Շաբաթ, 04. 04. 2026

Ոչ Եւս է Արուեստագէտներ Յայտնաբերող եւ Իր Հայութեամբ Հպարտ՝ Թորոս Սիրանոսեան

0

Տխուր լուր մը ստացանք այսօր, առանց այս ալ տխուր իրավիճակի մէջ գտնուող Պէյրութէն:

Չորեքշաբթի 11 Մարտ 2026-ին, Պէյրութի մէջ իր մահկանացուն կնքած է, Լիբանանի եւ արաբական աշխարհի արուեստի աշխարհին մէջ հանրածանօթ անուն մը հանդիսացող՝ Թորոս Սիրանոսեան, որ հակառակ օտար շրջանակներու մէջ իր աշխատանքին պարտադրած սովորութեան, ուր նմանօրինակ անձեր փորձութիւնը ունեցած են փոխելու կամ դիւրացնելու իրենց անունը կամ մականունը, Թորոս Սիրանոսեան կառչած մնացած էր իր անուան: Երեւոյթ մը, որ  հպարտութիւն  կը պատճառէ իւրաքանչիւր հայու, երբ իր մականունին «եան» մասնիկը օտարալեզու լրատուական միջոցներէ կը լսած է:

Թորոս Սիրանոսեան ծնած է Լիբանան։ Յաճախած է  Պէյրութի Ecole Hoteliere ուսումնարանը, որմէ ետք, ուսումը շարունակած է Զուիցերիոյ մէջ, ստանալով խոհարարապետի աստիճան եւ համապատասխան վկայական տեղւոյն՝ Ecole Hoteliere-էն։ Զուիցերիոյ մէջ ուսումը աւարտելէ ետք՝ վերադարձած է Լիբանան, ուր ստեղծած է իր “EPI CLUB” գիշերային բարձրամակարդակ ակումբը, Պէյրութի Ֆինիսիա փողոցին վրայ։ Նշեալ ակումբը գործած է 1961-1976 թուականներուն՝ փակուելով լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմին պատճառով։

«EPI Club»-ի մէջ ելոյթ ունենալու համար համար՝ Թորոս Սիրանոսեան հրաւիրած է բազմաթիւ երգիչներ, տարբեր երկիրներէ, որոնցմէ շատեր, այդ իսկ ակումբին շնորհիւ, հասած են իրենց արուեստի բարձրունքին, ինչպէս՝ ԱՏԱՄՕ եւ Հենրի Քոմասեաս։ 1970-ին, Սիրանոսեան բացած է DEIR EL KALAA փառատօնը՝ աշխարհահռչակ ֆրանսացի երգիչ Շառլ Ազնաւուրի հետ։

1971-ին, Սիրանոսեան՝ համաշխարհային երգիչ Ժիլպէր Փիքոյի հետ՝ սկիզբ դրած է JBEIL CASTLE միջազգային փառատօնին, որուն համար յաճախ հրաւիրած է մեծ երգիչներ, ինչպէս՝ Շառլ Ազնաւուր, Խուլիօ Իկլէսիաս, Տալիտա, Ժիլպէր Փիքօ, Տէմիս Ռուսօս, Շիռլի Պասսի, Սամանթա Ֆօքս, Միռէյ Մաթիօ եւ այլն։ Հրաւիրած է նաեւ նշանաւոր ներկայացումներ եւ միջազգային ճանաչում ունեցող խումբեր։ Լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմին տարիներուն, երբ մշակութային կեանքը կանք առած էր երկրին մէջ, Սիրանոսեան իր արուեստի ձեռնարկները ներկայացուցած է տարբեր երկիրներու մէջ, ինչպէս Սուրիոյ, Յորդանանի, Իրաքի, Իրանի, Քուէյթի, Արաբական Էմիրութիւններու եւ Եգիպտոսի

Տարբեր երկիրներու մէջ Սիրանոսեան ներկայացուցած է նշանաւոր Լիբանանցի երգիչներ, որոնց ցանկին մէջ էին երգարուեստի Լիբանանցի տիտաններ ինչպէս՝ Ֆէյրուզը, Սապահը, Մաժիտա Էլ Ռումին, Ուատիի էլ Սաֆին, Սամիրա Թուֆիքը եւ ուրիշներ։ 1987-ին Սիրանոսեան Լիբանանի մէջ ստեղծած է LA MAISON DE L’ARTISTE LIBANAIS (Արուեստագէտներու տունը) գործակալութիւնը, որուն բացումը կատարուած է Լիբանանի այդ ժամանակի նախագահ, Պրն. Ամին Ժըմայէլի հովանաւորութեամբ։

Սիրանոսեան իր երկրային կեանքին ընթացքին յանձն առած է ծառայել Լիբանանի արուեստին եւ մշակութային կեանքին ինչպէս նաեւ լիբանանցի արուեստագէտներուն՝ մինչեւ իր կեանքին աւարտը, յոյս ունենալով, որ իր գործը շարունակողներ պիտի ըլլան դեռ շատ երկար ժամանակ։

***

ՀՀ Սփիւռքի Վսեմափայլ Նախարարը՝ Տիկին Հրանուշ Հակոբյանը, որուն անզուգական անձին եւ իր գլխաւորած նախարարութեան բացակայութիւնը Հայաշխարհին մէջ այս տխուր օրերուն ամէն օր աւելի եւս կը շեշտուի, յարմար տեսած էր սոյն թուականէն  շուրջ տասնամեակ մը առաջ՝  12 Դեկտեմբեր 2016-ին ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան՝ «Ուիլիըմ Սարոյեան» մետալով պարգեւատրել Թորոս Սիրանոսեանը:

***

Այս առիթով քաղցր յուշ մը նշեալ պարգեւատրումին հետ կապակցուած, իմ կողմէ թեթեւցնել փորձելու համար սոյն տխուր լուրին ծանրութիւնը.

Թորոս Սիրանոսեանին անձն ու գործը ծանօթացնելու համար ՀՀ Սփիւռքի վսեմափայլ նախարարին, ԶԱՐԹՕՆՔ-ի անունով  22 Նոյեմբեը 2016 թուակիր՝ համեստ նամակ մը, յղած էի: Նամակին մէջ, Հայաստանի տեղւոյն մշակութային եւ բառակապակցութիւններուն հետ այն ատեն, ոչ այնքան ծանօթ ըլլալուս պատճառով, անգիտակցաբար նշած էի, թէ Թորոս Սիրանոսեան,  Պէյրութի մէջ սեփականատէրը եղած է «Գիշերային ակումբ»-ի մը: Մինչ սոյն եզրոյթը Լիբանանի մէջ ընդունուած եւ հասկնալի անուանում է Սիրանոսեանի  «EPI Club»-ին համար, ուր տեղի կ՛ունենային երաժշտական  աշխարհահռչակ ելոյթներ, Հայաստանի մէջ այդ անուանումը, նուազագոյնը ըսած ըլլալու համար, այնքան ալ անմեղ հնչող եզրոյթ չէ…:

Աւելի ուշ, Սփիւռքի նախարարութեան ինծի ծանօթ աշխատակիցներէն բարեկամաբար իմացայ, թէ իրենք զգուշացուցած էին տիկին նախարարը, որ ինչպէ՞ս կարելի է Նախարարութեան անունով պարգեւատրել «Գիշերային ակումբ»-ի մը տէրը…:

Տիկին Հակոբեանը, իրեն յատուկ բանիմացութեամբ ինչպէս նաեւ մեր թերթին հանդէպ ունեցած մեծ վստահութեան վրայ հիմնուելով, այսուամենայնիւ ստորագրած էր մետալը շնորհելու համապատասխան հրամանագիրը, եւ ընդամէնը մի քանի շաբաթ ետք Լիբանանի մօտ ՀՀ Դեսպանութեան շէնքի սրահին մէջ միջոցառումի մը ընթացքին, իր ձեռամբ մետալը զետեղած էր, արդէն յառաջացած տարիքի մէջ գտնուող եւ այս առիթով  մեծապէս յուզուած Թորոս Սիրանոսեանի կուրծքին:

Լիբանանի և արաբական աշխարհի մէջ բազմաթիւ անգամներ մրցանակներ և մետալներ ստացած մարդուն, մահազդին, այսօր կ՛ընկերակցի ՀՀ Սփիւռքի նախարարէն ստացած մետալով իր նկարը, զորս ստանալէն մինչեւ իր կեանքին վերջը իր հպարտութեան եւ զինք իր ազգութեան կապող կարեւոր խորհրդանիշը հանդիսացած էր: Ահաւասիկ այս էր նաեւ  Սփիւռքի նախարարութեան և տիկին Հակոբյանի անձնական ներդրումը սփիւռքահայութեան մէջ, որ կար, ու այսօր ափսոս չկայ, մինչ Սփիւռքը կը հիւծուի իսկ Մերձաւոր Արեւելքի հայութիւնը դարձեալ Հայրենիքէն հեռու մղձաւանջ կ՛ապրի այս անգամ Իրանի մէջ: Եւ մինչ սուրիական արհաւիրքէն գոնէ ափ մը Հայ, Սփիւռքի նախարարութեան անզուգական ջանքերով հայրենադարձուելով մնաց Հայաստանի մէջ ֆիզիքապէս եւ հայկականօրէն փրկուելով, այսօր Իրանի հայութեան մասին, գոնէ իմ տեղեկութեամբ, խօսք մը իսկ ըսող, կամ մատը մատին զարնող չկայ Սփիւռքի նախարարութիւնը իբրեւ թէ փոխարինած գրասենեակին ու անոր պատասխանատուին կողմէ:

***

Վերադառնալով Թորոս Սիրանոսեանի մահուան բոթին՝ ԶԱՐԹՕՆՔ-ի անունով մեր սրտագին ցաւակցութիւնները կը յայտնենք այս ազնիւ հայու տեսակի զաւակին՝ Լէոնարտոյին եւ իր ընտանեկան պարագաներուն ու բոլոր զինք սիրողներուն:

Յիշատակը մնայ անթառամ այս մեծ, սակայն համեստ մարդուն, որ կեանք մը ամբողջ նուիրած էր իր ապրած տարածաշրջանին մէջ արուեստ տարածելու գործին ՝ խթան հանդիսանալով մեծանուն արուեստագէտներու յաջողութեան:

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Մինչ ՀՀ Իշխանութիւնը Կրկին Լուռ Է Ատրպէյճան Հակահայ Քարոզչական Արշաւ Կ’իրականացնէ

0

ԱԿՆԱՐԿ

ՍՈՆԱ ԱՂԵԿԵԱՆ

Մինչ Հայաստանի մէջ ՔՊ-ական իշխանութիւնը լռութեան, այսինքն՝ «ջայլամի» քաղաքականութիւն կը վարէ, Ատրպէյճան լայնածաւալ, համակարգուած քարոզչական արշաւ կ’իրականացնէ աշխարհի մայրաքաղաքներուն մէջ, ու էս ֆոնին վրայ նորէն մեզի պիտի ըսէ՞ք, թէ «կիրթ ու կառուցողական» ազերիներու հետ խաղաղութիւն պիտի ունենաք🤯։

Օրերս, Ուաշինկթընի մէջ՝ ԱՄՆ-ի քաղաքական սրտին մէջ, տեղի ունեցաւ «Խաւարէն դէպի Լոյս» խորագրով ցուցահանդէս մը եւ ռեքվիեմ-համերգ՝ նուիրուած Խոճալուի դէպքերուն 34-րդ տարելիցին։ Միջոցառումը կազմակերպուած էր ԱՄՆ-ի մէջ Ատրպէյճանի դեսպանատան կողմէ, որուն մասնակցեցան զանազան երկիրներու դեսպաններ, դիւանագիտական կորպուսի ներկայացուցիչներ եւ ատրպէյճանական սփիւռքի անդամներ։ Ներկայացուեցաւ ատրպէյճանցի նկարիչ Նազիմ Մամէտովի հաւաքածոն, իսկ համերգային ծրագրին մէջ հնչեցին ինչպէս ատրպէյճանցի հեղինակներու, նոյնպէս եւ համաշխարհային դասականներու գործերը։

Բայց ամէնէն յարձակողական քայլը տեղեկատուականն էր, որուն շրջանակներուն մէջ, Ուաշինկթընի կեդրոնական փողոցներուն մէջ շրջեցան LED-էկրաններով զինուած մեքենաներ՝ ցուցադրելով քաղաքական կարգախօսներ եւ անցնելով ԱՄՆ-ի ամէնակարեւոր պետական շէնքերուն դիմացէն՝ United States Capitol, White House, United States Department of State, Pentagon։

Ասիկա պարզապէս յիշատակի միջոցառում մը չէր, այլ՝ յստակ ու նպատակային քաղաքական ազդակ մը՝ ուղղուած միջազգային որոշումներու կեդրոններուն…

Նմանօրինակ սցենար մը կիրարկուեցաւ նաեւ Եւրոպայի մէջ. Հաագայի գլխաւոր հրապարակին մէջ նախ իրականացուեցաւ քաղաքական ցոյց մը, ապա քաղաքին հիմնական մշակութային, կրօնական կեդրոնին մէջ՝ Grote Kerk-ի մէջ, կազմակերպուեցաւ երաժշտական ծրագիր մը՝ նոյն ուղերձներուն շարունակութեամբ։

Ֆրանսայի դեսպանատունը ցաւակցական ուղերձով մը հանդէս եկաւ…

Ասիկա տեղի կ’ունենայ հէնց այն օրերուն, երբ հայ ժողովուրդը կը յիշէ Սումկայիթի ջարդերուն անմեղ զոհերը։ 1988 թուականի Փետրուարին հայերը ենթարկուեցան կազմակերպուած սպանութիւններու եւ բռնութիւններու։ Ասիկա էթնիք ոճիր մըն էր։ Բայց այսօր՝ միջազգային դաշտին մէջ, այդ մասին պետական մակարդակով նախաձեռնողական որեւէ աշխատանք չի կատարուիր, ու մինչ Ատրպէյճան կ’աշխատի հրապարակներով, դեսպանատուներով, մշակութային ծրագիրներով եւ տեղեկատուական արհեստագիտութիւններով, Հայաստանի Հանրապետութիւնը ներկայացնող օրուան իշխանութիւնը կրկին լուռ է եւ շոուներ կը բեմադրէ։ Որեւէ լայնածաւալ տեղեկատուական արշաւ չնախաձեռնեցին, իրաւական կամ քաղաքական ճնշում միջազգային կառոյցներուն մէջ եւս չարձանագրուեցաւ…

Ասիկա արդէն պարզապէս անգործութիւն մը չէ, այլ՝ տեղեկատուական եւ քաղաքական դաշտի կամաւոր զիջում մը, եւ ի վերջոյ «խաղաղասիրութիւն» ալ չէ, այլ՝ քաղաքական պարտութիւն…

Յ. Գ. Գոնէ մէկ պետական այր յարգե՞ց Սումկայիթեան մեր տանջամահ եղած զոհերուն յիշատակը։

Անձնակա՞ն թէ Քաղաքական Ամուսնալուծում

0

ԱԿՆԱՐԿ

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Մինչ Հայաշխարհի մամուլը վերջերս լծուած է  քննարկելու Աննա Յակոբեանի յայտարարութիւնը ինչ կը վերաբերի Նիկոլ Փաշինեանէն իր բաժանումին, մտածեցի, նախընթացներու քաղուածք մը ընել «քաղաքական ամուսնալուծումներու» երեւոյթին մասին:

Թէեւ ամուսնալուծումները մեծ մասամբ կը սեպուին անձնական հարցեր կամ պարտաւորութիւններ, սակայն որոշ պարագաներ, մանաւանդ այն ինչ կը վերաբերի քաղաքական անձնաւորութիւններում,  քննադատներու կամ դիտորդներու կողմէ լայնօրէն բնութագրուած են իբրեւ ռազմավարական PR քայլեր կամ «կեղծ» թէ «քաղաքական» ամուսնալուծումներ, որոնք ուղղուած են օրինական սահմանափակումները շրջանցելու կամ ընտրութիւններէն առաջ կամ վերջ հանրային ընկալումը ձեւափոխելու նպատակով։

Փաստուած դէպքերու հիման վրայ, պետութեան ղեկավարի կողմէ օրինական եւ PR նկատառումներով ամուսնալուծութիւն կազմակերպելու ամէնէն նշանաւոր օրինակը կը պատկանի Կուաթեմալային, իսկ ուրիշներ բաժնուած են ընտրական շրջաններէն առաջ կամ ընթացքին իրենց հանրային պատկերը կարգաւորելու համար։

Ահա այս մասին յատուկ պարագաներ.

Ալվարօ Քոլոմ եւ Սանտրա Թորրես (Կուաթեմալա, 2011)։ Մարտ 2011-ին, նախագահ Ալվարօ Քոլոմը եւ իր տիկինը՝ առաջին տիկին Սանտրա Թորրեսը, ամուսնալուծութեան դիմում ներկայացուցին։ Այս քայլը լայնօրէն դիտուեցաւ իբրեւ «սինիկ քաղաքական խաղ»՝ շրջանցելու Կուաթեմալայի Սահմանադրութիւնը, որ կ’արգիլէ գործող նախագահի մերձաւոր ազգականներուն թեկնածու ըլլալ այդ պաշտօնին համար։ Թորրես կը մտադրէր նախագահի թեկնածու ըլլալ, սակայն ամուսնալուծութիւնը վերջնականապէս չյաջողեցաւ ապահովել իր թեկնածութիւնը, քանի որ դատարանները դեռ կը համարէին, որ ան անիրաւասու է։

Նիկոլ Փաշինեան եւ Աննա Յակոբեան (Հայաստան, 2026)։ Փետրուար 2026-ին յայտարարուեցաւ, որ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը եւ իր տիկինը՝ Աննա Յակոբեանը, բաժնուած են 30 տարի ետք։ Քաղաքական վերլուծաբաններն ու ընդդիմադիր գործիչները պնդեցին, թէ ասիկա «բաժանման» գործողութիւն մըն էր, որ նախատեսուած էր ազատելու Փաշինեանը Յակոբեանի բարձր բացասական հանրային վարկանիշի բեռէն՝ ընտրութիւններէն առաջ, նպատակ ունենալով բարձրացնել իր հանդէպ կարեկցանքը։

Նիքոլա Սարքուզի (Ֆրանսա, 2007)։ Թէեւ տեքնիքապէս ընտրութիւններէն առաջ չէր, նախագահ Նիքոլա Սարքուզին բաժնուեցաւ իր տիկնոջմէ՝ Սեսիլիայէն, Հոկտեմբեր 2007-ին, պաշտօնը ստանձնելէ ընդամէնը հինգ ամիս ետք։ Ան զգուշօրէն կառավարած էր իր հանրային պատկերը քարոզարշաւի ընթացքին, եւ շուտով ամուսնացաւ Քարլա Պրունիի հետ 2008-ի սկիզբը, որ դիտուեցաւ իբրեւ իր հանրային անձին մեծ վերանուանում մը՝ պաշտօնավարման ընթացքին։

Անտրէաս Փափանդրէու (Յունաստան, 1989)։ Վերընտրուելու փորձերէն առաջ, վարչապետ Անտրէաս Փափանդրէուն բաժնուեցաւ իր 38 տարուան կնոջմէ՝ Մարգարեթէն, որպէսզի ամուսնանար իր սիրուհիին՝ Տիմիթրա Լիանիի հետ, որ իրմէ աւելի քան 30 տարի փոքր էր։

Ալպերթօ Ֆուճիմորի (Փերու, 1990)` Իր նախագահութեան շրջանին, Ֆուճիմորի ունեցաւ շատ մը հրապարակային եւ «խառն» խնդիրներով շաղախուած ամուսնալուծում մը Սուսանա Հիկուչիէն ետք, երբ ան մեղադրեց իր ընտանիքը կաշառակերութեան համար։ Ան զրկեց զայն Առաջին Տիկնոջ տիտղոսէն եւ աւելի ուշ արգիլեց անոր իր դէմ թեկնածու ըլլալէ, արդիւնաւէտօրէն գործածելով ամուսնական բաժանումը քաղաքական մրցակից մը չէզոքացնելու համար յաջորդ ընտրութենէն առաջ:

Նշում ԱՄՆ Նախագահներու մասին.

