Չորեքշաբթի, 08. 04. 2026

ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ ԼՈՅՍ ՊԻՏԻ ՏԵՍՆԷ ՀԱՄՇԷՆԱՀԱՅԵՐԷՆ ԱՌԱՋԻՆ ԱՄՍԱԳԻՐԸ

0

Խումբ համշէնահայեր, Համշէնի լեզուն և մշակոյթը տարածելու և ապագայ սերունդներուն փոխանցելու նպատակով կը պատրաստուին տպագրել համշէնահայերէն առաջին ամսագիրը Թուրքիոյ մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ Akunq.net-ը` վկայակոչելով թրքական «Տիճլէ» լրատուական գործակալութիւնը:

Պարբերականը պիտի կրէ «Գոր» (համշէնահայերէն` կամաւոր աշխատանք) անունը: Խումբը սոյն ամսագրի հրատարակման աջակցելու կոչ  ըրած է բոլոր համշէնցիներուն` հանդէս գալով «Գիրի գոր ունիք, դուք ալ թև ձգեցէք» (համշենահայերէն` «Գիրի մեր կամաւոր աշխատանքին դուք էլ մասնակցեցէք») կարգախօսով:

Համշէնցի ուսումնասիրողներէ, գրողներէ, լրագրողներէ, երաժիշտներէ և ուսանողներէ բաղկացած վերոյիշեալ խումբը կը փափաքի «Գոր» ամսագրի առաջին թիւը հրատարակել Սեպտեմբերին: Ամսագրի 90 տոկոսը բաղկացած պիտի ՚ըլլայ Համշէնի եւ համշէնահայութեան պատմութեան եւ մշակոյթին մասին նիւթերէ: Այս նախաձեռնութիւնը աննախընթաց երեւոյթ է Թուրքիոյ մէջ, ուր անցնող տասնամեակներուն փոքրամասնութիւններու մշակութային ազատութիւններու հանդէպ հետեւողական կաշկանդում գործադրուած է:

 

ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՆԱԽԱԳԱՀԻ ԹԵԿՆԱԾՈՒՆ ԽՕՍԱԾ Է ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

0

Թուրքիոյ նախագահական ընտրութեանց գլխաւոր ընդդիմադիր կուսակցութեանց ներկայացուած միացեալ թեկնածուն՝ Էքմելետտին Իհսանօղլու, Հինգշաբթի, Յուլիս 10ին, լրագրողներու հետ հանդիպման մը ընթացքին պատասխանած է Հայկական Ցեղասպանութեան մասին «Թարաֆ» թերթի հայազգի սիւնակագիր Հայկօ Պաղտատի հարցումին: Այս մասին կը հաղորդէ Akunq.net-ը:

«Դուք միջազգային հարթակներու վրայ պաշտօններ ստանձնած անձ էք եւ Թուրքիոյ նախագահ ըլլալու պարագային՝ ձեր օրակարգին վրայ պիտի դիմակայէք Թուրքիոյ ամենակարեւոր հարցերէն մէկը՝ 1915 թուականի դէպքերու (Հայկական Ցեղասպանութեան, «Ակունք»ի Խմբ.) 100ամեակը։ Այս հարցը օրակարգային պիտի ըլլայ միջազգային հարթակներու վրայ, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ ներքաղաքական կեանքին մէջ: Դուք միջազգային իրաւունքի տեսանկիւնէն ինչպէ՞ս կը գնահատէք 1915 թուականի դէպքերը: Ի՞նչ կ՛ըսէք հրապարակուած ցաւակցական ուղերձին մասին», հարցուցած է Պաղտատ:

«1915 թուականին պատահած ցաւալի դէպքերը մեզ միշտ վշտացուցած են եւ պիտի շարունակեն վշտացնել: Ես շատ լաւ կը յիշեմ, երբ 1970ականներուն, իբրեւ համալսարանի դասախօսական կազմի երիտասարդ անդամ, կը մասնակցէի մշակոյթի նախարարութեան միջոցառումներուն եւ սերտ կապեր ունէի արտաքին գործոց նախարարութեան հետ: Այս երկու նախարարութիւններու միջոցառումներուն մասնակից ըլլալով՝ նաեւ հարցին էութեան ծանօթ եմ: Կառավարութեան ցաւակցական ուղերձը ճիշդ եւ տեղին էր: Թուրքիա այս հարցը պէտք է լուծէ համբերատարութեամբ, սառնասրտութեամբ՝ օգտագործելով դիւանագիտութեան եւ գիտութեան բոլոր ճամբաները: Այս պահուն աւելին չեմ ուզեր ըսել», պատասխանած է Իհսանօղլու:

 

ՄԱՐՏԻՆԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՆ ՈՒ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՎԱՅՐԵՐԸ ԿԸ ՄԱՔՐՈՒԻՆ

0

Մարտինի Արթուքլու շրջանի քաղաքապետարանը սկսած է մաքրել քաղաքի եկեղեցիները, մզկիթներն ու պատմական վայրերը: Կը մաքրուին նաեւ դէպի այդ վայրերը տանող ճանապարհները: Այս մասին կը հաղորդէ Tert.am-ը՝ վկայակոչելով Hyetert-ը:

Քաղաքին մէջ գտնուող 31 մզկիթներու, 11 եկեղեցիներու եւ այլ վայրերու ճանապարհները կը լուացուին: Քաղաքի վարչութեան համանախագահներ Սեւինչ Պոզանն ու Էմին Իրմաքը նշած են, որ այդ ձեւով իրենք կը փափաքին ցոյց տալ քաղաքի մաքուր դէմքը:

Համանախագահները նշած են, որ մաքրման աշխատանքներ պիտի իրականացուին յատկապէս այն վայրերուն մէջ, ուր յաճախ զբօսաշրջիկներ կ’ըլլան:

“Յատկապէս այս ամիսներուն մեր հին քաղաքի պատմական վայրեր, եկեղեցիներ ու մզկիթներ այցելողներուն թիւը կ’աճի: Տեղացի եւ օտար զբօսաշրջիկներու մեծ հոսք կը նկատուի: Այդ պատճառով մեր աշխատանքները սկսած ենք մաքրութենէն”,- ըսած են անոնք:

ԱՇՆԱՆ ՀԱՅ ԽԱՂԱՂԱՊԱՀՆԵՐԸ ՊԻՏԻ ՄԵԿՆԻՆ ԼԻԲԱՆԱՆ

0

Աշնան հայ խաղաղապահները պիտի մեկնին Լիբանան՝ հոն կատարելու խաղաղապահ առաքելութիւն եւ նպաստելու միջազգային անվտանգութեան: Այս մասին կը յայտնէ Armenpres-ը։

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան սպառազինութիւններու եւ միջազգային անվտանգութեան վերահսկողութեան վարչութեան պետ Սամուէլ Մկրտչեան «Արմէնփրէս»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին նշած է, որ իրաւական առումով հարցերը կարգաւորուած են, համաձայնութեան գոյացման վերաբերեալ անհրաժեշտ փաստաթուղթերը արդէն ստորագրուած են թէ՛ Իտալիոյ, թէ՛ ՄԱԿի գրասենեակին մէջ, եւ, ամենայն հաւանականութեամբ, աշնան հայ խաղաղապահները կը մեկնեն Լիբանան:

Խաղաղապահ ոլորտին մէջ Հայաստանի կարեւորագոյն նպատակներէն մէկն ալ խաղաղապահ գործողութիւններու աշխարհագրութեան ընդարձակումն է: Այդ առնչութեամբ կը կատարուին բանակցութիւններ, եւ շուտով հայ խաղաղապահները պիտի մասնակցին ՄԱԿի հովանիին տակ կատարուող խաղաղապահ գործողութիւններուն:

«Դա գործունէութեան այնպիսի ոլորտ է, որն իրականացնելով՝ ի ցոյց ենք դնում, որ Հայաստանի համար խորթ չեն առաւել լայն միջազգային անվտանգութեան խնդիրներն ու երկիրն իր հնարաւորութիւնների շրջանակում փորձում է իր ներդրումը բերել այդ գործունէութեանը», ըսած է Սամուէլ Մկրտչեան:

ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆԻ ԱՄԷՆԷՆ ԿԱՅՈՒՆ ԵՐԿԻՐԸ ԿԸ ՀԱՄԱՐՈՒԻ

0

Ամերիկեան «Խաղաղութեան հիմնադրամ» հետազօտական հաստատութիւնը հրապարակած է «Անկայուն երկիրներու ցանկ-2014» (Fragile States Index–2014) տարեկան վարկանշային աղիւսակը:

focus12_01_chart1

Անիկա վարկանշային միաւորներ կը ճշդէ աշխարհի 178 երկիրներու համար՝ հաշուի առնելով վերջիններուն կայունութեան մակարդակը:

Մեթոտաբանութեան համաձայն՝ իւրաքանչիւր երկրի պարագային վերջնական միաւորը կը գոյանայ քաղաքական, ընկերային եւ տնտեսական բնոյթի 12 ցուցանիշներէ, ինչպէս նաեւ հարիւրաւոր ենթացուցանիշներու միաւորներու ամբողջացման իբրեւ արդիւնք։ Վարկանշային աղիւսակի տրամաբանութեան համաձայն՝ որքան ցած ըլլայ վերջնական միաւորը, այնքան իրավիճակը լաւ կ՛ըլլայ տուեալ երկրին մէջ, ինչպէս նաեւ հակառակը՝ որքան բարձր ըլլայ միաւորը, այնքան բարձր կ՛ըլլայ անկայունութեան մակարդակը:

Ըստ վարկանշային աղիւսակին՝ Հայաստան, ստանալով 71.3 միաւոր եւ յայտնուելով 104րդ հորիզոնականին վրայ, տարածաշրջանին մէջ լաւագոյն ցուցանիշը արձանագրած է՝ նկատուելով աւելի կայուն, քան Վրաստանը (82.7 միաւոր, 63րդ դիրք) եւ Ատրպէյճանը (77.8 միաւոր, 77րդ դիրք): Հայաստանը կայունութեան մակարդակով աւելի լաւ է նաեւ Իրանէն (87.2 միաւոր, 44րդ դիրք) Ռուսիայէն (76.5 միաւոր, 85րդ դիրք), ինչպէս նաեւ Ուզպեքստանէն (86.3 միաւոր, 48րդ դիրք), Տաճիկստանէն (84.6 միաւոր, 55րդ դիրք), Թուրքմէնստանէն (78.2 միաւոր, 74րդ տեղ), Մոլտովայէն (75.1 միաւոր, 89րդ դիրք), Պելոռուսէն (75 միաւոր, 90րդ դիրք) եւ Թուրքիայէն (74.1 միաւոր, 93րդ դիրք):

Ցանկին մէջ կայուն երկիրներու հնգեակին մաս կը կազմեն Շուէտը, Դանիան, Նորվեկիան, Զուիցերիան եւ Նիւ Զիլանտան, իսկ ամէնէն կայունը Ֆինլանտան է։

«ՓԹԻԹ» ՄԱՆԿԱՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ՊԱՐԲԵՐԱԿԱՆԻ 10-րդ ՀԱՄԱՐԸ

0

*ՍԵԼԱՆԱ ՊԱՏԱԼԵԱՆ*

Ինչո՞ւ են նահանջում ազնիւ նպատակները:

Պէյրութում երեք տարի առաջ Վերժին եւ Կարօ Աբրահամեանների նախաձեռնութեամբ սկիզբ դրուեց «Փթիթ» մանկապատանեկան հանդէսի հրատարակութեանը: Շնորհիւ խանդավառութեան եւ նուիրուածութեան, հիմնադիրները կարողացել են ներկայիս տպագիր մամուլի դժուարութիւնները յաղթահարելով` ապահովել հրատարակման հնարաւորինս կանոնաւոր պարբերականութիւնը: Եւ ոչ միայն. ցայսօր լոյս տեսած հանդէսի բոլոր 10 համարները պահպանել եւ կատարելագործել են տպագրական ու բովանդակային բարձր չափանիշները` աշխատուած, կազմուած, խմբագրուած են միեւնոյն նախանձախնդիր վերաբերմունքով, սիրով եւ ուշադրութեամբ:

Մանուկների եւ պատանիների ժամանակակից հետաքրքրութիւնների բազմազանութիւնն ու առաջադիմութիւնը, յատկապէս էլեկտրոնային խաղային ճարտարարուեստի բերած գրաւչութիւնը նկատի առնելով` մանկապատանեկան տպագիր պարբերաթերթերից առաւել ջանքեր են պահանջւում այսօր, եթէ ոչ մրցակցելու, ապա գոնէ իրենց արտադրանքը հետաքրքրական դարձնելու համար: Դժուար խնդիր. պէտք է ասել սակայն` «Փթիթ»-ին յաջողուել է իրականացնել դա:

Գունային վառ, ճաշակաւոր կ՚ոնտրաստային լուծումները, գեղարուեստական տպաւորիչ ձեւաւորումը, բարձրորակ տպագրութիւնը, եւ ի հարկէ ամէնից կարեւորը` ուշագրաւ բովանդակութիւնը, այն է` երեխաների մտածողութեան զարգացմանն ուղղուած խաղի ձեւով մշակուած լեզուական-քերականական, թուաբանական, տրամաբանական վարժութիւններ, բառախաղեր, խաչբառեր, մտքի ճկունութեան լաբիրինթոսներ, հանելուկներ, հումորներ եւ ի հարկէ ընթերցանութեան բնագրեր` հիմքում դաստիարակչական, ոչ բարոյախրատական- վանողական բնոյթի, այլ յորդորներ` կեանքի զանազան իրավիճակներում աւելի ճկուն, աւելի խելացի վարքագծի մշակման նպատակով, այս ամէնը պարբերաթերթը դարձրել են ճանաչուած եւ սիրուած ոչ միայն Սփիւռքում, այլեւ Հայաստանում:
Օգտակար է առողջապահութիւն բաժինը` երեխաների մօտ աւելի տարածուած հիւանդութիւնների մասին եւ դրանք կանխարգելելու մատչելի խորհուրդներով: Ուշարժան է նաեւ իւրաքանչիւր համարի խմբագրականի յատուկ ուղղուածութիւնը, եւ վերջապէս յայտնի բան է սփիւռքահայ իրականութեան մէջ մատաղ սերնդի ազգանպաստ, հայապահպան դաստիարակութեան նշանակութիւնը նրանց ողջ կեանքի համար, ինչին անկասկած իր նպաստն է բերում մանկապատանեկան այս պարբերականը:

«Փթիթ»ի վերջին` 10-րդ յոբելեանական համարը ստացած օրերս` նախորդների պէս հարուստ եւ գրաւիչ բովանդակութեամբ ու ձեւաւորումով: Խմբագրականից տեղեկանում ենք, որ չնայած խմբագիրների տքնաջան աշխատանքին, հայկական մի քանի վարժարանների մասնակի կամ ամբողջական քաջալերանքին, որոշ ազգային գործիչների եւ հարազատների նիւթական նպաստին, հնարաւոր չի եղել ապահովել թերթի կանոնաւոր հրատարակումը: Այս համարը լոյս է տեսել Մեծ պահքի սկզբներին, մինչ այդ սփիւռքահայ մամուլը յօդուածներով ահազանգել է պարբերաթերթը դադարեցնելու մասին, որի պատճառները ժամանակին որքան բնորոշ, նոյնքան անընդունելի են, մանաւանդ այսպիսի օգտակար հրատարակութիւնների պարագայում, երբ կայ նուիրում եւ անկեղծ հոգածութիւն: Սկզբնական այսպիսի որոշման խմբագրակազմին մղել է, ինչպէս գրուած է` «Արեւմտահայերէնի փրկութեան յանձնախումբերու կրաւորականութիւնը, ինչպէս նաեւ մեր երեք տարուան դառն փորձառութիւնը կարգ մը վարժարաններու պատասխանատուներուն հետ, որոնք իրենց աշակերտներուն կը պարտադրեն օտար լեզուով պարբերաթերթեր, իսկ «Փթիթ»ը կա՛մ զանազան պատրուակներով կը մերժեն քաջալերել եւ կամ միայն փափաքօղ աշակերտներուն կը տրամադրեն»: Տեղի տուած ժամանակաւոր յուսահատութեան նահանջից յետոյ՝ որոշուել է պարբերաթերթի հրատարակութիւնը շարունակել տարեկան մէկ, առաւելագոյնը երկու համարով: Յաջորդ համարը ամենայն հաւանականութեամբ կը հրատարակուի առաջիկայ Նոյեմբերին: Տխուր իրականութիւն:

Յատկապէս այսպիսի պարագաներում է, որ ի յայտ են գալիս բարեսիրական հաստատութիւնների իրական նպատակներն ու առաքելութիւնը, երբ սատարել է անհրաժեշտ անհաւակնոտ, անշահախնդիր, ազգաշահ նման ծրագրեր, եւ ինչի ակնկալիքը, անշուշտ նաեւ իրաւունքը ունի Սփիւռքի այս բովանդակալից ու գեղեցիկ պարբերաթերթը:

Խմբ. կողմից. Կոչ ենք անում սփիւռքահայ կրթական եւ բարեգործական կազմակերպութիւններին անյապաղ օգնութեան փութալու «Փթիթ»ին եւ վերականգնելու նրա պարբերականութիւնը: Նման ձեռնարկները հազուագիւտ են սփիւռքում (եւ ոչ միայն սփիւռքում), իսկ Վերժին եւ Կարօ Աբրահամեանները միայն անձնական սուղ միջոցներով են իրականացնում այն, առանց շահադիտական նպատակների: Մեր կոչը առաջին հերթին ուղղուած է Գալուստ Կիւլպենկեան Հիմնարկութեանը, որի հնգամեայ ծրագիրը մեկնարկեց այս տարի՝ վտանգուած արեւմտահայերէնի փրկութեան գործը իրաւացիօրէն յայտարարելով իր գլխաւոր խնդիրը: Ահա՛ այդ խնդրի գլխաւոր բաղկացուցիչներից մէկը՝ մանկապատանեկան մամուլի պաշտպանութիւն եւ զարգացում:

«ԱԶԳ»

ՅՈՒԼԻՍ ԱՄՍՈՒԱՅ ՆԱՄԱԿԱՆԻ

0

[divide]

Ընկերական ջերմ ողջոյնով, բարի երթ ու կանաչ ճանապարհ կը մաղթեմ ՌԱԿ մամուլին:

Աւետիս Տիպան

17 Յուլիս 2014

[divide]

Wide ranging often in depth coverage of varied interest.

Van Aroian

13 July 2014

[divide]

I like it, very nice, congratulation on a very nice job done.

Noubar Erganian

12 July 2014

[divide]

Կը շնորհաւորենք եւ կը մաղթենք նորանոր յաջողութիւններ ձեր առաքելութեան:

Բերիոյ Հայոց Թեմի «Գանձասար» շաբաթաթերթի

Գլխաւոր խմբագրուհի
Զարմիկ Պօղիկեան

12 Յուլիս 2014

Հալէպ

[divide]

Dear Sevag
Congratulations for the new RAG website.
it looks good and more user friendly.
I am wondering if yo had time for the poem «partsratsir..»?
and
do you think the website has room to put such famous «poem of the day»
in Armenian and English translation? it would help some 2nd generation children of Armenian families of Syria/Lebanon to read it in UK, USA etc?
thanks
Ara Nahabedian

[divide]

Սիրելի Ընկեր Սեւակ Յակոբեան,

Ուրախ եղայ իմանալով որ Ռ.Ա.Կ Մամուլի պատասխանատուութիւնը ստանձնած ես շարունակելու համար ընկեր Ասատուրին կատարած հանրօգուտ աշխատանքը, որուն մասին չեմ վարանիր ըսելու, թէ մեր կուսակցութեան ամենապատուաբեր աշխատանքն է:

Ռ.Ա.Կ Մամուլի կատարած դերին եւ վայելած ժողովրդականութեան մասին գնահատանք լսած եմ ոչ միայն կուսակցականներէ, այլ նաեւ անկուսակցական բարեկամներէ: Լիայոյս եմ որ նոյն յաջողութեամբ պիտի շարունակես ընկեր Ասատուրին քեզի ժառանգ ձգած գործը:

Հայաստան բնակող աղջիկս՝ Սեւանը արդէն քու օգնութեանդ դիմած է Ազրպէյճանի սահմանամերձ շրջանի գիւղաբնակ հայ ժողովուրդին օգտակար ըլլալու համար:

Շատ ուրախ եղայ տեղեկանալով որ զաւկիս՝ Շահէին հետ դասընկերներ եղած էք Յովակիմեան վարժարանին մէջ: Շահէն ջերմօրէն կը բարեւէ քեզի:

Սիրով եւ Յաջողութեան մաղթանքներով՝

Հայկ Նագգաշեան

7 Յուլիս 2014

Մոնթրէալ

[divide]

Shad Harkeli Enguer Sevag,
My warmest congratulations on your new position. Well deserved.
Enguer Varto Papasian
Vancouver, Canada
July 2014

“ԱՅՍ ԴՊՐՈՑԸ ԿԸ ԲԱՆԱՄ ԱԶԳԻՍ ՎՐԷ՜ԺԸ ԼՈՒԾԵԼՈՒ” – ՓԱԿԵԼՈՎ ՈՒ՞Մ ՎՐԷԺԸ ԼՈՒԾԵՑԻՔ

0

*ՎԱՐԴԳԷՍ ԳՈՒՐՈՒԵԱՆ*

Vartkes KourouyanՔեսապի եւ Սուրիահայութեան ներկայիս դիմագրաւած տագնապը կ՛արդիականացնէ Կիպրոսի Մելգոնեան վարժարանի վերաբացման հարցն ու անհրաժեշտութիւը:

Կիպրոսի Մելգոնեան կրթական հաստատութեան վերաբացման պահանջով , խնդրանքով , բազմաթիւ բաց նամակներ յղուած են Հայաստանի հանրապետութեան նախագահին, Հայոց զոյգ կաթողիկոսներուն , ՀՀ Սփիւռքի եւ Կրթութեան ու գիտութեան նախարարներուն: 

Նամակները մնացած են անպատասխան : 

Այս անգամ կը հրապարակենք «Փակ» նամակ ,եթէ բաց նամակը կը մնայ անպատասխան , գուցէ Փակ անուանուող նամակը կը հետաքրքրէ հասցէատէրերը: 


********** 

Փակ նամակ

Սուրիահայութիւնը,  Հայկական Բարեգործական ԸնդհանուրՄիութիւնը  Եւ Մելգոնեան Կրթական Հաստատութիւնը 

Պէտք կա՞յ ըսելու որ Քեսապի պարպումը կանխամտածուած էր: 

Պէտք կա՞յ ըսելու որ մերօրեայ Քեսապի քանդումը ուղղակի շարունակութիւնն է Ցեղասպանութեան, եւ յենակէտներէն մին՝ Բան-Թուրքական կամ Բան-Թուրանական ապագայ կայսրութեան: 

Պէտք կա՞յ ըսելու որ այս Թուրքիոյ կողմէ զօրաւոր ապտակներէն մէկն է Հայութեան ուղղուած՝ ի պատասխան Ցեղասպանութեան 100-ամեակի Յուշաշխատանքներուն որպէս սկզբնական հակադարձութիւն: 

Ինչու՞ Հալէպի հայկական թաղերը թիրախ են կազմակերպուած ռմբակոծումներու: 

Ինչու՞ Տէր Զօրի մեր սրբատեղիները պղծուեցան, կողոպտուեցան, քանդուեցան: 

Ցոյցեր կազմակերպեցինք, ըստ հայ մամուլին՝ «քանի մը հարիւր ցուցարարներ»ով… Լոս Անճելըսի մօտ կէս միլիոն հաշուող գաղութէն միայն «քանի մը հարիւ՞ր»… Եւ մենք կ’ուզենք տպաւորել ոչ-հայ զանգուածները եւ ազդարարել Թուքիոյ որ «էդ մենք ենք գալիս»… 

Շուրջ 85,000 հաշուող Սուրիահայութեան կէսէն աւելին արդէն իսկ գաղթականներ են Միջին Արեւելքի կարգ մը երկիրներու մէջ: 2000 Քեսապցիներ եկան միանալու այս զանգուածին: Մեր բոլոր հռետորաշունչ բանախօսութիւնները մէկ շերտ հող անգամ չեն կրնար ազատագրել Քեսապէն կամ պնակ մը կերակուր տալ որբեւայրիի մը: Լաթաքիոյ, Դամասկոսի, Պէյրութի եւ այլ շրջաններու հայերը, որքան որ ալ փորձեն պատսպարել այս գաղթականները, կացութիւնը տակաւին կը մնայ ողբերգական: Չմոռնանք որ Սուրիահայերը, ոչ – գաղթական Սուրիահայերը, իրե՛նք տակաւին պէտք ունին արտաքին օժանդակութեան: Եւ այս օժանդակութեան կարօտ հայերը ինչպէ՞ս պիտի օգնեն գաղթական հայերուն, եւ մինչեւ ե՞րբ: 

Գիտենք: Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը, ՀՕՄը, Եկեղեցիները, բազմաթիւ անհատներ, բարեսիրական կազմակերպութիւններ, ինչու՞ չէ, Հայաստանի Հանրապետութիւնը, Կարմիր Խաչը եւ ուրիշներ օգնութիւն կը ղրկեն Սուրիահայերուն: Շնորհակալ ենք: Հիմնական ի՞նչ քայլեր կ’առնուին փրկելու 

Սուրիոյ մեր գաղթականները: 

Միջին Արեւելքի հայկական գրեթէ բոլոր գաղութները քանդուեցան: Լիբանանի, Իրանի, Իրաքի, Յորդանանի, Եթովպիոյ եւ հիմա՝ Սուրիոյ հայկական կեդրոնները կիսակործան, արդէն իսկ սկսած են պարպուիլ հայերէն: Քեսապը, որպէս շարունակութիւնը Կիլիկիոյ, իր հազարամեայ բնիկ բնակչութենէն արդէն իսկ պարպուեցաւ: (Ոմանք կ’ըսեն որ Մեծն Տիգրանի օրերէն հայեր հաստատուած էին Քեսապ:) Նոյնիսկ եթէ Սուրիական բանակը վերագրաւէ Քեսապը, ան արդէն քարուքանդ է: Հարիւրաւոր տարիներու մեր շինարար Քեսապցիներուն աշխատանքը փճացաւ: Կրնա՞նք վերաշինել… 

