Շաբաթ, 04. 04. 2026

ԿՈՄԻՏԱՍԻ 145-ԱՄԵԱԿԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀԱՄԵՐԳ` ԹՈՔԻՈՅԻ ՄԷՋ

0

Ճափոնի մէջ ՀՀ դեսպանութեան աջակցութեամբ Թոքիոյի “Կինզա-Եամահա” համերգասրահին մէջ այսօր տեղի ունեցած է ճափոնցի դաշնակահար Դագահիրօ Ագիպայի մենահամերգը` նուիրուած Կոմիտաս վարդապետի ծննդեան 145-ամեակին: Այս մասին կը  յայտնեն ՀՀ ԱԳՆ մամուլի, տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն:

Համերգին, որուն ներկայ եղած են ճափոնցի արուեստասէրներ եւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներ, հնչած են Կոմիտասի ստեղծագործութիւնները` Ռոբերտ Անդրէասեանի եւ Գէորգի Սարաճեանի մշակումով:

Թագահիրօ Ագիպան ուսանած է Թոքիոյի արուեստներու համալսարանի դաշնամուրի բաժնին մէջ, այնուհետեւ կատարելագործուած Մոսկուայի Չայքովսքիի անուան երաժշտանոցին մէջ: 2013թ. Գերմանիոյ մէջ իրականացած “Կոմիտաս” միջազգային փառատօնին Թագահիրօ Ագիպան արժանացած է առաջին մրցանակի:

ՏԻԱՆԱ ԱԲԳԱՐ՝ ԱՇԽԱՐՀԻ ԱՌԱՋԻՆ ԿԻՆ ԴԵՍՊԱՆԸ

0

Գրող, հրապարակախօս, հասարակական գործիչ Տիանա Աբգարը 1920-ին Ճաբոնի եւ Հեռաւոր Արեւելքի մէջ նշանակուած է Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան դեսպան:

Տիանա Աբգարը հայոց պատմութեան մէջ ձգած է քաջ, ազնիւ, խելացի, արդար ու գթասիրտ հայ կնոջ կերպար: Ան չէ ապրած Հայաստանի մէջ եւ հայրենակիցներու մասին լսած է միայն իր տան մէջ ապաստանած գաղթականներէ, բայց եղած է իսկական հայ եւ ապրած է հայուն վայել կեանքով ու գործունէութեամբ:

Ամենայն Հայոց Գէորգ Է կաթողիկոսը, ըստ արժանւոյն գնահատելով Աբգարի գործունէութիւնը, 1926-ին անոր արժանացուցած է յատուկ կոնդակի` հայ ժողովուրդի շահերուն ծառայելու եւ դժուար պահերուն անոր կողքին ըլլալու համար: 

«ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼ»-Ի ԿԱՅՔԷՋԻՆ ՄԵԿՆԱՐԿՈՒՄԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

0

.ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ.

Sevag Hagopian

Սիրելի ընթերցող/բաժանորդ «ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼ»-ի,

Ուրախութեամբ կ’ուզենք ձեզի տեղեկացնել, թէ աւելի քան ութ տարիներէ ի վեր անխափան ելեկտրոնային հրատարակութեամբ ցրուող «ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼ»-ը, որ իր լոյս ընծայման ժամանակամիջոցին միշտ ալ ջանացած է բարելաւել եւ ժամանակին ու ընթերցողին յարմար դարձնել իր տեսքն ու բովանդակութիւնը, այսօր ահա քայլ մը եւս առնելով ելեկտրոնային հրատարակութեան աշխարհին մէջ՝ յետ այսու պիտի հրատարակուի իրեն յատուկ կայքէջին միջոցաւ՝ առիթը տալու իր բաժանորդներուն, նաեւ համացանցը օգտագործող համայն հանրութեան, որոնք ծառաւ են ազգային առումով կենսական հարցերու տեղեկութիւններու եւ առ հասարակ՝ հայկականութեամբ առլցուն, անխտիր այցելել www.ragmamoul.net  եւ կարդալու այն ինչ, որ կը հետաքրքրէ իւրաքանչիւրը: Ասոր կողքին, մենք պիտի շարունակենք ամէն օր մեր հասցէացանկին հասցնել՝ մեր կայքէջին վրայ տեղադրուած նորագոյն լուրերուն եւ յօդուածներուն կապը, զոր բաժանորդը ճնշելով պիտի առաջնորդուի մեր կայքէջին համապատասխան էջը՝ կարդալու իր նախընտրածը:

