Հինգշաբթի, 31. 07. 2025

«Մետաղադրամն Անապատում» Ֆիլմը Կը Ներկայացնի Հայոց Մեծ Եղեռնը

0

*ԼԻԱՆԱ ՄԱԿՈՒԵՑԵԱՆ* 2014թ. Մայիսի սկզբին Գաւառում մեկնարկեցին «Մետաղադրամն Անապատում» ֆիլմի նկարահանման աշխատանքները: Այն լիամետրաժ պատմագեղարուեստական ֆիլմ է, որի սցենարի հեղինակներն են ԱՄՆ քաղաքացի, բարեգործ, «Քրիստոնէութիւնը Հայաստանի Խաչմերուկներում» գրքի հեղինակ Ռոբերտ Բեքման Բրինը եւ Արփի Աղոյեանը:

Ֆիլմի հիմքում 1915 թուականին Օսմանեան կայսրութիւնում տեղի ունեցած պատմական իրադարձութիւններն են, հայ ժողովրդի գաղթն ու Ցեղասպանութիւնը:

Ֆիլմի ստեղծման գաղափարը ծնուել է 2014 թուականին, Ամանորի նախօրէին: Ֆիլմի նկարահանման աշխատանքները սկսուել են Հայաստանում, նկարահանումները կատարուել են Երեւան եւ Գաւառ քաղաքներում, Սեւանայ լճի մերձակայքում, Կարմիր գիւղ, Դալարիկ, Տաթեւ գիւղերում, իսկ Օգոստոս ամսից կը շարունակուեն ԱՄՆում:

Մօտ չորս տասնեակ դերասաններ իրենց ժամանակն ու տաղանդն են ներդրել Հայոց Ցեղասպանութիւնը միջազգային հանրութեանը լսելի դարձնելու համար: Ֆիլմի գլխաւոր դերերում դերասաններ Մարտուն Ղեւոնդեանն ու Բիւրեղիկ Մնէյեանն են: Գլխաւոր հերոսուհուն՝ Սառա Սենդերսին, մարմնաւորում է Արփի Աղոյեանը:

Հայոց Ցեղասպանութեանը նուիրուած «Մետաղադրամն Անապատում» ֆիլմը մեծ էկրան կը բարձրանայ 2015 թուականի Ապրիլի 24ին, երբ միջազգային հանրութիւնն ու աշխարհի հայութիւնը նշեն ողբերգութեան 100րդ տարելիցը: Ըստ Ռոբերտ Բրինի՝ ֆիլմն ուսուցողական, տեղեկատուական միջոց է, որը մի փոքր քայլ կը լինի դէպի Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը:

«Թէեւ ֆիլմի պրիմիերան կայանալու է Հայաստանում, սակայն այն նախատեսուած է Հայաստանից դուրս գտնուող անգլախօս հանրութեան համար, որոնցից շատ քչերն են տեղեկացուած Հայաստանի պատմական ողբերգական իրողութեան մասին: Թոյլ չտանք, որ եւս 100 տարի անցնի՝ առանց արդարութեան ճանաչման», իր խօսքում նշեց Բրինը:

Հարցազրոյցի վերջում Ռոբերտը յոյս յայտնեց, որ մինչ 2015 Ապրիլի 24ը ֆիլմը կը գրաւի հովանաւորների ուշադրութիւնը:

www.hetq.com

Երեւանի Մէջ Պիտի Բացուի Կոմիտասի Թանգարան

0

Հայրենի Կառավարութիւնը որոշած է հիմնադրել կոմիտասի թանգարան-հիմնարկ: Պետական ոչ-առեւտրական կազմակերպութիւնը պիտի դառնայ մեծանուն երգահանին կեանքին եւ ստեղծագործական գործունէութեան ներկայացման բացառիկ կեդրոն, որ պիտի ապահովէ հայ երաժշտական մշակութային ժառանգութեան ամբողջական, մաքուր ու անաղարտ պահպանումը, ներկայացումը եւ սերունդներուն փոխանցումը: Այս մասին կը հաղորդէ «Փան Արմինիըն»:

Անիկա պիտի կառուցուի Կոմիտասի անունը կրող զբօսայգիին մէջ գտնուող նախկին մշակոյթի պալատի տարածքին մէջ, որ անհատոյց օգտագործման իրաւունքով Հայաստանի կառավարութեան տրամադրած է «Հայաստան» հիմնադրամը: Կառոյցին ճարտարապետն է Արթիւր Մեսչեան։

