հեգնանքը կրկնակի է երբ նկատի ունենանք, որ թուրքերն է, որ մեզի պէտք է մաքրութիւն սորվեցնեն, յուշելով, որ մեր քաղաքը՝ այս պարագային Վանաձորը, մաքուր պահենք:

Կը մնայ հարց տալ, որ մաքրութենէ, վեր եւ անդին ե՞րբ պիտի սորվինք մաքուր պահել մեր լեզուն եւ ազգային ոգին: Բան մը, որ բնականաբար թուրքերը չէ, որ պիտի ընեն…. Պարզ է, որ անոնք կը ձգտին եւ պիտի ձգտին ճիշտ հակառակին:

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Արցախի Անկախութեան Տօն

0

Պատմութեան Մէջ Այսօր

1991 թուականի Սեպտեմբերի 2-ը դարձաւ Արցախի պետականութեան սկիզբը։

Երեսուն տարիներու ընթացքին սահմանադրական ամուր հիմքերով և արդիւնաւետօրէն գործող պետական ու ժողովրդավարական հաստատութiւններով, Արցախի ժողովուրդը կ՛ապահովէր հայկական երկրորդ հանրապետութեան զարգացումը։

«ԱՊԱԳԱՅ» Շաբաթաթերթը 50 Տարեկան

0

ՅայտարարութիւնՌԱԿ-ի Համադրուած Մամուլ

Սրտագին Կոչ՝ Մասնակցելու «Ապագայ» Շաբաթաթերթի 50-րդ Տարեդարձին Առիթով, Տարեկան Դրամահաւաքին

«ԱՊԱԳԱՅ» Շաբաթաթերթը, որպէս Գանատահայ առաջին եւ եռալեզու շաբաթաթերթ այս տարի կը լրացնէ իր հրատարակութեան 50-րդ ոսկեայ տարեդարձը:

Ան իր 1975-ին լոյս տեսած առաջին թիւէն սկսեալ անփոխարինելի շաղկապը հանդիսացաւ մոնթրէալահայութեան, գանատահայութեան, հայրենիքի եւ ամբողջ հայ իրականութեան բոլոր մասնիկներուն միջեւ:

Հակառակ տարբեր ժամանակներու մէջ մեր դիմագրաւած տարբեր դժուարութիւններուն, «ԱՊԱԳԱՅ»ն անխափան կը շարունակէ իր կանոնաւոր հրատարակութիւնը եւ նոյնիսկ, զայն առցանց հասանելի դարձուցած ենք ամբողջ գանատահայութեան եւ աշխարհատարած մեր ընթերցողներուն:

Այսպիսի առաքելութիւն մը թանկագին հայրենակիցներ, անհրաժեշտօրէն պէտք ունի մեր ընթերցողներու շարունակական նիւթական ուղղակի օժանդակութեան: Մոնթրէալի Թէքէեան Մշակութային Միութիւնը ըլլալով հրատարակիչը «ԱՊԱԳԱՅ» շաբաթաթերթին, նոյնպէս վեց տասնամեակներէ ի վեր կը ծաղկեցնէ մոնթրէալահայ գաղութը իր մշակութային, ընկերային եւ ազգային դաստիարակչութեան ճոխ ծրագիրներով, որոնք եւս պէտք ունին ձեր ազնիւ նիւթական նեցուկին:

Ահա ուրեմն սիրելի ընթերցողներ այս բոլորին համար ներկայ գրութեամբ կոչ կ’ընենք ձեզի, որպէսզի առատաձեռնութեամբ ձեր ազնիւ եւ գիտակից մասնակցութիւնը բերէք անոր, ինչպէս ազնուօրէն կատարած էք անցեալ տարիներուն:

Բնականաբար կրնաք ձեր փոխգիրը սովորական ձեւով ուղարկել Թէքէեան Մշակութային Միութեան հետեւեալ հասցէին՝

825 rue Manoogian, St-Laurent, QC, H4N 1Z5

Իսկ ձեր նուիրատուութիւնը ինթերնէթի միջոցաւ կատարելու համար հաճեցէք հեռաձայնել 514-747-6680 մեր գրասենեակի թիւին: Բոլոր նուիրատուութեանց դիմաց պիտի ստանաք տուրքէ զերծ մնալու համապատասխան ստացագիր:

Միասնական ջանքերով է որ պիտի կարենանք շարունակական պահել այս ազգանուէր գործունէութիւնը:

Կանխայայտ շնորհակալութիւն Ձեր բոլորին:

Թէքէեան Մշակութային Միութեան Հանգանակիչ Յանձնախումբ

Այս Արեւին Տակ Իր ժամանակէն Առաջ Ծնած եւ Անժամանակ Մեկնած Արուեստագէտը

0

Տեսանկիւն

Լիբանանցի փիլիսոփայ-երաժիշտ, իր սկզբունքներուն մէջ անզիջող՝ Զիատ Ռահպանի…  որ տասնամեակներ շարունակ ցնցեց զինք լսողներուն խիղճը:

Քանի մը օր առաջ, անոր անժամանակ մահը իր մարդկային հազուագիւտ քննադատական զգացողութեան և ներկայութեան կորուստն է, որ հեռու էր սովորական երեւոյթ մը ըլլալէ:

Հակառակ, որ մահուան անխուսափելիութիւնը կեանքի համար անծանօթ խորհուրդ մը չէ, անոր մահուան անակնկալ բօթը ապտակի մը ուժգնութիւնը ունեցաւ զինք սիրողներուն հոգիներուն վրայ:

69 տարեկան հասակին, Զիատ Ռահպանիի մահը կարելի է նմանցնել լիբանանեան եւ արաբական խիղճին կարեւոր մէկ ամբողջ էջի մը  մէկ հարուածով շրջուելուն։ Ան աւելին էր, քան պարզապէս արուեստագէտ մը: Ան իրարայաջորդ սերունդներու համար կը ներկայացնէր կենդանի յիշողութիւն մը, որոնցմէ շատերուն զգացումները ձևաւորուած էին անոր ըմբոստ նկարագրի ազդեցութեամբ,  վրդովանքի կատակներով և ապստամբ մեղեդիներով: Անոր խորիմաստ խօսքերուն մէջ կարելի էր գտնել զայրոյթի, կարօտի եւ հիասթափութեան հայելին: Զիատ Ռահպանիի մահով կը նշանաւորուի արուեստի փուլի մը աւարտը, որուն առաքելութիւնն էր բարձրաձայն խօսիլ եւ ցնցել մարդոց հոգիները:

Ան Լիբանանեան արուեստի աշխարհի մէջ երախտաշատ՝ Ասի_Ռահպանիի եւ մեծանուն Ֆէյրուզի որդին էր, սակայն ան իր պատանեկութեան տարիներէն արդէն յայտնի էր, որ ինք հրաժարած է իր ծնողներուն ստուերը կամ հետեւորդը ըլլալէ:  Զիատ ինքն իր համար գծեց ինքնուրոյն ճանապարհ մը, որ ոչ մէկուն նման էր:

Շատ կանուխ հասակէն յայտնուեցաւ լիբանանեան եւ արաբական արուեստի աշխարհի ուշադրութեան կեդրոնին մէջ գուցէ ուրոյն գիծ մը տալու իր հօր եւ հօրեղբօր՝ Ռահպանի եղբայրներու արուեստին եւ իր ձեւով վերակառուցելու զայն: Ան բեմ բարձրացաւ դեռահաս հասակին, ներկայացնելով իր տարիքին համապատասխան կարելիութիւններէն շատ աւելի բարձր ստեղծագործութիւններ: Ան հանդիսատեսին ներկայացուց  իւրայատուկ ոճով՝ հեգնանք և դառնութեամբ լի թատերագրութիւն և երաժշտութիւն որ դասականը յիշեցնելով հանդերձ անոր հետ միախառնած էր ճազային ապստամբութիւնը մեծ տպաւորութիւն գործելով պատերազմներէ եւ անհեթեթութենէ յոգնած ժողովրդին հոգիներուն մէջ:

Զիատ Ռահպան  ծնած է 1956-ին Պէյրութի մէջ։ Ռահպանի ընտանիքի միջավայրին մէջ ան սորված է բարձրորակ երաժշտութիւն լսելը աւելի շուտ քան իր խօսիլը: Սակայն անոր փոխակերպումը  ժառանգորդէ մը դէպի նորարարը սկսած է  1973-ին, երբ իր հօր հիւանդութեան պատճառով ստիպուած եղած է ստանձնել «Կայարան» թատրերգութիւն-ստեղծագործութեան բեմադրման պարտականութիւնը։ Նոյն թուականին ան իր մօր համար յօրինած  է «Սաալունի Էլ Նաս Աննաք Եա Հապիպի» (Մարդիկ ինձ կը հարցնեն քու մասիդ սիրելիս ) երգը՝ վաղաժամ ազդարարելով այն տաղանդի ծնունդը, որ չուներ ընդօրինակելու մտադրութիւն։