Շարունակելով մեր նախորդ՝ «ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼ»-ի վաստակաշատ պատասխանատու խմբագիր Ընկ. Ասատուր Տէվլեթեանի աշխատանքը, եւ փոխարինելով զինք ու հիմնուելով իր իսկ խօսքերուն վրայ, ուր ան կ’ըսէ. «…Կը փափաքիմ պարտականութիւնը փոխանցել երիտասարդ ուժերու, որպէսզի «ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼ»-ը առաւելագոյնը օժտուի      նաեւ  ժամանակի հնարաւորութիւններու թարմ շունչով», ինչպէս նաեւ համեստօրէն վայելելով ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան վստահութիւնը, ահաւասիկ այսօր՝ www.ragmamoul.net-ի միջոցաւ կու գանք մեր կարողութիւններու ներած տարողութեամբ, իրագործել մեր նախորդին իղձը եւ ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան մեր վրայ դրած յոյսը:

Լիայոյս ենք, որ մեր այս նախաձեռնութիւնը «ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼ»-ը քայլ մը եւս պիտի մղէ դէպի ապագայ՝ արժանանալով ձեր գնահատանքին եւ ջանալով մնալ ձեր ակնկալութիւններուն
բարձրունքին վրայ:

Սիրով`

Սեւակ Յակոբեան 

Յ.Գ. Յետագայ քանի մը օրը նկատելով փորձառական շրջան մը  www.ragmamoul.net -ի համար, կը յայցենք ձեր ազնիւ հասկացողութիւնը՝ ինչ կը վերաբերի կայքէջի ոչ-ամբողջական ձեւին եւ բովանդակութեան (ջանալով նաեւ շուտով «ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼ»-ի տարիներու արխիւը փոխադրել կայքէջ), նոյն ատեն ակնկալելով ձեր կողմէ մեզի ուղղուած անոր ձեւին առնչուող նկատողութիւններ, զանոնք շուտով նկատի ունենալու համար:                                            

«ՈՎԱՍԻՍ 2014» ԱՄԱՌՆԱՅԻՆ ԾՐԱԳԻՐԸ 16-ՐԴ ՏԱՐԻՆ ԸԼԼԱԼՈՎ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ԻՐ ԲԵՂՈՒՆ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԻՒՆԸ

0

ՊԷՅՐՈՒԹ, ԼԻԲԱՆԱՆ. Մեսրոպեան Վարժարան.

Երկուշաբթի, 30 Յունիս 2014-ին, կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին տեղի ունեցաւ «Ովասիս 2014» ամառնային ծրագիրի անձնակազմին ընդհանուր ժողովը, որուն ընթացքին ներկայացուեցաւ «Ովասիս»ի ծրագիրը:

Անձնակազմին մաս կազմող նոր անդամներուն ծանօթացումէն ետք, Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէն պրն. Կրէկուար Գալուստ յաջողութիւն մաղթեց անձնակազմին եւ յոյս յայտնեց, որ «Ովասիս»ը այս տարի եւս կ’արժանանայ մասնակիցներու դրական արժեւորումներուն: Ապա «Ովասիս»-ի ընդհանուր պատասխանատու տիկին Գարոլին Թերզեան ներկայացուց «Ովասիս»-ի ծրագիրին մանրամասնութիւնները եւ աշխատանքներու բաժանումը:

Իսկ երէկ, առաւօտեան ժամը 7:30-էն սկսեալ «Ովասիս 2014» ամառնային ծրագիրի մասնակից աշակերտները ընկերակցութեամբ իրենց ծնողներուն ժամանեցին դպրոց: Ժամը 9:00-ին, Մեսրոպեան վարժարանի մանկապարտէզի բակին մէջ տեղի ունեցաւ «Ովասիս» ամառնային ծրագիրի բացման հանդիսութիւնը, որուն ընթացքին Մոնտիալի թեմային շուրջ մասնակիցները պարերով ու խաղերով անցուցին հաճելի պահեր:

IMG_8354IMG_8421

Աւարտին, խօսք առաւ Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէն պրն. Կրէկուար Գալուստ, որ մեծապէս գնահատեց «Ովասիս»-ին գործունէութիւնը, որ 16-րդ տարին ըլլալով կը շարունակէ իր երթը` նոր ծրագիրներով եւ աշխատանքներով: Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէնը վստահեցուց, որ «Ովասիս»ականները ուրախ եւ բարձր տրամադրութիւններով պիտի հետեւին երկամսեայ ծրագիրին:

Բացման պաշտօնական արարողութենէն ետք, մասնակից աշակերտները իրենց պատասխանատուներուն ընկերակցութեամբ մեկնեցան իրենց դասարանները, ուր սկսաւ «Ովասիս»-ի գործունէութիւնը:

Յայտնենք, որ «Ովասիս 2014» ամառնային ծրագիրը ունի «Փոքր Մասիս» (3-7 տարեկան), «Մեծ մասիս» (8-13 տարեկան) եւ պատանիներու (14-16 տարեկան) խումբեր, որոնք բաժնուած են 9 դասարաններու մէջ: Ծրագիրին կը հետեւին 204 աշակերտներ: Իւրաքանչիւր դասարան կը կրէ պատմական Հայաստանի շրջաններու անուններ: Ծրագիրը իր աւարտին կը հասնի 23 Օգոստոս 2014-ին:

ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ
ՏԵՍՉԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

KINDERGARTNERS’ GRADUATION CEREMONY OF ARMENIAN CATHOLIC PATRIARCHATE’S HOLY CROSS HARBOYAN HIGH SCHOOL

0

.By GREG HAGOPIAN.