Թէեւ Ռոնալտ Ռէյկընը եւ Տոնալտ Թրամփը բաժնուած էին պաշտօնը ստանձնելէ առաջ, անոնց ամուսնալուծումները չէին ներկայացուած իբրեւ ռազմավարական քայլեր, յատուկ մօտալուտ ընտրական քարոզարշաւի համար, այլ եղած են երկարատեւ բաժանումներ։

By Presidential Decree, the Status of Mesrobian Technical College Was Elevated. From Now on, it Will Be Called «Higher Technical College».

0

Mesrobian Technical College proudly announces the realization of a milestone in its history: By decree No. 2569 of the President of Lebanon, the Technical College is officially elevated to the status of a “Higher Technical College” and will henceforth be called “Mesrobian Higher Technical College”.

The decree No. 2569 was officially issued from the Presidential Palace in Baabda on February 19, 2026. This important legal attribute was ratified by the signatures of the President of the Republic of Lebanon, Joseph Aoun, the President of the Council of Ministers, Prime Minister Nawaf Salam, and the Minister of Education and Higher Education, Rima Karami.

This advancement is the most significant achievement in the history of the college since its founding in 1982. It marks a new era of academic excellence and greatly expanded opportunities. With this elevated status, the college is ready to open new horizons for the Lebanese-Armenian youth in the fields of technical and university education.

The status of a Higher Technical College enhances our institution’s ability to provide comprehensive pathways to higher education, comprising the BP, BT, TS and LT levels. This development strengthens the guarantee that pupils and students have a clear and consistent path to higher education in a variety of technical fields, equipping them with the necessary professional skills to succeed in today’s occupational environment.

This accomplishment strengthens Mesrobian Technical College in its commitment and mission to promote educational advancement and professional success within the Lebanese-Armenian community, building on decades of dedication and experience in artistic excellence.

Having been a pillar of technical education in the Bourj Hammoud region for years, Mesrobian Higher Technical College, with its new classification, will continue to remain a leader in its mission of offering high-quality and higher technical education.

Jinishian Memorial Association- Lebanon Honors Its Founder, Vartan Jinishian

0

As the opening event of its 60th anniversary commemorations, JMA dedicated a special day to honoring its founder, Vartan Jinishian. Held under the theme “Remembering Vartan,” the event brought together clergy and directors, representatives of educational, cultural, and social institutions, the Executive Director of the Jinishian Program, the Country Directors of Armenia and Lebanon, JMA staff, Advisory Committee members, and a large audience.

The program, led by students from the Hamazkayin Cultural Center and Mesrobian College, together with Anayis Geudekian and Arine Markarian, offered a meaningful tribute celebrating Vartan Jinishian’s life, vision, and enduring legacy.

The keynote address was delivered by Rev. Raffi Meserlian, followed by remarks from the Executive Director, Eliza Minassyan, and the Lebanon Country Director, Christine Tanielian. The commemoration concluded with a closing prayer offered by the Chairman of the Union of the Armenian Evangelical Churches in the Middle East, Very Rev. Hrayr Cholakian.

Նախագահական Հրամանագիրով, Մեսրոպեան Արուեստից Վարժարանին Կարգավիճակը Բարձրացաւ․ Այսուհետեւ, Ան Կը Կոչուի «Բարձրագոյն Արուեստից Վարժարան»

0

Մեսրոպեան Արուեստից վարժարանը հպարտութեամբ կը յայտարարէ իրականացումը իր պատմութեան մէջ շրջադարձային նուաճումի մը․Լիբանանի նախագահի թիւ 2569 հրամանագիրով, Արուեստիցը պաշտօնապէս կը վերադասակարգուի որպէս «Արուեստից բարձրագոյն վարժարան» եւ այսուհետեւ կը կոչուի «Մեսրոպեան բարձրագոյն արուեստից վարժարան»։

Թիւ 2569 հրամանագիրը պաշտօնապէս հրապարակուեցաւ Պաապտայի նախագահական պալատէն, 19 Փետրուար 2026-ին: Իրաւական այս կարեւոր հանգամանքը վաւերացուած է Լիբանանի հանրապետութեան նախագահ՝ Ժոզեֆ Աունի, Նախարարաց խորհուրդի նախագահ, վարչապետ Նաուաֆ Սալամի եւ Կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար՝ Ռիմա Քարամիի ստորագրութեամբ։

Այս յառաջընթացը վարժարանի պատմութեան մէջ ամենանշանակալի նուաճումն է իր հիմնադրութենէն ի վեր՝ 1982-ին։ Անիկա կը նշէ ակադեմական գերազանցութեան եւ մեծապէս ընդլայնուած կարելիութիւններու նոր շրջան մը։ Այս բարձր կարգավիճակով, վարժարանը պատրաստ է նոր հորիզոններ բանալու լիբանանահայ երիտասարդութեան համար՝ արուեստից եւ համալսարանական կրթութեան մարզերուն մէջ։

Բարձրագոյն արուեստից վարժարանի կարգավիճակը կը հարստացնէ մեր հաստատութեան կարողութիւնները՝ ապահովելու արուեստից կրթութեան համապարփակ ուղիներ, որոնք կ’ընդգրկեն BP, BT, TS եւ LT մակարդակները: Այս զարգացումը կ՛ամրապնդէ երաշխիքը, որ աշակերտները եւ ուսանողները ունենան յստակ ու հաստատուն ճանապարհ դէպի բարձրագոյն ուսում՝ զանազան արհեստագիտական մարզերու մէջ, ինչ որ կը զինէ զանոնք անհրաժեշտ մասնագիտական հմտութիւններով՝ յաջողելու համար գործերու արդի պայմաններուն մէջ։

Այս իրագործումը կ՛ամրապնդէ Մեսրոպեան բարձրագոյն արուեստից վարժարանը իր յանձնառութեանց եւ առաքելութեան մէջ՝ խթանելու ուսումնական վերելքն ու մասնագիտական յաջողութիւնները լիբանանահայ համայնքէն ներս, հիմնուելով արուեստից գերազանցութեան նկատմամբ տասնամեակներու նուիրումին եւ փորձառութեան վրայ:

Տարիներէ ի վեր հանդիսանալով Պուրճ Համուտի շրջանին մէջ արուեստից կրթութեան հիմնասիւնը, Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանը իր նոր դասակարգումով պիտի շարունակէ մնալ առաջատար մը՝ արուեստից որակաւոր եւ բարձրագոյն կրթութիւն մատուցելու գործին մէջ:

Տեղեկատուական գրասենեակ
Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Արուեստից Վարժարանի

Ճափոնական Արիսթոքրաթ եւ Նազելի Արուեստ. Քոթօ Նուագարան

0

ՄԱՐԻԱՆՆԱ ԳԷՈՐԳԵԱՆ

Քոթոն Ճափոնի աւանդական ամէնէն նախընտրելի երաժշտական գործիքն է, անիկա աւելին է քան պարզապէս նուագարան մը: Ճափոնցիները քոթոն կը նկատեն որպէս մշակութային խորհրդանիշ մը: Այս նուագարանին ծագումնաբանութիւնը կու գայ հին Չինաստանէն, ուր երաժշտութիւնը ոչ միայն խորապէս կապուած եղած է կրօնքին, այլ նաեւ շատ կարեւոր դեր խաղացած է աշխարհայեացքային առումով: Այս նուագարանը կը նոյնանայ քնարին հետ, որ դարերով հմայած է մարդկութիւնը:

Ինչպէս յայտնի է Կոնֆուցիական պատկերացումով կը տարբերակեն ճշմարտացի եւ ոչ ճշմարտացի երաժշտութիւն: Ճշմարտացի երաժշտութիւնը պէտք է իր մէջ կրէ ներդաշնակութիւն ու խօսի պետութեան ամրութեան ու ծաղկեցմանը ի շահ: Նոյն ատեն ոչ ճշմարտացի երաժշտութիւնը կը նկատուէր նախայեղափոխական եւ օրէնքները վերացնող զէնք մը: Ըստ Կոնֆուցիուսի՝ եթէ մարդու մէջ բացակայ է մարդասիրութիւնը, մարդկային որակները, ապա ինչ երաժշտութեան մասին կրնանք խօսիլ: Ոչ բոլոր նուագարանները կրնան արտացոլել ճափոնական նրբագեղ ու շլացուցիչ արուեստը, յուրահատկութիւնն ու բարձրարժէք մշակոյթը:

Քոթոն ազնուական նուագարան մըն է, զայն կը նկատեն նազելի ու նրբագեղ, որ կապ ունի կառուցուածքին հետ:

Ճափոնական լեզուին մէջ երկու հերոկղիֆներ կը կարդացուին որպէս քոթօ եւ ունին փոխհարաբերութիւն տարբեր չինական կսմիթային նուագարաններու հետ, որոնց կարգին եօթ լարանի ցիթրա ցին եւ ցիթրա չժեն, որուն լարերուն թիւը կը տատանի 21-24: Արդի քոթոն 13 մետաքսէ լարերով եւ տեղաշարժուող կամրջակ-հենակներով նուագարան մըն է, այժմ մետաքսէ լարերուն փոխարէն կը գործածեն նէյլոնի լարերը, որոնք կը ձգուին շարժական կամրջակներուն վրայէն, որոնցմով կը կատարուի ճշգրիտ լարումը։ Գործիքին իրանին երկարութիւնը 1.90 սմ է, լայնքը 50 սմ: Կը պատրաստուի Ադամածառի լաւ մշակուած փայտէն, լատիներէն անունն է <>: Փաուլովնիան երկրորդ անունն է, որ Փաւէլ Առաջինին դստեր Աննա Փաւլովնայի պատիւին կնքուած է գերմանացի բնագէտներ Ֆիլիփ Զիպոլտի եւ Եօզեֆ Ցուքարինիի կողմէ:

Քոթոն կը նուագեն աջ ձեռքին երեք մատներով՝ բութ մատ, մատնացոյց եւ միջնամատ, փղոսկրէ միջնորդներու օգնութեամբ, որոնք կը կոչուին <>: Հնում կը նուագէին գետնին նստած ծունկերուն յենած գործիքին յարմարելով: Ժամանակի ընթացքին զարգացում ապրելով՝ գործիքը կը դրուի յենակի վրայ, կը նուագեն նստած կամ կանգնած:

Քոթոյի նախատիպերն են՝ չինական կիւճըն, չժեն եւ սէ, քորէական աժանկ, քայակիմ եւ քյոմնուկոյ:

ԺԶ. դարէն ձախ ձեռքին կիրառումը աւանդական նուագելաոճին մէջ փոփոխութիւն է, որուն հիմքին՝ նուագողը դպչելով իւրաքանչիւր լարին կրնայ փոխել ձայնային թոնը եւ հնչիւնին տալ ելեւէջային տատանում, իւրաքանչիւր նոթային հաղորդելով զգացական խորութիւն:

Ըստ երաժշտութեան ժանրէն կը գործածուին տարբեր փենթաթոնիք լարուածքներ: Քոթոն ունի վիշապի գլուխ, վիշապի լեզու, վիշապի աչքեր, վիշապի եղջիւր: Գործիքին մասերուն անունները չինական աւանդութեան մէջ փոխկապակցուած են որպէս կենդանի արարածի եւ արտայայտելով կ’արտացոլեն հանգստացող վիշապի կերպարը:

Աւանդական արուեստը՝ այդ թիւին նաեւ երաժշտութիւնը, մուտք գործած է Ճափոն Չինաստանէն պուտտայականութեան հետ, Նարա դարաշրջանին (710-794):

Պատմական իրադարձութիւնները հնագոյն ժամանակահատուածին վերաբերեալ սակաւաթիւ են: Պատմիչներուն եւ գրականագէտներուն մատենագրութիւններուն մէջ կը մատնանշուի, որ եղած են դարեր առաջ գրուած մենակատարային ստեղծագործութիւններ:

Քոթօ նուագարանը յայտնուած է Ճափոնիոյ արքունիքին մէջ Է. դարուն, Կակուսօ անուանումով եւ դարձած է ամէնակարեւոր, գլխաւոր երաժշտական գործիքը: Այդ ժամանակաշրջանին Սյոսոյին գանձարանին մէջ կը պահուէր 5 լարանի քոթօ:

Հէիայի դարաշրջանը (794-1185) թուականները կը նկատուի ճափոնական մշակոյթին ծաղկման փուլը, կը նշմարուի իւրայատուկ ոճ պուտտայական գեղանկարչութեան, քանդակագործութեան, որ յատուկ է միայն ճափոնական պուտտայական տաճարներուն: Նոյն ժամանակաշրջանին ի յայտ կու գայ քոթոյ նուագելու մենակատարային արուեստի աւանդութիւնը: Առաջին պատկերները կրնանք գտնել պուտտայական տաճարներուն մէջ, ինչպէս նաեւ աշխարհիկ գեղանկարչութեան մէջ: Առաջնահերթ՝ ասիկա կապ ունի գործիքին երկկողմանի դերին հետ: Պուտտայական մշակոյթին մէջ անիկա հանդէս կու գայ իբրեւ սրբապատկեր. տաճարներուն պատերուն պատկերուած քոթոն՝ պուտտայական էակներուն ձեռքին: Աշխարհիկ արիստոկրատներուն շրջանին քոթոյ նուագելու մշակոյթը կը կապուի վեհութեան եւ մարդկային հոգեւոր որակներուն բարձրագոյն արժէքին հետ: Հէնց այս դարաշրջանին է անիկա հանդիսացած որպէս արիստոկրատական կրթութիւն: Այս ամէնը վառ արտայայտուած է տուեալ ժամանակաշրջանին գեղարուեստական գրականութեան մէջ: Պուտտայական դրախտ նկարը, որ նկարագրուած է հնագոյն գրականութեան բաւական շատ ստեղծագործութիւններուն մէջ, որոնցմէ կրնանք առանձնացնել Ուցուխօ-Մոնոկատորի գործը, ուր ներկայացուած է քոթոյ նուագելը իբրեւ իւրայատուկ արարողութիւն: Երաժշտութեան կախարդանքը համեմատութեան մէջ է եղած սուրբ խօսքերուն ընթերցանութեամբ, մոգութեան, անէծքներուն վերացման, ամպրոպ ու կայծակ առաջացնելու եւ հակառակ պատկերը եւս արտայայտուած է՝ հանգստացնել գագազած բնութիւնը եւ հզօր ազդեցութիւն թողուլ ունկնդիրին: Այս ժամանակաշրջանին երաժշտութիւնը կը մատուցուի իբրեւ լրջագոյն հոգեբանական գործիք: Ցաւօք սրտի այդ ժամանակահատուածին երաժշտական ստեղծագործութիւնները չեն նօթագրուած: Քոթոյ նուագելու օրինակ՝ յստակ կրնանք տեսնել շատ յայտնի ստեղծագործութեան մէջ՝ Ժ. դարու Մուրասաքիի «Արքայազն Գեձզի» վիպակին մէջ: Վէպին մէջ բաւական յիշատակումներ կան, ուր կը նշուի թէ առանց քոթոյի նուագարանին ոչ մէկ արքունական նկարագրութիւն կայ։ Վէպին հերոսները քոթոյի ձայնը համեմատած են քամիին հետ։ Երաժշտութեան աւելի խոր նրբերանգները կապուած են բնութեան հետ։ Այն ձայնը, որ կը հնչէ գործիքէն, կ’առանձնանայ իր մաքրութեամբ, զուլալութեամբ, ինչպէս ժայռէն բխող ջուրը։ Երաժշտութիւնը պատկերաւոր կը դառնայ արտացոլելով Զեն պարտէզի հանգստութիւնը, ծաղկած բալենիի անցողիկ գեղեցկութիւնը, աշնանային իրիկուններու մելամաղձութիւնը։

Մուրոմաչիի դարաշրջանին (1336-1573) անիկա յայտնութիւն գտած է Սամուրայներուն շրջանին մէջ եւ կապուած է թէյախմութեան արարողութիւններուն հետ՝ ստեղծելով իւրայատուկ մշակոյթ մը։

Պատերազմական ժամանակաշրջանը, թոհուբոհը չէին կրնար աննկատ անցնիլ մշակոյթին քովէն։ Էտոյի (1603-1868) դարաշրջանին տարածումը ընդլայնուեցաւ դուրս գալով արիստոկրատներուն շրջանէն՝ հանդիսանալով կամուրջ մը աւանդականին ու արդի արուեստին միջեւ։

1614 թուականէն սկսեալ քոթոյի նուագարանով մեծամասնութեամբ կը զբաղէին կիները։

Որպէս մասնագէտ եւ վիրտուոզ երաժիշտ յայտնի է Եացուխասի Քենկյոն։ Ան եղած է նոր արուեստներու կիրարկողը բաւական յայտնի իր մշակումներով, բարեփոխումներով։ Քենկյո Եացուխասին կոյր էր։ Այստեղէն եկած է կոյր երաժիշտներու կրթութիւնը քոթոյի նուագարանին վրայ։ Այս գործին մէջ, որոնք ի ցոյց կը բերէին յատուկ տաղանդ, հասնելով բարձրագոյն վարպետութեան աստիճանի՝ շնորհ կը ստանային <> տիտղոսը, ի պատիւ այս ոճի հիմնադիրին։ Եացուխասիի դպրոցը ունէր երկու ճիւղ. առաջինը՝ Իքուտա-Ռյու Քիոթոյի ժամանակաշրջանին հարող, եւ՝ Եամատա-Ռյու Էտոյի ժամանակաշրջանը։ Մինչեւ օրս երկու դպրոցները մրցակցութեան մէջ են։ Առաջինը կը պատկանի ազատ ոճին նուագելու եւ կը ներգրաւէ բաւական օտար ազգի աշակերտներ, երկրորդ դպրոցը բաւական փակ ու խիստ պահպանողական է։ Նուագացանկը ընդգրկած է մենանուագային Տան Մոնո ու քամերային, Սան Քյոքոյի երաժշտութիւնը՝ անսամպլային։

Ալիտար համարուող այս գործիքը մատչելի չէ հասարակ մահկանացուներուն։ Խառունոպիւի արուեստին մէջ առաջին անգամ քոթոն հանդէս եկաւ լիիրաւ գործողութիւններու մասնիկ։Երաժշտութիւնը համեմատելի է թռիչքի հետ նոյն հարթութեան վրայ դրուելով վիշապի կամ հազարան պլպուլի հետ։

