Շաբաթ, 04. 04. 2026

ՎԵՐԱՊԱՏՈՒԵԼԻ ՄԿՐՏԻՉ ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆ Կ՛ԸՆԴՈՒՆԻ ՌԱԿ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

0
Ձախէն՝ ընկ.հի Ճէքի Տէրվիշեան, ընկ. Միքայէլ Վայէճեան, Վերապատուելի Մկրտիչ Գարակէօզեան, ընկ. Սեւակ Յակոբեան

*ԼԻԲԱՆԱՆ* Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Լիբանանի Շրջանային  Վարչութիւնը  կրօնապետերու իր պաշտօնական այցելութիւններու շարքին ծիրեն ներս այցելութիւն մը տուաւ Վերապատուելի Մկրտիչ Գարակէօզեանին:

Արդարեւ՝ Շաբաթ 5 Յուլիս 2014-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին ընկերներ՝ Միքայէլ Վայէճեան (ատենապետ), Սեւակ Յակոբեան (ատենադպիր) եւ ընկերուհի Ճէքի Տէրվիշեան (գանձապահ), այցելեց Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան Նախագահ՝ Վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեանին:

ՄԱՀԱԵՄ կեդրոնատեղիին մէջ աւելի քան մէկ ժամ մը տեւած մտերմիկ ընդունելութեան ընթացքին ՌԱԿԻ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան պատուիրակութիւնը Վեր. Գարակէօզեանին հետ քննարկեց ընդհանրապէս Հայ ազգը եւ մասնաւորաբար շրջանն ու Լիբանանահայութիւնը յուզող հարցեր:

Հանդիպման ընթացքին Վերապատուելի Նախագահը շեշտը դրաւ Հայ Աւետարանական Եկեղեցուոյ ազգային անսակարկ ուղեգիծին, ինչպէս նաեւ Եկեղեցուոյ հովիւներուն ազգային եւ մարդկային դաստիրակութեանը վրայ: Ան նաեւ նշեց, թէ Հայ Եկեղեցական եւ Կուսակցական հաստատութիւններու ղեկավարութիւնը մեծ պատասխանատութիւն ունին ճիշդ առաջնորդելու ժողովուրդը  եւ հսկելու տուեալ գաղութներուն ընդհանրական շահերուն վրայ ինչ կը վերաբերի շրջանային վերիվայրումներուն: Վերապատուելի Գարակէօզեանը մարդկային համարելով հանդերձ առաջնորդութեանց երբեմնի սխալները ընդգծեծ թէ, յանցանքը կը սկսի անցեալի տուեալ սխալէ մը դասեր չքաղելու պարագային: ՌԱԿ-ի պատուիրակութիւնը իր կարգին դրուատեց Հայ Աւետարանական Եկեղեցուոյ անզուգական եւ անփոխարինելի դերը Հայ ազգին մէջ իր զանազան հաստատութիւններով:

Հանդիպման աւարտին Վերապատուելի Գարակէօզեանը բարձր գնահատելով ՌԱԿ–ը, Լիբանանի Շրջանային նորընտիր Վարչութեան յաջողութիւն մաղթեց շարունակելու ՌԱԿ-ի ազգային վեհ առաքելութիւնը:

 ՄԱՄԼՈՅ ԴԻՒԱՆ

ՌԱԿ ԼԻԲԱՆԱՆԻՆ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ

 

ՊԷՅՐՈՒԹԷՆ ՎԱՐՇԱՒԻԱ «Ես կ՛ուզեմ ցաւը դուրս հանել»

0

*ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ*

jebejian

«Ես 51 տոկոս հայ եմ, իսկ 49 տոկոս` լիբանանցի»

Հաւասարակշռութիւնը արժէք մըն է, որ անհատի կեանքին ու հաւաքական յարաբերութիւններուն աշխատանքային լաւ հիմք կու տայ: Հաւասարակշռութիւնը լաւ հիմք կու տայ ոչ միայն կեանքի տեսադաշտերու եւ հայեացքներու, բայց նաեւ` ինքնութեան եւ մշակութային գործօններուն: Այս մէկը աւելիով կ՛արտացոլայ մեր սփիւռքահայ իրականութեան մէջ, երբ մէկ կողմէն կապուած ենք հայկական ինքնութեան, իսկ միւս կողմէն` այն հիւրընկալ երկրին (երկիրներուն), ուր «պարտադրաբար»  ապաստան գտանք: Բարեբախտաբար այս «պարտադրանքը» տաժանելի չդարձաւ, այլ` արժէքի գիտակցութիւնը, երբ բոլոր  հայերը սիրեցին իրեն ապաստան գտած երկիրները, որոնք մեզի տուին նաեւ ինքնութիւն եւ դաստիարակութիւն:

Այս հաւասարակշռուած կեանքի մինչեւ օրս ապրող մէկ լաւ իրականութիւնը վայելեցի Վարշաւիայի մէջ` փետրուար 2014-ին, Ճոնի Գույումճեանին հետ:

Ճոնին ծնած է Պուրճ Համուտ: «Պուրճ Համուտը ինծի համար ամբողջ կեանք մըն է…: Թիրօ քեմփը, Սանճաքը, Սիսը…», կ՛ըսէ Ճոնին, որուն  մէջ կը զգամ այդ «ամբողջ կեանքին» արմատաւորումը, երբ մէկ-մէկ սկսաւ քակել իր կեանքի մեն մի միաւորը: Ութ տարեկանին գացած է Վենետիկ եւ սորված` Մխիթարեաններուն մօտ: Վերադարձած է Պէյրութ եւ իր ուսումը շարունակած` Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ ճեմարանին մէջ, ապա` Ժամհուր դպրոցին մէջ: Ուսումը կատարելագործելու համար մեկնած է Ֆրանսա եւ մասնագիտացած` շարժարուեստի մէջ որպէս բեմադրիչ: Եղած է դասընկերը Ռոման Փոլանսքիի, որ իր վաստակը ունի ներկայ օրերու ֆիլմաշխարհին մէջ` որպէս բեմադրիչ: 1964-ին անցած է Լեհաստան` իր մասնագիտութիւնը ի գործ դնելու, բայց կեանքի պայմանները տարբեր դուրս եկած են Ճոնիին համար:

«Շարժարուեստը աշխարհս է»,- կ՛ըսէ Ճոնի:- Պատանեկութեանս օրերուն սինեմա «Արաքս»-ի մէջ ցուցադրուած ժապաւէններուն գործածուած պատճէնները կը թափէին: Ես զանոնք կը հաւաքէի եւ մեր շէնքին տանիքը ճերմակ սաւան մը կը դնէի, ետեւը պզտիկ լոյսով կը ցուցադրէի զանոնք թաղի մանուկներուն: Ասիկա Ճոնիին Պուրճ Համուտի իր ապրած մանկութեան եւ պատանեկութեան օրերու մէկ քաղցր յիշատակներէն էր, որ զինք քաջալերած եւ իր կեանքին համար մղիչ ուժ եղած է նոյն այդ մասնագիտութեան հետեւելու համար»:

Լեհաստանի մէջ կարելի չէ եղած իր մասնագիտութեամբ իր կեանքը կերտելու: «Չեմ գիտեր` ինչո՞ւ Լեհաստան եկայ,- ըսաւ Ճոնին:- Կեանքի մէջ ընտրութիւններ կ՛ընես, յետոյ կը հետեւիս անոնց»:  Ճոնին հետեւած է իր «ընտրութեան» եւ այսօր յիսուն տարիէ ի վեր ան կ՛ապրի Լեհաստան: Ընտանիք կազմած է` ամուսնանալով տեղացիի մը հետ եւ իր միակ զաւակը անուանած`  Արտաւազդ:

Ճոնիին աչքերուն մէջ զղջում կամ յուսախաբութիւն չկար իր ընտրութեան եւ որոշումին համար: Ան ապրած է ու տակաւին կ՛ապրի իր կեանքը նուիրուածութեամբ եւ հաւասարակշռութեամբ` երախտապարտ ըլլալով իր հայկական եւ լիբանանեան ինքնութիւններուն:

«Լիբանանը ինծի տուաւ ինքնութիւն,- կ՛ըսէ Ճոնի:- Շնորհակալութիւն եւ յարգանք ունիմ Լիբանանի հանդէպ: Իսկ շնորհակալութեան եւ յարգանքի գործնական ապացո՞յցը. ան մինչեւ օրս կը մնայ լիբանանեան անձնագիրով` անկախ այն երեւոյթէն, թէ տարիներէ ի վեր կ՛ապրի Լեհաստան եւ ամուսնացած է տեղացիի հետ: Ես 51 տոկոս հայ եմ եւ 49 տոկոս լիբանանցի: Լեհաստան այսօր Եւրոպական Միութեան անդամ երկիր է, որուն անձնագիրը արժէք ունի համաշխարհային համակարգին մէջ, բայց Ճոնիին կեանքի արժեչափերը ուրիշ են»:

Ճոնի Գույումճեան ամէն ջանք ի գործ դրած է, որպէսզի լիբանանեան դեսպանատունը իր կեդրոնը ունենայ Վարշաւայի մէջ, 1953 թուականին: Ան անդամ է Լեհաստան-Լիբանան խորհրդարանական միջպետական յարաբերութիւններու յանձնախումբին եւ այդ կապերը ամրապնդելու համար պաշտօնական այցելութեամբ Լիբանան եկած է պատուիրակութեան մը հետ, երկու տարի առաջ: Ճոնի աշխատանք տարած է նաեւ, որպէսզի Լեհաստանի խորհրդարանը 2005-ին Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնայ:

Բայց Ճոնի տակաւին ունի «ցաւ» մը, «զոր կ՛ուզէ դուրս հանել»:

«Հայրս ծնած է Ատըեաման (Արեւմտեան Հայաստան) եւ մահացած` Պուրճ Համուտ,- սկսաւ պատմել Ճոնին:- Հայրս մեծանուն ընտանիքի զաւակ եղած է, որ նիւթապէս հարուստ ըլլալով` մեծ դիրք ունեցած է քաղաքին մէջ: Բայց հայրս չէր պատմեր մեզի Ցեղասպանութեան մասին: Մէջը ցաւ մը ունէր, որ պահեց մինչեւ իր մահը»: Ճիշդ էր` Ճոնին ինծի կը նայէր, երբ կը խօսէր, բայց յստակ էր, թէ ան արդէն գացած էր հեռու` Ատըեաման, վերջապէս եզրակացուց. «Ես կ՛ուզեմ հօրս այդ ցաւը դուրս հանել»:

Ճոնին քանիցս այցելած էր Ատըեաման: Ոտք դրած էր պապենական հողին վրայ, լսած է հօրը եւ իր ընտանիքին պատմութեան, հռչակին, ինչպէս նաեւ գերդաստանի` Գույումճեան ընտանիքին վայելած հմայքին ու դիրքին մասին: Ճոնի զգացած էր հերոսական կերպարը մեծ մօրը, որ որպէս ֆետայի կռուած էր թուրքերուն դէմ: Վերջապէս, Ճոնին ապրած է հոսած «արիւնը», բայց նաեւ` ապրող «արիւնը», որ մինչեւ օրս իր կեանքին տուած է ապրելու տեսլական եւ հիմք:

Այս ապրող տեսլականն ու հիմքը Ճոնին մղած են դառնալու իր մասնագիտութեան` շարժարուեստին… Ան պատրաստած է բեմագրութիւն մը երկու ժամ տեւողութեամբ` մեկնելով իր Ատըեաման տուած այցելութիւններէն եւ այնտեղէն պոկած ցաւէն:

«Սկիզբը որոշեցի կոչել «Կարմիր խաչքար,- ըսաւ Ճոնին:- Հիմա կ՛ուզեմ անուանել, «Հերոսներու յուղարկաւորութեան երգը»:

Ճոնիին դէմքին վրայ գծուեցաւ պզտիկ ժպիտ մը, որուն ետին յուզում կար ու նաեւ` յոգնածութիւն. «Կ՛ուզեմ ժապաւէնին մէջէն ցաւը դուրս հանել, բայց նաեւ` ցաւին ապրած հերոսութիւնը», ըսաւ ան:

Թէեւ իննսուն եւ ինը տարիներ անցած են, բայց տակաւին հայը աշխարհով մէկ կը քալէ նոյն այս ցաւին ծանրաբեռնուածութեամբ եւ իւրաքանչիւր առիթի կը փորձէ իր պարունակին մէջէն «ցաւը դուրս հանել» եւ այդ «ցաւին» մէջ ու անոր միջոցով կը դնէ իր պահանջատիրութիւնն ու արդար հատուցումը:

Ճոնի Գույումճեանը այն հաւատաւոր հայն է, որ կ՛ուզէ «ցաւը դուրս հանել»:

«Կարմիր խաչքա՞ր», թէ՞ «Հերոսներու յուղարկաւորութեան երգը», Ճոնի Գույումճեան պէտք է յաջողի դուրս հանել «ցաւը»…

ՀՈԼԱՆՏԱՅԻ ՕՎԵՐԵՅՍԵԼ ՄԱՐԶԻ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԸ ՃԱՆՉՑԱՒ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