Greg

Armenian Catholic Patriarchate’s Holy Cross Harboyan High School’s Final Ceremony of Kindergarten and Distribution of Diplomas were held on Saturday, 21st of June 2014, in Bedoghlian Hall, Zalka.

The ceremony started with the Lebanese and the Armenian anthems, followed by the school’s hymn.

After the hymn, the graduates of Harboyan School’s Kindergarten entered the hall, and KG2 students recited the opening speech of the ceremony presenting to the audience the program of the event, soon after which the 27 graduates of KG2 happily got their diplomas. Following this, kindergartners sang, danced, acted and performed on stage putting a smile on the faces of their parents, teachers, loved ones, and the audience.

IMG-20140703-WA0002 IMG-20140703-WA0003 IMG-20140703-WA0004 IMG-20140703-WA0005

The program of the ceremony was enriched by the speeches and the words of the principal Mrs. Rita Boyadjian and the Patriarchal surrogate of the Lebanese Catholic Diocese Most Reverend Father Kapriel Mouradian.

In her word, the principal mentioned that such an event wouldn’t succeed without the co-operational work of the teachers, administration, parents, students, and all those who had a responsible role in making this event a success. She thanked everyone’s hard work and determination.

The ceremony reached to its end and the audience were invited to the open playground where a reception was prepared to honor them.  During the reception Mrs. Sonig Pamboukian performed couple of songs with her beautiful voice. Her performance reached its peak when she, on the occasion of Fathers Day, sang a special song dedicated to all the fathers present in the audience who in their turn danced with their children.

Congratulations to all those little ones who graduated, they are our hope of the future!

CLASS OF 2014 BIDS FAREWELL TO HAIGAZIAN UNIVERSITY

0
President Haidostian delivering his speech

BEIRUT, LEBANON.

On Friday, June 27, 2014, 139 students proudly earned their undergraduate and graduate degrees, at Haigazian University’s 54th commencement exercises, amidst an atmosphere of cheer and applaud, sometimes mixed with moments of high emotion, thus marking the end of another successful academic year.

MP Hagop Pakradouni represented the Speaker of the Parliament, H.E. Mr. Nabih Berry, whereas the President of the Council of Ministers, H.E. Mr. Tammam Salam was represented by the Minister of Information, Mr. Ramzi Jreige. Among the attendees were MPs Walid Joumblat and his spouse Noura, Jean Oghasabian, and Bassem Shabb, also the President of the Supreme Council of the Evangelical Community in Syria and Lebanon, Rev. Selim Sahyouni, and the Prelate of the Armenian Apostolic Church Bishop Shahe Panossian. The following personalities had sent their representatives: General Michel Aoun, the Commander of the Army, the Heads of the Internal and General Security Forces, and the Armenian Ambassador. The one thousand two hundred attendees included community leaders, representatives of educational institutions, members of the Board of Trustees, parents, relatives and friends.

A celebratory processional march by faculty and students, led by Chief Marshall Dr. David Tawil, followed by the Lebanese National Anthem and the prayer of invocation offered by Campus Minister, Rev. Bruce Schoup, opened the auspicious ceremony.

In his trilingual speech (Arabic, Armenian and English), University President, Rev. Dr. Paul Haidostian addressed the class of 2014, focusing his word on the concept of “today’s educated person”.

1
President Haidostian delivering his speech

“Being educated means to capture and process the larger picture on the one hand, but at the same time it means being captured with the deeper picture of life. It is science and faith, mind and heart, rest and work, all together,” Haidostian stated.

Among the numerous requirements to be fulfilled by an educated person, Haidostian pinpointed on the basic ones, noting that the educated person is the one who develops knowledge of the wider world, who thinks critically, who communicates maturely, who constructs, builds, synthesizes and reconciles, who thinks, behaves, works and speaks while being open for improvement.

Haidostian also elaborated on the notion of University heritage, explaining that higher education institutions’ success is not measured by age, years of service or number of students, but it deeply relies on the value of each and every graduate; “Haigazian takes pride in its graduates dispersed all over the world and Lebanon serving their respective countries and communities, thus achieving the University’s motto: truth, freedom and service,” Haidostian concluded.