Ան չէր գերեվարուած Ռահպանիները ներշնչող երազային գիւղերու և երգող գիւղացիներու երազներով։ Ան քաղաքի և պատերազմի որդին էր, հետեւաբար ան ուղիղ գիծով գնաց դէպի կրակին կիզակեդրոնը:  Ան Լիբանանի պատերազմը վերածեց երգիծական թատրոնի նիւթի։ Անոր թատրերգութիւնները՝  ինչպէս օրինակ, «Ամերիկեան Երկար Ֆիլմ», «Ինչ-որ բան ձախողած է» կամ «Արժանապատուութեան մասին», հիւծուած սերունդի ճիչն էին, որոնք Զիատի կողմէն վերածուեցան կենդանի պատկերներու, որոնք կը տատանէին դառն ծիծաղի և հետաձգուած արցունքներու միջև: Ան ակրեսիւ թատրոնի սիրահարն էր, որ կը խախտէր իր ժամանակներու բոլոր թապուները:

Ինչ կը վերաբերի իր երաժշտութեան, ան կը հակէր այն ամէն ինչին, որ անսովոր էր: Ան միաձուլած էր արևմտեան և արեւելեան մեղեդիները՝ առանց կորսնցնելու իր տեղական բնոյթը: Ան կը  գրգռէր հանրային ճաշակը առանց հանդարտեցնելու զայն: Անոր երաժշտութիւնը զարթնեցնող էր:  Ան հաւատացած էր, որ արուեստը աւելին է քան իրականութեան հայելին: Ան կարծրատիպներ կտրելու մուրճն էր: Հետևաբար, իր ձայնը կը ջղագրգռէր իշխանութիւնները, ոգեւորելով լուսանցքի վրայ յայտնուած մարդոց:

Չէզոքութիւնը իրեն համար տարբերակ մը չէր: Մինչ լռութիւնը իր բնութագրիչներէն մէկը չէր: Անոր ճիչը,  ծիծաղը, խոժոռումները, նահանջը և նոյնիսկ որոշակի պահերու լռութիւնը՝ իր  գոյաբանական անհանգստութեան և դիմակներէ հրաժարելու արտայայտման ձևերն էին:

Զիատը բացակայ է այսօր բայց ան չի կրնար անհետանալ: Անոր ձայնն ու գործը պիտի շարունակեն արձագանգել, հրապարակներուն վրայ, սրճարաններուն, թատրոններուն եւ զինք սիրողներուն սիրտերուն այն փոքրիկ անկիւններուն մէջ, որ կը մերժէ մոռացութիւնը:

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Շանթալ Փարթամեան. Կինոարխիւներ Վերակենդանացնողը

0

Հարցազրոյց

Վարեց՝ ԱՐԾՎԻ ԲԱԽՉԻՆԵԱՆ 

Փորձարարական կինոբեմադրիչ եւ արխիւագէտ Շանթալ Փարթամեանը ծնուել է Բեյրութում՝ հայ հոր եւ լիբանանցի արաբ մոր ընտանիքում։ Մասնագիտացել է «Սուփըր 8 մմ» կինոժապաւէններին առնչուող աշխատանքի մէջ։ Նրա ֆիլմերը ներկայացուել եւ պարգեւատրուել են բազմաթիւ փառատօներում, դրանք տարածում են «Վիտէոկրաֆ», «Կրուփ ինթերվենշըն վիտէօ» կազմակերպութիւնները եւ Գանատացի կինոգործիչների գործերը տարածող կեդրոնը։ Փարթամեանը հիմնել է «Քացախ միջերկրածովեան արխիւներ» նախագիծը, որը զբաղւում է արեւելեան Միջերկրածովի կինոժապաւէնների պահպանմամբ ու վերականգնմամբ։ Նաեւ հետազօտում է արխիւային աշխատանքի ձեւերը հակամարտութեան գօտիներում։ Նկարահանել է տեսահոլովակներ, աշխատել որպէս բեմադրիչի օգնական, օպերատոր եւ մոնթաժող մի շարք վաւերագրական եւ կարճամեթրաժ ֆիլմերում։ Շանթալը նաեւ գրում է անգլերէն եւ ֆրանսերէն յօդուածներ՝ նուիրուած կինոյին, գենդերային հարցերին ու նման այլ թեմաների, մասնաւորապես՝ «Քատրից դուրս» գանատական ֆրանսալեզու առցանց հանդէսում։


