Չորեքշաբթի, 08. 04. 2026

Եթովպահայ Համայնքի Մասին

0

* ՀԱՅԿ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ *

Haig Naccashian

Սոյն յօդուածը անդրադարձ մըն է «ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼ»-ի մէջ հրատարակուած Անի Մարգարեանի «Հայերը Եթովպիայում» խորագրեալ յօդուածին:

1951-64 Եթովպիա ապրած ըլլալովս վայելած եմ այդ երկրին սքանչելի կլիման, բնութիւնը եւ վայրի կենդանիներուն որսորդութիւնը, որոնք նիւթ հայթայթած են գրած քանի մը գիրքերուս:
Շնորհաւորելի է Անի Մարգարեան, որ պատմական ակնարկով մը կու տայ անուններ, որոնք դեր կատարած են Եթովպիոյ քաղաքական եւ ընկերային կեանքին մէջ, ինչպէս դեսպան Մաթէոսը, եւ աւելի վերջ Սարգիս Թերզեանը, որ զինուորական ու վարչական բարձր պաշտօններ վարած է, կ’ըսէ յօդուածագիրը: Ես ճանչցած եմ անոր զաւակ Աւետիս Թերզեանը, որ նոյնպէս կարեւոր դեր կատարած է Եթովպահայ կեանքին մէջ: Ճանչցած եմ նաեւ Եթովպական հիմնը, հեղինակ Քափիթէն Գէորգ Նալպանտեանը եւ անոր զաւակը Ներսէս, որ խմբավարն էր Եթովպական երգչախումբին:

Բայց սխալ կարծիք է, թէ Եթովպական այբուբենի հեղինակը Մեսրոպ Մաշտոցը եղած ըլլայ: Արդարեւ, Մաշտոց Հայերէն լեզուն օժտած է 36 գիրերով, որոնց վեցը ձայնաւոր են: Յետագային, Եւրոպական մշակոյթին հետ շփման պատճառով ընդունուած են նաեւ «օ» ձայնաւորը եւ «Ֆ» բաղաձայնը:

Մաշտոց այնպիսի հնչական կատարելութեամբ օժտած է Հայ լեզուն, որ Հայը կրնայ աշխարհի որեւէ լեզուով խօսիլ, կարդալ ու գրել հարազատօրէն: Իսկ Եթովպերէնը ունի աւելի քան հարիւր գիր, քանի որ ձայնաւոր գիրերը բաղաձայնին միացնելով ուզուած վանկը չի շինուիր Եթովպերէնի մէջ, հետեւաբար եւ օրինակի համար «հա, հո, հի» ձայներուն համար անջատ գիրեր կան՝ բազմացնելով գիրերուն թիւը, ինչ որ  կը հակասէ Մաշտոցական ոճին:

Յօդուածին խորագիրը «Հայերը՝ Եթովպիայում» ըլլալով, կ’ակնկալուէր որ պատմականէն զուգահեռ արդի-Եթովպահայ կեանքն ալ ներկայացուէր:

Հիմնուելով իմ հոն ապրած շրջանիս կացութեան, համայնքը ունէր գաղութային վերին մարմին մը, նախակրթարան՝ Ուսումնական խորհուրդի մը ղեկավարութեամբ, եկեղեցի եւ մարզական ակումբի մը Արարատ անունով: Քանի մը տարի հրատարակուած է նաեւ «Փիւնիկ» անունով ամսաթերթ մը իմ խմբագրութեամբ՝ օգնութեամբ խմբագրական կազմի մը:

Կեդրոնական հրապարակէն մինչեւ եկեղեցի երկարող շարքով մէկ քիլօմեթր ճամբուն վրայ կային հայապատկան երկու դեղարաններ, ոսկերիչներ, ժամագործներ, դերձակներ եւ կօշկակարներ. Արհեստներ՝ որոնք հայերու մենաշնորհն էին: Կաշեղէն արտադրութիւններու ճարտարարուեստը եւս հայոց ձեռքն էր: Որսացուած կոկորդիլոսներու, մեծ օձերու, յովազներու, առիւծներու եւ այլազան մեծ մողեսներու մորթերը կը բերուէին Մարտիրոս Տարագճեանի, կամ Սվաճեան եղբայրներու գործարանը, ուր մշակուելէ եւ տեղական շուկան գոհացնելէ յետոյ կ’արտածուէին: Աւելի քան 1000 գործաւոր եւ մասնագէտ պաշտօնեաներ աշխատցնող Տարագճեան գործարանը ոչ միայն Եթովպիոյ, այլ ամբողջ Ափրիկէի մեծագոյնը կը նկատուէր: Իսկ երկրին մեծագոյն տպարանը եւ գրենական պիտոյքներու վաճառատունը Ճերահեան Եղբայրներուն կը պատկանէր:

Թագաւորական ընտանիքը եւ իշխող վերնախաւը իրենց կարիքներուն համար հայ արհեստաւորներուն կը դիմէին:

Սակայն հակառակ Եթովպացիներուն հայասէր ըլլալուն, իրենց պետականութիւնը արքայականացնելու համար մղուած յեղափոխութեան անուղղակի զոհ եղաւ նաեւ այդպիսի բարգաւաճ գաղութ մը՝ համրանքը շուրջ 2000-էն իջնելով 200-ի, խառնուածքները ներառեալ:

Տարագիր հայու դժբախտ ճակատագիր:

Մոնթրէալ

Ձերբակալուած է Սփիւռքի Ամենահարուստ Գործարարներէն Մէկը՝ Լեւոն Հայրապետեանը

0

Ռուսիոյ Անվտանգութեան դաշնային ծառայութեան աշխատակիցները Մոսկուայի մէջ ձերբակալած են Սփիւռքի ամենահարուստ ներկայացուցիչներէն մէկը՝ Լեւոն Հայրապետեանը:

Լեւոն Հայրապետեան ձերբակալուած է Ռուսական Դաշնային անվտանգութեան ծառայութեան աշխատակիցներու կողմէն Յուլիս 15-ին «Դոմոդեդովոյ» օդակայանի մէջ, Մոնաքոյէն վերադառնալու ժամանակ: Պաշտօնապէս յայտարարուած է անոր ձերբակալութեան մասին, իսկ մօտ օրերս Պասմանի դատարանին միջնորդութիւն պիտի  ներկայացուի Հայրապետեանի կալանքի համար։ Այս մասին կը յայտնէ News.am- ը վկայակոչելով «Ռոսբալտ»-ը։

ԳՐԻԳՈՐ ՆԱՐԵԿԱՑԻԻ «ՄԱՏԵԱՆ ՈՂԲԵՐԳՈՒԹԵԱՆ»Ը՝ ՌՈՒՍ ԲԵՄԱԴՐԻՉԻ ՆԵՐՇՆՉՄԱՆ ԱՂԲԻՒՐԸ

0

Գրիգոր Նարեկացիի «Մատեան Ողբերգութեան« ստեղծագործութիւնը ռուս բեմադրիչ Վիթալի Մանսկիին համար ներշնչումի աղբիւր դարձած է: Նարեկացիի «Մատեան Ողբերգութեան» ստեղծագործութեան վրայ հիմնուած «Գիրքը» ժապաւէնը առաջին անգամ կը ցուցադրուի «Ոսկէ Ծիրան» 11րդ միջազգային ֆիլմի փառատօնի ծիրին մէջ:

Ֆիլմը իրականացած է ջանքերովը Մեսրոպ քհնյ. Արամեանի, որ բեմագրութեան համահեղինակն է: «Ֆիլմի ներշնչանքն ի յայտ է գալիս գրքից, բայց գրքի մասին չէ, այն կեանքի իմաստի մասին է եւ բարձրացնում է հարցեր, որոնց մասին խորհում ենք: Մեզ համար մարդկային կեանքը նոյնպէս մի գիրք է: Մենք բաւականին մեծ աշխատանք ենք արել, ֆիլմը նկարահանուել է ամբողջ աշխարհում՝ Աւստրալիայից Արգենտինա, իսկ մենք փորձել ենք ժամանակակից մարդու կեանքը ներկայացնել», կը նշէ Մեսրոպ քհնյ. Արամեան:

«Գիրք»ին մէջ կը հնչեն տարբեր լեզուներով արտայայտութիւններ՝ հայերէն, ռուսերէն, անգլերէն, սպաներէն եւ ֆրանսերէն. ֆիլմը ունի նաեւ անգլերէն ենթախորագիրներ:

«Երբ բեմադրիչ Արտաւազդ Փելեշեանը նայեց ֆիլմը, ասաց, որ անունը պէտք է դնէինք »Ինչո՞ւ», որովհետեւ այն մեզ մտածելու տեղիք է տալիս, թէ ինչու ենք մենք ապրում», կը պատմէ Մեսրոպ քահանայ Արամեան:
Հազար տարի առաջ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին գրեց իր «Մատեանը», որ մինչեւ օրս կը շարունակէ մնալ մարդ անհատի հոգեւոր աշխարհի խորագոյն յայտնութիւններէն մէկը:

Golden Apricot Film Festival Kicks off in Yerevan

0

The 11th edition of the annual Golden Apricot International Film Festival commenced in Yerevan on Sunday, as filmmakers, artists, and critics attended its opening ceremony.