Կառուցապատման ծախսը կը հոգայ «Փիւնիկ» մարդկային պաշարներու զարգացման համահայկական հիմնարկը՝ սուրիահայ բարերար Գաբրիէլ Չեմպերճեանի աջակցութեամբ: Շինարարութիւնը նախատեսուած է աւարտել այս տարուան ընթացքին, որ Կոմիտասի ծննդեան 145ամեակն է, եւ 2014 թուականը հռչակուած է մեծ երգահանի տարի: Նախագիծը մշակուած է Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան աշխատակազմի իրաւաբանական ու մշակութային ժառանգութեան եւ ժողովրդական արհեստներու վարչութիւններուն կողմէ:

Թանգարան-հիմնարկի ստեղծման նպատակն է հայ հոգեւոր եւ ժողովրդական երաժշտական-կատարողական արուեստի աւանդոյթներու պահպանումն ու վերարտադրութեան խթանումը, ազգային, ժողովրդական, դասական եւ ժամանակակից երաժշտարուեստի բնագաւառին մէջ երիտասարդներու ստեղծագործական կարողութիւններու զարգացման համար նպաստաւոր պայմաններու ստեղծումը:

Արդարեւ, հակառակ Կոմիտասի մեծ դերակատարութեան եւ հսկայական աւանդին, անոր ստեղծագործական ժառանգութիւնն ու անձնական իրերն առ այսօր կը գտնուին տարբեր կազմակերպութիւններու՝ Ե. Չարենցի անուան գրականութեան եւ արուեստի թանգարանի, Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ արուեստի բաժինի արխիւներուն եւ պահեստանոցներուն մէջ: Նման կառոյցի մը ստեղծումով այդ բոլոր հարստութիւնները պիտի ամփոփուին մէկ երդիքի տակ։

Զաւէն Խանճեան՝ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան Գործադիր Վարիչ

0

Ամերիկայի հայ աւետարանչական ընկերակցութեան վարչութեան ատենապետ դոկտ. Ճոզէֆ Ծերունեան կը տեղեկացնէ, թէ ընկերակցութեան գործադիր վարիչ նշանակուած է Զաւէն Խանճեանը։ Ան պաշտօնը պիտի ստանձնէ Սեպտեմբեր 1, 2014ին։

Զաւէն Խանճեան ծնած ու հասակ նետած է Հալէպի մէջ. երիտասարդ հասակէն գործօն անդամ մը եղած է տեղւոյն Էմանուէլ Աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ։

«Ալեփփօ Քոլեճ»էն վկայուելէ ետք, ան ուսումը շարունակած է Պէյրութի ամերիկեան համալսարանին մէջ՝ գործարարական ճիւղի պսակաւոր արուեստից վկայական ստանալով 1967ին, որուն յաջորդած 13 տարիներուն ընթացքին, ան Ծոցի զանազան հեղինակաւոր ընկերութիւններու մէջ պաշտօններ ստանձնած է։

1979ին, ան իր ընտանիքին հետ տեղափոխուած է Քալիֆորնիա՝ կալուծային առուծախի ասպարէզը նետուելով, եւ 1987ին Կլենտէյլի մէջ հաստատած է իր «Խանճեան Ռիըլթի» ընկերութիւնը։

Խանճեան եղած է Մեծն Լոս Անճելըսի համայնքին մէջ գործօն անդամ՝ ղեկավար պաշտօններ ստանձնելով հետեւեալ կազմակերպութեանց մէջ.
«Հայաստան» հիմնադրամ, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութիւն, Մերիտնեան Հայ Աւետարանական վարժարան, Միացեալ հայ ժողովական եկեղեցի, Պէյրութի «Հայկազեան» համալսարան, Երիտասարդ քրիստոնեայ տղամարդկանց միութեան Կլենտէյլի մասնաճիւղ, բարեգործական «Սելվէյշըն Արմի» կազմակերպութեան Կլենտէյլի մասնաճիւղ, Հայեր Արցախի համար, Կալուածային առուծախի մարզի հայ գործարարներու միութիւն։

Իսկ վերջերս, ան ստանձնած է ատենապետի պաշտօնը Սուրիոյ հայութեան օժանդակութեան մարմինին, որ կրցած է մարդասիրական նպատակներու համար աւելի քան մէկ միլիոն տոլար գոյացնել։