Շանթա՛լ, դուք ձեր նախագծին տուել էք մի անսովոր անուն՝ «Քացախ»՝ թերեւս ակնարկելով դրա պահպանող յատկութիւնը։ Ինչպիսի՞ն է արխիւային կինոժապաւէնների ձեռքբերման եւ վերականգնման ընթացքը։

–«Քացախ միջերկրածովեան արխիւներն» անկախ կինոարխիւային եւ հետազօտական ծրագիր է, որը նպատակ ունի հաւաքել, պահպանել եւ «վերակենդանացնել» Արեւելեան Միջերկրածովեայ շրջանում 1900-1980 թթ․ ստեղծուած սիրողական եւ սեփական նախաձեռնութեամբ իրականացուած կինոժապաւէնները, հիմնականում՝ փոքր ձեւաչափով (8մմ, 9.5մմ կամ 16մմ) նկարահանուած ֆիլմեր։ Ես ընտրեցի «քացախ» անունը ոչ միայն այն պատճառով, որ ցանկանում էի նախագիծը կապել հայերէն բառի հետ, այլ նաեւ այն իմաստով, թէ ինչպէս եմ վերաբերւում պատկերներին։ Այն նաեւ ակնարկում է «քացախի սինտրոմը», քիմիական քայքայման մի տեսակ, որը ժամանակի ընթացքում ազդում է ացետատային կինոժապաւէնների վրայ։ Երբ ժապաւէնն սկսում է փչանալ, այն արձակում է ուժեղ քացախային հոտ՝ որպէս հնարաւոր կորստի նշան։ Այդ փոխաբերութիւնն ինձ համար հնչեղ է մի քանի մակարդակով․ այն ոչ միայն բառացի զգուշացում է արխիւների փխրունութեան մասին, այլեւ խօսում է մշակութային յիշողութեան, տրավմայի եւ պահպանման հրատապութեան վերաբերեալ։

Արխիւային ժապաւէնների վերականգնման ընթացքը յաճախ սկսւում է նիւթի որոնմամբ՝ կապ հաստատելով ընտանիքների, անհատների կամ համայնքների հետ։ Սրանք հիմնականում սիրողական ֆիլմեր են՝ ընտանեկան արձակուրդներ, հանրային հաւաքներ կամ պահեր, որոնք արժանի են եղել յիշատակման, բայց երբեք չեն ստեղծուել հանրային ցուցադրման համար։ Երբ նիւթը հասնում է իմ ձեռքը, նախ ֆիզիքապէս ստուգւում ու վերանորոգւում է։ Ես իրականացնում եմ մաքուր մեխանիկական վերականգնում՝ փոշու մաքրում, կտրուած հատուածների միացում, ծռուած ժապաւէնների շտկում եւ սքանաւորման նախապատրաստում։ Խուսափում եմ ծանր թուայնացուած վերամշակումից, քանի որ իմ նպատակը տեսապատկերի բուն ամբողջականութիւնը պահպանելն է։ Իմ դերը նիւթը «գեղեցկացնելու» մէջ չէ, այլ պահպանելու նրա նիւթական ճշմարտութիւնն ու նորից տեսանելի դարձնելու հնարաւորութիւնը։

Այսինքն՝ նոր կեանք էք պարգեւում սիրողական հին կինոժապաւէններին։ Չեմ կարող չյիշել մոնտաժային ֆիլմեր ստեղծած Հայ կինոռեժիսորների, որոնք նոյնպէս օգտագործել են հին կինոնիւթեր իրենց աշխատանքներում՝ Արտաւազդ Փելեշեանը Հայաստանում, Երուանդ Ջանիկեանը Իտալիայում, Սիլվինա ՏէրՄկրտիչեանը Գերմանիայում։

–Դուք յիշատակեցիք իմ սիրելի կինոբեմադրիչներից մի քանիսին։ Ես մեծապէս հիացած եմ Արտաւազդ Փելեշժեանի ստեղծագործութեամբ։ Նրա մասին ֆրանսերէն յօդուած եմ գրել։ Նոյն կերպ ինձ խորապէս յուզում է Երուանդ Ջանիկեանի եւ Անջելա Ռիչի Լուկիի ստեղծագործութիւնը, որոնց գտած քատրերի մանրակրկիտ վերամշակումն իրական տարածք է բացում զգալու, վկայագրելու եւ դիմադրութեան համար։ Նրանց «Գեռնիկային դէմ յանդիման» ֆիլմի մասին ես գրել եմ Քէպէքի ֆիլմադարանի համար։ Վերջերս ծանօթացել եմ նաեւ Սիլվինայի աշխատանքներին, նա շատ մօտ է իմ իսկ «մտասեւեռումներին»։