In his congratulatory remarks, the President of the Union of the Armenian Evangelical Churches in the Near East, Rev. Megrdich Karageozian focused on three aspects of celebration. At the threshold of Haigazian’s 60th Anniversary, Karageuzian considered this graduation a celebration of achievements, possibilities and renewal of vision. He considered that graduates should be proud of their accomplishment in getting a good education without compromises on quality, in order to serve communities with leadership and dedication. On “new possibilities”, he reiterated the fact that the graduates, with their “enthusiasm and positive attitude, they can open new pathways and highways of innovation, creativity, improvement and sustainability”. On getting a new vision of oneself and of the world, Karageuzian concluded that “better quality, better circumstance, better reality can be attained when you think of changing the set of possibilities in and around you”.

Two students delivered speeches before their fellow classmates.

Valedictorian Lori Agopian, a candidate for a Bachelor degree in Business Administration, hailed Haigazian University for its diverse student body and the virtue of tolerance. “We realize how important tolerance is especially in a diverse community. But in here, we learned how to master diversity, how to accept others regardless of their differences, how to look beyond what can be seen and to realize that we all are one, serving for one purpose and institution”, Agopian noted.

Valedictorian Lori Agopian receiving her degree
Valedictorian Lori Agopian receiving her degree

For her part, Enas Hasan, a candidate for Bachelor degree in Biology, appreciated the multi-culturism at Haigazian University, as a reflection of the real Lebanese society. She urged her fellow graduates to really live and apply the coexistence and mutual respect learned on campus in real life, thus preserving the national unity of their country, Lebanon.

Finally, upon the benediction offered by Rev. Karageozian, graduates threw their caps high into the air, as colorful balloons flew overhead.

 Mira Yardemian

PR Director

ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ

0

Չորեքշաբթի, 2 Յուլիս 2014-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Թէքէեան Մշակութային Միութեան Հիմնադիրներու Մարմնի ատենապետ, պետական նախկին երեսփոխան Ընկ. Յակոբ Գասարճեան եւ ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ Ընկ. Միքայէլ Վայէճեան շնորհաւորական այցելութիւն մը տուին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. կաթողիկոսին, անոր ընտրութեան եւ օծման 19-րդ ամեակին առիթով:

Այցելութիւնը առիթ մը եղաւ զրուցելու լիբանանեան բեմի վերջին զարգացումներուն, Լիբանանը եւ Միջին Արեւելքը յուզող հարցերուն, Սփիւռք-Հայրենիք յարաբերութիւններուն, ինչպէս նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի նշման նախապատրաստական աշխատանքներուն շուրջ:

ՄԵԿՆԱՐԿԵՑ «ԻՄ ՀԱՅԱՍՏԱՆ» ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ Բ. ՓԱՌԱՏՕՆԸ

0

Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութիւնը, ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի բարձր հովանիի տակ 2012 թուականէն կ’իրականացնէ «Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնը: Այս մասին կը հաղորդէ hayernaysor.am-ը:

Յուլիս 1-ին Ալ. Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմիական թատրոնին մէջ մեծ հանդիսաւորութեամբ բացուեցաւ ,Իմ Հայաստանե համահայկական Բ. փառատօնը, որուն ներկայ էին ՀՀ առաջին տիկին Ռիթա Սարգսեանը, Հայաստանի Ազգային Ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեանը, ՀՀ վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանը, ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանը եւ այլ պաշտօնատար անձինք, հասարակական գործիչներ, արուեստագէտներ, մտաւորականներ:

Բացման արարողութիւնը բաղկացած էր հիմնական երեք մասերէ` պատուիրակութիւններու շքերթ, բուն համերգային ծրագիր, մասնակիցներու ընդհանուր շուրջպար:

Բուն համերգային ծրագիրը մեկնարկեց Հայաստանի Հանրապետութեան օրհներգով` Աննա Մայիլեանի կատարմամբ:

Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ ՀՀ վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանը: Ան մասնաւորապէս նշեց. «ՀՀ Կառավարութեան եւ անձամբ իմ անունից ջերմօրէն ողջունում եմ բոլոր մասնակիցներին: Բարո՛վ էք եկել Հայաստան: Ազգը ճանաչելի դարձնելու լաւագոյն միջոցը մշակոյթն է: Այստեղ համախմբուել է Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի եռամիասնութիւնը, որը մեր ուժի իրական գրաւականն է: Հաւաքուելով հայրենիքում եւ ձեր ներուժը ներդնելով հայրենի մշակոյթի զարգացման գործում` դուք ձեր նպաստն էք բերում Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի միջոցառումների իրականացման գործընթացում: Սա հայանպաստ, հայանուէր միջոցառում է: Շնորհակալութիւն եւ բարի երթ բոլոր մասնակիցներին»:

Այնուհետեւ հանդիսավարներ Աւետ Բարսեղեան եւ սուրիահայ ուսանողուհի Լիւսի-Վանա Կարապետեան բեմ հրաւիրեցին ,Իմ Հայաստանե փառատօնի ,Պարարուեստի օրերեծրագրին մասնակցելու համար աշխարհի 12 երկրներից հայրենիք ժամանած 36 պարախմբերին` ՌԴ-ից` «Շիրակ», «Տաշիր», «Կռունկ», «Հայասա», «Արմաւիր», «Նարեկ», «Արին Բերդ», «Տարօն», «Նարէ», «Արենի», «Կարօտ», «Արփի», «Հայաստանի փայլեր», «Արտոյտ», «Նաիրի», «Անի», «Թերպսիխորա», «Նոյեան», Վրաստանէն` «Անի», «Ֆանտազիա», «Վանք», «Ջեյրան», «Վաչեան», «Բարալեթ», «Նաիրի», Ուքրանիայէն` «Արաքս», «Արմենիա», Լիբանանէն` «Արին», Քուէյթէն` «Շաքէ», Աւստրալիայէն` «Նաիրի», Քանատայէն` «Անի», Ֆրանսայէն` «Արա», ԱՄՆ-էն` «Զուարթնոց» պարային խումբերուն, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Արցախի պարախումբերուն:

2012թ. առաջին անգամ իրականացած «Իմ Հայաստան» փառատօնի մասին պատմող տեսաերիզը դիտելէ յետոյ Արցախի պարի պետական խումբը ներկայացուց Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրերորդ տարելիցին նուիրուած «Կը յիշեմ եւ կը պահանջեմ» խորագիրով պարային համարը:

Երաժշտական կատարումներով հանդէս եկան ՀՀ վաստակաւոր արտիստ Շուշան Պետրոսեանը, ՀՀ ժողովրդական արտիստ Թովմաս Պօղոսեանի ղեկավարած «Սայաթ-Նովա» մշակութային միութեան նորօրեայ աշուղներու խումբը, ՀՀ վաստակաւոր արտիստ, դուդուկահար Գէորգ Դաբաղեանը եւ անոր սաները, ՀՀ վաստակաւոր արտիստ Լէյլա Սարիբէկեանը, երգիչներ Համլէթ Գէորգեանը եւ Արմինկան, պարային կատարումով` «Բերդ» ՀՀ վաստակաւոր պարային խումբը:

Փառատօնի բացման առաջին անգամ ցուցադրուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած պարային սիւիտ: Մասնակիցները հանդէս եկան առանձին համարներով եւ միասին պարեցին հայկական աւանդական քոչարին:

Համերգը ուղեկցուեցաւ Հայաստանի տեսարժան վայրերու ցուցադրութեամբ եւ «Իմ Հայաստան» առաջին փառատօնի մասին պատմող պատկերներով:

Ձեռնարկի աւարտին Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքէն ժամանած պարախումբերու եւ անոնց պարուսոյցներու մասնակցութեամբ Ալ. Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմիական թատրոնը ցնծաց հայկական քոչարիի հուժկու հնչիւններուն տակ:

 

 

ՀԲԸՄ-ՀԵԸ «ԱՐԻՆ» ՊԱՐԱԽՈՒՄԲԸ ՄԵԿՆԵՑԱՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑԵԼՈՒ «ԻՄ ՀԱՅԱՍՏԱՆ Բ.» ՓԱՌԱՏՕՆԻՆ

0

.ՊէՅՐՈՒԹ, ԼԻԲԱՆԱՆ.

ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Արին պարախումբի 48 անդամներ` գլխաւորութեամբ իրենց գեղարուեստական ղեկավար ու պարուսոյց Գայեանէ Մածունեանի, բեմավար Վարդան Մկրտիչեանի եւ ՀԵԸ «Արին» պարախումբի վարչական անդամներու` Երկուշաբթի, 30 Յունիս 2014-ի երեկոյեան ժամը 6:25-ին մեկնեցան Հայաստան` մասնակցելու Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան կողմէ կազմակերպուած «Իմ Հայաստան» համահայկական Բ. փառատօնին տարբեր ծրագիրներուն:

Այս փառատօնին ընթացքին ՀԵԸ-ի «Արին» պարախումբը պիտի ունենայ չորս ելոյթներ: Առաջին ելոյթը տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 1 Յուլիս 2014-ին, Երեւանի Ալ. Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնին մէջ` «Իմ Հայաստան» փառատօնի բացման հանդիսաւոր արարողութեան ընթացքին: Երկրորդ ելոյթը տեղի պիտի ունենայ Հինգշաբթի, 3 Յուլիս 2014-ին Լոռի մարզի Վանաձոր քաղաքի թատերասրահին մէջ: ՀԲԸՄ-ՀԵԸ «Արին» պարախումբի երրորդ ելոյթը տեղի պիտի ունենայ ուրբաթ, 4 յուլիսին Ծաղկաձորի «Արի տուն» ծրագիրի երկրորդ փուլի փակման ընթացքին` ներկայութեամբ Հայաստանի վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանին եւ Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանին: ՀԵԸ «Արին» պարախումբի վերջին ելոյթը տեղի պիտի ունենայ շաբաթ, 5 Յուլիս 2014-ին, Արագածոտնի մարզի Օշական գիւղին մէջ, «Գիւղի տատիկ» խորագիրով բացօթեայ տօնախմբութեան ընթացքին:

ՔԱՐԵՐՆ ԱԼ ԿԸ ԽՕՍԻՆ

0

.ԲԱԳՐԱՏ  ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ.