19-րդ դարուն հետաքրքրութիւնը աւանդական մշակոյթին մէջ երաժշտական ու նկարչական լճացում ապրեցաւ։ Կը սկսի Արեւմտեան մշակոյթի թափանցումը, զարգացումը եւ անոր վերամշակումը ճափոնական լատային համակարգին մէջ, իբրեւ նորարարութիւն։

20-րդ դարուն կը ձեւաւորուի ճափոնական կոմպոզիտորական նոր դպրոց, համապատասխանելով եւրոպական չափանիշներուն, սակայն չխախտելով աւանդական ֆոլքլորային կոլորիտը։ Բնականաբար, այս ամէնը իր կարեւոր ազդեցութիւնը ունեցաւ, անմասն չթողելով քոթոյի նուագարանային արուեստի զարգացումը։

Միյակի Միչիոն կը հանդիսանայ նոր ճափոնական երաժշտութեան հիմնադիրը, որ իր ոճով զարմանալի կերպով կը միաձուլէր եւրոպական եւ աւանդական երաժշտական աշխարհները։ Երբեք չվախնալով նորարարութիւններէ եւ ըլլալով արեւելեան երաժշտութեան սիրահար՝ գրած է ստեղծագործութիւն քոթոյի ու երգեհոնի համար, քոթոյի ու ջութակի համար։ Ստեղծած է 17 լարանի պաս քոթոն։ Իր հսկայական աւանդին շնորհիւ վերածնունդ ապրեցաւ արուեստը։ Քոթոյի մոտեռն, արդի եւ միջազգային ճանաչման գործին մէջ մեծ եղած է Սաւայի կնոջ դերը։ Նոր գործիքաւորումները պաս քոթոյի համար դարձան նորակազմիկ դարաշրջանի երաժշտութիւն։

20-րդ դարուն լուսանկարչական ասպարէզ կու գան քոթոյի լուսանկարները։ Պէտք է նշել, որ այսօր Ճափոնի մէջ, ինչպէս նախապէս, պահպանողական մարտավարութիւն կայ օտարերկրացիներուն չթոյլատրել նուագել քոթո, բայց շնորհիւ Իքուտա-Ռյուի դպրոցին, ողջ աշխարհի տարածումն ու կիրառումը ունի նուագարանը, ան վաղուց հատած է սրբազան մշակոյթի սահմանները։ Գործիքի դինամիքան թոյլ կու տայ կատարել ոչ միայն աւանդական, այլ նաեւ բարդ արուեստից մինչեւ հոգեթով մեղմ ու շշուկներ։ Մաքուր ու կատարեալ հնչիւններու խաղը հիփնոթիք եներգետիք մթնոլորտ մը կ’ապահովէ՝ ստեղծելով մետիտաթիւ վիճակ։ Ըլլալով իբրեւ ճափոնական ազգային երաժշտական գործիք տարածուած է եղած ճապոնական երաժշտական պատմութեան ամէնավաղ շրջանէն մինչեւ մեր օրերը։ Քոթոյի նուագարանը կը համարուի Ճափոնի ամենարժէքաւոր, երաժշտական դիմագիծային առանձնայատկութեամբ ու կատարողական արուեստի մշակութային ինքնութեան խորհրդանիշը։ Այն բոլոր ճամբորդները, որոնք կը փնտռեն իսկական մշակութային հրաւառութիւն, այս նուագարանը կը բանայ իր դրախտային աշխարհը, կախարդական երաժշտութեան գեղարուեստական հոգիի ներդաշնակութիւնն ու իմաստութիւնը բացահայտելու համար։ Նայելով դէպի ապագայ մենք կը տեսնենք, որ քոթոն միանշանակ կը շարունակէ իր զարգացումը պահպանելով իր հարուստ ժառանգութիւնը, ընդունելով նոր մարտահրաւէրներ ու նորարարական հնարներ։ Անիկա ունի միջազգային ճանաչում, ընդգրկուած է տարբեր երկիրներու անսամպլներուն մէջ եւ կրնանք ուրախութեամբ նշել, որ Հայաստանի մէջ ալ կրնաք ունկնդիրը դառնալ ճափոնական աւանդական արուեստի։

Հայաստանի մէջ, քոթոյի նուագարանը կը կիրարկուի 2024 թուականէն, առաջին նուագողը համեստաբար կը հանդիսանամ, սոյն տողերը գրող  Մարիաննա Գէորգեանս (քանոնահար)։

Քոթօ նուագարանը ձեռք բերուեցաւ Երեւանի Պետական Թատրոնէն։ Այս երեւութական մտքին հեղինակն է ՀՀ վաստակաւոր գործիչ Գրիգոր Խաչատրեանը, որ արուեստի մէջ իր իւրայատուկ ստորագրութեամբ ու մարդկային վեհ կերպարով բազմաթիւ բացառիկ գաղափարներ կեանքի կոչեց։ Ինքնատիպ բեմադրիչի մտածողութեան արդիւնք է ճափոնական խոր արուեստի ներառումը Շէյքսփիրի Համլեթին մէջ՝ Գրիգոր Խաչատրեանի կողմէ։ Բեմադրիչը Գոնզակոյի սպանութիւնը փոխարինած է ճափոնցի յայտնի գրող Եուքիո Միշիմայի «Հայրենասիրութիւն» վէպով։ Հոս հանդիսատեսը կրնայ մանրամասնօրէն ընկղմիլ ու մասնիկ դառնալ ճափոնական թատերական եւ երաժշտական արուեստին։ Ճափոնական աւանդական երաժշտարուեստի ամենասիրուած եւ յայտնի գործերն են, որոնք կը հնչեն Քոթոյով՝ ռոքուտան, սակուրա եւ այլն։ Ռոքուտան կը համարուի Քոթոյի համար դասական երաժշտութեան գլուխգործոց մը։ Քոթոյի նուրբ լարերէն արձակուած հիփնոսացնող երաժշտութիւնը խառնուելով դերասանական արհեստավարժ խաղին, հանդիսատեսին կը փոխադրէ Ճափոնի հնագոյն դարաշրջան՝ դաստիարակելով իմաստութիւն, ազնուութիւն, բարոյականութիւն, մարդասիրութիւն, հաւատ, վստահութիւն, արարողակարգ, արիստոկրատութիւն, նրբագեղութիւն, խաղաղութիւն, ռազմական մարտավարութիւն, արիութիւն, հայրենասիրութիւն։ Ի դէպ Կոնֆուկիոսի այս գիտական միտքը կապ ունի Քոթոյի լարերուն անուններուն հետ։

Բնագիրը՝ արեւելահայերէն

Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ «Զարթօնք»-ը

Լուսանկարները՝ Հոնք Քոնկի պալետի վաստակաւոր լուսանկարիչ՝ Թոնի Լիւք

Ի՞նչ Ձեւով Բացատրել…

0

ՀՀ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Շաբաթ առաւօտ շատ կանուխ ժամերուն, ֆէյսպուքի իր էջին վրայ, նկարին մէջ երեւցող գրառումը կատարած էր:

Սոյն գրառումը հետեւեալ մտորումները յառաջացուցին իմ մօտ, քանի իմ համար խնդիր է, մեր հայրենակիցներուն մէջ մեծ թիւ հաշուող մէկ խաւին, ներառեալ իշխանութեան, կարգ մը երեւոյթներ՝ ի՞նչ ձեւով  բացատրելու երկընտրանքս (dilema):

Ըստ գրառումին, Նիկոլ Փաշինեան ուրախ է, որ Աննան (համակեցութեան կարգով իր կենակիցը՝ վերջերս նաեւ կինը) հազարաւոր քիլոմեթրներ կտրած է,  Խաղաղութեան քայլերթ իրականացուցած Պուտտայական վանականներուն յարգանքի տուրք մատուցելու։

Ի՞նչ ձեւով բացատրեմ, ՀՀ Վարչապետին եւ իր կողակիցին, որ նշեալ «Խաղաղութեան քալերթ»-ին նման վեհ նպատակներով գերազգային (եւ ոչ անպայմանօրէն քաղաքական, ինչպէս կ՛ուզեն կոչել ոմանք) գործեր կատարող բարձրաստիճան Հայ կրօնաւորներ ունինք, որոնք կալանաւորուած են կառավարական ամառանոցէն՝ այսինք Վարչապետին եւ իր կողակիցին բնակարանեն քանի մը քայլ անդին ԱԱԾ-ի կեդրոնի մէկուսարաններուն մէջ: Աւելի լաւ չէ՞ր ըլլար տիկին Աննային համար, փոխանակ հազարաւոր քիլոմեթրներ կտրելու ցանցրոյթը կրելու, այցելէր կալանաւորուած մեր կղերականներուն իրենց հետ խաղաղութիւն կնքելու կամ նոյնը ընելու իր ամուսնոյն՝ Մայր Աթոռի եւ անոր գահակալին դէմ անտեղի ու անհեթեթ՝ ամէն պարագայի ոչ խաղաղարար արշաւը կանգնեցնելու ազնիւ աշխատանքը տանելով, խաղաղութիւն պարգեւելու Եկեղեցի-պետութիւն ճգնաժամին պատճառով տանջուող Հայ ժողովուրդի զաւակներուն հոգիներուն:

Այս՝ ի միջի այլոց: Ինչ կը վերաբերի այս գրառումին մէջ տեղ գտած միւս երեւոյթին, ի՞նչ ձեւով պէտք է բացատրել ՀՀ Վարչապետէն մինչեւ հայաստանցի վերջին լրագրողին կամ շարքային քաղաքացիին, որ ԱՄՆ-ի մէջ ՏեԽաս անունով նահանգ չկայ: Կայ Թեքսաս (Texas) անունով նահանգ (որուն կ՛ակնարկէ Փաշինեանին գրառումը), որ ԱՄՆ-ի երկրորդ ամենամեծ նահանգն է, 695,660.446 քառ. քլմ տարածութեամբ, այսինքն՝  ՀՀ-էն 24 անգամ աւելի մեծ) եւ շուրջ 31 միլիոն հաշուող բնակչութեամբ, որուն անունը սխալ գրելը յարիր չէ հինաւուրց նայիրեան ազգի ժառանգորդները ինքզինք համարող ժողովուրդին ներկայացուցիչներուն…:

Կը մնայ նշել, որ Մեսրոպ Մաշտոցի ստեղծած Խխ, (անունը՝ խե), հայկական այբուբենի 13-րդ տառը լատինատառ (տառադարձութեամբ) կը համապատասխանէ «Kh»  հնչիւնակապակցութեան: Ան կ՛օգտագործուի հայկական անուններն ու բառերը լատինատառ գրելու պահուն (օրինակ՝ Խաչատուր = Khachatur կամ Khachadour): Մինչ ամերիկեան նշեալ նահանգին անունը Texas է եւ ո՛չ՝ Tekhas…:

Հետեւաբար վերոյիշեալ՝ ԱՄՆ-ի պետութեան կամ տուեալ նահանգին 31 միլիոն բնակչութեան մեղքը չէ, եթէ մեզի կը թուի թէ յունարէնի  քսաներկրորդ տառը յամարուող χι (խի) գիրէն յառաջացած լատինական այբուբենի x տառը, պէտք է օգտագործենք Texas գրելու համար x-ի փոխարէն յունարէնի մէջ օգտագործուող խի հնչումին նմանող մեր գիրը՝ Խ-ն զետեղելով տուեալ նահանգին անունին մէջ (եւ ոչ միայն) զայն հայատառ գրելու պարագային:

Վստահ չեմ եթէ սոյն «բարդ» միտքը կրցայ բացատրել այս համեստ սիւնակով: Ճիշտ այս պատճառով է, որ վերոնշեալ վերնագիրը ընտրեցի այսօրուայ գրութեանս համար:

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Արդեօք Վարչապետ Փաշինեանը Սկսած Է Զառանցե՞լ…

0

Անկեղծօրէն՝ Ժամանակն Է Բանալու Փակագիծերը

Կատարուածը այլևս շատ վտանգաւոր է: Արդեօ՞ք Վարչապետ Փաշինեանը սկսած է զառանցել… ուշադրութեամբ դիտենք երբ ան անհաւատալիօրէն պաշտօնապէս կը յայտարարէ թէ Ս. Էջմիածնայ՝ փաստօրէն ամենահաւատարիմ պաշտպան բարերարները Մայր Աթոռը իր գանձերով մէկտեղ կ՛ուզեն Հայաստանէն դուրս բերել…:

Միւս կողմէ, ինքզինք աջ ու ձախ կանոններու և կանոնաւորութեան հերոս և պաշտպան ներկայացնողը, հակառակ Եկեղեցւոյ կանոններուն, աւելի քան քառորդ դար, իր կենակիցին հետ հանգիստ սրտով ապրելէ ետք, եւ իբրեւ արդիւնք՝ չորս զաւակներու ալ հայր դառնալէ ետք՝ յանկարծ այսօր կ՛որոշէ իր կենակցութիւնը վերջապէս «օրինակացնել» և գոնէ ըստ պետական օրինի՝ «զագս-ով», (civil) պսակադրութիւն կնքել: Ակնյայտօրէն այս բոլորը որպէսզի նուազեցնէ իր եւ իր կենակիցին հասցէագրուող տեղին, սակայն արդէն անյարմար խօսակցութիւնները, ինչպէս նաեւ արդարացնէ եկեղեցւոյ մէջ իբրեւ թէ «Բարեկարգչական» իր այլապէս ալ անօրինական և անհեթեթ յաւակնութիւնը…:


Այս պահուն վստահաբար սոյն տողերը ընթերցողը, տեղեակ է, թէ քանի մը օր առաջ վարչապետ Փաշինեանը աւելի քան քսանհինգ տարիներ, հակառակ իր «բարեկարգելու» ձգտած Եկեղեցւոյ կանոններուն, և նոյնպէս ալ երկրին կանոններուն, իր կենակիցին հետ չորս զաւակներու հայր դառնալէ ետք՝ «քիչ մը ուշ», յանկարծ որոշեց, գոնէ ըստ պետական կանոնի՝ civil ամուսնանալ:

Նոյնպէս, ընթերցողը հաւանաբար  ականատես  է, վերջերս խումբ մը թղթակիցներու տուած իր հարցազրոյցին, ուր՝ ըստ երեւոյթին, նորանոր զրպարտութիւններ չգտնելու փաստով ճարահատ, այս անգամ,  իբրեւ թէ հարց-պատասխաններու երկար շարքով մը, առանց վարանելու, իր այսպէս կոչուած «Վարչապետի հանգամանքով», ուզեց պաշտօնապէս թղթակիցները համոզել թէ այն հանրածանօթ սփիւռքահայ մեծանուն անձնաւորութիւնները, որոնք այս օրերուն կոչերով հանդէս կու գան ի պաշտպանութիւն մեր երկհազարամեայ Հայաստանեայց Եկեղեցւոյն, Մայր Աթոռին եւ Ամենայն Հայոց Հայրապետին, ինք իբր լաւ տեղեկացուած է,  թէ անոնց բուն նպատակը եւ ստոր ծրագիրը, «Ս. Էջմիածինը իր գանձերով հանդերձ, դուրս բերել է Հայաստանէն եւ տանիլ անորոշ օտար քաղաք մը՝ Վիեննա, Մոսկուա, եւ ով գիտէ տակաւին ուր»…:

Բնականաբար, երբ վարչապետ Փաշինեան, ըստ երեւոյթին ուրիշ ելք չունենալով, ստիպուի այս մակարդակի իջնել եւ այսքան բացայայտ սուտ մը, հրապարակաւ արտասանել, զայն ծածկել փորձելով դէմքին վրայ դրած կեղծ ժպիտով ու քմծիծաղով, ողջմիտ ու տրամաբանող հայորդիներուն համար այլ բացատրութիւն չի մնար, բացի եզրակացնելէ, թէ կամ այն է, որ տուեալ մարդը մտահոգիչ հոգեկան անհաւասարակշիռ վիճակի մը մէջ կը գտնուի (նկատի ունենալով նաեւ աւելի քան 25 տարիներ ետք յանկարծ առնուած՝ գոնէ պետականօրէն օրինապէս ամուսնանալու իր խիստ «յապաղած» որոշումը) եւ կամ ալ ան այնքան ծանր ճնշումներու տակ կը գտնուի իր Թուրք եւ Ազերի հովանաւորներուն կողմէ, որ չի վարանիր նոյնիսկ այսքան բացայայտօրէն ծիծաղելի սուտ մը յօրինել:

Իր այս սուտով, ան չի վարանիր նաեւ, նոյնիսկ յանձն առնելու այն փոքր թիւով հայերու կողմէ իր նկատմամբ որպէս վարչապետ ունեցած՝ քաղաքավար յարգանքը կորսնցնելու վտանգը:

Ցաւալին սակայն այն է, որ քիչ մը ամէն տեղ կ՛ապրինք ապատեղեկատուական  այնպիսի ահաւոր մթնոլորտի մէջ, ուր բացառուած չէ, թէ տակաւին կը գտնուին հաւատացողներ նոյնիսկ երբ Փաշինեան ըսէ, թէ «յայտնուած է չորքոտանի աւանակ մը որ երկու թեւերով կը թռչի…»:     

Իսկապէս ալ կրկնակի ցաւալի երեւոյթը այն է, որ արդէն իսկ առանց ուշանալու, սկսած են յայտնուիլ,  «դաւադրութեան տեսութեան» ռահվիրաներ, որոնք չեն բացառեր այն վարկածը, թէ. «Փաշինեան հաւանաբար ունի ԱԱԾ-ի գաղտնի արձանագրութիւնները որոնք կը փաստեն Ս. Էջմիածինը «փախցնելու» այս մտադրութիւնները»:

Ափսոս որ սակայն այս կատարուածը պարզապէս «զուարճալի» փոքր պատահար մը չէ երբեք:    Շատ մեծ ցաւ է գիտակից որեւէ հայու մը համար, այսպիսի գերտագնապային օրերուն, տեսնել  Հայաստանի Վարչապետի հանգամանքը ունեցող անձ մը, որ պատրաստ է հրապարակաւ այս աստիճանի խոշոր ցնդաբանութիւն եւ ստախօսութիւն մը կատարելով այսքան նուաստանալ:

Արդարեւ պէտք է ենթադրել, թէ Փաշինեան չ’անդրադառնար, որ այսքան խղճալիօրէն ծիծաղելի սուտ մը պաշտօնապէս կատարող վարչապետի մը ուրիշ ոչ մէկ յայտարարութիւնը կամ «հաւաստիացումը» այլեւս որեւէ իմաստ կամ արժէք կրնայ ներկայացնել, բանիմաց որեւէ հայու մը մօտ:    

Ինչ կը վերաբերի օտարներուն, այն ինչ որ մեզի՝ հայերուս ծիծաղելի և կամ խորքին մէջ՝ մահացու մեղք կը նկատուի, անոնց բոլորովին անտարբեր կը թողու, այնքան ժամանակ որ Փաշինեան իրենց ձեռքին մէջ կամակատար խամաճիկ մըն է, որ հաւատարմութեամբ կը կատարէ իրենց պատուէրները:

Թուրքը եւ Ազերին արդէն յաջողեցան, մեր սուրբ Արարատը եւ մէկ ու կէս միլիոն նահատակներու արդար դատը՝ Ցեղասպանութիւնը, այնքան հեշտութեամբ սրփել տալ Հայաստանի պաշտօնական արձանագրութիւններէն, խօսոյթէն եւ օրակարգէն, հիմա ալ ոգի ի բռին Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ դարաւոր կառոյցը խեղճացնելու ճամբուն վրայ են, շնորհիւ նոյն Փաշինեանին: Իր հերթին, Ամերիկան, գրեթէ յաջողցուցած է որպէս գերտէրութիւն՝ նոր եւ խոր ճեղք մը ստեղծել իր մրցակից Ռուսաստանի հարաւ-արեւմտեան սահմաններուն վրայ:

Եթէ այսպիսի մեծ «իրագործումներ» այսքան դիւրութեամբ ուրիշ որեւէ արարած մըն ալ  «նուիրէ» այդ երկիրներուն, անշուշտ թէ անոնք «խաղաղութիւն» կը խոստանան այդ շրջանին մէջ, որպէսզի չխանգարուի իրենց համար այսքան նպաստաւոր սպասարկուի մը աշխատանքը…:

Մեծ խաղացողներէն, ի վերջոյ որո՞ւն կը հետաքրքրէ  Արարատը, Ցեղասպանութիւնը, կամ Հայաստանեայց Եկեղեցիին կառոյցը և այսպէս կոչուած բարեկարգութիւնը: Օտարին համար մենք՝  հայ կոչեցեալ խեղճերս, քիչ մը ժամանակ կը պոռչտանք:  Հայաստանի մէջ, որ այս ընթացքով շուտով  կրնայ վերածուիլ՝  Արեւմտեան Ատրպէյճանի, հայրենաբնակ հայերու կարեւոր թիւով մէկ խաւը, զբաղած է ուտելով, եւ Հայրենիքին կենացը՝ ամպագոռգոռ բաժակաճառեր արտասանելով: Միւս կողմէ, ինչ կը վերաբերի Սփիւռք կոչուածին,  երբ Ցեղասպանութեան յաջորդող երրորդ սերունդն ալ հեռանայ երկրային իր կեանքէն, և երթայ դէպի յաւերժութիւն, հոն ալ այլևս բացարձակ լռութիւն եւ հանդարտութիւն պիտի տիրէ:

Կարճ խօսքով, ահաւասիկ, թէ ի՞նչ կ՛արժէ ամէն գնով խաղաղութիւնը…, այո՛ խաղաղութիւն եւ մահացու լռութիւն՝ Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի, շնորհիւ Նիկոլ Փաշինեանին եւ իր գործակիցներուն..:

Ամօթ՝ հազար ամօթ բոլորիս եթէ թողունք որ մեր վերջը այս ըլլայ:

Խմբագրական «Պայքար» շաբաթաթերթի

Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Եպիսկոպոսաց Հաւաքը Հանդէս Եկաւ Յայտարարութեամբ

0

17-19 Փետրուար 2026-ին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին հրաւէրով ու օրհնութեամբ, Աւստրիոյ Սանկտ Փյոլթըն քաղաքին մէջ գումարուած Եպիսկոպոսաց Հաւաքը այսօր երեկոյեան աւարտեց իր աշխատանքները։

Ինչպէս Մայր Աթոռը սրբութիւն սրբոց համարող հայորդիներուն կողմէ  կ՛ակնկալուէր, Գերաշնորհ Սրբազանները, իրենց ուխտին եւ կոչումին հետ համահունչ յայտարարութեամբ մը հանդէս եկած են, որուն մէջ անոնք կը ցուցաբերէն իրենց հանգամանքին յարիր՝ Սուրբ Էջմիածինի եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հանդէպ հաւատարմութեան ուխտի ու ծառայական կոչումի գիտակցութեամբ՝ յստակ եւ աննկուն կեցուածք:

Ստորեւ կը հրապարակենք, մեր կողմէ արեւմտահայերէնի վերածուած նշեալ յայտարարութիւնը ամբողջութեամբ:


«Մենք՝ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի, Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան եւ Կ. Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքութեան քսանհինգ եպիսկոպոսներս, գոհութիւն եւ փառք կը մատուցանենք երկնաւոր Տիրոջ, որ շնորհը պարգեւեց մեզ Մեծ Պահքի շրջանի մեկնարկին աղօթական միութեամբ վերանորոգելու Իջման Սուրբ Սեղանին առջեւ կնքած եպիսկոպոսական մեր ուխտը, եւ հոգեւոր զատումով զօրանալու մեր սրբազան կոչումին մէջ, ներկայ խռովայոյզ ժամանակներուս առաւել նախանձախնդրութեամբ եւ պատասխանատուութեամբ շարունակելու արդիւնաւորել մեր առաքելութիւնը՝ ի խնդիր Հայաստանեայց Առաքելական մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ պայծառութեան, աշխարհասփիւռ հաւատացեալ մեր ժողովուրդին հաւատքի ամրապնդման եւ հոգեւոր կեանքի զօրացման։

Որդիական մեր շնորհակալութիւնը կը յայտնենք Նորին Սուրբ Օծութիւն Տէր Տէր Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին, որուն հայրական հրաւէրով հայրենիքի մէջ եւ սփիւռքի մէջ ծառայող եպիսկոպոսներս համախմբուած ենք՝ միասնաբար խորհրդածելու Հայոց Եկեղեցւոյ առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն շուրջ եւ լուծումներ գտնելու անոնց յաղթահարման ուղղութեամբ։

Խոր մտահոգութեամբ ու դատապարտութեամբ կ’արձանագրենք, որ քրէական անհիմն հետապնդումի պատճառով արգելափակուեցաւ Հայոց Հովուապետին եւ մեր վեց եպիսկոպոս եղբայրներուն ելքը Հայաստանէն եւ մասնակցութիւնը Եկեղեցւոյ կեանքին մէջ կարեւոր նշանակութիւն ունեցող այս պատկառելի Հաւաքին։ Արհեստականօրէն ստեղծուած այս խոչընդոտին պատճառով մենք հարկադրուած էինք տեսակապի միջոցաւ ունկնդիր ըլլալ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին հայրապետական պատգամին: Սոյն Հաւաքին իրենց ուղերձները ղրկած էին նաեւ Նուիրապետական մեր միւս Աթոռներուն գահակալները՝ Նորին Սուրբ Օծութիւն Տէր Տէր Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը, Երուսաղէմի Հայ Պատրիարք Նորին Ամենապատուութիւն Տէր Նուրհան Արքեպիսկոպոս Մանուկեանը եւ Կ. Պոլսոյ Հայոց Պատրիարք Նորին Ամենապատուութիւն Տէր Սահակ Արքեպիսկոպոս Մաշալեանը։

Եպիսկոպոսաց Հաւաքը իր եռօրեայ նիստերուն ընթացքին քննութեան առաւ օրակարգին մէջ ընդգրկուած հետեւեալ նիւթերը.

– «Եկեղեցւոյ առաքելութիւնը արդի ժամանակաշրջանին եւ առկայ մարտահրաւէրները հայրենիքի եւ սփիւռքի մէջ» (զեկուցող՝ Տ. Յովնան Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեան),

– «Եկեղեցի-պետութիւն յարաբերութիւններուն ներկայ կացութիւնը եւ Եկեղեցւոյ շուրջ ստեղծուած իրավիճակը Հայաստանի մէջ» (զեկուցող՝ Տ. Գրիգոր Եպիսկոպոս Խաչատրեան),

– «Եկեղեցւոյ ինքնավարութեան պաշտպանութիւնը քաղաքական շահարկումներէն եւ ստեղծուած իրավիճակին յաղթահարման ուղիները» (զեկուցող՝ Տ. Աշոտ Եպիսկոպոս Մնացականեան)։

Եղբայրական սիրոյ եւ փոխհասկացողութեան մթնոլորտին մէջ բովանդակալից, կառուցողական քննարկումներու արդիւնքով Եպիսկոպոսաց Հաւաքի մասնակիցներս վճռականօրէն կը վերահաստատենք մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ աւանդութեամբ ու բազմադարեան փորձառութեամբ նուիրագործուած կարգերն ու սկզբունքները հոգեփրկչական իր առաքելութեան, ինչպէս նաեւ համազգային եւ հայրենական կեանքի առնչութեամբ, մասնաւորապէս արձանագրելով, որ.