Ի՞նչ ազդեցութիւն ունեն արհեստական բանականութեան եւ վերականգնման թեխնոլոկիաների վերջին զարգացումները ձեր արխիւային աշխատանքների վրայ։

–Թէեւ արհեստական բանականութեան (Ա.Բ.) եւ թուային վերականգնման գործիքները փոխում են արխիւային միջավայրը, իմ մօտեցումը շարունակում է մնալ շօշափելի եւ անալոգային։ Իմ նախագիծն անձնական է, ինքնաֆինանսաւորուող եւ հիմնուած է դանդաղ, ձեռքով կատարուող մեթոդաբանութեան վրայ։ Սա մի տեսակ հակաարխիւային մօտեցում է, որը հիմնուած է ֆիզիքական ներկայութեան, համբերութեան եւ փխրուն նիւթի նկատմամբ ուշադիր վերաբերմունքի վրայ։ Հետեւաբար՝ ես դեռ չեմ ներառել ԱԲ-ն իմ աշխատանքում։ Այնուամենայնիւ, գիտեմ, որ ԱԲ-ն հաստատապէս յեղափոխել է ինստիտուցիոնալ հարթակները՝ մեծ բազաների կարգաւորման, մետատուեալների ստեղծման, պատկերների թեքստի վերածման, ինչպէս նաեւ դէմքերի կամ աշխարհագրական վայրերի ճանաչման ոլորտներում։ Այս գործիքները պահանջում են թեքնոլոկիական ենթակառուցուածք, որը յաճախ հասանելի չէ իմ նման անկախ նախագծերի համար։ Աւելին, դրանք բերում են նաեւ նոր էթիկական հարցեր՝ կապուած հեղինակութեան, ջնջման եւ յիշողութեան մեքենայական տրամաբանութեան միջոցով ձեւաւորման կերպերի հետ։

Կը ներկայացնէ՞ք մանրամասներ հայոց պատմութեանն առնչուող ձեր հետազօտութեան մասին եւ թէ ինչպէ՞ս է այն ձեւաւորում ձեր աշխատանքը արխիւային կինոժապաւէնների հետ։

–Հայոց պատմութեանն առնչուող իմ ներկայ հետազօտութիւնը խորը կապ ունի իմ արխիւային աշխատանքի հետ եւ ձեւաւորում է թէ՛ մեթոդաբանութիւնը, թէ՛ էթիկան։ Վերջերս մի քանի պատմաբաններ ինձ տրամադրեցին մի քանի համր ժապաւէններ, որոնք, հաւանաբար, նկարահանուել են 1900-ականների սկզբին։ Դրանք անանուն են եւ չունեն յստակ համաթեքստ, բայց ըստ տեղանքի, հագուստների ու մթնոլորտի՝ կարծես պատկերում են Օսմանեան կայսրութիւնում ապրող հայերին։ Սակայն առանց վաւերական փաստաթղթերի այդ պատկերները մնում են անորոշութեան մէջ։

Այս տեղեկութեան բացակայութիւնը ընդգծում է արխիւային աշխատանքի կարեւորութիւնը. ոչ միայն որպէս նիւթի պահպանում եւ վերականգնում, այլեւ որպէս դրանց պատշաճ պատմականացման պարտաւորութիւն։ Ես ինձ համարում եմ այդ պատառիկները զգուշութեամբ ուսումնասիրելու, հնարաւորինս ճշգրիտ թուագրելու եւ մատենանշելու, ինչպէս նաեւ աւելի լայն պատմական ու մշակութային համատեքստում տեղադրելու պատասխանատու։ Դա դանդաղ եւ խիստ գործընթաց է, որը յաճախ պահանջում է համագործակցութիւն պատմաբանների, ազգագրագէտների եւ տեղական համայնքների հետ։ Նպատակն ինչ-որ իմաստ «հնարելը» չէ, այլ թոյլ տալը, որ այդ կադրերը հասկացուեն իրենց բարդ ժամանակագրական հիւսուածքում՝ խուսափելով թիւրըմբռնումից կամ շահագործումից։ Այդ պատկերներին մօտենում եմ պատասխանատուութեամբ, ոչ միայն դրանք հանրայնացնելու, այլեւ այդ գործողութիւնը պատուով կատարելու մտայնութեամբ՝ յարգելով այնտեղ պատկերուած մարդկանց եւ նրանց պատմութիւնները։ Հաւատում եմ, որ նման հետազօտական եւ արխիւային մօտեցմամբ կարող ենք ընդլայնել արդեն իսկ բազմաշերտ եւ հարուստ հայկական տեսողական բառապաշար՝ դուրս գալով միայն տրավմայի ու գոյատեւման պատկերներից եւ վերականգնելով կեանքի աւելի լայն ու նրբագեղ հորիզոններ։ Այդ ժապաւէնները կարող են էական շերտեր աւելացնել մեր անցեալի բազմազանութեանը եւ բացել ինքնաճանաչման նոր ուղիներ՝ որպէս բարդ ու յարատեւ ներկայութիւն պատմութեան մէջ։

