Չորեքշաբթի, 08. 04. 2026

ՄՕՏ ՕՐԷՆ ԼՈՅՍ ԿԸ ՏԵՍՆԷ ՌԱԿ-Ի ԵՐԱԽՏԱՒՈՐ ԸՆԿԵՐ ՄԿՐՏԻՉ ՄՍԸՐԼԵԱՆԻ ՄԱՍԻՆ ԳԻՐՔ ՄԸ

0

Մօտ օրէն  լոյս կը տեսնէ ՌԱԿ-ի երախտաւոր ընկեր Մկրտիչ Մսըրլեանի մասին գիրք մը, որ իր Ազգային ու Քաղաքական գործունէութիւնը ներկայացնող լրացուցիչ ու ամբողջական հատոր մը պիտի հանդիսանայ եւ երկրորդը գիրքը՝ ՌԱԿ ՄԱՏԵՆԱՇԱՐ-ի հրատարակութիւններու պատուաբեր շարքին:

Գիրքին հեղինակն է երախտաւոր ընկերոջ զաւակը՝ վաստակաշատ Դոկտ. Զաւէն Մսըրլեանը: Այս շատ կարեւոր հրատարկութիւնը ոչ միայն լոկ կենսագրական մըն է, այլ՝ է նաեւ Հայ ժողովուրդին ընդհանրապէս եւ Լիբանանահայ գաղութին ու մասնաւորաբար երախտաւորին պատկանած կուսակցութեան ու միութեան՝ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան եւ ԹՄՄ-ի, ինչպէս նաեւ «ԶԱՐԹՕՆՔ» օրաթերթի հիմնադրութեան պատմական մէկ կարեւոր ժամանակաշրջանը ամփոփող անզուգական  աղբիւր մը:

ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԱՌԱՋԻՆ ԲԺՇԿՈՒՀԻՆ՝ ՏՈՔԹ. ԶԱՐՈՒՀԻ ԳԱՒԱԼՃԵԱՆ

0

«Կարգ մը աղբիւրներ իբրեւ Թուրքիոյ առաջին բժշկուհին կը յիշեն տոքթ. Սաֆիյէ Ալի Քրեքելերի (1894-1952) անունը, որ բժշկագիտութիւն ուսանած էր 1921ին Գերմանիոյ Ուիզպուրկ քաղաքը: Տոքթ. Սաֆիյէ կարելի է առաջին թուրք բժշկուհին համարել, բայց ոչ Թուրքիոյ առաջին բժշկուհին: Այդ տիտղոսին կ՛արժանանայ իրմէ շատ աւելի կանուխ, 1903 թուականին տոքթ. Զարուհի Սերովբէ Գաւալճեանը: Այս վերջինը ծնած է 1877ին Բիւթանիա (Ատափազար): Հայրը՝ տոքթ. Սերովբէ Գաւալճեան 1875ին աւարտած է Պոսթընի բժշկական հիմնարկը: Այդ թուականէն մինչեւ 1915 ծառայած է Ատափազարի եւ Պարտիզակի մէջ:

«Ակօս»ի աշխատակից Թովմաս Թերզիեան, ստորեւ ներկայացուած անդրադարձով լուսարձակի տակ կ՛առնէ Թուրքիոյ առաջին բժշկուհիին՝ տոքթ. Զարուհի Գաւալճեանի կենսագրութիւնը.

Գալով Զարուհի Գաւալճեանին՝ 1898ին կ՛աւարտէ Բիւթանիոյ Ամերիկեան աղջկանց քոլեճը եւ բժշկութիւն ուսանելու համար կը ղրկուի Իլինոյի համալսարանը, ուրկէ 1903 տարուան շրջանաւարտներու ցանկին մէջ իր անունը նշուած է «Գաւալճեան Զարուհի, բժշկուհի, Ատափազարը, Թուրքիա» ձեւով: Զարուհի Գաւալճեան բժշկագիտական դպրոցը աւարտելէ տարի մը ետք կը վերադառնայ երկիր, բայց կը հարկադրուի որպէս օգնական հօրը մօտ աշխատիլ, որովհետեւ Ապտիւլհամիտ Բ.ի օրով արգիլուած էր կիներուն բժշկութիւն ընել: Ան միաժամանակ վարած է Ամերիկեան քոլեճի կենսաբանութեան ուսուցիչի պաշտօն:

Ա. Աշխարհամարտի օրերուն Գաւալճեան աշխուժօրէն մասնակցած է մարդասիրական կազմակերպութիւններու օգնութեան ու խնամքի ծառայութիւններուն: Բիւթանիոյ Ամերիկեան քոլեճը 1921ին Սկիւտար փոխադրուելով, ան ալ տեղափոխուած է Իսթանպուլ եւ տարրաբանութեան, կենսագիտութեան նման նիւթեր դասաւանդելու կողքին «տոքթ. Գաւալ» անունով բժշկութիւն ըրած է Սկիւտարի մէջ:

Տոքթ. Զարուհի Գաւալճեան 30 Յունիս 1969ին մահացաւ Սկիւտարի մէջ, մարմինը հողին յանձնուեցաւ Ֆերիգիւղի Հայ բողոքականաց գերեզմանատունը: Տոքթ. Զարուհի Գաւալճեանի ինչպէս կենսագրութիւնը, շիրիմին յայտնութիւնն ալ կը պարտիմ սիրելի բարեկամի մը՝ Շերեֆ Էթքերին: Մահուան տարելիցին առթիւ շիրիմը այցելելու գաղափարն ալ ինք յղացած էր, եւ ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս մենք երկուքս 30 Յունիս Երկուշաբթի օր այցելեցինք շիրիմը եւ աղօթքներ մրմնջեցինք իր հոգւոյն խաղաղութեան համար:

Մեր կարծիքով տոքթ. Զարուհին արժանի էր մամլոյ գործիչներու, գիտնականերու, հոգեւորականներու եւ համայնքային ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ յիշատակուելու: Թէեւ անցեալ տարի «Ս. Փրկի»չ ամսաթերթին մէջ ալ հրատարակուած էր այս մասին, բայց ապարդիւն մնացին տոքթ. Գաւալճեանի հաւանական ազգականները գտնելու մեր ջանքերը, ինչպէս նաեւ անխնամ վիճակի մէջ գտնուող շիրմաքարը նորոգելու մասին ալ խօսակից մը չենք կրցած գտնել: Այս տողերն ալ կը գրենք մի գուցէ որոշ հետաքրքրութիւն առթելու եւ գոնէ յառաջիկայ տարի աւելի արժանավայել կերպով յիշատակելու նպատակով այս եզակի անձնաւորութիւնը»:

«ԱԿՕՍ»

13 ՅՈՒԼԻՍԻՆ ՊԻՏԻ ՍԿՍԻ «ՈՍԿԷ ԾԻՐԱՆ-2014» ՓԱՐԱՋԱՆՈՎԵԱՆ ՓԱՌԱՏՕՆԸ

0

Յուլիս 13ին Երեւանի մէջ պիտի սկսի «Ոսկէ Ծիրան» տարեկան միջազգային շարժապատկերի փառատօնը: Այս առիթով 11 Յուլիսին փառատօնի տնօրէն Յարութիւն Խաչատրեանը եւ Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանի տեղակալ Արամ Սուքիասեան տուին մամլոյ միացեալ ասուլիս մը, որուն ընթացքին ներկայացուցին փառատօնին ծրագիրը, քաղաքապետարանին աջակցութեան մանրամասնութիւնները եւ նոր՝ «Ծիրանի ծառ» նախաձեռնութիւնը, որ Սերգէյ Փարաջանովին նուիրուած ծրագիրի պարունակին մաս կը կազմէ, եւ որ, Խաչատրեանի խօսքով, «յաւակնում է դառնալ առանձին փառատօն»:


Արամ Սուքիասեան՝ խօսելով փառատօնին մասին, նշեց, որ փառատօնի ծիրին մէջ Երեւան ժամանած հիւրերը Հայաստանէն մասնիկ մը կը տանին իրենց երկիրները եւ կը տարածեն հայկական մշակոյթն ու շարժապատկերի իրենց միջավայրերուն մէջ։

«Փարաջանովին նուիրուած բոլոր միջոցառումները կ՛անցկացուեն հէնց «Ժողովրդական արուեստի հանգոյց» կրթամշակութային հիմնադրամում: Մեր 13-14 հիւրերն ապրելու են հէնց այստեղ, զրուցելու են, ֆիլմեր են դիտելու: Այսինքն՝ մենք ունենում ենք մի առանձին գործող մշակութային կենտրոն, օջախ, որը երազանք է բոլորիս համար: Մեր նախաձեռնութեամբ մօտ ժամանակներս ստեղծուելիք էթնոգրաֆիկ ֆիլմերի փառատօնը կ՛անցկացուի հէնց այստեղ», նշեց «Ոսկէ ծիրան» երեւանեան միջազգային շարժապատկերի փառատօնի հիմնադիր-տնօրէն Յարութիւն Խաչատրեան:

«Ժողովրդական արուեստի հանգոյց» կրթամշակութային հիմնադրամի հիմնադիր-ղեկավար Լեւոն Տէր Պետրոսեանը յայտնեց, որ հիմնադրամ-կեդրոնը քանի մը տարուան աշխատանքի արդիւնք է: Ան Հայաստան եկած է Միացեալ Նահանգներէն: «Շատ բախտաւոր կը զգամ հոս ըլլալուս համար: Շատ կը սիրեմ ժողովրդական արուեստը: Կ՛ուզեմ, որ ժողովրդական արուեստը ապրի նաեւ մեր օրերուն», ըսաւ ան՝ կոչ ուղղելով գալու եւ մասնակցելու փարաջանովեան քննարկումներուն եւ շարժապատկերի ցուցադրութիւններուն:

www.news.am

ԱՉՔԵՐԴ ԳՈՑ ՔԱԼԷ ՀԱԼԷՊԻ ՓՈՂՈՑՆԵՐԷՆ…

0

*ՄԱՆՈՒԷԼ ՔԷՇԻՇԵԱՆ*

manuel-keshishian

Աչքերդ գոց քալէ Հալէպի փողոցներէն…

Աչքերդ գոց քալէ Հալէպի փողոցներէն, որպէսզի կարենաս ինքզինքդ խաբել, որ տակաւին մարդ ես:

Հալէպի մէջ բժիշկ չփնտռես. բոլորը գացած են, այն ալ առաջին գացողներէն եղած են.. մոռնալով կամ մոռացութեան տալով Հիփոքրաթի երդումը..  եւ կը խնդրեմ իրենցմէ որ չըսեն .« մեր գացած տեղը մարդիկ կը բուժենք.. մենք մարդու բժիշկներ ենք…»:

Այս բառերը թող չարտասանեն, որպէսզի խեղճ հալէպցին չկարկամի: Թերեւս իրաւունք ունէին, չէ՞ որ  Հալէպի մէջ մարդ չէ մնացած, մենք հոս մնացողներս պարզապէս մարդակերպ էակներ ենք, եւ մե՛նք ամենաշատը կը գիտակցինք այս իրականութիւնը… Վկայ՝ Հալէպի փողոցները…

Աչքերդ գոց քալէ Հալէպի փողոցներէն, որպէսզի չտեսնես կիսաքանդ կամ ամբողջութեամբ քանդուած տուներ, չտեսնես Հալէպի աղտոտ փողոցները, որպէսզի ամէն վայրկեան չզգաս նուաստացումդ, որպէսզի չտեսնես ջուր կրող մեծն ու փոքրը, կինն ու այրը, որոնք երբեմն ժամերով հերթի կանգնելէ ետք ամէն օր, ջուր կրելու աւելի հեշտ միջոց մը կը հնարեն, փայտէ եւ փլասթիքէ տուփ-սնտուկներու մէջ կը տեղադրեն դոյլերն ու շիշերը որպէսզի տան երկար ճանապարհը կարենան անցնիլ, իսկ այս փոքր հազիւ տաս տարեկան աղջիկը կը տեսնե՞ս… Աստուծոյ սիրոյն աչքերդ փակէ որպէսզի չտեսնես, ան ջուրով լի դոյլերը սնտուկին մէջ տեղադրած է բայց զառիվերը աւելի դիւրին ելլելու համար կապը մէջքին անցուցած է… ի՞նչ անուն տաս այս աղջնակին, եւ դեռ կ’ուզէիր որ մարդաբուժ բժիշկները այս կենդանաբնական պարտէզին մէջ մնա՞ն… ամօթ չէ՞…

կ’ըսեն, թէ ջուրի տագնապը պիտի թեթեւնայ, իսկ կարգ մը թաղերու մէջ ջուր կայ արդէն, միայն շէնքի յարկերը չի բարձրանար եւ երբ ելեկտրականութիւն կայ եւ դուն ջուր վեր բարձրացնող գործիք ունիս ջուր կ’ունենաս, ապա թէ ոչ, ընդամէնը քանի մը յարկ պիտի կրես ծանր դոյլերը, վնաս չունի, անոր ալ կը վարժուիս.. Եւ օր մը կրնաս զարմանալ երբ տանդ ծորակներէն ջուր վերհոսի, թերեւս ալ գոցես ծորակները, եւ շարունակես ջուր կրել… Կը յիշե՛ս, երբ առաջին անգամ ամիս մը սպասելէ ետք ելեկտրական հոսանք եկաւ, չես գիտեր գիշերուայ ժամը քանիին, ի՞նչ ըրիր. ելար եւ լոյսը… անջատեցիր… ու սարսափեցար, որովհետեւ մութին վարժուած էիր, ինչպէս որ հիմա սերունդները կը վարժուին «անդպրոցութեան», ծուլութեան, գողութեան, սպանութեան, մութին, ջուր կրելուն, փամփուշտներու սուլոցին, պայթող ռումբերուն եւ ռազմական օդանաւերէ մարդաբնակ վայրեր նետուող պայթուցիկ նիւթերով լի տակառներու ձայներուն…

Այս ամէնը չլսելու եւ անոնց չվարժուելու համար ականջներդ ալ խցանէ…

Այսօրուայ հալէպցին, վաղը երբ այս ամէնը վերջ գտնեն (եթէ վերջ գտնեն), պիտի փնտռէ այս ամէնը եւ չգտնելու պարագային ինք պիտի ջանայ վերստեղծել զանոնք…

Աչքերդ գոց քալէ Հալէպի փողոցներէն, որպէսզի չտեսնես երեկուայ առեւտրականներն ու արհեստաւորները, որոնք փողոցի անկիւնները, կանաչեղէն կը ծախեն, սիկարէթ կը ծախեն,  խորոված կ’եփեն… Աչքերդ գոց քալէ որպէսզի չտեսնես անթիւ մուրացկանները, աղբակոյտերու մէջ չես գիտեր ի՞նչ փնտռողները..  որպէսզի չտեսնես անօթի շուներու վոհմակները, որպէսզի չտեսնես, մարդոց հետ քալող եւ օրեցօր բազմացող կուշտ շուները.. ուրկէ ալ կը բերեն այս ազնուացեղ շուները..