ա․ Սուրբ Թադէոսի եւ Սուրբ Բարդուղիմէոսի առաքեալներուն քարոզչութեամբ հիմնուած Հայոց Եկեղեցւոյ գլուխը Յիսուս Քրիստոս է (Եփես. Ա. 22)։ Տէրունահաստատ այս կառոյցը կը ղեկավարուի Սուրբ Գիրքով, Եկեղեցւոյ վարդապետութեամբ ու կանոններով եւ առաքելական յաջորդականութեան սկզբունքով՝ Հայոց Հայրապետներուն հովուապետութեամբ։ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ առաքելութիւնը հայրենիքի մէջ եւ սփիւռքի մէջ կը ներառէ ազգիս զաւակներուն հոգեւոր խնամքն ու քրիստոնէական դաստիարակութիւնը, ազգային եւ հոգեւոր ինքնութեան պահպանումը։

բ․ Բազմադարեան իր պատմութեան հոլովոյթներուն մէջ Հայոց Եկեղեցին, որպէս «կենդանի Աստուծոյ Եկեղեցի, սիւն եւ հաստատութիւն ճշմարտութեան» (Ա. Տիմ. Գ. 15), ժամանակի պահանջներուն համահունչ, ներքին բարենորոգութեամբ միշտ կենսունակ է պահած Քրիստոսի Աւետարանը քարոզելու եւ ժողովուրդը դէպի փրկութիւն առաջնորդելու իր բուն առաքելութիւնը։

գ․ Միաժամանակ Հայոց Եկեղեցին, որպէս համազգային նշանակութեան հնագոյն հաստատութիւն, մշտապէս ջատագովն է եղած հայոց անկախ պետականութեան գոյութեան եւ առաւելագոյն չափով սատարած եւ այսօր եւս կը շարունակէ նպաստել անոր զօրացմանն ու առաջընթացին՝ անխախտ համոզումով, որ հայրենի պետութիւնն է պաշտպանն ու երաշխաւորը հայ ժողովուրդին յարատեւութեան եւ ազգային իղձերուն իրականացման։ Այդ ճամբուն վրայ Հայոց Եկեղեցին երբէք չէ ծառայած եւ չի ծառայեր օտար ուժերու կամ արտաքին շահերու, այլ իր հաւատարմութիւնն անսակարկ պահած է բացառապէս հայ ժողովուրդին, անոր պետականութեան եւ ազգային ինքնութեան պահպանութեան։

Այս համաթեքստին մէջ եպիսկոպոսաց դասը խոր մտահոգութիւն կը յայտնէ եկեղեցի-պետութիւն յարաբերութիւններուն անցանկալի ներկայ կացութեան առնչութեամբ եւ վտանգաշատ այս իրադրութեան մէջ կոչ կ’ուղղէ ՀՀ իշխանութիւններուն.

– դադրեցնել Եկեղեցւոյ հանդէպ հալածանքները եւ յարգել Եկեղեցւոյ դարերով ամրագրուած ինքնիշխանութիւնն ու ինքնավարութիւնը՝ եկեղեցի-պետութիւն յարաբերութիւնները խարսխելով փոխադարձ յարգանքի, իրաւասութիւններու յստակ տարանջատման եւ ազգային շահի առաջնահերթութեան վրայ։»

– վերջ տալ կեղծ մեղադրանքներով ու զրպարտանքներով եկեղեցականներուն ու Ամենայն Հայոց Հայրապետին դէմ բռնաճնշումներուն,

– ազատ արձակել բանտարկուած չորս սրբազան մեր եղբայրները, քահանան, ինչպէս նաեւ Եկեղեցւոյ պաշտպանութեան կողմնակից հայորդիները,

– գործել բացառապէս ՀՀ Սահմանադրութեամբ, օրէնսդրութեամբ եւ միջազգային օրէնքներով ու հաւատարիմ մնալ հռչակուած ժողովրդավարական սկզբունքներուն՝ երաշխաւորելով երկրին մէջ խղճի, կրօնի եւ դաւանանքի ազատութիւնը, պառակտումի փոխարէն ապահովելով հասարակական համերաշխութիւն,

– առկայ հարցերը եւ հակասութիւնները փարատել երկխօսութեան ոգիով, առանց նախապայմաններու՝ զերծ մնալով անհեռանկար վերջնագրային խօսքէ։

Եպիսկոպոսաց Հաւաքին մասնակիցներս միաժամանակ կը յանձնարարենք խոտորեալ ութ սրբազաններուն.

– գործել Սուրբ Էջմիածինի եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հանդէպ հաւատարմութեան ուխտի ու ծառայական կոչումի գիտակցութեամբ,

– ներեկեղեցական կեանքին առնչուող հարցերը քննարկել եւ լուծել բացառապէս Եկեղեցւոյ լիազօր մարմիններուն մէջ,

– ձեռնպահ մնալ հակականոնական արարքներէ, մասնատող քայլերէ եւ անջատողական դրսեւորումներէ, որոնք կը սպառնան առաջացնել հերձուած՝ տկարացնելով Եկեղեցւոյ առաքելութիւնը մեր հաւատացեալ ժողովուրդին կեանքին մէջ։ Այս շրջագծում Սուրբ Պատարագներուն Վեհափառ Հայրապետին անուան յիշատակութեան հատուածի բացթողումը որեւէ հիմնաւորումով եկեղեցաբանօրէն անընդունելի է եւ ուղղակի հարուած Սուրբ Էջմիածինի միաբանութեան եւ Հայոց Եկեղեցւոյ միասնութեան։

Անընդունելի նկատելով արտաքին պարտադրանքի ներքեւ բարենորոգման որեւէ շարժում՝ հրամայական անհրաժեշտութիւն կը նկատենք Հայ Եկեղեցւոյ առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներու յաղթահարման և բարեկարգութեան աշխատանքները իրականացնել միայն եպիսկոպոսաց Հաւաքին եւ եկեղեցական կանոնական բարձրագոյն մարմիններուն մէջ։

Հայ Եկեղեցւոյ եպիսկոպոսներս կը վերահաստատենք մեր հաւատարմութիւնը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինին եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին՝ որպէս տեսանելի խորհրդանիշ եւ երաշխիք Եկեղեցւոյ միութեան, հաշտութեան ու համերաշխութեան, քանզի «Աստուած խռովութեան Աստուած չէ, այլ խաղաղութեան» (Ա Կորնթ. ԺԴ 33)։

Օրհնութեամբ Հայոց Հովուապետին՝ յանձնառու ենք եպիսկոպոսաց ժողովի պարբերական գումարումով նպաստել Եկեղեցւոյ առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներու քննութեան ու յաղթահարման, մեր ժողովուրդին կեանքին մէջ մեր հոգեւոր սպասարկութեան առաւել զօրացման։

Մեր յանձնարարութիւնն է մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ ուխտապահ հոգեւոր դասին՝ անսասան մնալ իրենց կոչումին եւ ծառայութեան մէջ՝ «օրինակ ըլլալով հաւատացեալներուն՝ խօսքով, վարմունքով, սիրով, հաւատքով, մաքրութեամբ» (Ա Տիմ. Դ 12)։

Եկեղեցին պէտք է անշեղօրէն շարունակէ իր սրբազան առաքելութիւնը՝ անկախ արտաքին ճնշումներէն՝ հաւատարիմ մնալով Սուրբ Աւետարանին եւ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ ուղղափառ վարդապետութեան։

Աս առիթով կոչ կ՛ուղղենք նաեւ հաւատացեալ մեր ժողովուրդին, որպէս Քրիստոսով «մէկ մարմին եւ մէկ հոգի» (Եփես. Դ 4), հաւատարիմ ու համախումբ մնալու Առաքելական մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ շուրջ եւ աղօթակցութեամբ ու նուիրուածութեամբ, բարի գործերով շէնցնելու եւ պայծառացնելու ազգային ու հոգեւոր մեր անդաստանները։

Խորապէս մտահոգուած ըլլալով Պաքուի մէջ Արցախի ղեկավարութեան հանդէպ իրականացուած կեղծ դատավարութեամբ եւ անօրինական վճիռներով՝ մեր կոչը կ՛ուղղենք միջազգային հանրութեան եւ Քոյր Եկեղեցիներուն՝ շարունակելու ջանքեր ներդնել պատանդառուած հայորդիներուն շուտափոյթ ազատ արձակման ուղղութեամբ։

Ի խորոց սրտի մեր աղօթքն է, որ Բարին Աստուած, բարեխօսութեամբ Ս․ Աստուածածինի եւ ամենայն սրբոց, անսասան եւ անվրդով պահէ եւ պահպանէ մեր Սուրբ Եկեղեցին, զօրացնէ հայոց անկախ պետականութիւնը, խաղաղութեան եւ բարօրութեան մէջ առաջնորդէ կեանքը աշխարհասփիւռ հայոց ազգին։ Կը խնդրենք, որ Տէրը խաղաղութիւն պարգեւէ համայն աշխարհի, բոլոր ազգերուն ու ժողովուրդներուն։

«Վերջապէս, եղբայրք, ուրախ եղէք, կատարեալ եղէք, մխիթարուեցէք, միաբան եղէք եւ խաղաղութիւն արէք. եւ սիրոյ ու խաղաղութեան Աստուածը ձեզի հետ ըլլայ»(Բ Կոր․ ԺԴ 11)։

Տ․ Խաժակ Արքեպս․ Պարսամեան

Տ. Յովնան Արքեպս․ Տէրտէրեան

Տ․ Վիգէն Արքեպս․ Այքազեան

Տ. Արամ Արքեպս․Աթէշեան

Տ․ Եզրաս Արքեպս․ Ներսիսեան

Տ․ Աշոտ Եպս․ Մնացականեան

Տ․ Արմաշ Եպս․ Նալբանդեան

Տ. Արարատ Եպս. Գալթագճեան

Տ․ Մարկոս Եպս․ Յովհաննիսեան

Տ․ Յովակիմ Եպս․ Մանուկեան

Տ․ Տաթեւ Եպս․ Յակոբեան

Տ․ Նարեկ Եպս․ Բերբերեան

Տ․ Աբգար Եպս․ Յովակիմեան

Տ․ Սերովբէ Եպս․ Իսախանեան

Տ. Դանիէլ Եպս. Ֆընտըգեան

Տ․ Տիրան Եպս․ Պետրոսեան

Տ․ Օշական Եպս․ Կիւլկիւլեան

Տ. Թէոդորոս Եպս. Զաքարեան

Տ․ Մեսրոպ Եպս․ Պարսամեան

Տ․ Կորիւն Եպս․ Պաղտասարեան

Տ․ Կիրակոս Եպս․ Դաւթեան

Տ․ Առեն Եպս․ Շահենեան

Տ․ Գրիգոր Եպս․ Խաչատրեան

Տ. Պարթեւ Եպս. Բարսեղեան

Տ․ Խորէն Եպս․ Առաքելեան