Յիշում եմ Փարթամեան ազգանուամբ երկու ուշագրաւ անհատների՝ հայաստանցի գրականագէտ Վարդան Փարթամեանին ու ամերիկահայ օփերային երգչուհի Մարո Փարթամեանին։ Պատմէ՛ք, խնդրեմ, ձեր գերդաստանի մասին։

–Սա շատ գեղեցիկ հարց է, որովհետեւ շօշափում է սփիւռքեան կապերին եւ «ցրուած ազգակցութեան» հնարաւորութեանը։ Ուղղակի ազգակցական կապ չունեմ ձեր նշած անձանց հետ, թէեւ Մարոյի հետ կապ հաստատեցի առցանց՝ հիացմունքս յայտնելով նրա ձայնի եւ ստեղծագործութեան հանդէպ։ Իսկ իմ ընտանիքը սերում է Այնթապից։ Իմ մեծ պապերն այնտեղ ուսուցիչներ են եղել տեղական քոլեճում։ Վերահաս աղէտի մասին նրանց զգուշացրել է իրենց աշակերտը՝ Այնթապի փաշայի զաւակներից մէկը։ Նրանք փախել են Հալէպ, իսկ մնացածները սպաննուել են։ Հալէպում ծնուել է իմ պապը։ Ընտանիքը յետոյ տեղափոխուել է Քեսապ, նորից Հալէպ, ապա Ռայաք՝ Զահլէի մօտ։ Ռայաքում՝ ֆրանսիական բանակի ներկայութեան պայմաններում, իմ պապը սովորել է լուսանկարել։ Աւելի ուշ տեղափոխուել է Պէյրութ եւ դարձել կինոյի ու շարժապատկերի մշակոյթի ռահվիրաներից Լիբանանում։ Այդ ժառանգութիւնը շարունակել է հայրս, ապա ես, քոյրս եւ եղբայրս։

Փաստօրէն, ձեր մեծ հայրը լիբանանեան կինոյի օփերաթոր Անտոն Փարթամեանն էրՇանթա՛լ, ձեր «Սանջաք» ֆիլմում անդրադառնում էք ձեր հայկական ծագմանը՝ ձեր տատիկի յիշողութիւնների միջոցով։ Որքանո՞վ է ներկայ հայ ինքնութիւնը ձեր ստեղծագործութիւններում։

–Իմ հայ ինքնութիւնը խորապէս ներկայ է իմ ստեղծած ամեն ինչում։ Դա միշտ չէ, որ արտայայտւում է ուղիղ կամ խորհրդանշական կերպով։ Երբեմն դա երեւում է ռիթմի, յիշողութեան, բացակայութեան կամ անգամ քատրաւորման միջոցով։ Մեծանալով սփիւռքեան միջավայրում, մի լեզուի շրջապատում, որը միշտ չէր հրապարակաւ խօսւում, պատմութեան մէջ, որն ընտանիքում դժուար էր բացայայտ կերպով արտայայտել, եւ մշակոյթի մէջ, որը մշտապէս իր գոյութեան իրաւունքն էր ապացուցում՝ այդ պայմանները ձեւաւորեցին իմ տեսնելու ու ստեղծագործելու իմ կերպը։

«Սանջաքը» զուտ անձնական ֆիլմ է՝ հիմնուած տատիկիս յիշողութիւնների վրայ, բայց նաեւ՝ նրա կրած լռութիւնների, պատմութիւնների բացթողումների, առօրեայ կեանքի ծիսակարգերի, տրավմայի սերնդային արձագանգների վրայ։ Իմ աշխատանքը փորձում է վերագծել այդ արձագանգները, հասկանալ չասուածը եւ գտնել նոր ձեւեր, որոնցով կարելի է խօսել այդ մասին։ Նոյնիսկ երբ աշխատանքս թւում է վերացական կամ կենտրոնացած է այլ թեմաների վրայ, նրա հիմքում յաճախ այդ նոյն կէտն է։ Ես հայկական ինքնութիւնը դիտարկում եմ ոչ թէ որպէս ամրագրուած կէտ, այլ որպէս շարժուն ներկայութիւն՝ զարգացող, անսպասելի ձեւերով դրսևորուող։

