Հինգշաբթի, 31. 07. 2025

Եզրափակիչ հաղորդագրութիւն Հայ եկեղեցական հաղորդակցութեան միջոցներու համագումարին

0

Հայ եկեղեցական հաղորդակցութեան միջոցներու համագումարը տեղի ունեցաւ 15-17 յուլիս 2014, Երեւան` Քանաքեռ, մասնակցութեամբ Հայ Կաթողիկէ եւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ հոգեւորականներու, մտաւորականներու եւ լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներու:

Համագումարը նախաձեռնուեցաւ Վատիկանի Բ. Ժողովի հաղորդամիջոցներու մասին Inter Mirifica վճիռի յիսնամեակին առիթով, Հայ Կաթողիկէ նուիրապետութեան հաղորդամիջոցներու յանձնախումբին կողմէ` ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան հետ համագործակցութեամբ:

Նպատակն էր` նպաստել հայ եկեղեցական հաղորդակցութեան միջոցներու միջեւ լայն եւ հեռանկարային համագործակցութեան զարգացման` ի սպաս համաքրիստոնէական եւ ազգային արժէքներու քարոզչութեան ու ամրապնդման հայ հասարակութեան մէջ:

Համագումարի ձեռնարկման նպատակներէն էր նաեւ ուղիներ գտնել եկեղեցական հաղորդակցութեան միջոցներու աշխատանքը լաւագոյնս ծառայեցնելու Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի միջոցառումներու լուսաբանումին:

Համագումարի ընթացքին քննարկուեցան հարցեր, որոնք կ’առնչուին Հայ Եկեղեցւոյ նուիրապետական աթոռներու հովանիին տակ գործող հաղորդակցութեան միջոցներու աշխատանքին, անոնց համագործակցութեան եւ նոր ծրագիրներու մշակման ու գործադրութեան: Համագումարի ելոյթները եւ քննարկումները իրենց եզրակացութիւններով լաւ հիմք դրին հայ եկեղեցական հաղորդակցութեան միջոցներու եւ պետական մարմիններու միջեւ մնայուն համագործակցութեան ու համատեղ աշխատանքի նոր մթնոլորտ մը ձեւաւորելու համար, մթնոլորտ, որ յատկապէս անհրաժեշտ է Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի եկեղեցական եւ պետական միջոցառումներու նախաշեմին:

Համագումարի նախաձեռնողները եւ մասնակիցները քաջ կը գիտակցին, որ այդ համագործակցութիւնը կ’ենթադրէ բազմաթիւ կարեւոր հանգրուաններ, համատեղ միջոցառումներ ու եռանդուն համագործակցութիւն: Համագումարի մասնակիցները յանգեցան այն եզրակացութեան, որ արդիւնաւէտ համագործակցութեան համար հարկաւոր է առանցքային պայման մը, որ եկեղեցական հաղորդակցութեան բոլոր միջոցներն անխտիր մասնակցին նման հանդիպումներու եւ քննարկումներու` համատեղ եւ միասնական ջանքեր ձեռնարկելու տեսլականով: Քանի որ այս համագումարը տեղի ունեցաւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Վեհափառ Հայրապետի, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի, եւ Նորին Ամենապատուութիւն Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքի օրհնութեամբ, համագումարի կազմակերպիչները կը փափաքին, որ ի գլուխ ունենալով Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը Հայ Եկեղեցւոյ նուիրական աթոռներու պետերու օրհնութիւնը եւ գործակցութիւնը նաե՛ւ համագումարի նպատակներու իրականացման գործին մէջ:

«Հայ Եկեղեցւոյ հովանաւորութեան տակ գործող բոլոր հաղորդամիջոցներու միջեւ հաստատուի այնպիսի սերտ համագործակցութիւն մը, որ զիրենք դարձնէ Եկեղեցւոյ եւ ազգի բոլոր բաղկացուցիչներու միասնականութիւնը խթանող ու զօրացնող շաղախը»:

Համագումարի քարտուղարութիւն
Քանաքեռ, 17 յուլիս 2014

ՀՀ Սփիւռքի նախարարը պարգեւատրեց Սարգիս Նաճարեանը եւ Հրանդ Աճէմեանը

0

Հայ կաթողիկէ հաղորդամիջոցներու Բ. համագումարի աւարտին, համագումարի մասնակիցներու Սփիւռքի Նախարարութիւն այցելութեան ընթացքին, 17 յուլիս 2014-ին, տիկին Հրանուշ Յակոբեան «Ուիլեըմ Սարոյեան» մետալով պարգեւատրեց պր. Սարգիս Նաճարեանը՝ գնահատելով անոր լրագրողական, հասարակական եւ ազգային բեղուն գործունէութիւնը ի խնդիր Սփիւռքի մէջ հայ մշակոյթի պահպանման ու Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան զարգացման:

Միեւնոյն առիթով նախարար Հրանուշ Յակոբեան մայրենի լեզուի պահպանման եւ սերունդներուն հայեցի կրթութեան եւ դաստիարակութեան գործին մէջ ունեցած աւանդին համար «Մայրենի դեսպան» մետալով պատգեւատրեց ամերիկաբնակ դոկտ. Հրանդ Աճէմեանը:

Պարգեւատրեալները  հերթաբար երախտագիտական ու շնորհակալական իրենց խօսքերը փոխանցեցին Սփիւռքի նախարարին յայտնելով, որ նման գնահատանքները պարտաւորեցնող են,  հետեւաբար իրենք զիրենք պատրաւորուած կը զգան աւելի եռանդով շարունակելու մշակութային ու հասարակական իրենց աշխատանքները:

Armenia Unveils First Particle Accelerator

0

A linear particle accelerator, named AREAL, was inaugurated Tuesday at the CANDLE (Center for the Advancement of Natural Discoveries using Light Emission) Synchrotron Research Institute in Yerevan.

The modern accelerator is an exceptional and huge wealth, CANDLE’s Executive Director Vasily Tsakanov and President of the State Committee on Science Samvel Harutyunyan said at the opening ceremony.

They informed that Armenia will become a member of Europe’s accelerator network in the near future, which means the country will enter the European scientific space and parts of some European programs will be worked out in Armenia.

The CANDLE international research center was established in Armenia by a government decision adopted in 2008.

The AREAL project is the first phase of CANDLE’s synchrotron light source creation in Armenia. Speaking about the successful completion of the first phase, Vasily Tsakanov noted that “Armenia has built a modern accelerator, which is unprecedented in the region.”

The construction of the accelerator became possible thanks to the state-of-the art technologies provided by Germany and Switzerland.

The total cost of the project is estimated at 20 million euros. Armenia has spent just 580,000-640,000 euros, thanks to its European partners covering most of the costs.

«Սփիւռք Ամառնային Դպրոց» Ծրագրի Դասընթացները Սկսան

0

Երէկ երեկոյեան «Մոսկուա» թատերասրահի կապոյտ դահլիճին մէջ կայացաւ ««Սփիւռք» ամառնային դպրոց» ծրագրի ծիրէն ներս սփիւռքահայ երիտասարդ առաջնորդներու, լրագրողներու, երգ ու պարի ուսուցիչներու դասընթացներու բացումը, որուն ներկայ էր ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանը: Այս մասին կը հաղորդէ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մամուլի եւ տեղեկատւութեան գրասենեակը:

Ծրագրի մասնակիցները դիտեցին «Վանայ ծովուն արշալոյսը» շարժանկարը, որ Հայոց Ցեղասպանութեան հետեւանքով Ամերիկայի մէջ յայտնուած ընտանիքի դրամատիկ պատմութիւնն է: Շարժանկարը ներկայացուցին սենարիստներ Արմէն Վաթեանը, բեմադրիչ Վահան Ստեփանեանը եւ գլխաւոր դերակատար Կարէն Ջհանգիրեանը:

Ծրագրի մասնակիցները մեծ բաւականութիւն ստացան շարժանկարի դիտումէն:

 

Եւրոմիութիւնը Կ’ողջունէ Տինքի Գործով Թուրքիոյ Սահմանադրական Դատարանի Վճիռը

0

Եւրոմիութիւնը կ’ողջունէ 2007 թ. Սթամպուլի մէջ սպաննուած հայ լրագրող Հրանդ Տինքի հարցով Թուրքիոյ Սահմանադրական Դատարանին կայացուցած վճիռը: Այս մասին նշուած է ԵՄ պաշտօնական կայքին մէջ հրապարակուած ԵՄ ընդլայնման եւ եւրոպական հարեւանութեան քաղաքականութեան հարցերով յանձնակատար Շթեֆան Ֆիւլէի յայտարարութեան մէջ:

Թուրքիոյ Սահմանադրական Դատարանի վճիռին մէջ նշուած է, որ Հրանդ Տինքի սպանութեան գործի դատավարութիւնը անցած է խախտումներով:

Սպաննուած հայ լրագրողի ընտանիքի բողոքին ի պատասխան՝ թրքական բարձրագոյն դատական ատեանը միաձայն որոշած է, որ այդ գործով տարուած հետաքննութիւնը անարդիւնաւէտ էր, իսկ դատական իշխանութիւնները Տինքի ընտանիքը գործի քննութեան ընթացքի մասին պատշաճ կերպով չեն տեղեկացուցած:

ՍԴ այս որոշումէն յետոյ թրքական դատախազութիւնը պէտք է Տինքի սպանութեան գործով սկսի նոր` գործուն հետաքննութիւն:

«Այս որոշումները Թուրքիոյ մէջ կը վերաբերին կարեւոր խնդիրներու, ու այդ քայլերը միտուած են հասարակութեան մէջ ամրապնդելու ժողովրդավարական սկզբունքները: Մենք կ’ակնկալենք, որ դատական համակարգն ու կառավարութիւնը պիտի առաջնորդուին այս վճիռներուն մէջ սահմանուած չափանիշներով` յետագայ նմանատիպ գործերուն մէջ որոշումներ կայացնելու ընթացքին` Մարդու իրաւունքներու եւրոպական պայմանագրի եւ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանի սկզբունքներուն համապատասխան»,– մասնաւորապէս նշուած է եւրոյանձնակատար Շթեֆան Ֆիւլէի յայտարարութեան մէջ:

Լիոնի Մէջ ՀՀ Գլխաւոր Հիւպատոսութիւն Բացուած է

0

Յուլիս 21-ին ՀՀ ԱԳ նախարար Էդուարդ Նալպանտեանը, Ռոն-Ալբի Փրեֆեքթ Ժան-Ֆրանսուա Գարէնսոն, Լիոնի քաղաքապետ, ծերակուտական Ժերար Գոլոմպը, Ռոնի գլխաւոր խորհուրդի նախագահ Տանիէլ Շուզեւիլը կատարած են Լիոնի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոսութեան բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը, որուն ներկայ եղած են Շառլ Ազնաւուրը, Ֆրանսայի խորհրդարանականներ, քաղաքական, հասարակական եւ մշակութային գործիչներ, հայ համայնքային կազմակերպութիւններու ղեկավարներ, լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներ: Այս մասին կը տեղեկացնէ ՀՀ ԱԳ նախարարութեան լրատուական ծառայութիւնը:

Հանդէս գալով ողջոյնի խօսքով` ԱԳ նախարար Էդուարդ Նալպանտեան կարեւոր համարած է Լիոնի մէջ ՀՀ գլխաւոր հիւպատոսութեան հիմնումը` ընգծելով, որ Լիոնը եւ Ռոն-Ալբի տարածաշրջանը կարեւոր դերակատարութիւն ունին հայ-ֆրանսական առանձնաշնորհեալ յարաբերութիւններու եւ բազմաբովանդակ համագործակցութեան զարգացման գործին մէջ:

“Լիոնում հայերի ներկայութեան մասին առաջին յիշատակումները գալիս են դեռ միջնադարից. սկզբում` վաճառականները, այնուհետեւ մետաքս արտադրող հայերը հաստատուել եւ արարել են այս տարածաշրջանում:

“Հայոց Ցեղասպանութիւնից մազապուրծ եղած հազարաւոր հայեր, յայտնուելով Մարսելում, բարձրացան Հռենոսի հունով եւ երկրորդ հայրենիք գտան Լիոնում, Վալանսում, Կրենոպլում, Վիենում, Ռոմանում, Վիլեօրպանում, Սենթ-էտյենում, Դեսինում, Սենթ-Շամոնում եւ այլուր: Նրանք ինտէգրուեցին ֆրանսիական հասարակութեանը եւ իրենց նպաստը բերեցին եւ շարունակում են ներդրում ունենալ Ռոն-Ալբի եւ նրա քաղաքների զարգացմանը:

“Այսօր Լիոնն ու Ռոն-Ալբի տարածաշրջանը` իր հայկական եկեղեցիներով, յուշարձաններով, դպրոցներով, մշակութային եւ մարզական կենտրոններով, վկայում են հայերի ինտէգրման բարձր մակարդակի, միեւնոյն ժամանակ` Հայաստանի հետ կապուածութեան մասին:

Այս տարածաշրջանում հայերին, Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերի յիշատակին նուիրուած հարիւրաւոր յուշարձաններ, հրապարակներ, փողոցնէր ու խաչքարեր կան: Ես ջերմութեամբ եմ յիշում Լիոնի քաղաքապետի հետ միասին 2006թ. Ապրիլին Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերի յիշատակի յուշարձանի բացման յուզիչ արարողութիւնը”,- ըսած է նախարար Նալպանտեան:

Նախարարը երախտագիտութիւն յայտնած է Լիոնի եւ Ռոն-Ալբի մարզային, շրջանային եւ համայնքային իշխանութիւններուն, հայկական կազմակերպութիւններուն, ծագումով հայ քաղաքացիներուն` շարունակական աջակցութեան եւ հայ-ֆրանսական բարեկամութեան ամրապնդման գործին մէջ կարեւոր ներդրման համար:

Շնորհաւորելով ներկաները գլխաւոր հիւպատոսութեան բացման առիթով` նախարար Նալպանտեան համոզում յայտնած է, որ անիկա` գլխաւոր հիւպատոս Նիկոլայ Սարգիսովի ղեկավարութեամբ, իր կարեւոր ներդրումը պիտի ունենայ հայ-ֆրանսական փոխյարաբերութիւններու զարգացման եւ խորացման գործին մէջ:

Գլխաւոր հիւպատոսութեան բացման արարողութեան ելոյթներով հանդէս եկած են Ռոն-Ալբի Փրեֆեքթ Ժան-Ֆրանսուա Գարէնսոն, Լիոնի քաղաքապետ, ծերակուտական Ժերար Գոլոմպը, Ռոնի գլխաւոր խորհուրդի նախագահ Տանիէլ Շուզեւիլը, որոնք գնահատած են Լիոնի մէջ գլխաւոր հիւպատոսութեան բացման վերաբերեալ Հայաստանի իշխանութիւններու որոշումը` վստահութիւն յայտնելով, որ անիկա նոր որակ եւ թափ պիտի  հաղորդէ հայ-ֆրանսական ապակեդրոնացուած համագործակցութեան` Լիոնի եւ Ռոն-Ալբի այլ բնակավայրերու եւ անոնց հայաստանեան գործընկեր քաղաքներու միջեւ կապերու առաւել ամրապնդման ու ընդլայնման:

Ելոյթներէն յետոյ՝ Հայաստանի օրհներգի հնչիւններուն տակ՝ գլխաւոր հիւպատոսութեան շէնքին առջեւ բարձրացուած է ՀՀ պետական դրօշը, այնուհետեւ Էդուարդ Նալպանտեանը, Շառլ Ազնաւուրը, Ժան-Ֆրանսուա Գարէնսոն, Ժերար Գոլոմպը, Տանիէլ Շուզեւիլը եւ Նիկոլայ Սարգիսովը կտրած են խորհրդանշական կարմիր ժապաւէնը:

 

Թուրքիոյ Սահմանադրական Ատեանը կը Հաստատէ. Տինքի Սպանութեան Հարցով Դատավարութեան Ընթացքին Արձանագրուած են Իրաւանց Խախտումներ

0

Թուրքիոյ Սահմանադրական ատեանը, քննելէ ետք Հրանդ Տինքի ընտանիքին ներկայացուցած դիմումը՝ վճռած է, որ Տինքի սպանութեան հարցով դատավարութեան ընթացքին արձանագրուած են իրաւանց խախտումներ: Այս մասին կը հաղորդէ Պոլսոյ “Մարմարա”-ն:

Դատավճիռը բաւարարած է Տինքի ընտանիքին ներկայացուցած «ոչ արդիւնաւէտ քննութիւն կատարելու» մասին հայցը, իսկ որոշումը ընդունուած է միաձայնութեամբ: Տինքի ընտանիքը նաեւ բողոքած էր, որ շարք մը պաշտօնատարներու դէմ հետաքննութիւն չի կատարուիր:

Միւս կողմէ, Տինքի սպանութեան դատավարութեան Յուլիս 17ի նիստը դարձեալ որեւէ յառաջդիմութիւն չարձանագրեց, որովհետեւ դատարանը կը պնդէ ամբաստանեալներէն Ահմետ Իսքենտերի վկայութիւնները ունկնդրելու գծով, սակայն ամբաստանեալը «անհետացած է» եւ ոստիկանութիւնը տակաւին չէ կրցած ձերբակալել ու դատարան բերել զայն։

Տինքի փաստաբանները առարկեցին ու պահանջեցին, որ Իսքենտերի թղթածրարը անջատուի, բայց դատական կազմը պնդեց անոր լսելու անհրաժեշտութիւնը ու յաջորդ նիստին համար որոշեց Հոկտեմբեր 30 թուականը։

Սիրոյ Սեղան ի Պատիւ Տէր եւ Տիկին Վահէ եւ Նորմա Իմաստունեաններուն

0

*ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ*

Khachig Janoyan
Ուրբաթ, Յուլիս 11, 2014, երեկոյեան ժա-մը 7:30-ին, Հ.Բ.Ը.Միութեան Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան համալիրի մայր սրահին մէջ, շատ ճոխ ձեռնարկով մը, սիրոյ սեղան մը տրուեցաւ Միութեան երկարամեայ նուիրեալներէն, Արեւմտեան Շրջանակայինի նախկին ժրաջան ատենապետներէն Տիար Վահէ Իմաստունեանի, անոր Ellis Island պատուանշանի արժանանալուն ուրախ առիթով:

Սիրոյ սեղան ըսինք, քանի որ ներկայ հոծ բազմութիւնը, գլխաւորութեամբ Հ.Բ.Ը.Միութեան Արեւմտեան Շրջանակայինի վարչութեան Ասպետներու Յանձնախումբին, եկած էր իր սէրը, ուրախութիւնը եւ անկեղծ շնորհաւորութիւնները յայտնելու Տէր եւ Տիկին Վահէ  եւ Նորմա Իմաստունեաններուն, այս պատուաբեր շքանշանին արժանանալուն առիթով:

Ձեռնարկը կազմակերպուած էր Միութեան Ասպետներու Յանձնախումբին կողմէ: Իր օրհնաբեր ներկայութեամբ սիրոյ այս սեղանը կը պատուէր Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմի նահապետը՝ Գերշ. Տ. Վաչէ Արք. Յովսէփեան, որ սեղանի օրհնութիւնը կատարեց: Ներկայ էին նաեւ Շրջանակայինի նախկին ատենապետները, Միութեան ղեկավարները, գլխաւորութեամբ Արեւմտեան Շրջանակայինի կորովի եւ սիրուած ատենապետ՝ Տիար Գրիգոր Գարակէօզեանի, Միութեան միաւորներու ղեկավարներ եւ անշուշտ Իմաստունեան ընտանիքի անդամները եւ մօտիկ ընկերները:

Նախ յիշենք, որ Ellis Island շքանշանը կը տրուի այն գաղթական եկած Ամերիկացինե-րուն, որոնք այս երկիրը գալէն ետք, մեծ յաջողու-թիւններ ունեցած են, եւ ամենէն կարեւորը, իրենց նպաստը եւ բաժինը բերած են ամերիկեան ընկերութեան եւ մարդկութեան վերելքին եւ յառաջդիմութեան: Այս շքանշանին արժանի եղած են նախագահներ, քաղաքական, մշակութային, հասարակական մեծանուն Ամե-րիկացիներ:

Ուրախ ենք յայտնելու, որ այս շքանաշանին արժանի եղած են հարիւրէ աւելի հայեր, որոնք որպէս գաղթական այս երկիրը գալով մեծ յա-ջողութիւններ ունեցած են եւ իրենց նպաստը բերած են Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն:

Ընկերային ժամէն ետք, ներկաները սրահ անցնելով սկսաւ պաշտօնական բաժինը:

Օրուան հանդիսավարն էր Հ.Բ.Ը.Միութեան Գրիգոր Սաթամեան թատերախումբի անդամներէն Գէորգ Քէօշկէրեան, որ ձեռնհասու-թեամբ եւ ջերմութեամբ վարեց ձեռնարկը:

Պրն. Գրիգոր Սաթամեան
Պրն. Գրիգոր Սաթամեան

Քէօշկէրեանի բարի գալուստի խօսքէն ետք, յաջորդաբար խօսք առին՝ Ասպետներու Յանձնախումբի ատենապետ, եկեղեցական, հաս-րակական եռանդուն գործիչ՝ Տօքթ. Յարութիւն Եաղսզեան, Միութեան թատերախումբի ղեկավար, մեծանուն դերասանապետ՝ Գրիգոր Սաթամեան, Հ.Բ.Ը.Միութեան երկարամեայ նուիրեալներէն՝ Տիկին Սէսիլ Քէշիշեան, ընտանիքին կողմէ Իմաստունեաններու սիրունատես եւ շնորհալի դուստրը՝ Կարինէ Իմաստունեան, իրաւաբան Սթելլա Մալոյեան, Հ.Բ.Ը.Միութեան երիտասարդ ղեկավարներէն՝ Թորոս Եթէնէկեան եւ վերջին խօսողը եղաւ Արեւմտեան Շրջանակայինի ատենապետ՝ Տիար Գրիգոր Գարակէօզեան, որ իր սրտի խօսքին հետ նաեւ կար-դաց Հ.Բ.Ը.Միութեան նախագահ՝ Պերճ Սեդրակեանի նամակը եւ Իմաստունեանին յանձնեց Միութեան Պատուոյ անդամի գիրը:

Տիկին Սէսիլ Քէշիշեան
Տիկին Սէսիլ Քէշիշեան

Բոլոր խօսողները մեծ համարումով, արժանավայել խօսքերով եւ գնահատումներով վեր առին Վահէ Իմաստունեանի աշխատասիրու-թիւնը, պարկեշտութիւնը, նախաձեռնութեան ոգին, անկեղծութիւնը Հ.Բ.Ը.Միութեան հանդէպ ունեցած սէրն ու հաւատքը:

Նմանապէս, ոմանք շեշտեցին անոր հաւատարմութիւնը, ծնողասիրութիւնը (ամէն օր իր մօրը այցելելու բարի սովորութիւնը), ընտանե-կան սէրն ու երկու աղջիկներուն մեծագոյն օրինակ ըլլալը:

«Երիտասարդներ, ձեր աչքերը լաւ բացէք եւ օրինակ առէք Վահէ Իմաստունեանի կեանքէն եւ գործէն», ըսաւ Սէսիլ Քէշիշեան այդ օր:

Մենք կ՛երկրորդենք Տիկին Քէշիշեանի այս խօսքը, աւելցնելով որ Վահէ Իմաստունեան իր կեանքով եւ նուիրուածութեամբ օրհնութիւն մը եղաւ Հ.Բ.Ը.Միութեան Արեւմտեան Շրջանակին համար:

Վահէ Իմաստունեանի օրով է, որ Միութիւնը գնեց Վաչէ եւ Թամար Մանուկեանի անու-նը կրող համալիրը: Վահէ Իմաստունեանի ատենապետութեան օրերուն Հ.Բ.Ը.Միութիւնը, համագործակցութեամբ «Լարք» երաժշտական կեդրոնի, ներկայացուց մեծածախս բայց պատմական երեք օփերաները Լոս Անճելըսի մէջ:

Վահէ Իմաստունեան մեծ գաղափարներու, մեծ գործերու մարդ է. ոչ թէ գետակներու ձուկ մըն է, այլ ան ոսկիանոսներու մէջ լողացող ԿԷՏ ՁՈՒԿ մըն է. վկայ՝ իր կեանքի աչքառու յաջողութիւնները, ծառայութիւնները ու մանաւանդ անոր խոնարհ, համեստ եւ մարդասիրական ոգին: Այո, Վահէ Իմաստունեան գործի մարդ է, բնաւ չի վարանիր սխալին՝ սխալ ըսե-լու, եւ ճիշդ գործին եւ խօսքին ծափահարելու:

Այդ օր ելոյթ ունեցաւ Հ.Բ.Ը.Միութեան Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան վարժարանի 11-րդ դասարանի շնորհալի աշակերտուհիներէն՝ Մարալ Քիւրտեան, երգելով՝ “God Bless America,” “This Land Is Your Land” եւ «Երգիր ինձ համար» երգերը, արժանանալով ներկանե-րու երկարատեւ ու ջերմ ծափահարութեան:

Նմանապէս, ձեռնարկին սկիզբը ցուցադրուեցաւ Ellis Island-ի շքանշանի պարգեւա-տըրման խիստ տպաւորիչ եւ վեհաշուք հանդի-սութեան տեսաերիզը, խորապէս տպաւորելով ներկաները:

Վերջաւորութեան, Վահէ Իմաստունեան շատ տպաւորիչ ելոյթով շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք պատճառ եղան իր կազմաւորման եւ ծառայութիւններուն: Շնորհակալութիւն յայտնեց տիկնոջը, զաւակներուն, մօրը եւ հարազատներուն եւ Հ.Բ.Ը.Միութեան նախագահին եւ պատասխանատուներուն:

Ջերմօրէն կը շնորհաւորենք մեր սիրելի միութենական կրտսեր եղբայրը՝ Վահէ Իմաստունեանը, այս գնահատանքին համար, վստահ ըլլալով, որ Վահէ Իմաստունեան տա-կաւին երիտասարդ ըլլալով, շատ տալիք ունի մեր հայրենիքին, ազգին եւ Հ.Բ.Ը.Միութեան:

Գնահատանքի յատուկ խօսք մը ունինք Ասպետներու Յանձնախումբին եւ Արեւմտեան Շրջանակայինի վարչութեան, որ գեղեցիկ մտածումը ունեցաւ նման սիրոյ սեղան մը կազմակերպել, Վահէ Իմաստունեանին շնորհաւորելու համար:

ԱՐԱՄ Ա. «Հակառակ Առկայ Տագնապին ու Անոր Պատճառած Վնասներուն, Սուրիահայութիւնը Ամրօրէն Կառչած կը Մնայ Իր Արմատներուն»

0

*ՊԷՅՐՈՒԹ – ԼԻԲԱՆԱՆ* Կիրակի, 20 Յուլիս 2014-ին, Ս. եւ անմահ Պատարագէն ետք, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, Վեհարանի դահլիճին մէջ, «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց»-ի շքանշանին արժանացուց սուրիահայ գաղութի մշակութային ու ազգային կեանքին մէջ ներդրում ունեցող ազգայիններէն դոկտ. Հուրի Ազէզեանը (Հալէպ) եւ  Յակոբ Ադամեանը (Լաթաքիա): Հանդիսութեան ներկայ էին մտաւորականներ, կրթական-մշակութային միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ մեծարեալներուն մօտիկ ազգայիններ:

Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Սրբ. Արք. Սարգիսեան ներկայացուց պարգեւատրեալ դոկտ. Հուրի Ազէզեանի մտաւորական, ազգային եւ կրթական վաստակը. իսկ  Ժիրայր Դանիէլեան խօսեցաւ պարգեւատրեալ Յակոբ Ադամեանի գրական ու մշակութային ներդրումին մասին:

Վեհափառ Հայրապետը, անդրադառնալով սուրիական տագնապին պատճառով սուրիահայ գաղութի դիմագրաւած դժուարութիւններուն՝ ըսաւ. «Սուրիոյ մեր գաղութը Օսմանեան պետութեան կողմէ ծրագրուած ու գործադրուած Հայոց Ցեղասպանութեան արհաւիրքը տեսաւ ու գոյատեւեց: Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք, մեր ժողովուրդի զաւակները վերակազմակերպեցին ու ծաղկեցուցին իրենց եկեղեցական ու համայնքային կեանքը՝ դառնալով սուրիական ընկերութեան անբաժան մէկ մասը: Իրենց արաբ եղբայրներուն կողքին, անոնք կարեւոր ներդրում ունեցան ու կը շարունակեն ունենալ Սուրիոյ վերելքին մէջ: Այսօր, քաջատեղեակ ենք սուրիական հայրենիքէն ներս տիրող իրավիճակին: Սակայն, հակառակ առկայ տագնապին ու անոր պատճառած վնասներուն, սուրիահայութիւնը ամրօրէն կառչած կը մնայ իր արմատներուն ու ազգային արժէքներուն»:

Ապա, Վեհափառ Հայրապետը իր գնահատանքը յայտնեց Սուրիոյ հայութեան հոգեւոր ու համայնքային ղեկավարութիւններուն, բարեսիրական միութեանց եւ Հայաստանի ու Սփիւռքի այն բոլոր գաղութներուն, հոգեւոր, պետական ու համայնքային պատասխանատուներուն եւ ազգայիններուն, որոնք կը շարունակեն զօրավիգ կանգնիլ Սուրիոյ հայութեան: Ապա, Նորին Սրբութիւնը շեշտեց. «Սուրիոյ հայութեան վերականգնումը հրամայական անհրաժեշտութիւն է. եւ սա համազգային խնդիր է, ինչպէս յաճախ յիշեցուցած ենք: Արդ, Մեր սպասումն է, որ այս յանձնառութեամբ մեր ժողովուրդի զաւակները գործնապէս մասնակից դառնան Սուրիոյ հայութեան վերականգնումի աշխատանքին»:

Իր խօսքի աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը գնահատեց դոտկ. Հուրի Ազէզեանը եւ Տիար Յակոբ Ադամեանը, Սուրիոյ հայութեան ազգային-եկեղեցական ու մշակութային կեանքին իրենց բերած նպաստին համար եւ «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց»-ի շքանշանով պարգեւատրեց զիրենք: Ապա, պարգեւատրեալները յաջորդաբար իրենց սրտի երախտագիտութեան խօսքերը արտայայտեցին Նորին Սրբութեան:

ՄԱՀԱՑԱԾ Է ԺՈՂՈՎՐԴԱԿԱՆ ՆԿԱՐԻՉ ՀԵՆՐԻԿ ՄԱՄԵԱՆԸ

0

17 Յուլիսին մահացած է Հայաստանի ժողովրդական նկարիչ Հենրիկ Մամեանը: Այս մասին յայտնած է Հայաստանի նկարիչներու միութեան նախագահ Կարէն Աղամեան:

«Կեանքից հեռացաւ մեր լաւագոյն գրաֆիկական նկարիչներից մէկը, երեւի վերջինն այն սերնդից, որի ներկայացուցիչներով միշտ պարծեցել ենք: Սերունդ, որի գործերը կը մնան յաւէրժ: Մամեանը յայտնի էր նաեւ որպէս գրքի ձեւաւորող: Երբ կեանքից հեռացաւ Գրիգոր Խանջեանը, եւ փոքր-ինչ անաւարտ էր մնացել նրա հսկայ «Վարդանանք» եռանկարը, Մամեանը միակն էր, որ աւարտին հասցրեց այն: Նա փաստօրէն փրկեց եռանկարը կիսատ մնալու ճակատագրից», նշած է Կարէն Աղամեանը:

Հենրիկ Մամեան ծնած է 24 Ապրիլ 1934ին Երեւան: Մամեանի աշխատանքները կը ցուցադրուին Հայաստանի ազգային պատկերասրահին մէջ: Աշխատած է գիրքի ձեւաւորման, քանդակագործութեան եւ գեղանկարչութեան ասպարէզներուն մէջ: Ձեւաւորած է հարիւրաւոր գիրքեր: Կոմիտասի 100ամեակին առիթով Պէյրութի մէջ կազմակերպուած մրցումին անոր «Կոմիտաս» եռանկարը արժանացած է երկրորդ մրցանակի: Նկարիչը անհատական ցուցահանդէսներ ունեցած է տարբեր երկիրներու մէջ: 1983ին անոր տրուած է Հայաստանի վաստակաւոր նկարիչի, իսկ 2010ին՝ Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովրդական նկարիչի կոչում:

«Ինձ համար նկարչութիւնը հաճոյք չէ, այլ տառապանք եւ ցուցահանդէսում ներկայացուած աշխատանքներն այդ տառապանքի արտայայտութիւնն են», յայտնած է ան՝ իր ցուցահանդէսներէն մէկուն բացման ընթացքին։