This year’s opening ceremony paid homage to Sergey Parajanov — a renowned Soviet-era Armenian filmmaker — with a screening of one of his most well-known works, “The Color of Pomegranates.” Parajanov and his legacy will be a central theme of this year’s film festival.

The competitive part of the festival will feature 70 international films from 95 countries. Films will compete in four categories, customary to the Golden Apricot festival: feature film, documentary, “Armenian panorama,” and “kernel” (short film).

Concurrent with the opening ceremony, a traditional blessing of apricots was performed at Yerevan’s St. Gregory the Illuminator Cathedral to mark the opening of the film festival.

A number of well-known filmmakers and artists are attending the Golden Apricot festival, including Kim Ki-duk (South Korea), Krzysztof Zanussi (Poland), Amos Gitai (Israel), and others.

Kim Ki-duk remarked in a speech during the opening ceremony that he was grateful and humbled that his films were well-known in a country he had just discovered.

Kim, who was a car mechanic and who didn’t see his first motion picture until he was 32, has become a film festival staple, winning numerous awards over the years, including at the Venice and Cannes film festivals.

The South Korean director ended his speech with a surprise performance of a Korean folk song. He was awarded the Parajanov Thaler Award at Sunday’s opening ceremony.

Գասապեաններու սեփականութիւնը եղող Թուրքիոյ պատմական Նախագահական Պալատը Բռնագրաւուած Է եւ ոչ վաճառուած

0

Թուրքիոյ պաշտօնական պատմութեան համաձայն՝ Անգարայի Չանգայա շրջանը գտնուող Թուրքիոյ նախագահական ապարանքը, որ Աթաթիւրքի ժամանակաշրջանէն ի վեր կը գործածուի իբրեւ նախագահութեան բնակավայր, ծախու առնուած է սեփականատէր Պուլկուրճուզատէ ընտանիքէն։ Մինչդեռ իրականութիւնը այդպէս չէ։ Չանգայայի ապարանքը նախապէս կը պատկանէր ո՛չ թէ Պուլկուրճուզատէ ընտանիքին, այլ անգարացի Գասապեան ընտանիքին։ Այս մասին կը հաղորդէ Պոլսոյ «Մարմարա»-ն:

Համացանցի «Պիյանեթ» կայքին վրայ Շեհմուս Տիքենի ստորագրութեամբ հրատարակուած է այս մասին թղթակցութիւն մը, ուր Չանգայան կը ներկայացուի որպէս «ապարանք մը, որուն ծանրութիւնը դժուար է կրել»։

«Պաշտօնական պատմութիւնը որքա՛ն ալ պնդէ, թէ Պուլկուրճուզատէ ընտանիքը այս շէնքը իր կարասիներուն հետ միասին գնած է Գասապեան ընտանիքէն, ասիկա ճիշդ չէ՝ ըստ Գասապեան ընտանիքի այսօրուան ժառանգորդներէն Եդուարդ Չուխաճըի։ Եդուարդ Չուխաճը կը պատմէ, որ Չանգայայի շէնքը Գասապեաններուն կողմէ ոեւէ մէկուն ծախուած չէ, այլ շէնքը պարզապէս բռնագրաւուած է 1915ի տեղահանութենէն ետք», կը գրէ Տիքեն։

Ան կը «վերանորոգէ» պատմութիւնը՝ նշելով, որ 1919ի կիսուն, Մուսթաֆա Քեմալ, երբ Անգարա կու գայ, նախ իբր բնակավայր ու աշխատավայր կը գործածէ Հողագործական վարժարանը, ապա՝ շոգեկառքի կայարանի նախագահի ապարանքը։ Բայց աւելի ուշ, թէ՛ ինք, թէ՛ զինք շրջապատողները կը մտածեն, որ այս շէնքերը բաւարար չեն «փաշային»։ Ուստի կը սկսին փնտռելու նոր վայր մը։ Աթաթիւրք կը հաւնի պարտէզներով շրջապատուած այս շէնքը եւ Թեֆիք Պուլկուրճուզատէէն ծախու կ՛առնէ՝ վճարելով Անգարայի ծանօթ ընտանիքներէն հաւաքուած 4500 լիրա գումար մը։