Դուք բազմիցս եղել էք Հայաստանում

–…եւ իւրաքանչիւր այց թողել է իր առանձնայատուկ հետքը։ Իմ առաջին այցելութիւնները 2000-ականների սկզբին, բարդ էին։ Շատ սփիւռքահայերի պէս, ես նոյնպէս մեծացել էի մի հզօր պատկանելիութեան զգացումով՝ կապուած երբեւէ չտեսած մի հայրենիքի հետ։ Հայաստանի գաղափարը լցուած էր յուզական լիցքերով, գրեթէ առասպելական։ Բայց հասնելով այնտեղ՝ բախուեցի մի իրականութեան, որտեղ այդ հայրենիքը չէր «ճանաչում» ինձ։ Լեզուական, մշակութային ու քաղաքական տարբերութիւնները ցնցող էին։ Ամենուր ռուսերէն էր, ինչպէս նաեւ՝ յետխորհրդային մտածողութիւն։ Հասկացայ, որ հայ լինելը միատարր փորձառութիւն չէ, այլ աշխարհագրութեամբ եւ պատմութեամբ ձեւաւորուած սպեկտր։

Սակայն ժամանակի ընթացքում այդ զգացողութիւնը փոխուեց։ Ամեն այցի հետ աւելի մեծ բացութիւն էի զգում՝ թէ՛ իմ, թէ՛ միւսների կողմից։ Սիրիայից, Լիբանանից ու այլ վայրերից եկող հայերի ներկայութիւնը եւս նպաստել է Երեւանի եւ այլ քաղաքների մէջ Սփիւռքի տարբեր շերտերի հանդէպ ըմբռնման աճին։ Կարծում եմ, որ այժմ աւելի շատ երկխօսութիւն կայ տեղացիների եւ սփիւռքահայերի միջեւ, աւելի շատ գիտակցութիւն՝ մեր տարբեր պատմութիւնների հանդէպ, աւելի շատ հետաքրքրութիւն՝ դատելու փոխարէն։ Մօտ մէկ տարի առաջ կատարած վերջին այցս հաստատեց դա։ Ես այլեւս միաձեւութիւն չեմ փնտռո․ հետաքրքրուած եմ հայ լինելու բազմաձեւութիւններով…:

«Ազգ»

Թութակողներ Շատ Կան

0

Տեսակէտ

ԱՐՄԷՆ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ

Չհաւատալ, չվստահել ու չյարգել բոլոր նրանց, ովքեր լսածներն առանց ստուգելու կրկնում են ու թութակում են։ Մեր օրերում թութակողների թիւը շատ շատ է։

          Վերջերս շատ կարդացինք Հայ Առաքելական եկեղեցու բարձրաստիճան հոգեւորականների առաքինի լինելու մասին․ ոմանք հաւասարութեան նշան դրեցին կուսակրօնութեան եւ առաքինութեան միջեւ։ Լաւ։ Այս մասին կը գրեմ եզրափակիչ գրութիւնով։

          Գուցէ ոմանք չգիտեն, որ հայ կաթողիկոսները՝ առաջին կաթողիկոս Գրիգոր Լուսաւորիչից սկսած, ամուսնանում էին, զաւակներ էին ունենում, եւ կաթողիկոսութեան գահը՝ ինչպէս թագաւորութիւններն էին, ժառանգում էին նրանց աւագ որդիները։

          Գրեմ միայն մի կաթողիկոսի մասին, որի անունը հաւանաբար, կամ վստահաբար լսել էք,- Սահակ Ա․ Պարթեւ, որի օժանդակութեամբ Մեսրոպ Մաշտոցը գտաւ հայ գրերը եւ ամբողջացրեց։

          Սահակ Պարթեւը հայոց 10-րդ կաթողիկոսն է՝ Գրիգոր Լուսաւորիչի տոհմից։ Նա զաւակն է Ներսէս Ա․ Մեծ կաթողիկոսի, ով ամուսնացել էր Մամիկոնեանների տոհմից Սահանդուխտի հետ։ Կարծում եմ այսքանը բաւական է ձեզ մօտ հետաքրքրութիւն առաջացնել ծանօթալու թէ՛ Հայոց պատմութեան, թէ՛ Հայ եկեղեցու պատմութեան հետ։