0

*Հոլանտա* Հոլանտայի Օվերեյսել մարզի խորհրդարանը 2 յուլիս 2014-ի նիստին ընթացքին ընդունած է բանաձեւ մը, ուր արտայայտուած է խորհրդարանի դիրքորոշումը նախորդ 1 յունիսին թրքական կազմակերպութիւններու բողոքի ցոյցին նկատմամբ, որ ուղղուած էր Ալմելոյի հայկական եկեղեցւոյ սեփական բակին մէջ տեղադրուած հայոց ցեղասպանութեան յուշարձանին դէմ:

 Այդ ցոյցին ընթացքին հայ ժողովուրդի հասցէին եղած են անարգալից, զրպարտական եւ վիրաւորական արտայայտութիւններ, ուր կոպտօրէն հերքուած է Հայոց ցեղասպանութիւնը: Բանաձեւը, զոր ներկայացուցած են Քրիստոնէական միութիւն, Բարեփոխուած քաղաքական կուսակցութիւն, Ազատութեան համար կուսակցութիւն եւ Քրիստոնեայ դեմոկրատական կոչ խմբակցութիւններու երեսփոխանները կը վկայակոչէ 1915-1918 թուականներուն Օսմանեան կայսրութեան մէջ 1,5 միլիոն մարդոց (հայերու, ասորիներու եւ պոնտացի յոյներու), գազանաբարոյ ջարդերը:

Բանաձեւը հրաժարած է ցեղասպանութիւնը ժխտողներու բողոքի ցոյցէն եւ կը յայտնէ, որ կ՛ընդունի Հայոց ցեղասպանութիւնը, անդրադառնալով 2004 թուականի Հոլանտայի խորհրդարանի ընդունած բանաձեւին: Անով մարզային խորհրդարանը հայերուն ազդանշան կու տայ, որ անոնք իրաւունք ունին ունենալու իրենց զոհերու ոգեկոչման արժանի վայրը:

 

  

 

ՀՈՒՍԿ ԲԱՆՔ ԱՐՏԱՍԱՆՈՒԱԾ ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՎԱՀԱՆ ԹԷՔԷԵԱՆ ՄԻՋՆԱԿԱՐԳ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ 2013-2014 ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԻ ԱՄԱՎԵՐՋԻ ՀԱՆԴԷՍԻՆ

0

*ԶԵՓԻՒՌ ԱՌԱՔԵԼԵԱՆ*

Կրկին կրթական տարեշրջանի աւարտ մը, կրկին ամավերջի վկայականներու բաշխման հանդէս: Ուրախ, հպարտ, եւ միաժամանակ յուզիչ մթնոլորտ թէ աշակերտներու եւ թէ իրենց ծնողներուն համար:

Մեծ հպարտութեամբ եւ անկեղծ երախտագիտութեամբ, շնորհակալութիւններս կը յայտնեմ Վ. Թ. Միջնակարգ Վարժարանի տնօրէնութեան, ուսուցչականկազմին, ինչպէս նաեւ հոգաբարձութեան ատենապետին եւ անդամներուն,վկայականաց բաշխման ներկայ գտնուելու եւ խօսք առնելու հրաւերին համար, որը մեծ պատիւ եւ անակնկալ մըն էր ինծի համար որպէս նախկին շրջանաւարտ:

Ողջոյնի եւ սիրոյ խօսք կ’ուղղեմ այսօրուան շրջանաւարտներու ծնողներուն իրենց կատարած զոհաբերութեան, ինչպէս նաեւ ուսուցիչներուն իրենց նուիրեալ եւ դժուարին աշխատանքին համար:

ՍիրելիՇրջանաւարտներ,

Դպրոցական տարիները ձեր կեանքի լաւագոյն տարիները կը նկատուին, որը փորագրուած կը մնան ու պիտի մնան ձեր սրտերուն մէջ:

Հպարտoրէն եւ յուզումով կը յիշեմ այս դպրոցին պատերը որուն շուքին տակ արժանացած եմ ուսման եւ հայեցի դաստիարակութեան:Խորհրդաւոր այս պահուն, պահ մը յիշողութիւնս կ’երթայ ետ ու կը յիշեմ այն օրը երբ ես ալ ձեզի պէս առաջին անգամ մուտք գործեցի մանկապարտէզ, արտասուող աչքերով եւ դողդոջուն մարմնով,սակայն անմիջապէս շրջապատուեցայ հոգատար դաստիարակներով եւ սիրելի ընկերներով:

Վ.Թ. Վարժարանի ամէն մէկ սենեակ, ամէն մէկ անկիւն ունի իր պատմութիւնը, ուր հայերէն խօսելով, հայաբար ապրելով եւ հայօրէն մտածելով անցուցած ենք մեր կեանքի ամենէն յիշատակելի օրերը: Եւ եթէ այսօր կարելի ըլլար եւ տողանցէին այս վարժարանէն ելած տարիներու շրջանաւարտները պիտի տեսնէիք թէ անոնք ընկերութեան մէջ յաջող անձերեն:

Թէեւ սա կը պատկանի երազային անցեալին, սակայն այսօր, այս ժամուն նոյն երամն է որ կանգնած է հպարտ եւ հաստատակամ, խիզախ ու ապահով քայլերով մուտք գործելու վաղուայ ապագան: Անոնց երեկուայ արտասուող աձքերը այսօր կը ժպտին, ուրախ կը ժպտին մեզի եւ կեանքին: Խորհուրդ մը կայ անոնց աչքերուն մէջ, որը արդիւնքն է սիրոյ եւ արդար քրտինքի, անոնց աչքերը հպարտութիւն կը ներշնչեն մեր բոլորին:

ՍիրելիՇրջանաւարտներ,

Վկայականաց բաշխման այս նուիրական եւ եզակի այս պահը, սոսկ վկայականի տուչութեան արարողութիւն մը չէ, այլ ուխտ մը, երդում մը տալու պահն է ազգային հպարտանք եւ ներշնչում պատճառող յուզիչ առիթ մը: Ձեր հայու հոգին կը պարտաւորեցն է որպէսզի միասնաբար ուխտէք մնալ ու հաւատարիմ եւ տէր ձեր սքանչելի լեզուին՝ հայերէնին, հայու նուիրական աւանդութեանց, Հայաստանեաց Առաքելական սուրբ եկեղեցուոյ, ազատ եւ անկախ Հայաստանին, ինչպէս նաեւ ձեր ծնած եւ ապրած հայրենիք Լիբանանին: Մենք ըլլալով հայ համայնքի զաւակներ, պարտինք պահպանել մեր հայկական ինքնութիւնը, կառչած մնալով մեր քրիստոնէական հաւատքին եւ մշակոյթին:

ՍիրելիՇրջանաւարտներ,

Եղէք անվախ ու պայքարող, կեանքի դժուարութիւններուն ու խոչնդոտներուն առջեւ մի երկնտիք ու մի տատամսիք: Միշտ պայքարեցէք հանուն արդարին եւ մաքուրին: Մի բաւարարուիք «ձեռքբերածով», այլ ձգտեցէք աւելիին եւ աւելի բարձրին: Իսկ այդ բարձրին հասնելու համար, անհրաժեշտ է աստիճաններէ բարձրանալ հատ առ հատ, որպէսզի չհոգնիք ու չսայթաքիք: Որեւէ բարձրունք յաղթահարելու եւ նուաճելու պարագային մի շլանաք, այլ հայեացք մը նետեցէք դէպի հետ ու ապա նոյն թափով շարժեցէք առաջ:

Այսօր, յաղթանակած կանգնած էք նոր հանգրուանի մը առջեւ: Ձեզ կը սպասեն նոր պարտաւորութիւններ եւ պատասխանատութիւններ: Վստահաբար ջանասիրութեամբ եւ համբերութեամբ զինուած պիտի տիրանաք աւելի բարձր վկայականներու: Ձեր ապագայ մասնագիտութիւնը ընտրեցէք զգուշօրէն որպէսզի կեանքի մէջ ըլլաք յաջողակ: Խուսափեցէք միջակութենէն, յարատեւութիւնը եւ աշխատասիրութիւնը թող ըլլան ձեր անբաժան ուղեկիցը, որովհետեւ ներկայ արագնթաց այս մրցավազքին, այսօրուայ ձեր ձեռք բերած գիտելիքը վաղը կրնայ ըլլալ անբաւարար: Իսկ մուտք գործելով ընկերութեան մէջ, գնահատեցէք գեղեցիկը ու մաքուրը, զանազանեցէք ճիշդն ու սխալը: Շրջապատին մէջ ձեռք մեկնեցէք կարիքաւորին, մի ըլլաք եսակենդրոն: Ընկերասիրութիւնը անհրաժեշտութիւնէ, որպէսզի մարդիկ ալ ձեզ ճիշդ գնահատեն:

Անպայմանօրէն մասնակցեցէք միութենական եւ ազգային կեանքին մէջ, ոչ միայն ձեր լուման բերելով այլ նաեւ ձեր թանկ ժամանակը, որովհետեւ ծառայելը ձեր պարտաւորութիւնն ու պատիւն է:

Կեանքին պէտք է նայիլ լաւատեսօրէն եւ դրական հայեացքով: Հեռու մնացէք ամէն տեսակի ծայռահեղութիւններէ: Ունեցիք հպարտութիւն, միաժամանակ եղէք խոնարհ: Խիստ եղէք ձեր անձին հանդէպ եւ բարիացական դիմացինին նկատմամբ: Ճիշդ գնահատեցէք պահն ու պարագան, ու պիտի գայ պահը եւ պիտի տեսնէք թէ ձեր անցած ուղին ճիշդ էր ու դուք հասած էք ձեր նպատակին:

Մի մոռնաք որ դուք զաւաքներն էք ստեղծագործ ժողովուրդի մը եւ հաւատարիմ մնացէք ձեր արմատներուն, խուսափելով օտարամոլութենէ:

ՍիրելիՇրջանաւարտներ,

Վստահ եմ լաւ աշխատանք տարիք այս ամիս եւ բոլորիս փափաքն է որ ձեր թափած ճիգը յաջողութեամբ պսակուի: Թող այդ յաջողութիւնը ճամբայ հարթ է դէպի նորանոր նուաճումներու, ձեր առջեւ պիտի բացուին նոր հորիզոններ, սակայն ինչ որ ալ ըլլայ ձեր ընտրելիք ճամբան, ձգտեցէք միշտ լաւագոյնին:

Վերջապէս կը շնորհաւորեմ եւ յաջողութիւն կը մաղթեմ ձեր նախաձեռնելիք բոլոր ծրագիրներուն եւ միշտ հպարտ քայլէք ձեր ընտրած ուղիով: Վստահ եղէք որ ձեր ստացած գերազանց ուսումն ու դաստիարակութիւնըՎ.Թ. Վարժարանէն ներս պիտի ըլլայ զէնք յաղթահարելու բոլոր դժուարութիւնները:

Ձեր յաջողութիւններով պատիւ բերէք դուք նախ ձեզ, ապա ձեր ծնողքին, դպրոցին եւ հայազգին:

Բարի երթ կը մաղթեմ ձեզի եւ կրկին ու կրկին կը շնորհաւորեմ:

Շնորհակալութիւն

ԿՐԹԱԿԱՆ ԽՕՍՔ ԱՐՏԱՍԱՆՈՒԱԾ ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՎԱՀԱՆ ԹԷՔԷԵԱՆ ՄԻՋՆԱԿԱՐԳ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ 2013-2014 ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԻ ԱՄԱՎԵՐՋԻ ՀԱՆԴԷՍԻՆ

0

*ԿԱԼԻՆԱ ՇԵՄԵՄԵԱՆ-ՆԱՃԱՐԵԱՆ*

DSC_5792

Այսօր, եզակի օր մըն է Պէյրութի Վահան Թէքէեան Վարժարանի մեծ ընտանիքին համար, որ հաւաքուած է վայելելու 2013-2014  տարեշրջանի վկայականաց բաշխման միացեալ հանդէսը:

Կեանքի բնական ընթացքով դպրոցական տարիները աշակերտին համար թէեւ երկար կը թուին, սակայն ան իրողապէս ամենակարճ հանգրուանն է: Այսպէս ալ, վարժարանիս 2013-2014 կրթական տարեշրջանի շրջանաւարտներն ու ընթացաւարտները, լի ու լի կատարելով իրենց վստահուած աշխատանքը, կուգան իրենց դպրոցական օրերու էջը դարձնելու իրենց իւրայա-տուկ ոճով, որ անցնող տարիներուն ապրեցան ու հիւսեցին բանաստեղծներու իշխան Վահան Թէքէեանի շունչով ու ոգիով,ինչպէս նաեւ դրոշմուելու հայկական վկայականով, պատրաստ փոխանցուելու յաջորդ ուսումնական շրջան, որպէսզի հայավայել տքնաջան աշխատանքով կերտեն իրենց ապագան:

Սիրելիներ, Վահան Թէքէեան Վարժարանը առաջատար է ջամբելու հայեցի ու ազգային կրթութիւն, զինուած հայ մշակոյթով ու պատմու-թեամբ: Ուստի մենք չենք կրնար երախտապարտ չըլլալ Թ.Մ.Մ. հիմնադիրներու մարմինին՝ իրենց նուիրուածութեան, մեծահոգութեան եւ նիւթաբարոյական աջակցութեան համար, որ իր հերթին մեզ հնարաւորութիւն կուտայ դաստիարակել հայ մատղաշ սերունդը, կերտել ապագայի մարդը եւ վերջապէս շարունակել մեր երեւելի ազգանուէր գործը, որը ուղղուած է հայ նոր սերունդի բարօրութեան ապահովմանը:

Սիրելի ծնողք, չկայ աւելի քաղցր բան, քան մեր զաւակներուն յաջողութիւնը, անոնց առթած հրճուանքը՝ բեմին վրայ վկայուելով, որուն մէջ կը կերտուի ամէնէն առաջ մարդասիրութեան ոգին, ստեղծագործ եւ մշակոյթի տէր ազգասէր հայ պատանին, օրինակելի եւ տիպար Լիբանանցին, որ պիտի կարենայ խանդավառ ու վերանորոգ կամքով շարունակել իր ուղին, դիմագրաւելով ամէն մարտահրաւէր ու անաղարտ պահելով Լիբանանահայութեան ազգային դիմագիծը:

Հետեւաբար, հայ կեանքին մէջ վարժարանս ունի մեծ ներդրում, նշելով որ 1951 թուականէն ի վեր իր հիմնադիրներուն առօրեայ մտահոգութիւնը եղած է հայ մանուկը եւ հայ պատանին դատիարակել հայկականութեամբ եւ այսօր արդէն վարժարանիս շրջանաւարտները աշխարհի չորս ծագերուն պատիւ կը բերեն ո]չ միայն իրենց անձին ու ընտանիքին, այլեւ՝ գաղութին եւ համայն հայութեան, որովհետեւ անոնք սերտօրէն կը մասնակցին մեր ազգային կեանքին:

Երախտագիտութեան յատուկ խօսք կ’ուզեմ ուղղել նաեւ վարժարանիս հոգաբարձութեան, որոնք ամէնօրեայ հոգածութեամբ կը հետեւին վարժարա-նիս գործունէութեան, ինչպէս նաեւ Ձեզի սիրելի ծնողք՝ որով հաւատալով հայ դպրոցի առաքելու-թեան Ձեր զաւակները կը վստահիք այս հաստատութեան, որպէսզի անոնք հայկական առողջ եւ ապահով մթնոլորտի մէջ դաստիարակուին ու շրջանաւարտ դառնալով ըլլան գործող մէկ մարմինը վարժարանիս ու պատիւ բերեն բոլորիս:

Սիրելիներ, 2013-2014կրթական տարեշրջանը ընթացաւ հեզասահ եւ անգամ մը եւս արձանագրեցինք յաջողութիւններ: Տարեվերջին՝ 14 աշակերտներ արձանագրեցին գերազանց միջին, 12՝ Բ.Պ.Յ. եւ 12՝ Պ.Յ.: Հետեւաբար, տարեվերջի ուսումնական արդիւնքներու հիման վրայ, գերազանց միջին արձանագրող մեր աշակերտները (4-րդէն 7-րդ)ամավերջի քննութեան չմասնակցեցան: 18 հոգի մեր աշակերտներէն, ամավերջի քննութիւն չանցուցին Հայոց Պատմութեան դասանիւթին մէջ եւ 5 հոգի հայերէն լեզուի, որովհետեւ ունէին գերազանց միջին: Այս կը փաստէ անգամ մը եւս թէ այսօր Պէյրութի Վահան Թէքէեան Վարժարանը կը մնայ ու կը գոյատեւէ որպէս հայկական ինքնութիւն կերտող դարբնոց, հայեցի դաստիարակութեան կեդրոն եւ վերջապէս աշխատասիրութեան ու ուսումնատենչութեան օրրան:

Ուսումնական այս տարեշրջանին, ունեցանք ներքին ատենամարզանքներ, նշեցինք ազգային տօները, ինչպէս նաեւ մեր աշակերտները մասնակ-ցեցան միութիւններու, կազմակերպութիւններու, հիմնարկներու այլազան միջոցառումներու ինչպէս գծագրական, մարզական, արտասանական, գրական եւ անոնք արձանագրեցին պատուաբեր դիրքեր:

Բարեփոխութիւններու ծիրէն ներս, կ’ուզեմ ըսել թէ ընթացքի մէջ է արդիական համակարգիչի սենեակի մը կառուցումը շնորհիւ ժպիտ կազմակերպութեան: Վերամուտին ստացանք  աշակերտական գունազարդ աթոռներ մանկապար-տէզի music room-ին համար, ինչպէս նաեւ  պահարաններ մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի դասարաններուն համար world vision-ի կողմէ: Այս տարեշրջանին նաեւ փոխեցինք նախակրթարանի եւ միջնակարգի դասարաններուն շերտավարագոյրները շնորհիւ world vision կազմակերպութեան: Այս  վերանորոգ սրահը օժտուեցաւ digital piano-ով մը, իսկ մանկապարտէզը՝ դաստիարակչական խաղալիքներով ու երաժշտական գործիքներով շնորհիւ բարեսէր նուիրատուի մը:Յառաջիկայ Երեքշաբթի օր արդէն իսկ պիտի սկսի վարժարանիս բոլոր բաղնիքներու նորոգութիւնը շնորհիւ նուիրատուներու առատաձեռն օգնութեան:Մեծ ուրախութեամբ եւ հաճոյքով կուգամ տեղեկացնելու թէ նոր մանկամսուրի մը ծրագիրը իր առաջին գործնական փուլը թեւակոխեց եւ արդէն իսկ պիտի գործէ 12 ամիս, 2014-2015 տարեշրջանէն սկսեալ:Հոս կ’ուզեմ աւելցնել թէ ամիսը մէկ անգամ,մանկամսուրի յատուկ օրէնքին համաձայն,վարժարանիս հոգաբարձութեան ատենապետ՝ մանկաբոյժ Տոքթ. Յովիկ Վարդանեանը պիտի այցելէ մանկամսուրի բաժինը քննելու համար մեր փոքրիկներուն առողջութիւնը: Հետեւաբար,երիտասարդ ծնողներ առաւօտեան ժամը 7:30–էն սկսեալ իրենց մէկ ու կէս տարեկան զաւակը վստահելով մեր մանկավարժ ուսուցչուհիներուն հանգիստ միտքով կրնան երթալ իրենց աշխատանքին: Դրութիւն մը, որ ձեռնտու է մեր ծնողներուն եւ թէ անկասկած պիտի նպաստէ մեր գաղութի հայապահպանման նպատակին:

Յանուն հոգաբարձութեան եւ Տնօրէնութեան շնորհակալութեան խօսք՝ բոլոր անհատ բարերարներուն, միութիւններուն ու կազմա-կերպութիւններուն, որոնք միշտ պատրաստ են սատարելու նիւթապէս եւ բարոյապէս մեր վարժարանին, իբր ազգային գոյատեւման ամուր բերդ: Յատուկ շնորհակալութիւն նաեւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան անձնակազմին եւ քաղաքապետին, Պուրճ Համուտի ոստիկանութեան ընդհանուր պատասխանատու գնդապետին, ինչպէս նաեւ վարժարանիս Ծնողաց Յանձնախումբի տիկիններուն եւ ատենապետուհիին՝ տարուան ընթացքին իրենց մատուցած կամաւոր աշխատանքին համար, որ վարժարանիս կը բերէ գնահատելի նիւթական օժանդակութիւն:

Խորին շնորհակալութիւն կ’ուզեմ յայտնել նաեւ վարժարանիս ուսուցչակազմին, որ անշահա-խնդրօրէն նուիրուած է աշակերտներու մշակման դժուարին բայց նուիրական գործին եւ թէ ամէն ինչ կ’ընեն ոչ միայն ուսումնական գործընթացի արդիւնավետութիւնը բարձրացնելու, այլ աշակերտին առօրեան բովանդակալից դարձնելու համար, ինչպէս նաեւ կը ձգտին ապահովել բարձր որակ եւ կարգապահութիւն: Յատուկ շնորհակալութիւն նաեւ պարուսոյց՝ օրդ. Արազ Ռաստկելենեանին, որ կարճ ժամանակի մէջ վերակենդանացուց վարժարանիս »Կարս» Պարախումբը, իր հետեւողական ու բծախնդիր աշխատանքով:

Եւ վերջապէս շնորհաւորանքի եւ շնորհակալութեան խօսք կ’ուզեմ ուղղել Ձեզի սիրելի ծնողք՝ Ձեր համբերատար հետեւողութեան: Մեծապէս կը գնահատենք Ձեր հաւատքը, վստահութիւնը, անձնազոհութիւնն ու գիտակցութիւնը, Ձեր ցուցաբերած յարգանքը վարժարանիս եւ մանաւանդ Ձեր նիւթաբարոյական քաջալերանքը: Շնորհիւ ծնողք- դպրոց սերտ գործակցութեան եւ հասկացողութեան՝ անպայմանօրէն մեր վարժարանը կը հասնի իր հիմնադիր հայրերուն որդեգրած ուսումնական ծրագրի լռիւ գործադրութեան:

Շնորհակալութիւն:

 Կալինա Շեմեմեան-Նաճարեան

Տնօրէնուհի

Վահան Թէքէեան Վարժարանի

PRESIDENT SARGISYAN WILL VISIT ARGENTINA AND URUGUAY

0

Buenos Aires-Argentina.- President Serge Sargisyan will give an official visit to Argentina and Uruguay, to strengthen the traditional relationship between Armenia and the the Latin countries .

Mr. Sargisyan will be received by the President of Argentina Dr. Cristina Fernández Kirchner on Monday, July 7 at the presidential palace. President will meet also with the presidents of the Chamber of Deputies and Senators of the National Congresss and then pay tribute to the monument of the founder of the Homeland, Don Jose de San Martin and place a wreath.

The president entourage include Foreign Minister Edward Nalbandyan, Minister Economy and Karen Jeshhmaridyan , minister of Diaspora Diaspora Hranush Hagopyan, among other officials.

Mr. Vahagn Melikian, Ambassador of Armenia in Argentina
Mr. Vahagn Melikian, Ambassador of Armenia in Argentina

The Armenian Community will welcome the president with a cultural event on Monday night at The National Theater, where President will be the only speaker. There will be a program suitable to the visit, specially prepared by the joint Folkloric dancers, singers and choirs of our community.

Armenian Genocide Museum

On Tuesday July 8 morning, the president will lead the community during the ceremony of blessing the cornerstone of the Armenian Genocide Museum, located at the corner of Gurruchaga and Jufré streets. From there he will walk to Armenia street and head to to the Cathedral St. Gregory the Illuminator, where the clergy will perform a liturgical ceremony, presided the Primate of the Apostolic Church of Armenia to Argentina and Chile, Archbishop Kissag Mouradian.

Outside the church, the president then will pay tribute to Heroes of Karabagh and the martyrs of the Armenian Genocide, in the patio adjoining the church. .

President then will visit the center of the Cultural Association Armenia and Armenian General Benevolent Union and Marie Manoogian Educational Institute where a cultural hall will be inaugurated officially.

Tribute to the heroic battle of Sardarabad

At the end of these activities, president Serge Sargisyan and his party will head to the headquarters of the Armenian Democratic Liberal party and Tekeyan Cultural Association, to honor the memory of those who fought heroic battles of Sardarabad, Gharakilisé and Bash Abarán, makers of the first Republic Armenia in 1918, with placement a wreath at the monument located in front of our headquarters.

Monument of Sardarabad in front of Tekeyan cultural Association
Monument of Sardarabad in front of Tekeyan cultural Association

Immigrants from Armenia Square

After this ceremony, the president and his entourage will be heading to the plaza at the intersection of Armenia, Costa Rica, Nicaragua to Malabia streets to unveil a plaque with the new denomination «Immigrans of Armenia» provided by the city of Buenos Aires.

In the afternoon, the president will depart to Montevideo, to begin his official visit to Uruguay.

We invites the entire community to participant in this historic days of the presidential visit in Buenos Aires. Our massive presence in each one of the acts is the best testimony of our activity and effectiveness of our institutions in Buenos Aires.

Sardarabad Weekly

ԱՏԵՆԱՊԵՏԻՆ ԽՕՍՔԸ

0

*ՄԱՅՔ ԽԱՐԱՊԵԱՆ*

???????????????????????????????

Թանկագին այցելու «ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼ»-ի կայքէջին,

Հաղորդակցութեան եւ տեղեկատուութեան ժամանակակից միջոցները եւ համացանցը մուտք գործած են նաեւ հայ կեանքի բոլոր բնագաւառները:

Այժմ յաջողութեամբ կը գործեն հայկական կազմակերպութիւններու եւ հայ մամուլի բազմաթիւ ներկայացուցիչներու սեփական կայքէջեր: Հարուստաւանդոյթներով ՌԱԿ-ը իր կարգին եւ իր աշխարհատարած մամուլը, մօտիկ անցեալին, ունեցած են եւ ունին համացանցի կայքէջեր:  «ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼ»-ը ինքնին՝ աւելի քան ութ տարիէ ի վեր համացանցային, սակայն իր դասական ձեւով մինչեւ օրս եւ անխափան՝ ամէն օր հասցուած է շուրջ 25,000 ելեկտրոնային հասցէներու: Սակայն միշտ ալ պէտքը զգացուած է աւելիին,  համապարփակին եւ վերոյիշեալները համադրող ու հնարաւորութեան սահմաններուն մէջ աւելի կատարելագործուած գոյացութեան:

ՌԱԿ-ի Կեդրոնական Վարչութիւնը, նախաձեռնելով «ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼ»-ի կայքէջը, որպէս իր պաշտօնական եւ կեդրոնացած լրատուութեան կայք, կու գայ իրականցնելու այդ գոյացութիւնը, նպատակ ունենալով հասնիլ աշխարհատարած իր շրջանակներու իւրաքանչիւր անդամի, համակիրի, հայ կեանքով եւ հայ քաղաքական կուսակցութիւններու գործունէութեամբ եւ ընդհանրապէս հայկական  լուրով հետաքրքրուած ամէն ՀԱՅ մարդու: Մեր ձգտումն է աւելի մեծ լսարանի ուշադրութեան յանձնել մեր մտածումները, տեսակէտները, ազգային-քաղաքական ըմբռնումները, կուսակցական մեր խօսքը, ինչպէս նաեւ իւրաքանչիւր հայ մտաւորականի ազատ տեսակէտը անխտիր եւ մանաւանդ հայրենի եւ աշխարհասփիւռ Հայ ժողովուրդին վերաբերող անաչառ  լուրերը քանի մը լեզուով:

«ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼ»-ի կայքէջը միջոց պիտի հանդիսանայ հաւաքական մտածողութեան ձեւաւորման եւ ամրապնդման, հեռաւոր երկիրներու մէջ ապրող եւ գործող մեր ընկերներուն եւ ընդհանրապէս հայրենակիցներուն միջեւ հաղորդակցութեան, բայց նաեւ ազգային կարեւոր իրադարձութիւններու լուսաբանման:

Խորին շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր այն ընկերներուն եւ համախոհներուն, որոնք նուիրուածութեամբ իրականութիւն դարձուցին մեր վաղեմի երազանքը, բարի գալուստ կը մաղթենք «ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼ»-ի կայքէջի այցելուներուն:

Հաճելի ընթերցում ձեզի, յաջողութիւն խմբագրութեան եւ բարի երթ մեր կայքէջին:

 Մայք Խարապեան

Ատենապետ

ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան

ՀՀ ՍՓԻՒՌՔԻ ՆԱԽԱՐԱՐ ՀՐԱՆՈՅՇ ՅԱԿՈԲԵԱՆԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ «ԻՄ ՀԱՅԱՍՏԱՆ» ՓԱՌԱՏՕՆԻ ՊԱՐԱԽՈՒՄԲԵՐՈՒ ՂԵԿԱՎԱՐՆԵՐԸ

0

Յուլիսի 2-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանն ընդունեց ,Իմ Հայաստանե համահայկական փառատօնի մասնակից 36  պարախմբերի եւ պատուիրակութիւնների ղեկավարներին: Այս մասին կը յայտնէ նախարարութեան կայքէջը:

Ողջունելով հիւրերը` նախարար Հրանոյշ Յակոբեանը նշեց. «Կարծում եմ` երէկ միասին յաղթանակ տարանք, քանի որ մեզ յաջողուեց մէկտեղել  մեր ազգի շատ բեկորներ, մէկտեղել մեր ուժը, համախմբուել հայկականութեան գաղափարի շուրջ: Իմ շնորհակալութիւնն ու խոնարհումը ձեզ, որ կարողացել էք օտար ափերում  հայապահպանութեանն ուղղուած այսպիսի վեհ գործ անել, քանի որ պարի այդ մի քանի ժամուայ ընթացքում միայն ազգային պարը չէ, որ սովորեցնում էք աշխարհասփիւռ մեր զաւակներին, այլ  առաջին հերթին փոխանցում էք հայոց լեզուն, հայերէն խօսքը եւ ազգային ոգին: Ուզում եմ շնորհակալութիւն յայտնել նաեւ ծնողներին, որովհետեւ միայն ընտանիքում հայկականութեան, ազգային արժէքների նկատմամբ ջերմութեան ու նուիրուածութեան շնորհիւ  է հնարաւոր  զաւակների  մօտ սէր առաջացնել դէպի ազգային արժէքները է»:

Հանդիպման ընթացքում, մէկը-մէկին յաջորդելով,  երախտագիտութեան  ու նուիրումի խօսքեր հնչեցրին գրեթէ բոլոր պատուիրակութիւնների ներկայացուցիչները, նրանք միաբերան ընդգծեցին, որ առաջին փառատօնի համեմատ այս տարի արդէն առաջընթաց է գրանցուել: Ներկաների խօսքերով` ազգային համախմբուածութեան այս իւրօրինակ փառատօնն աշխարհի տարբեր ծայրերի հայկական համայնքների ու Հայրենիքի միջեւ  վերացնում է տարածական հեռաւորութիւնը. փառատօնից-փառատօն պարային խմբերն ապրում են մի մտքով` լաւագոյնս  պատրաստուել «Իմ Հայաստան» փառատօնին: Պարախմբերի պատուիրակութիւնների ներկայացուցիչները բարձր գնահատելով նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի գործունէութիւնը` ՀՀ սփիւռքի նախարարին պարգեւատրեցին իրենց համայնքների եւ պատուոյ հիւպատոսների պատուոյ գրերով եւ շնորհակալագրերով:

Փառատօնի «Պարարուեստի օրեր» ծրագրին մասնակցելու համար աշխարհի 12 երկրներից հայրենիք են  ժամանել 36 պարախմբեր` ՌԴ-ից` «Շիրակ», «Տաշիր», «Կռունկ», «Հայասա», «Արմաւիր», «Նարեկ», «Արին   Բերդ», «Տարոն», «Նարէ», «Արենի», «Կարօտ», «Արփի», «Հայաստանի փայլեր»,«Արտոյտ», «Նաիրի», «Անի», «Թերպսիխորա», «Նոյեան», Վրաստանից` «Անի», «Ֆանտազիա», «Վանք», «Ջեյրան», «Վաչեան», «Բարալեթ», «Նաիրի»,  Ուկրաինայից` «Արաքս», «Արմենիա», Լիբանանից` «Արին», Քոււեյթից` «Շաքէ», Աւստրալիայից` «Նաիրի», Կանադայից` «Անի», Ֆրանսիայից` «Արա», ԱՄՆ-ից` «Զուարթնոց» պարային համոյթներին, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Արցախի պարախմբերին:

Յիշեցնենք, որ ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը, ՀՀ Նախագահ Սերժ Սարգսեանի բարձր հովանու ներքոյ, 2012 թուականից` երկու տարին մէկ, իրականացնում  է «Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնը: Այս տարի փառատօնի հանդիսաւոր բացումը կայացաւ նախորդ օրը`  յուլիսի 1-ին Ա. Սպենդիարեանի անուան օպերայի եւ բալետի ազգային ակադեմիական թատրոնում: Իրենց ներկայութեամբ հանդիսութիւնը պատուել էին ՀՀ առաջին տիկին Ռիտա Սարգսեանը, Հայաստանի Ազգային Ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեանը, ՀՀ վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանը, ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանը եւ այլ պաշտօնատար անձինք, հասարակական գործիչներ, արուեստագէտներ, մտաւորականներ:

«Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնի գլխաւոր հովանաւորն է «Օրանժ Արմէնիա» ընկերութիւնը, փառատօնի հովանաւորն է «Տաշիր գրուպ» ընկերութիւնը, փառատօնին տեղեկատուական աջակցութիւն են ցուցաբերում  «Հայաստանի հանրային», «Շանթ», «Երկիր Մեդիա» հեռուստաընկերութիւնները եւ  Հայաստանի հանրային ռատիօն:

 

 

 

ԳԱՆԱՏԱՀԱՅ ՔԱՆԴԱԿԱԳՈՐԾ ԱՐԹՕ ՉԱՔՄԱՔՃԵԱՆ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒԵՑԱՒ ՍՓԻՒՌՔԻ ՆԱԽԱՐԱՐԻՆ ԿՈՂՄԷ

0

Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանը 1 Յուլիսին ընդունեց քանատահայ քանդակագործ Արթօ Չաքմաքճեանը: Բարձր գնահատելով հայ քանդակագործին ներդրումը հայապահպանման եւ հայ մշակոյթը աշխարհին ներկայացնելու առումով՝ նախարար Հրանոյշ Յակոբեան զայն պարգեւատրեց «Արշիլ Գորկի» մետալով: Այս մասին կը յայտնէ նախարարութեան կայքէջը:

Նախարարը մասնաւորաբար նշեց. «Ինձ համար մեծ պատիւ է ներկայացնել արուեստի մեծագոյն վարպետներից մէկին՝ քանդակագործ Արթօ Չաքմաքճեանին, ով կեանքի մի մասն ապրել է Հայաստանում, միւս մասը՝ Կանադայում, բայց մշտապէս ամուր թելերով կապուած է եղել հայրենիքի հետ: Չաքմաքճեան ազգանունը վաղուց դուրս է եկել հայկական աշխարհի շրջանակներից եւ դարձել համաշխարհային մշակոյթի մեծագոյն երեւոյթներից մէկը»:

Յարութիւն (Արթօ) Չաքմաքճեան ծնած է 1933ին, Եգիպտոս։ 1948ին ընտանիքով հայրենադարձած է Խորհրդային Հայաստան: 1975 թուականէն կ՛ապրի Մոնթրէալ քաղաքը:

Արթօ Չաքմաքճեան քանդակագործութեան բնագաւառին մէջ կը նկատուի արտայայտչական ոճի հիմնադիրներէն մէկը: Այդ ոճով ան քանդակած է Կոմիտասի, Կոստան Զարեանի, Առնօ Բաբաջանեանի դիմաքանդակները, «Ազատութիւն» քանդակը: Նշանաւոր են անոր «Սասունցի Դաւիթ», «Բերքահաւաք» քանդակները, «Կոմիտաս» եւ «Ապրիլեան յուշակոթող» վեհաշուք յուշարձանները: 2010ին Փարիզի մէջ ԵՈՒՆԵՍՔՕն կազմակերպած է Արթօ Չաքմաքճեանի քանդակներու ցուցահանդէսը: Ան հեղինակն է Թորոնթոյի եւ Լաւալի Հայկական Ցեղասպանութեան նուիրուած քանդակ-յուշարձաններուն։

Շնորհակալութիւն յայտնելով բարձր պարգեւին համար՝ Ա. Չաքմաքճեան նշեց. «Ես անուղղակիօրէն ներկայացուցած եմ մեր երկիրը եւ զայն ցոյց տուած աշխարհին՝ բացայայտելով, որ մեր երկիրն ալ գեղարուեստական խօսք եւ արուեստ ունի: Եթէ ես ճանաչում գտած եմ աշխարհի մէջ, ապա միայն շնորհիւ Հայաստանի, քանի որ իմ արուեստիս սնունդ տուած է Հայաստանի անցեալի եւ ներկայի մշակոյթը»:

Երեւանի Առնօ Բաբաջանեան համերգասրահին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում քանատահայ քանդակագործ Արթօ Չաքմաքճեանի հետ, ցուցադրուեցաւ Ռիտա Շառոյեանի՝ արուեստագէտին կեանքն ու ստեղծագործութիւնը ներկայացնող «Քայլող Մարդըե ժապաւէն»:

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԹՈՄԱԿԱՅԱՆԸ 2017-ԻՆ ՊԻՏԻ ՆՈՐՈԳՈՒԻ

0

Հայաստանի աթոմական ելեկտրակայանի հիմնովին նորոգութեան աշխատանքները պիտի սկսին 2017 թուականին, որուն շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ կայանի շահագործման ժամկէտը երկարաձգել մինչեւ 2026 թուական: Լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին այս մասին յայտնած է Հայաստանի ուժանիւթի եւ բնական պաշարներու նախարար Երուանդ Զախարեանը: Անոր համաձայն՝ աթոմական ելեկտրակայանի նորոգութիւնը, նախնական հաշիւներով, պիտի արժէ շուրջ 300 միլիոն տոլար: «Աշխատանքները կարող են տեւել աւելի քան 6 ամիս, որը հնարաւոր է ազդեցութիւն ունենայ նաեւ էլեկտրաէներգիայի սակագնի վրայ: Սակայն Կառավարութիւնը ծրագրեր ունի, որ մօտակայ տարիների ընթացքում կառուցուի Երեւան ՋԵԿի 2րդ բլոկը, որն աւելի ձեռնտու կը լինի սակագնային առումով», աւելցուցած է Զախարեան: Այս մասին կը յայտնէ Armenpress-ը։

Նախարարը անդրադարձած է նաեւ նոր աթոմակայանի կառուցման՝ նշելով, որ այդ առնչութեամբ աշխատանքները հաւանաբար սկսին 2018-2019 թուականներուն: «Նոր ատոմակայանի կառուցումն անխուսափելի եւ անհրաժեշտ է Հայաստանի տնտեսութեան համար: Այսօր բանակցութիւններ են տարւում Ռուսաստանի եւ այլ երկրների հետ, նպատակաուղղուած աշխատանք է կատարւում, որ նոր ատոմակայանի կառուցման աշխատանքները սկսենք 2018-2019 թուականներին», նշած է նախարարը։

Աթոմական ելեկտրակայանի շահագործման ժամկէտը մինչեւ 2026 թուական երկարաձգելու որոշումը տրուած է կառավարութեան կողմէ՝ Սեպտեմբեր 2013-ին։