Մնաց Կիպրոսը, ուր հայ գաղութը կը վայելէ Կիպրոսի բարեխնամ կառավարութեան հովանին, պաշտպանութիւնն ու խնամքը: 

Մեծ Եղեռէն ետք, հայերէն չգիտցող, թրքախօս Աղա Կարապետ եւ Աղա Գրիգոր Մելգոնեան եղբայրները Աստուածային տեսիլքո՞վ թէ Արեան Կանչին անսալով, իմաստութիւնը ունեցան Կիպրոսի մէջ հիմնելու Մելգոնեան Կրթական Հաստատութիւնը, ուր հարիւրաւոր հայ որբեր, մէկ մասնիկը Մնացորդացին, պատսպարուեցան, ուսանեցան եւ յաջորդող տասնամեակներուն Հայ Սփիւռքի Զարթօնքին, Հայ Սփիւռքի կազմութեան մէջ բերին իրենց անփոխարինելի նպաստը: «Այս դպրոցը կը բանամ Ազգիս Վրէ՜ժը լուծելու» ըսաւ Մեծ Բարերարը: Եւ սփիւռքի կազմութեամբ, կազմակերպուածութեամբ, Մելգոնեանի Լուսոյ Կաճառէն, Լուսոյ Տաճարէն ցոլարձակուող ճառագայթներով յաջորդական սերունդները աղօթեցին Մեսրոպի լեզուով, երգեցին Կոմիտասեան Շարականներն ու երգերը, ասմունքեցին Թէքէեանը, Շիրազն ու Կապուտիկեանը, Տէրեանը, Սիամանթօն ու Վարուժանը եւ մասամբ լուծեցին Ազգին Վրէժը մաքուր Հայեր մնալով: 

Մելգոնեան Կրթական Հաստատութիւնը, Եղեռնէն ետք «Մեծ Պարգեւ»ը, «Մեծագոյն Բարիք»ը եղաւ հայութեան: Աստուածատուր Պարգեւը՝ Սփիւռքի Հայութեան եւ մասամբ՝ Հայաստանին: Հազարաւոր հայ որբեր եւ ապա վերապրած խլեակներու նորածին սերունդնե՜րը ամբողջ պատսպարուեցան, հասակ առին հոն, ընտանիք կազմեցին եւ բազմացուցին Թորգոմայ Տոհմը: Հայապահպանութեան ամուր ամրոցն ու հայակերտութեան լուսաշող դարբնոցը եղաւ ան: Սրբազա՜ն Վրէ՛ժ: 

Տակաւին, Մեծ Բարերարը իմաստութիւնը ունեցաւ իր կտակը վստահելու Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան, որուն իմաստուն ղեկավարութեամբ, Հաստատութիւնը գոյատեւեց ութ տասնամեակներ: 

Փառք ու Պատիւ Մելգոնեան Եղբայրներուն: Աշխարհացրիւ Մելգոնեանցիները ամէն տարի, Յունուարի կէսերուն, Սբ. Յովհաննու Կարապետի Տօնին, կը խոնարհին անմար յիշատակին առջեւ հայ ժողովուրդի Մեծագոյն Բարերարներուն, իրենց Հոգիի Ծնողներուն, իրենց «մտերիմ» Բարերարներուն: 

Այսօր, Սփիւռքահայութիւնը կը գտնուի «Ճերմակ Ջարդ»ի վերջին հանգրուանին: 

Ճերմակ Ջարդին եկաւ միանալ կարմիր ջարդը: Ճերմակ Ջարդը Միջին Արեւելքի շատ մը գաղութները «մաքրեց», հայերէնը մոռցնել տուաւ քիչ մը ամէն տեղ եւ Հայու Հոգին ու Ոգին օտար մշակոյթներու տիղմին մէջ մխրճեց: Այժմ Սուրիոյ հայութեամբ բաբախուն քաղաքներուն, ինչպէս Ռաքքայի, Տէր Զօրի, Դամասկոսի, Հալէպի, այլ վայրերու եւ հիմա ալ Քեսապի հայութեան պարպումով, անոնց տուներուն, աշխատավայրերուն, ակումբներուն, դպրոցներուն, ազգային այլ կառոյցներուն, Եկեղեցիներուն եւ Սրբատեղիներուն քանդումով եւ բազմաթիւ սպաննութիւններով կարծես վերջին հատորը կը գրուի Հայ Սփիւռքին: 