          Գուցէ նաեւ հետաքրքրուէք իմանալու թէ կուսակրօնութիւնը երբ, ում պարտադրանքով եւ ինչպէս դարձաւ բարձրաստիճան հոգեւորականութեան համար կարգ եւ կանոն։ Նիւթը ծաւալուն է։

*     *     *

          Հին դարերում, Միջնադարում եւ նոյնիսկ աւելի մօտ ժամանակներում, հայ կինը ծածկում էր մարմինն ու մազերը, շատ տարածուած է քօղի գործածութիւնը՝ յատկապէս ամուսնացած կանանց մօտ։

          Արդէն վաղուց, ե՛ւ հիմա, կանայք չունեն նման պարտադրանք։ Մշակութային տարբեր հարթակներով, օրինակ հէնց կինոաշխարհում կինը հանդէս է գալիս շատ ազատ, նոյնիսկ մերկ։ Կանանց մարմինն ու դէմքը վաղուց ծածկուած չէ, ու նման պայմաններում խօսել կուսակրօնութիւնից, գոնէ ինձ համար անհասկանալի է։ Յատկապէս նկատի ունենանք, որ մեր եկեղեցին ի սկզբանէ կուսակրօնութեանը չի դաւանել։

          Գուցէ ժամն է, որ Հայ Առաքելական եկեղեցում վերանայուի շատ բան․ օրինակ՝ կուսակրօն լինելը պարտադրանք չլինի այսուհետ։

          Այն՝ ինչ կատարւում է հիմա Հայաստանում նիկոլի ու ՔՊ-ի կողմից, նպատակ ունի հերթական հարուածը հասցնել հայութեան ազգային արմատներին, այս անգամ մեր եկեղեցուն։

          Արդե՞ք նիկոլը ՉԳԻՏԻ մեր եկեղեցու պատմութիւնը․ ԳԻՏԻ՞ որ մեր եկեղեցում կաթողիկոսութեան գահը ժառանգական է եղել։

          Չեմ ուզում մանրամասն գրել այն հսկայ աշխատանքների մասին, որոնք կատարեցին մեր հոգեւոր հայրերը պատմութեան ընթացքում։ Ոսկեդարը հոգեւորականութեան ձեռքբերումն է։ Մեր հսկայ պատմագիրները, թարգմանիչները, կրթութեան, լուսաւորութեան եւ երաժշտութեան մեր երախտաւորները եղել են հոգեւորականները։ Մտէ՛ք Մատենադարան․․․ Այնտեղ կը հանդիպէք մագաղաթների եւ հայ մշակոյթը մեզ աւանդ թողած աւելի քան 21,000 մշակութային ժառանգութեան, որոնք գրել, ծաղկել/ նկարել, կրկնօրինակել են մեր հոգեւոր հայրերը՝ մոմի աղօտ լոյսի ներքոյ։ Ուսումնասիրէք հայ համայնքների պատմութիւնը․․․ Դուք չէք կարող համաձայն չլինել այն մտքի հետ, որ հայոց պետականութեան բացակայութեան պայմաններում, ու հիմա սփիւռքում, հէնց եկեղեցին է իր ուսերին վերցրել հայապահպանութեան վիթխարի գործը։

          Ուրանալ այս ամենը՝ նիկոլին հաճոյանալու համար՝ նիկոլին թութակելու, ուրիշներին կապկելու ճամբով, ինձ համար լրիւ անհասկանալի է, չասելու համար՝ զզուելի։ Եւ․․․ նրանք՝ բոլորը, նոր են յիշել կուսակրօնութեան հարցը․․․

Ու եզրակացնեմ,-

          Ես հաւասարութեան նշան չեմ դնում առաքինի լինելու եւ կուսակրօնութեան միջեւ։ Պատմութեան ընթացքում քանի կուսակրօն հոգեւորականներ ենք ունեցել մենք, որոնք Հայաստանի քաղաքների դարպասները բացել են թշնամիների դիմաց․․․

          Հայութիւնը երբ պիտի ազատուի մակերեսային ու տափակ դատումներից։ Ե՞րբ պիտի սովորենք չթութակել ու չկապկել ուրիշներին․․․ Գուցէ փրկութեան բանալին հէնց այստեղ է գտնւում։ Այսքան անտեղեակ ու տգէտ․․․ Դէպի ո՞ւր։