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Աւելի քան 4 հազար տարուան բնօրրանի մը վրայէն հազիւ դար մը առաջ անհետացած մեծ մշակոյթի մը հետքերն են, որ նախ կը խանդավառեն Մինաս Գոճայեանը:

2011 եւ 2012-ին դէպի պատմական Հայաստան կատարուած երկու ճամբորդութիւններու տպաւորութիւնները հատորի մը վերածուած եւ ,Մորմոքող անցեալի արահետներովե խորագիրով դրուած է մեր սեղանին վրայ: Հեղինակը` Մինաս Գոճայեան, նմանաբնոյթ երրորդ ուխտագնացութեան մը ընծայած առիթը օգտագործած եւ այցելած է խմբագրատունս: Այս հանդիպումը ինքնին առիթ դարձաւ, որ մենք աւելի մօտէն ծանօթանանք արմատներով կիլիկեցի, ծնունդով լիբանանցի, իսկ այժմ լոսանճելըսաբնակ մտաւորականի մը հետ: Ինչպէս նախորդ անգամներ, ան այս անգամ ալ իրեն հետ ունի ամերիկահայ ուխտաւորներու խումբ մը եւ այդ խումբին պատմական Տոլմապահչէյի պալատը շրջած պահուն ինք կարճատեւ փախուստ մը տուած ու այցելած է մեզի:

Այս սենեակի մէջ բաժնելու շատ բան կը գտնէ Մինաս Գոճայեան, քանի որ «Ակօս»-ի հայերէն էջերու աւագ խմբագիր Սարգիս Սերովբեանը նոյնպէս բազմիցս շրջած է Արեւմտեան Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ քաղաքները` յատկապէս հոն որոնելով հայ անցեալի մեր օրերուն մնացած հնութիւնները: Առաջին ծանօթացումով կը յիշուի նաեւ նոյն ճանապարհներու այլ ուղեւորներ` Արմէն Արոյեան կամ Սեւան Նշանեան եւս: Երկուքն ալ բազում ապրումներ ունեցած են այս բացակայ անուններուն հետ, որոնք յիշելով` կրկին ու կրկին կը յիշատակուի հայ ժողովուրդի քաղաքաշինական, ճարտարապետական կամ ալ, կարճ խօսքով, ստեղծագործական եզակի յատկութիւնները:

Վաստակաւոր ուսուցիչ մըն է մեր հիւրը եւ արդէն կարճատեւ զրոյցէն կարելի կ՛ըլլայ ենթադրել իր այս յատկութիւնը: Իրաւ ալ ասպարէզները իրենց դրոշմը կը դնեն այդ ասպարէզով զբաղողներու բնաւորութեան վրայ: Զգուշ դիտորդ մը կրնայ նկատել, թէ իր խօսակիցը մեծ հաւանականութեամբ ուսուցիչ մըն է, բժիշկ մը, մի գուցէ կամ ալ` իրաւապաշտպան մը: Կ՛երեւի այդպէս եղաւ, եւ մենք ալ երբեք չզարմացանք, երբ լսեցինք մեր խօսակիցին բազմամեայ ծառայութիւնը կրթութեան ոլորտէ ներս: Ան իր գիրքին կողքի շապիկին վրայ արձանագրած է ծննդեան տարեթիւն ու վայրը` 1946, Պէյրութ: Ապա կը բացատրէ իր հօրենական եւ մօրենական ընտանիքին բնօրրանը: Նախակրթութիւնը ստացած է Պէյրութի Ռուբինեան վարժարանը, իսկ երկրորդական ուսումը` ՀԲԸՄ-ի Յովակիմեան-Մանուկեան վարժարանը: Աւարտած է Երեւանի պետական համալսարանի բանասիրական եւ պատմութեան բաժինները:

Գալով իր հեղինակած ճանապարհագրութեան` մենք անվերապահօրէն կրնանք ըսել, որ այսքան վառ տողերով շարադրուած նկարագրականը ընթերցողին մօտ անխուսափելիօրէն կ՛աւելցնէ այդ վայրերը սեփական աչքերով տեսնելու անդիմադրելի ցանկութիւնը: Մինաս Գոճայեան լոկ զբօսաշրջական ուղեցոյցի մը հեղինակը չէ: Անոր բացատրութիւններուն մէջ անբաժան են նաեւ իր սեփական տպաւորութիւնները, պատմական անդրադարձները եւ այդ ուղղութեամբ իր մեկնաբանութիւնները:

Շատ անգամ հիացման զգացումներուն կ՛ընկերակցի ապերախտութեան կամ ուրացումի դէմ ընդվզումը: Ան չի հանդուրժեր Կիլիկիոյ դաշտին ,Չուքուրովաե վերանուանման: «Փոսադաշտե կը թարգմանէ այս թրքերէնացուած անունը, որ տեղանուններու փոփոխութիւնով երկրի անցեալը մոռացութեան մատնելու թշուառ ռազմավարութիւն մըն է: Այս բաժնի մէջ յայտնուած դիւրազգացութիւնը շատ աւելի հասկնալի կը դառնայ, քանի որ բաժնի ենթախորագիրն է ,Դէպի Կիլիկիա, դէպի նախնեաց հող Չորք-Մարզպան (Տէօրթեօլ)»: Այս աւանի մասին վկայութիւնները կը շարունակուին ,պապերուս ծննդավայր նարնջաստան Չորք-Մարզպանե խորագրեալ յաջորդ բաժնի մէջ ալ:

Այս բնոյթի ուխտագնացութիւններու համար որդեգրուած ուղղութենէն կը շեղինք Մինաս Գոճայեանի առաջնորդած տարբերակով: Ուստի այս ուղեւորութիւնը կը սկսի Պոլսոյ Սապիհա Կէօքչեն օդակայանէն դէպի Անտիոք կատարուած թռիչքով: Առաջին կայանը կը հանդիսանայ Հանրապետական Թուրքիոյ միակ հայկական գիւղը` Վաքըֆ: Այս գիւղը իսկապէս իմաստալից է մանաւանդ խումբին մաս կազմող մուսալեռցիներու համար: Ի դէմ բազմաթիւ ժխտման կամ ուրացումի պատմութեան, իրենք ուղղակիօրէն կը շփուին այն մարդկանց հետ, որոնցմով նոյնիսկ նոյն բարբառը կ՛օգտագործեն: Կամ ալ կը ցնցուին` տեսնելով, թէ իրենց համար ,կորուսեալե դարձածը վաքըֆցիներու համար առօրեայ է: Հոգ չէ թէ Մուսա Լերան եօթը գիւղերէն այսօր մնացած ըլլայ միայն մէկ գիւղ, այդ գիւղը իր էութեամբ կը շարունակէ ռուբինեան հարստութեան կենդանի ներկայացուցիչը մնալ նաեւ մեր ժամանակներուն:

Ծառը երկարակեաց է` բաղդատմամբ մարդ արարածի կեանքի տեւողութեան: Սակայն հազար տարին ծառի մը համար ալ գերազանց երկար տեւողութիւն է, որուն պատճառով անհամար կը դառնան անոր ձօնուած աւանդազրոյցները, առասպելները եւ նոյնիսկ յիշատակները: Ահա այս տեսակի բնական կոթող մըն է Խըտըրպէկ գիւղի հազարամեայ սօսին, որուն զով հովանիին ներքեւ կը վերակենդանանան վերոնշեալ յիշատակները:

Սակայն նման ճանապարհորդութիւններու մէջ այս տեսակի դադարները ստիպուած են կարճատեւ ըլլալու, քանի որ դեռ պիտի այցելուին կիլիկեան այլ շրջաններ` Չորք-Մարզպանը, Լեւոնի բերդը, քոզանուած Սիսը եւ Ատանան:

Ուղեցոյցի սլաքը այժմ ցոյց կու տայ Կապադովկիոյ շրջանը, Իւրկիւպ եւ Կեսարիա: Իսկ Կեսարիայէն ետք դարձեալ բազմաթիւ ապրումներով հարուստ բնօրրան մը` Ուլնիա կամ Զէյթուն: Ապա 12-րդ բաժնին մէջ պիտի այցելենք Գերմանիկ-Մարաշ, որ այսօր կը յիշուի Քահրաման Մարաշ:

Մինաս Գոճայեանի խումբը կ՛ընթանայ աքսորի կարաւաններու հակառակ ուղղութեամբ: Այսպէս, կիլիկեան երկրէն կ՛ուղղուինք դէպի Հայկական բարձրաւանդակ: Եւ այստեղ ամէն աւան, ամէն բլուր, ամէն առու կը վերածուի Մեծ եղեռնի դաժան յուշերու վերապրումի մը: Միթէ ուրիշ կերպ կարելի է՞, երբ Սուրբ Կարապետէն մնացած միակ հետքի, փուլ եկած պատի մը սրբատաշ քարերուն մօտ գիւղացիի մը մատուցած լաւաշը ձեռիդ կը մրմնջաս Մուրատատույի աղերսուած աղօթքը` «Չանկլի, զիմ մուրազը տուր, զիմ սրտի սիրածը տուր»:

Այս աղերսանքով սոյն փլատակի վրայ կարելի է Մշոյ Սուլթան Սուրբ Կարապետի հետ կապուած դեռ բազում երազներով տարուիլ, օրինակի համար` ուխտագնացութեան թափօրները երազել, աշուղները, քենտիրպազները, փահլեւանները պատկերացնել աչքերու առջեւ: Բայց ինչպէս վերեւ ալ նշած էինք, ժամանակը թանկ է: Դեռ Բալահովիտ պիտի երթանք: Բալու պիտի այցելենք: Պիտի տեսնենք «Հրանդ Տինք հիմնադրամ»-ի այդ հրաշալի աշխատութիւնով վերանորոգուած Հաւաւի աղբիւրները: Երկար ճամբայ ունինք մեր առջեւ: Այն բախտաւորներն ենք, որ Արարատը հանդիպակաց կողմէն պիտի տեսնենք ու մեր թոքերուն թոյլ տուած ամենագոռ ձայնով պիտի արտասանենք «Ես իմ Մասիս սարն եմ սիրում»:

Աւելի քան 4 հազար տարուան բնօրրանի մը վրայէն հազիւ դար մը առաջ անհետացած մեծ մշակոյթի մը հետքերն են, որ նախ կը խանդավառեն Մինաս Գոճայեանին խումբը եւ այս հրատարակութիւնով ալ` ընթերցողը:

Այդ խանդավառութիւնը, կ՛երեւի, բոլորս կը պարտինք հեղինակին դիւրահաղորդ գրելաոճին, որ թարգման կը հանդիսանայ համահայկական զգացումներու:

Այդ շունչով է, որ կը մագլցինք այս անգամ Մարութայ սար: Սասուն հասած ենք, Դաւթի վաթանն ենք: Նոյնիսկ սա սուլող քամին եթէ զգուշ լսենք, մեր ականջներուն պիտի հասնի նաեւ Ձէնով Օհանի կանչը: Մենք ալ տոգորուած ենք` լսելով այդ կանչը: Խոր մտածումներու մէջ ենք ինկած` արդեօք ո՞ր ձին մեզ շուտով կը հասցնէ Դաւթի մօտ…

Հայ ժողովուրդի հերոսապատումները սահմանուած չեն առասպելներով: Վարդան Մամիկոնեանի տնկած սօսիին նոյն տեղը 15 դար յետոյ սօսի տնկեց հայ ժողովուրդի այլ զօրավար զաւակ մը` մարաջախտ Բաղրամեան: Իսկ եթէ Միսաք Մանուշեան կամ Սողոմոն Թեհլիրեան իրենց ձեռքով տնկած սօսիներ չունին հայոց հողին վրայ, ի՛նչ փոյթ, հայ ժողովուրդը անոնց յիշատակին կառուցուած դպրոցներ ունի, որոնց հունձքը պիտի ըլլան մերօրեայ հերոսները:

Իբրեւ խոստովանութիւն` նշենք, թէ մեր մտքի այս տեսակի թռիչքները գիրքին ներշնչումէն կը ծագի: Հեղինակն է մեզ այս ու նման խորհուրդներու մատնողը: Զբօսաշրջիկ բառի յուշածը այլ բան է, պատմական Հայաստանի մէջ շրջող հայ ուխտաւորի ապրումները` այլ բան: Այդ տարբերակին գիտակցութեամբ է, որ Մինաս Գոճայեան նպատակադրած է իր աշխատութիւնը թարգմանել անգլերէնի եւ թրքերէնի: Եւ այս թարգմանութիւնը ուղղուած պիտի ըլլայ ո՛չ միայն հայախօսութենէ դադրած հայ ընթերցողին, այլ` մայրենին թրքերէն եղող շատ աւելի հոծ հասարակութեան մը:

Բայց մենք խորհուրդ կու տանք բոլոր այն հայերուն, որոնք նախապէս չեն գտնուած Արեւմտեան Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ տարածքին, նախքան ճամբորդելը` անպայման կարդան այս գիրքը: Նոյնիսկ բովանդակ ճամբորդութեան ընթացքին ալ ունենան իրենց մօտ` ընդմիշտ թարմացնելու համար այնտեղ յիշատակուած տեղեկութիւնները, քանի որ, ինչպէս այս գրքի նախաբանի հեղինակ փրոֆ. Արտեմ Սարգսեանն ալ կը վկայէ, «…այս ուխտագնացութեան հատորէն քարերն անգամ կը խօսին, ինչպէս` հեղինակը, կ՛ըմբոստանան այս կացութեան դէմ, որ անփոփոխ կը մնայ արդէն շուրջ հարիւր տարի…»:

Քաղուած «ԱԿՕՍ»-էն