Բայց Մենք գիտենք Ապրիլ: Մենք գիտենք որպէս փիւնիկ, մոխիրներէն յարութիւն առնել եւ աղաղակել «Մենք Կանք, Պիտի Մնանք, ու Դեռ՝ Շատանանք»: 

Ինչպէս Մեծ Եղեռնէն ետք Մելգոնեան Կրթական Հաստատութիւնը Մեծ Պարգեւը եղաւ հայութեան, այսօր ալ, Սուրիահայութեան այս Մեծ Վիշտի օրերուն, Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան վերաբացումը Վերանորոգուած Մեծ Պարգեւը պիտի ըլլայ սփիւռքահայութեան, բայց մանաւանդ՝ Սուրիահայութեան: 

Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Պատկառելի Կեդրոնական Վարչութիւնը եթէ Սփիւռքահայութեան, բայց մանաւանդ Սուրիահայութեան ներկայի տագնապալի եւ շատ վտանգաւոր կացութիւնը նկատի առնելով վերաբանայ ազգապարծան այս Մեծ Հաստատութիւնը, ՄԵԾԱԳՈՅՆ ԲԱՐԻՔը գործած պիտի ըլլայ սփիւռքահայութեան: 

Մեծ թիւով Սուրիահայ աշակերտներ պիտի պատսպարուին ապահով միջավայրի մէջ, պիտի ուսանին, պիտի սորվին Մեր Մայրենին , եւ երբ ժամանակը գայ, պիտի վերադառնան Հալէպ, Քեսապ թէ Դամասկոս (եւ այլուր), Լուսոյ Տաճարին Լոյսը տանելով իրենց հետ եւ մեր գաղութները պիտի ապրին Արշալոյսը Մեծ Զարթօնքին: 

Տակաւին, Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան վերաբացումով, Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը ՄԵԾԱԳՈՅՆ ՆՈՒԷՐ ը տուած պիտի ըլլայ ողջ հայութեան՝ Ցեղասպանութեան 100-ամեակի սեմին: 

«Ազգիս Վրէժը Լուծելու» ուրիշ ի՞նչ աւելի մեծ զէնք՝ քան Հայ Լեզուի փրկութիւնը արտասահմանի մէջ: 

Մեր Նահատակներուն Յիշատակը յարգելու ի՞նչ աւելի մեծ միջոցառում՝ քան վերաբացումը Զոյգ Շէնքերուն Մելգոնեանի: 

Հայ Լեզուի փրկութեան ի՞նչ աւելի մեծ կրթական հաստատութիւն՝ քան Մելգոնեան Կրթական Հաստատութիւնը: 

Արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան ի՞նչ աւելի ապահով ամրոց՝ քան Մելգոնեան Կրթական Հաստատութիւնը: 

Հայ Ոգիի վերազարթօնքի եւ վերանորոգման ի՞նչ աւելի մեծ դարբնոց՝ քան Մելգոնեան Կրթական Հաստատութիւնը: 

Ձեզմէ շատերուն ծանօթ է թէ խումբ մը Մելգոնեանցի Շրջանաւարտներ «Կոչ – Բաց Նամակ»-ով մը դիմեցին Հ.Բ.Ը.Միութեան Պատկառելի Կեդրոնական Վարչութեան եւ անոր Նախագահ՝ Տիար Պերճ Սեդրակեանին որպէսզի վերաբանան Մելգոնեան Կրթական Հաստատութիւնը: 

Նոյնպէս, «Խնդրանք – Բաց Նամակ»-ով մը նոյն խումբը դիմեց Ամենայն Հայոց եւ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսներուն, ՀՀ Վսեմաշուք Նախագահին, ՀՀ Սփիւռքի եւ Կրթական Նախարարներուն եւ Աւանդական երեք Կուսակցութիւններու Գերագոյն Մարմիններուն որպէսզի բարեխօսեն առ որ անկ է՝ վերաբանալու Մելգոնեան Կրթական Հաստատութիւնը: 

Ժամանակը շատ սուղ է: 

Կը սպասենք Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան պատասխանին: 

Մինչ այդ՝ ապահովութիւն եւ համբերութիւն կը մաղթենք մեր Սուրիահայ եղբայրներուն եւ քոյրերուն: 

Armweeklynews.am