Աչքերդ գոցէ որովհետեւ փողոցներու մէջ պիտի տեսնես ջուր կրելու պատճառաւ կորաքամակ դարձած էակներ, տխուր-խոժոր, ժպիտը մոռցած դէմքեր, յոյսը կորսնցուցած բայց զայն կարօտով սպասող դէմքեր…

Եւ բժիշկները թող չվերադառնան՝ անգործ պիտի մնան, որովհետեւ ոչ թէ հիւանդ չէ մնացած Հալէպի մէջ, (փա՜ռք Աստուծոյ բոլորս հիւանդ ենք), այլ որովհետեւ կորսնցուցած ենք մեր վճարունակութիւնը…

Աւետաբեր լուր մըն ալ տամ. վերջերս Հալէպ այցելեց երկրին վարչապետը, ան կառավարութեան անունով խոստացաւ ութսուն նոր հորեր փորել, որպէսզի Հալէպի բոլոր թաղերը հորեր ունենան…

Հալէպցիները ուրախացան, անոնց ուրախութիւնը կ’ամբողջանայ եթէ պարոն վարչապետը ութսուն հատ ալ ոսկրաբոյժ, թէկուզ անասնաբոյժ, բժիշկ ղրկէ, բուժելու հալէպցիներու կռացած ողնաշարերը…

Եւ գիտե՞ս սխալը ո՞րն է…

Ամենամեծ սխալը այս բոլորին չվարժուիլն է, եւ մարդ մնալը, որովհետեւ կը պատկերացնե՞ս, թէ ինչպէս պիտի կարենաս ապրիլ փոխուած եւ այլակերպուած շրջապատիդ մէջ, երբ այս բոլորին վերջակէտ դրուի եւ դուն դեռ մարդ մնացած ես…

Հալէպ

ԹԱՄԱՐ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆԻ ԳՈՐԾԵՐՈՒՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄԸ

0

*ԱՐԱ ԱՀԱՐՈՆԵԱՆ*

Ara Aharonian

Կլենտյէլի Կեդրոնական Գրադարանի Հանդիսասրահը Ուրբաթ 27 Յունիսի երեկոյեան, հոծ բազմութեան մը ժամադրավայրն էր` վաստակաւոր բանաստեղծուհի Թամարա Յովհաննիսեանի զոյգ գործերուն ներկայացումին առիթով: Ձեռնարկը կազմակերպուած էր Լոս Անճելըսի Թէքէեան Մշակութային Միութեան կողմէ: Թ.Մ. Միութեան վարչական անդամ Նազիկ Գոճայեանի հանդիսավարութեամբ սկսած յայտագիրով, նախ ներկայացուեցաւ բանաստեղծուհիին ամփոփ կենսագրութիւնը եւ երկերուն թւումը:

ՆԱԶԻԿ ԳՈՃԱՅԵԱՆ
ՆԱԶԻԿ ԳՈՃԱՅԵԱՆ

Թամարա Յովհաննիսեան Հայաստանէն է, որ այժմ հաստատուած է Գալիֆորնիա: Հանդիսավարուհին առաջին հերթին հրաւիրեց վաստակաւոր արձակագիր Սարգիս Վահագնը, ներկայացնելու համար «ԼԻՆԵԼՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՆՈՒԱԳ» գործը, որ տպագրուած է 2013-ին` Երեւան:

Բանախօսը յատկապէս անդրադարձաւ Յովհաննիսեանի գործին մէջ տեղ գտած սիրերգութեան բոլորովին նոր ոճին, լեզուի հարստութեան, բանաստեղծելու իւրայատուկ մօտեցումին եւ թէքէեանական շունչի առկայութեան:

ՍԱՐԳԻՍ ՎԱՀԱԳՆ
ՍԱՐԳԻՍ ՎԱՀԱԳՆ

Գեղարուեստական բաժնի առաջին ելոյթով ժողովրդական ասմունքով Անահիտ Մարտիրոսեան, իւրայատուկ մեկնաբանութեամբ մը արտասանեց Յովհաննիսեանէն չորս կտորներ:

Դաշնակահար Շուշան Յակոբեան եւ ջութակահար Օֆելիա Նանակիւլեան միասնաբար ներկայացուցին Արամ Խաչատուրեանի Գայանէ եւ Սպարտակուս պալէներէն երեք կտորներ: Իսկ Նանակիւլեան առանձին կատարեց Կռունկ սիրուած կտորին մեկնաբանութիւնը:

ԱՆԱՀԻՏ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ
ԱՆԱՀԻՏ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ

ԴԱՇՆԱԿԱՀԱՐ ՇՈՒՇԱՆ ՅԱԿՈԲԵԱՆ ԵՒ ՋՈՒԹԱԿԱՀԱՐ ՕՖԵԼԻԱ ՆԱՆԱԿԻՒԼԵԱՆ
ԴԱՇՆԱԿԱՀԱՐ ՇՈՒՇԱՆ ՅԱԿՈԲԵԱՆ ԵՒ ՋՈՒԹԱԿԱՀԱՐ ՕՖԵԼԻԱ ՆԱՆԱԿԻՒԼԵԱՆ

* *

Սիրուն անակնկալ մըն էր բեմի պաստառին վրայ ունկնդրել հայրենի տաղանդաւոր յօրինող Ռոպերթ Ամիրխանեանի ողջոյնի խօսքը` ուղղուած օրուան մեծարեալ Թամարա Յովհաննիսեանին, մանաւանդ երգի կատարումը զոր Ամիրխանեան հրամցուց մեզի:

ՌՈՊԵՐԹ ԱՄԻՐԽԱՆԵԱՆ
ՌՈՊԵՐԹ ԱՄԻՐԽԱՆԵԱՆ

Յայտագիրին երկրորդ խօսք առնողն էր վարչական անդամ, գրականագէտ Լիլիթ Քէհէեան: Բանախօսուհին բարձրորակ վերլուծումով ներկայացուց Յովհաննիսեանի «ԿԻՆ»ը գործը, որ 2006 թուականին Երեւան տպագրուած է: Քէհէեան կեդրոնացաւ բանաստեղծին լեզուի տպաւորիչ ոճին յատկութեան վրայ, որ իւրայատուկ կը դարձնէ գրողին քերթողական արուեստը:

ԼԻԼԻԹ ՔԷՀԷԵԱՆ
ԼԻԼԻԹ ՔԷՀԷԵԱՆ

Ծանօթ դերասան Յովհաննէս Բաբախանեան, իր սրտագին ողջոյնի խօսքը ուղղելէ ետք բանաստեղծուհիին, ընթերցումներ ըրաւ Յովհաննիսեանի գործերէն` խորապէս տպաւորելով ներկաները:

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԲԱԲԱԽԱՆԵԱՆ
ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԲԱԲԱԽԱՆԵԱՆ

Յայտագիրի աւարտէն առաջ, վարչութեան ատենապետ Վաչէ Սեմերճեան ընթերցում կատարեց` Թ. Մ. Միութեան Կեդրոնական վարչութեան փոխ ատենապետ, գրադատ Երուանդ Ազատեանի ողջոյնի բովանդակալից եւ սրտառուչ խօսքը:

ՄԱՐԻԱՆԱ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ
ՄԱՐԻԱՆԱ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ

Աւարտելով յայտագիրը բանաստեղծուհի Թամարա Յովհաննիսեան անկեղծ շնորհակալութեան խօսք ուղղեց կազմակերպիչ վարչութեան, յայտագրի մասնակիցներուն, երկու խօսք առնողներուն եւ ներկաներուն ու խորանալով իր նիւթին մէջ, մեկնաբանեց իր գեղարուեստական կեանքին դժուարութիւնները, դառնութիւնները, ինչպէս նաեւ հպարտառիթ յաջողութիւնները: Գրող Յովհաննիսեանի փափաքով իր մօտ գնուող գործերուն օրինակները նուէր տրուեցան գրասէրներուն:

ԹԱՄԱՐԱ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ
ԹԱՄԱՐԱ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ

ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԵՒ ՈՒՐՈՒԿՈՒԷՅ ԱՇԽԱՐՀԻ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ԿՈՉ Կ՛ՈՒՂՂԵՆ ՃԱՆՉՆԱԼՈՒ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

0

Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ուրուկուէյի Արեւելեան Հանրապետութեան նախագահները հրապարակած են միացեալ յայտարարութիւն մը, ուր միասնաբար կոչ ուղղած են աշխարհի պետութիւններուն եւ միջազգային կազմակերպութիւններուն ճանչնալու եւ դատապարտելու «հայ ժողովրդի եւ համայն մարդկութեան դէմ Օսմանեան կայսրութիւնում 1915թ. կատարուած յանցագործութիւնը»:

«Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին ընդառաջ կոչ արեցին աշխարհի պետութիւններին եւ միջազգային կազմակերպութիւններին՝ ճանաչել եւ դատապարտել հայ ժողովրդի եւ համայն մարդկութեան դէմ Օսմանեան կայսրութիւնում 1915թ. կատարուած յանցագործութիւնը: Հայկական կողմը երախտագիտութեամբ յիշատակեց, որ Ուրուգուայը Հայոց ցեղասպանութիւնն աշխարհում առաջինը ճանաչած եւ ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործընթացն սկսած երկիրն է, ինչպէս նաեւ ողջունեց Մոնտեվիդէոյում Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան հիմնելու Ուրուգուայի իշխանութիւնների որոշումը եւ այդ հարցում նախագահ Խօսէ Մուխիկայի անձնական աւանդը», գրուած է յայտարարութեան մէջ:

Անդրադառնալով Արցախի հարցին, երկու նախագահներու կողմէ ստորագրուած յայտարարութիւնը կը շեշտէ, որ «Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը բացառապէս խաղաղ բանակցային ճանապարհով, ԵԱՀԿ Մինսկի խմբի համանախագահների միջնորդութեամբ կարգաւորելու անհրաժեշտութիւնը բացառապէս ԵԱՀԿ Մինսկի խմբի համանախագահների միջնորդութեամբ, հիմնուած միջազգային իրաւունքի նորմերի եւ սկզբունքների վրայ, այդ թւում՝ ուժի եւ ուժի սպառնալիքի չկիրառման, ժողովուրդների իրաւահաւասարութեան, ազգերի ինքնորոշման եւ տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքները:

«Հայկական կողմը գոհունակութիւն յայտնեց ղարաբաղեան հակամարտութեան հանդէպ Ուրուգուայի հաւասարակշռուած, անկողմնակալ դիրքորոշման համար, արժեւորեց Ուրուգուայի խորհրդարանականների Լեռնային Ղարաբաղ այցելելու փաստը, ինչպէս նաեւ յօգուտ հակամարտութեան արդարացի լուծման Ուրուգուայի բարձրաստիճան ներկայացուցիչների կողմից արուած յայտարարութիւնները:

«Ընդգծեցին նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի իրավիճակի վերաբերալ այլ պետութիւնների եւ միջազգային կազմակերպութիւնների անաչառ տեսակէտ ունենալու անհրաժեշտութիւնը‘ կողմերի միջեւ երկխօսութեան եւ բանակցութիւնների միջոցով լուծմանը հասնելուն օժանդակելու համար»:

ՀԲԸՄ-ՀԵԸ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՍԿԱՈՒՏԱԿԱՆ ԵՒ ԱՐԵՆՈՒՇԱԿԱՆ ԽՈՒՄԲԵՐԸ ՄԵԿՆԵՑԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ

0

*ՊԷՅՐՈՒԹ, ԼԻԲԱՆԱՆ* ՀԲԸՄ Անդրանիկ սկաուտական բանակումը այս տարի եւս տեղի կ՛ունենայ Հայաստանի Լոռի մարզի Լերմոնտով գիւղի մօտակայքը գտնուող ՀԲԸՄ-ի սեփական Անդրանիկ բանակավայրին մէջ: Ըստ աւանդութեան, ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Լիբանանի սկաուտական շարժումի սկաուտներ եւ արենուշներ` թիւով 45, անոնց միացած ՀԵԸ-ի Սուրիոյ Դամասկոսի, Հալէպի եւ Քամիշլիի շրջաններէն սկաուտներ եւ արենուշներ, չորեքշաբթի, 9 յուլիս 2014-ին ՀԲԸ Միութեան «Տեմիրճեան» կեդրոնէն ուղղուեցան օդակայան, ուրկէ երեկոյեան մեկնեցան մասնակցելու ՀԲԸՄ Անդրանիկ սկաուտական 7-րդ բանակումին, որ կը տեւէ երկու շաբաթ:

Հայրենիք ժամանումին, սկաուտները եւ արենուշները դիմաւորուեցան ՀԵԸ-ի Լիբանանի վարիչ տնօրէն Գէորգ Սանթուրեանի կողմէ: Անոնք Հայաստանի մէջ միացան ՀԲԸՄ-ի մասնաճիւղերէ եկած իրենց սկաուտ եւ արենուշ քոյրերուն եւ եղբայրներուն: Անոնք պիտի մասնակցին բանակումին զանազան յայտագիրներուն, որոնք կ՛ընդգրկեն սկաուտական գիտելիքներ եւ նաեւ այցելութիւններ տարբեր տեսարժան վայրեր ու կեդրոններ:

ԳԷՈՐԳ ԿԱԿՈՍԵԱՆԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ

0

*ՅԱԿՈԲ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ*

Hagop Mardirossian

Ան գիտէր նաեւ՝ թէ տակաւին կանուխ էր իր երգերու ձայնագրութիւններուն համար: «Եղբայր՜ կ’ըսէր, ասոնք չեն հասկնար թէ երգիչի մը ձայնը հասուն եւ հաստատուն կը դառնայ 35 տարիքէն ետք»: Բայց չէր գիտեր թէ՝ պիտի չհասնէր եւ «չտեսնէր» այդ տարիքը:

Տակաւին նորելուկ աստղ՝ երգարուեստի ասպարէզին մէջ, խիստ խոնարհ՝ գիտակից էր իր կարողութիւններուն , աստուածատուր եւ իւրայատուկ տաղանդին զորս կը ցոլանային իր գեղադէմ արտաքինէն եւ հոգիին ընդմէջէն:

Գէրորգ Կակոսեանի կեանքը ունեցաւ 27 գարուններ միայն, շուտով խամրելու համար դաժան եւ առեղծուածային մահով, որուն արժանի չէր ան, իսկ պատճառը՞, կրկին առեղծուածային եւ աններելի:

Գէորգ Կակոսեան ծնած է Պէյրութ, Լիբանան, 1942 թուի Յունիսի 9-ին, եւ մահացած Գահիրէ, Եգիպտոս, 1969 թուի Նոյեմբերի 25-ին, հիւանդանոցի մահիճին մէջ, զոր դարձաւ իր մահուան անիծեալ մահիճը, հէգ երիտասարդէն խլելու համար իր վերջին շունջը, վերջին երգը՝ «Ես երգելով կ’ուզեմ մեռնիլ»ը, շուրթերուն վրայ սառեցնելու համար:

ԳԷՈՐԳ ԿԱԿՈՍԵԱՆ
ԳԷՈՐԳ ԿԱԿՈՍԵԱՆ

Անհաւատալի էր պատահարը, կ’ըսէին մէկ օր առաջ իր համերգին ներկայ գտնուած ունկընդիրները : Ըստ բժիշկներու յայտարարութեան, եւ ուշ գիտակցութեան հետեւանքով,  անոր անհանգստութեան պատճառը եւ դարմանումի անկարելիութիւնը, զոր յայտնաբերուեցաւ  դիազննութեան հետեւանքով, անկարողութեան մատնած էին բժիշկները: Բայց արդէն ուշ էր, եւ հայ երաժշտութեան նորագոյն եւ հազուագիւտ աստղերէն մին, կը խամրէր տակաւին վերելքի ճանապարհին, «Կոմիտասի» 100-ամեակը առանց կարենալ յիշատակելու իր պատրաստած համերգով:

Պէյրութի Պետական Երաժշտանոցի դասընթացքները բաւարար չէին երիտասարդ արուեստագէտին երաժշտական կիրքերուն գոհացում տալու համար: Ան շարունակեց իր ուսումը Իտալիոյ մէջ, իր ինքնատիպ եւ գեղեցիկ բամբ (պաս) ձայնի արտակարգ կարողութեան շնորհիւ, հասնելու համար հեռաւոր հորիզոններ, ուր հասած են միայն հազուագիւտները, իր նման, ուսանելով եւ տիրապետելով միջազգային երաժշտութեան: Ազգային ոգին սակայն կը տիրապետէր իր հոգիին մէջ:

Գէորգ Կակոսեան այնուհետեւ կը հետեւէր իր արուեստի կատարելագործման, պատրաստակամ նուիրուելով հայ եւ օտար երգի ներկայացման, հայ եւ օտար բեմերու վրայ:

Իր երգահանդէսները կը տարբերէին այլ երգիչներու ելոյթներէն: Գէորգին ելոյթները ընդհանրապէս նուիրուած էին ազգային երեւոյթներու քաջալերական ելոյթներու, առանց նիւթի հետապնդման: Ան խորապէս գիտակից, համեստ եւ խոնարհ իր վաւերական կարողութիւններուն, նման չէր այլ երգիչներու որոնք արուեստի բարձունքներ չնուաճած՝ արդէն կը մոլորին իրենց հպարտութեան եւ յոխորտութեան մէջ:

mardi3

Ուսուցիչները  զինք կոչած էին «խոստմնալից տաղանդը» որ «տուաւ այն ինչ որ իրմէ կը պահանջուէր»:

Գէորգ Կակոսեան պատուոյ կոչումով կը վերադառնայ Պէյրութ, հաստատելու համար թէ ան արդէն տիրապետած էր երգարուեստի կատարողական եւ մեկնաբանական արուեստին:

Այնուհետեւ՝ իր կեանքի արուեստի սեմին, ան ելոյթներ կը սկսի ունենալ միջին արեւելքի, Եւրոպայի եւ Հայրենիքին մէջ, գրաւելով եւ հմայելով հանդիսասրահի ունկընդիրները իր քնքոյշ թաւ ձայնով:

Կ’ըսէին թէ ան Նար Յովաննիսեանի յաջորդն էր հայ երաժշտութեան ասպարէզին մէջ, սակայն՝ հազար ափսոս, Գէորգին աստղը ասուպի նման շատ շտապ մեկնեցաւ հայ երաժշտութեան հորիզոնէն, սուգի մէջ թողնելով հարազատները, երկրպագուները եւ համայն հայ ազգը:

Գահիրէի, Պէյրութի, Հալէպի հայ գաղութները եւ Հայրենիքի ժողովուրդը ափսոսանքով  սգաց անոր վաղաժամ մահը: Սգացին նաեւ իր օտար ուսուցիչներն ու դասընկերները, Լիբանանի, Իտալիոյ, Անգլիոյ եւ Ճաբոնի մէջ: Վերջին երկրի ընկերը՝ Թաքաօ Օքամուրան, իր յիշատակին երգահանդէս տալով Լիբանանի մէջ, վերջին երգը, «Ես Լսեցի Մի Անոյշ Ձայն» , հայերէն լեզուվ նուիրելով Գէորգի յիշատակին:

Անժամանակ կորուստը արուեստի պատուանդանէն պոկեց Գէորգը, սակայն անոր անունը պիտի մնայ անմար հայ երգարուեստի պատմութեան մէջ որպէս հզօր բամբ (պաս) երգիչ:

Յիշատակդ անթառամ Գէորգ Կակոսեան:

PRESBYTERIAN CHURCH ADOPTS RESOLUTION ON ARMENIAN GENOCIDE CENTENNIAL

0

This historic resolution, which was the first of its kind for a major American church body, was adopted by the 1.8 million-member church. It originated in the local presbyteries of Los Ranchos (Anaheim, Calif.), Chicago, and Palisades (New Jersey), and was sent on to the national body for adoption. Two overture advocates who played a vital role in this regard were Rev. Dr. Christine Chakoian (Chicago Presbytery) and Rev. Dr. Vartkes Kassouni (Los Ranchos Presbytery). Dr. Chakoian is the senior pastor of the First Presbyterian Church of Lake Forest, Ill. Dr. Kassouni is retired, and at present the parish associate of the Tustin Presbyterian Church of Tustin, Calif. Central to the development and writing of the resolution (called an overture) was the staff of the Jinishian Memorial Program (Eliza Minassian, director, and Cara Taylor, coordinator) and the World Mission Agency of the Presbyterian Church (USA), with Greg Allen-Pickett the general manager of operations.

Assisting Rev. Drs. Chakoian and Kassouni was Rev. Fr. Garabed Kocharian, pastor of St. John’s Armenian Church of Southfield, Mich. They spoke on Mon., June 16, before the meeting of the Peacemaking and International Relations Committee, which had to hear, debate, and approve the resolution, and then send it on to the plenary session for final adoption. Their presentations were coordinated, first in an “open hearing” where Chakoian and Kochakian spoke, and then in the action phase where Kassouni spoke calling on the Assembly to take this historic step and recognize the massacres of 1.5 million as “the first genocide of the 20th century.”

The overture includes four key points: One, it urges member congregations to recognize the Armenian Genocide, express deep sympathy to the Armenian people, and designate April 24 every year as the day of remembrance, and honors the provisions of American and international law in this regard. Two, it supports the designation of “genocide” for the death of 1.5 million Armenians and the expulsion of 1 million more from the Ottoman Empire in the years 1915-23.

Three, it directs the stated clerk of the General Assembly to call on the president and the Congress of the United States of America to recognize and condemn the death and expulsion of the Armenians, and to communicate this resolution to our ecumenical partners nationally and internationally. Four, it directs the Presbyterian Mission Agency to encourage appropriate observance of the 100th anniversary of the Armenian Genocide (subsequently choosing April 26, 2015) in the churches, with accompanying educational and cultural forms of remembrance, noting the important role played in this endeavor by the Jinishian Memorial Program.

The resolution received great support by the committee during its hearings and action. The Plenary Session affirmed its recommendation and adopted it with no opposition. This was a rare occasion when three Armenian clergy (two Protestant and one Apostolic) stood together in strong cooperative witness and support on behalf of the Armenian people. The process took a long time, starting in January 2014, and worked its way up to the General Assembly in June. It’s a great tribute to cooperative, consistent, intelligent, and dedicated effort on behalf of our Armenian people, past and present.

www.armenianweekly.com

ՌԱԿ-ի ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԱՏԵՂԻՆ

0

*ԼԻԲԱՆԱՆ* Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը այցելութիւն մը տուաւ Ազգային Ազատական (Ահրար) կուսակցութեան կեդրոնատեղին, ուր ընդունեցաւ անոր նախագահ՝ պետական երեսփոխան Տորի Շամուունին կողմէ:

ՌԱԿ-ի պատուիրակութեան մաս կազմեցին ընկերներ՝ Միքայէլ Վայէճեան (ատենապետ),  Ճէքի Տէրվիշեան, Տոքթ. Ժոզէֆ Կրպոյեան, Արտեմ Նանէճեան, ինչպէս նաեւ Պետական նախկին երեսփոխան ընկեր Յակոբ Գասարճեան:

Հանդիպումը առիթ մը եղաւ կողմերուն արծարծելու Լիբանանն ու շրջանը յուզող հարցեր: Ազատական Կուսակցութեան Նախագահ՝ Տորի Շամուուն կարեւոր նկատեց նման հանդիպումներն ու համագործակցութիւնը ազատական սկզբունքներու շուրջ գաղափարակից երկու կուսակցութիւններուն միջեւ: Իր կողմէն ընկեր Վայէճեան շնորհակալութիւն յայտնելով ընդունելութեան համար կարեւորութեամբ ընդգծեծ երկու կուսակցութիւններուն գործակցութեան կարեւորութեանը վրայ ինչ կը վերաբերի լիբանանի դիմագրաւած տնտեսական եւ ընկերային հարցերուն:

ՄԱՄԼՈՅ ԴԻՒԱՆ

ՌԱԿ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