Տիքեն կ՛ըսէ, որ ապարանքը իրականութեան մէջ կը պատկանէր Անգարայի հայերէն՝ 1857ի ծնունդ Յովհաննէս Գասապեանին։ Այս անձը, մինչեւ Հայկական Ցեղասպանութիւնը, կը զբաղէր «Անկորա» կոչուած Անգարայի նշանաւոր այծի բուրդը Անգլիա արտածելով։ 1915ի Օգոստոսին, 1200 անգարացի հայեր, չորսական խումբերու ձեւով իրարու կապուած, կը տեղահանուին, կը տարուին Անգարայէն դուրս ու հոն կը սպաննուին։ Այլ 1500 անգարացի հայեր, Օգոստոս 29ին յատուկ կարաւանով մը աքսորի կը ղրկուին դէպի Հալէպ։ Այս 1500 հոգիէն հազիւ 34ը կը յաջողի հասնիլ մինչեւ Սուրիոյ հիւսիսարեւմտեան կողմը, Եփրատի ափերը, Մեզքենէ կոչուած ճամբարը։ Ասոնցմէ միայն Գասապեան ընտանիքի անդամներն են, որոնք իրենց փեսաներէն մէկուն կողմէ՝ Գոնիայի ճամբուն վրայ կ՛առնուին կարաւանէն, կը փախցուին եւ արտասահման կը ղրկուին։

Պաշտօնական պատմութիւնը կը պնդէ, որ Գասապեան ընտանիքը Գասապեան ապարանքը կարասիներով միասին Պուլկուրճուզատէներուն վաճառած է։ Մինչդեռ ներկայիս Օթթաուա բնակող Եդուարդ Չուխաճը կը պատմէ, թէ Գասապեան ընտանիքը ոչի՛նչ ծախած է։ Ամէն ինչ բռնագրաւուած է ընտանիքէն։ Տակաւին, Քեչիէօրենի մէջ դաշտային բնակարան մը եւս բռնագրաւուած է անկէ եւ Գոչ ընտանիքի սեփականութիւնը դարձած է։

Տիքեն, որ յայտնապէս քիւրտ է, կ՛ըսէ, որ ներկայիս երեք անձեր հրապարակ իջած են՝ որպէս հանրապետութեան նախագահի ընտրութեանց թեկնածու։ «Մէկը մերինն է )Տեմիրթաշի կ՛ակնարկէ), իսկ միւս երկուքը՝ դիմացի կողմէն են։ Յայտնի է, որ մերինը շահելու հաւանականութիւն չունի, բայց՝ ըսելիք խօսք ունի, գլուխ ունի։ Ուստի, իրմէ կը սպասենք, որ բացայայտէ Չանգայայի կապուած այս իրողութիւնը, որովհետեւ Սալահետտին Տեմիրթաշն ալ գիտէ, որ Չանգայայի բարձունքի զառիվերի վերջակէտին վրայ գտնուող հանրապետութեան նախագահական նստավայրը բեռ մըն է, որուն ծանրութիւնը դժուար է կրել», կ՛եզրակացնէ ան։

Մեկնարկեց Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Հաղորդակցութեան Միջոցներու 2-րդ Համագումարը

0

Յուլիս 15-ին Երեւանի մէջ մեկնարկեց Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ հաղորդամիջոցներու յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ եւ ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան համագործակցութեամբ կազմակերպուած Հայ Կաթողիկէ հաղորդակցութեան միջոցներու 2-րդ համագումարը: Այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մամուլի եւ տեղեկատւութեան գրասենեակէն:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Հայ Կոթողիկէ եկեղեցւոյ հաղորդամիջոցներու պատրիարքական յանձնախումբի նախագահ, Հայ Կոթողիկէ եկեղեցւոյ Հայաստանի, Ռուսաստանի, Վրաստանի եւ Արեւելեան Եւրոպայի թեմի առաջնորդ Հայր Ռաֆայէլ արքեպիսկոպոս Մինասեանը` համագումարի մասնակիցներուն ներկայացնելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Առաջինի ողջոյնի ուղերձը:

Հայր Ռաֆայէլ արքեպիսկոպոս Մինասեանը նշեց, որ այս համագումարը նպատակ ունի զարգացնելու համագործակցութիւնը հայ համայնքներուն մէջ գործող եկեղեցական հաղորդակցութեան միջոցներու միջեւ եւ մշակելու կառուցակարգեր` անոնց աշխատանքը քրիստոնէական եւ ազգային արժէքներու տարածման ու պահպանման լաւագոյնս ծառայեցնելու համար:

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միջեկեղեցական յարաբերութիւններու բաժնի տնօրէն, Գերաշնորհ Տ. Յովակիմ եպիսկոպոս Մանուկեանը փոխանցեց մասնակիցներուն Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Երկրորդի ողջոյնի ուղերձը նշելով, որ համագումարը աննախադէպ օրինակ է հայ յարանուանութեան պատմութեան մէջ, որուն մասնակիցները միասնաբար ջանքեր պիտի գործադրեն Հայ Կաթողիկէ հաղորդամիջոցներու գործակցութեան զարգացման ուղղութեամբ:

Համագումարի մասնակիցներուն Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ Կաթողիկոս Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Ներսէս Պետրոս ԺԹ-ի օրհնութեան գիրը ընթերցեց Զմմառի մեծաւոր Հայր Վարդան վարդապետ Գազանճեանը:

ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանը, ողջունելով եւ գործնական աշխատանք մաղթելով համագումարի մասնակիցներուն, յայտնեց պետութեան անվերապահ աջակցութիւնը բոլոր հայանպաստ նախաձեռնութիւններուն:

Նախարարը նշեց, որ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի նախաշեմին կազմակերպուած համագումարը պէտք է օգտագործել իբրեւ միջոց` ազգային խնդիրները աշխարհին կազմակերպուած եւ լաւագոյնս ներկայացնելու ուղղութեամբ:

Առանձնացուեցան երկու առանցքային խնդիրներ, որոնց պէտք է անդրադառնայ ցանկացած հայկական լրատուամիջոց. Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման, դատապարտման, հետեւանքների վերացման եւ Հայկական երկու պետութիւններու հզօրացման հարցերը:

ՀՀ սփիւռքի նախարարը կարեւոր համարեց հայաստանեան եւ Սփիւռքի լրատուամիջոցներու կողմէ անդրադարձը այն պետութիւններուն, որոնք արդէն ճանչցած են Հայոց Ցեղասպանութիւնը:

«Ցեղասպանութեանը զոհ գնացած մարդկանց եւ նրանց ժառանգներին անդրադառնալուց զատ, պէտք է բարձրաձայնել նաեւ մեր մշակութային եւ հոգեւոր կոթողների, եկեղեցիների ոչնչացման, արեւմտահայերէնի վտանգուած լինելու, Թուրքիայում բնակուող ծպտեալ հայերի խնդիրների մասին»,– նշեց նախարարը` աւելցնելով,– «Պայքարելով յանուն Ցեղասպանութեան ճանաչման` պէտք է յատուկ անդրադարձ կատարել Ցեղասպանութիւնը վերապրած հայերի ժառանգների կեանքի պատումներին»:

Նշուեցաւ, որ բացայայտ է թրքական հակահայկական քարոզչութիւնը ամբողջ աշխարհի մէջ, ուստի կարեւոր է մեծ ուշադրութիւն դարձնել եւ խօսիլ այն թուրք մտաւորականներուն մասին, որոնք ճանչցած են Հայոց Ցեղասպանութիւնը, իսկ լրահաւաք աշխատանքներ իրականացնելու ժամանակ ճշգրտել տեղեկատւութեան աղբիւրը:

Նախարարը հաւաստիացուց, որ օտար լրատուամիջոցներու մէջ կը գործեն բազմաթիւ հայ լրագրողներ, որոնց ուժերը օգտագործելը մեծապէս պիտի օգնէ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին տեղեկատւութիւնը աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ ճանաչելի դարձնելու գործին:

«Այսօր աշխարհում գործում են 78 հայագիտական կենտրոններ, որոնք նոյնպէս իրենց խօսքը պէտք է բերեն Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ դատապարտման գործում»,– նշեց նախարար Հ. Յակոբեանը` աւելցնելով,- «Հայ Կաթողիկէ հաղորդակցութեան միջոցների 2-րդ համագումարին մասնակցող բոլոր լրագրողներին հրաւիրում եմ մասնակցելու սեպտեմբերին կայանալիք «հայոց ցեղասպանութիւն 100. ճանաչումից պահանջատիրութիւնէ խորագրով լրագրողների համահայկական 7-րդ համաժողովին»:

Շնորհակալութիւն յայտնելով ՀՀ սփիւռքի նախարարին՝ համագումարի աշխատանքներուն բերած գործուն աջակցութեան համար` Հայր Ռաֆայէլ արքեպիսկոպոս Մինասեանը նշեց,- «Կը ցանկամ, որ ձեր խրատները դառնան ատաղձ մեր համագումարի մասնակիցներուն համար»:

Համագումարի ընթացքին զեկուցումներու եւ քննարկումներու միջոցով պիտի ներկայացուին Հայ Եկեղեցւոյ հովանաւորութեամբ գործող եկեղեցական ԶԼՄ-ներու գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Հայկական Սփիւռքի պատմութեան վերացական թանգարան» կայքը:

 

Օփերային Թատրոնը Ս. Փեթերզպուրկի Մէջ Պիտի Ներկայացնէ Արամ Խաչատրեանի “Գայանէ” Պալէն

0

Երեւանի Ալեքսանդր Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմիական թատրոնի պալէի խումբը Ս. Փեթերզպուրկի Մարիինեան թատրոնին մէջ պիտի ներկայացնէ Արամ Խաչատրեանի “Գայանէ” պալէն: Հայկական պալէի խումբը Յուլիս 20-ին եւ 21-ին իր ելոյթներով պիտի ներկայանայ ռուս հանդիսատեսին: Այս մասին կը հաղորդէ Armenpress.am-ը:

“Մենք շատ կարեւոր հիւրախաղեր ունենք, քանի որ այս ամսուայ 20-ին պէտք է մեկնենք Ս. Փեթերզպուրկ` մեզ հետ տանելով մեր ազգային պալէտը` “Գայանէ”-ն: Բոլորս էլ հասկանում ենք, որ պատասխանատուութիւնը մեծ է, որովհետեւ Ս. Փեթերզպուրկը պալէտի համաշխարհային մայրաքաղաքն է, ամէնուժեղ պալէտային դպրոցն ունի, եւ մենք շատ մեծ “քննութիւն” ենք յանձնելու այնտեղ, յոյս ունեմ, որ շատ բարձր մակարդակով կ’անցնի”,- նշած է Ալ. Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմիական թատրոնի տնօրէն Անդրանիկ Արզումանեանը:

Անոր խօսքով` արտիստը պէտք է տարբեր բեմերու վրայ ելոյթներ ունենայ, եւ իրենք պէտք է նման հնարաւորութիւն ստեղծեն: “Մի քանի օր առաջ թատրոնում ներկայացրինք “Գայանէ”-ն եւ ներկայացումը մեծ յաջողութիւն ունեցաւ: Ժողովուրդն անվերջ յոտնկայս ծափահարում էր:

Սանկտ Փեթերզպուրկում մեզ սպասում են, բոլոր տոմսերը վաճառուած են, եւ ազատ տեղեր չկան: Յոյս ունեմ, որ կը փայլենք եւ կը վերադառնանք”,- նշած է Ալ. Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմիական թատրոնի տնօրէնը:

Անդրանիկ Արզումանեան տեղեկացուցած է, որ այնուհետեւ պալէի խումբը պիտի մեկնի Քաթար, ուր թատրոնի արտիստները նախորդ տարի հանդէս եկած են Խաչատրեանի “Սպարտակ” պալէով: “Սեպտեմբերի 20-ից յետոյ մեկնելու ենք Քաթար: Այնտեղ հանդէս ենք եկել նախորդ տարուայ Սեպտեմբերին, եւ յոյս ունենք այս տարուայ Սեպտեմբերին ներկայացնել Ռուտոլֆ Խառատեանի` “Ռոմէօ եւ Ճուլիէթ” պալէտի բեմադրութիւնը”,- տեղեկացուցած է Արզումանեան:

Նշենք, որ Մարիինեան թատրոնը Ռուսաստանի եւ աշխարհի ամենայայտնի եւ խոշոր օփերայի եւ պալէի թատրոններէն մէկն է: Թատրոնը հիմնադրուած է 1738 թուականին Եկատերինա Մեծ կայսրուհիի հրամանով եւ մտած է Ռուսաստանի կայսերական թատրոններու կազմին մէջ:

Մեկնարկած է “Սփիւռք” Ամառնային Դպրոցը

0

Յուլիս 15-ին Երեւանի Պետական Համալսարանի մշակոյթի կեդրոնի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան “Սփիւռք” ամառնային դպրոց 2014թ. ծրագրի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մամուլի եւ տեղեկատւութեան վարչութիւնը:

Ծրագրի մասնակիցները ողջունեցին եւ բացման խօսքով հանդէս եկան ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանը եւ ԵՊՀ գիտական քաղաքականութեան եւ միջազգային համագործակցութեան գծով ղեկավար Գեղամ Գէորգեանը:

“Ամառային դպրոցի նպատակն է հայապահպանութեան խթանումը հայոց լեզուի ուսուցման, սփիւռքի հայկական կառոյցների ներկայացուցիչների մասնագիտական որակների բարձրացման միջոցով: Ծրագիրը հնարաւորութիւն է տալիս սփիւռքահայերին մայրենին սովորել եւ վերապատրաստուել Հայրենիքում, եւ ձեռք բերած գիտելիքները փոխանցել սփիւռքահայ մեր միւս հայրենակիցներին: Մասնակիցների շնորհիւ “Սփիւռք” ամառային դպրոցը կայացաւ եւ դարձաւ Սփիւռքի համայնքներին, հայկական կազմակերպութիւններին, հայապահպանութեան դժուարին գործին աջակցող, մշտապէս գործող կառոյց, ինչի վառ վկայութիւնն է ծրագրի  տարէցտարի ընդլայնումը”,– նշեց նախարար Հ. Յակոբեան: Նախարարը շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր մասնագէտներուն՝ այս ծրագրի կայացման գործին մէջ ունեցած անգնահատելի աւանդին համար:

ԵՊՀ ղեկավար Գ. Գէորգեան կարեւոր համարեց “Սփիւռք” ամառնային դպրոցին մէջ վերապատրաստուող ուսուցիչներուն դերը, քանի որ հայապահպանութեան թիւ մէկ կրողն ու պահպանողը ուսուցիչներն են, անոնց վերապահուած է Հայրենիքի սահմաններէն դուրս հայկականութեան պահպանման դժուար ու պատուաբեր գործը: Ան դպրոցի մասնակիցներուն մաղթեց ուսման արդիւնաւէտ ընթացք եւ հոգեւոր ազդակներ` Սփիւռքի մէջ գնտուող հայրենակիցներուն փոխանցելու համար:

“Սփիւռք” ամառնային դպրոցը 2014թ. կ’իրականացուի վեց ուղղութիւններով` “Սփիւռքի հայկական կրթօճախներու ուսուցիչներու վերապատրաստում”, “Սփիւռքի լրագրողներու դասընթաց”, “Սփիւռքահայ երիտասարդ առաջնորդներու դասընթաց”, “Հայոց լեզուի (արեւելահայերէն եւ արեւմտահայերէն) արագացուած դասընթացներ”, “Ազգային երգի, պարի ուսուցիչներու վերապատրաստման դասընթաց”: Այս տարի աւելցած է “Սփիւռքի հայկական համայնքային կառոյցներու ներկայացուցիչներու եւ աշխատակիցներու վերապատրաստման” դասընթացը:

Նշենք, որ “Սփիւռք” ամառնային դպրոցը Երեւանի Պետական Համալսարանի հետ կ’իրականացուի 2012 թուականէն: Դասընթացները կը վարեն Հանրապետութեան եւ Սփիւռքի լաւագոյն մասնագէտները: Ծրագրի ծիրէն ներս մասնակիցները հնարաւորութիւն կ’ունենան այցելելու պատմական եւ մշակութային վայրեր, հանդիպումներ ունենալ պետական եւ մշակութային նշանաւոր գործիչներու հետ: Այս տարի ծրագրին կը մասնակցի մօտ 300 մասնակից աշխարհի շուրջ 20 երկրէ:

ՀՀ Սփիւռքի Նախարարը Ընդունեց Աստուածաշունչի Ընկերութեան Արաբական Ծոցի Տարածաշրջանի Ընդհանուր Քարտուղար Դոկտոր Հրայր Ճէպէճեանը

0

Հուլիսի 15-ին ՀՀ սփյուռքի նախարար Հրանուշ Հակոբյանն ընդունեց Աստվածաշնչյան ընկերության Արաբական ծոցի տարածաշրջանի ընդհանուր քարտուղար,  Միջին Արևելքի Աստվածաշնչյան ընկերության խորհրդի ատենապետ դոկտոր Հրայր Ճէպէճեանին և իր տիկնոջ Կիպրոսի «Նիկոսիայի համալսարանի» բանասիրության, սոցիոլոգիայի և իրավագիտության բաժնի դասախոս, սոցիոլոգ լեզվաբան դոկտոր Արտա Պոյնէրեան ճէպէճեանին:

Հրայր Ճէպէճեանը Մերձավոր Արևելքի Հայ Ավետարանական եկեղեցիների միության (ՄԱՀԱԵՄ) կենտրոնական մարմնի, Էշրէֆիէի Հայ Ավետարանական Եկեղեցու, Հայկազյան համալսարանի խնամակալության, Ազունիեի ազգային բուժարանի, Հայ Ավետարանական կենտրոնական բարձրագույն վարժարանի հոգաբարձության, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Կիպրոսի տեղական մարմնի, Ցեղասպանութեան ոգեկոչման 90-րդ տարելիցի Լիբանանահայ կենտրոնական վարչական մանրմնի անդամ է:

Ներկայումս Հայ Ավետարանական «Արմիս» մշակութային հանձնախմբի ատենապետն է:

ՀՀ սփյուռքի նախարարը կարևորեց դոկտոր Ճէպէճեանի դերակատարությունը հայապահպանության գործում, ինչպես նաև նրա իրականացրած միջեկեղեցական մեծածավալ գործունեությունը` ի սպաս Սփյուռքի զորացման:

Հանդիպման ընթացքում քննարկվեցին Հայոց ցեղասպանության միջազգային ճանաչման ուղղությամբ տարվող աշխատանքների ակտիվացման հնարավորությունները, սիրիահայերի խնդիրների լուծմանն օժանդակելու կարևորությունը, ինչպես նաև արեւմտահայերենի  պահպանմանն ուղղված խնդիրներն ու  դասական եւ նոր Սփյուռքի մերձեցմանն ուղղված հարցերը:

Հաշվի առնելով նրա ազգային, միութենական և համայնքային կյանքում իրականացրած գործունեությունը, ինչպես նաև Սփյուռքում մայրենի լեզվի անաղարտության պահպանման գործում ունեցած ավանդը, ՀՀ սփյուռքի նախարար Հրանուշ Հակոբյանը դոկտոր Հրայր Ճէպէճեանին պարգեւատրեց «Մայրենիի դեսպան» մեդալով:

Շնորհակալություն հայտնելով ՀՀ սփյուռքի նախարարությանը, նա բարձր գնահատեց գերատեսչության դերակատարությունը Հայրենիք-Սփյուռք կապերի զարգացման գործում, նշեց որ Հայրենիքից ստացած յուրաքանչյուր ազդակ ոգևորիչ է, և սփյուռքահային գործելու նոր ուժ ու եռանդ է տալիս: Պարոն Ճէպէճեանը հավելեց. «Ապրելով Սփյուռքում, մենք մշտապես զգում ենք Ձեր ուշադրությունն ու հոգածությունը մեր ու մեր կատարած աշխատանքի նկատմամբ: Փոքր համայնքները կաշկանդված են եւ պետք է ոգեշնչել նրանց»:

YEREVAN TO BECOME WORLD’S JEWELRY CAPITAL IN 2016

0
Yerevan will become the world’s jewelry capital in 2016, since one of the World Jewelry Confederation’s (CIBJO) regular sessions will be held here that year, the press office of the Armenian Jewellers Association (AJA) reported on Tuesday.
The CIBJO is an influential organization that received official consultative status with the Economic and Social Council (ECOSOC) of the United Nations in 2006. It holds its annual congresses in one of countries. Its 2012 session was held in Israel, the 2013 session in Turkey, this year’s in Moscow and the next year’s in Brazil.
The proposal to convene the session in Yerevan came from Gagik Gevorgyan, the president of AJA and the Armenian president’s advisor, who is also the head of the Association of Russia’s Jewellers and the Estet Jewelry House.
Moscow hosted the 2014 congress in May at his initiative. Some 152 delegates from 25 countries gathered here for the event.
At this congress, Gevorgyan came up with two initiatives – to institute an international jewelry award CIBJO, something like Jewelry Oscar, for best jewelers and to ask UNESCO on behalf of CIBJO for setting the International Jeweler Day. Both initiatives were upheld by the session participants.
According to the National Statistical Service, exports of precious and semiprecious stones and jewelry totaled $92.7 million in Jan-May 2014 (25% year-on-year growth) and imports totaled $136.6 million (41% growth).