Անոր բազմաթիւ յօդուածները՝ հայերէնով եւ անգլերէնով, լոյս տեսած են ամերիկահայ մամուլին մէջ. ան հեղինակն է երեք հայերէն հատորներու։

Խանճեան ամուսնացած է Սոնա Քելիկեանի հետ։ Ամոլը ունի 3 զաւակներ եւ 5 թոռներ։

Նշենք, որ պատուելի Մկրտիչ Մելքոնեան մինչեւ Հոկտեմբեր պիտի շարունակէ մնալ ընկերակցութեան ժամանակաւոր գործադիր վարիչի պաշտօնին վրայ, փոխանցման սահուն շրջան մը ապահովելու համար, որմէ ետք ան պիտի վերստանձնէ իր նախկին պաշտօնները։ Ան տարուան մէկ կէսը պիտի տրամադրէ Հայաստանի մէջ ընկերակցութեան պատուելիներու պատուելիի պաշտօնին, իսկ միւսը՝ Միացեալ Նահանգներու եւ Քանատայի տարածքին վարչական շարք մը պարտականութեանց։

1918ին հաստատուած Ամերիկայի հայ աւետարանչական ընկերակցութեան գործունէութեան մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել www.amaa.org կայքը։

 

OSCE Co-Chairs Meet with Armenian, Azeri Foreign Ministers

0

The Co-Chairs of the OSCE Minsk Group — Ambassadors Igor Popov (Russia), James Warlick (US), and Pierre Andrieu (France) — met separately with the Foreign Minister of Armenia, Edward Nalbandian, and the Foreign Minister of Azerbaijan, Elmar Mammadyarov, on Tuesday in Brussels. The Personal Representative of the OSCE Chairperson-in-Office, Ambassador Andrzej Kasprzyk, also participated in the meetings.

The Co-Chairs expressed their “serious concern” about the increase in tensions and violence, including the targeted killings of civilians, along the Line of Contact and the Armenian-Azerbaijani border. They urged “both parties to commit themselves to avoiding casualties and rejected the deliberate targeting of villages and the civilian population.” They called on the Foreign Ministers to defuse tensions and adhere to the terms of the ceasefire.

The Co-Chairs and Foreign Ministers also discussed possible agenda items for a presidential summit, underscoring the importance of a meeting between the Presidents of Armenia and Azerbaijan for achieving progress in peace negotiations. They also discussed meetings which could take place in New York on the margins of the UN General Assembly.

The Co-Chairs continue to review possible security confidence building measures and people-to-people programs with the parties. They believe that such programs build the trust and confidence necessary for a lasting peace.

In Vienna, the Co-Chairs briefed the countries of the Minsk Group about the status of peace negotiations.

Այսպիսի Հարսանիք Կարող էր Կազմակերպել Միայն Հանճարեղ Մարդը. Սօս Սարգսեան

0

…Այսպիսի հարսանիք կարող էր կազմակերպել միայն հանճարեղ մարդը եւ այդ հանճարեղ մարդը իր համախոհներով՝ Լեւոն Հայրապետեանն է:

Եթէ այս աւանդոյթը շարունակուի, մեր պետականութիւնը գնալով կը հզօրանայ, մենք կը դառնանք անվերջանալի… Փառք , Լեւոնին…

ՍՕՍ ՍԱՐԳՍԵԱՆ

Նշենք թէ, Լեւոն Հայրապետեան ծանօթ է նաեւ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ հաւաքական հարսանիքներ կազմակերպելով՝ անոնց բոլոր ծախսերը հոգալով:

Այս տարի Վարդավառը իւրայատուկ ձեւով պիտի նշուի Գառնիի եւ Գեղարդի մէջ

0

Հայ երիտասարդներու ամենասիրելի տօներէն մէկը՝ Վարդավառը, այս տարի պիտի տօնուի իւրայատուկ ձեւով. հայ երիտասարդութիւնը հնարաւորութիւն պիտի ունենայ ծանօթանալու տօնի իրական արմատներուն՝ «Վարդավառ միջազգային փառատօնի» շնորհիւ: Այս փառատօնի գաղափարը կը պատկանի «Երիտասարդ ակումբներու դաշնութեան» (FYCA) նախագահ Ատոմ Մխիթարեանին, իսկ փառատօնի գեղարուեստական ղեկավարը Արմէն Սարգսեանն է, որ Tert.am-ին առաւել մանրամասն ներկայացուցած է փառատօնը:

Արմէն Սարգսեանի խօսքով՝ փառատօնի նպատակն է երիտասարդութիւնը համախմբելով կեանքի կոչել աւանդական Վարդավառը: «Եթէ այսօր մենք հաւաքւում ենք ու ուղղակի ջուր են լցնում միմեանց վրայ կամ «սպանում ջրելով», ապա անցեալում այս ամէնն ունեցել է իր խորհուրդը: Յուլիս 27-ին փորձելու ենք կեանքի կոչել մեր մոռացուած աւանդական ծիսակարգերն ու սովորոյթները: Աշխատանքային խումբը համագործակցել է ազգագրագէտների հետ, քննարկել անցկացման առաւել յարմարաւէտ տարբերակներ»,- նշած է Ամրէն Սարգսեան:

«Գեղարդում տօնելուց յետոյ կ’ուղեւորուենք Գառնի: Մինչեւ բուն խրախճանքը, Գառնիում նախատեսում ենք պատրաստել տաղաւարներ, որտեղ մարզից եկած մասնակիցները կը ցուցադրեն իրենց մարզի բերքն ու բարիքը, մշակոյթը, ինչպէս դարեր առաջ: Իսկ երեկոյեան թատերականացուած ներկայացման շնորհիւ հիւրերը մտովի կը տեղափոխուեն հին քաղաքակրթութիւն, կը տեսնեն թէ ինչ տօնակատարութիւններ են անցկացւել հինում: Այնտեղ ելոյթ կ’ունենան նաեւ ազգագրական երգչախմբերը»,- ըսած է Արմէն Սարգսեան:

Երեւանէն մասնակիցներուն Գեղարդ ու Գառնի կը տեղափոխեն նախապէս վարձակալած փոխադրամիջոցներով:
Փառատօնը Եւրոպայէն պիտի հիւրընկալէ մօտ 150 երիտասարդ, որոնք հնարաւորութիւն կ’ունենան ծանօթանալու հայկական ազգային տօնի ծիսակարգին:
Նշենք, որ փառատօնը տեղի կ’ունենայ Գեղարդի եւ Գառնիի մէջ: Որքան ալ որ փառատօնի կազմակերպիչները փորձած են վերականգնել աւանդական Վարդավառը՝ առանց կրօնական արմատներու, այնուամենայնիւ, որպէս քրիստոնեայ ժողովուրդ ձեռնարկը կը սկսի Գեղարդի մէջ՝ առաւօտեան եկեղեցական ծիսակարգով, ապա ջրօրհնէքի արարողութիւն տեղի կ’ունենայ, այնուհետեւ փոքրիկ բեմականացում կը ցուցադրուի եկեղեցւոյ բակին մէջ:

Կարսի Ամրոցին Մէջ Եռագոյնին Ծածանումը Իրարանցում Յառաջացուցած Է Թուրքիոյ Մէջ

0

Կարսի բերդ այցելած հայ զբօսաշրջիկները պարզած են Եռագոյնը եւ երգած են Հայաստանի քայլերգը: Վկայակոչելով թրքական «Հապերլեր» լրատուական կայքը՝ Armenpress.am կը հաղորդէ, թէ հայ զբօսաշրջիկներուն առած այս քայլը իրարանցում յառաջացուցած է Թուրքիոյ մէջ:

Թրքական, այսպէս կոչուած՝ «Հայերու անհիմն պնդումներու դէմ պայքարի միութիւն» (ASIMDER) կառոյցի ղեկավար Քէօքսալ Քիւլպէյ իշխանութիւններուն կոչ ուղղած է հետեւելու Թուրքիա այցելող հայերուն քայլերուն եւ սահմանափակելու զանոնք: Կարգ մը քաղաքացիներ ալ դժգոհած են, որ հայերը Թուրքիոյ մէջ բարձրացուցած են իրենց Եռագոյնը եւ երգած Հայաստանի քայլերգը:

Թուրք ազգայնականը յայտնած է, որ հայերը արեւելեան Անատոլուն կը կոչեն Արեւմտեան Հայաստան՝ դիտել տալով, որ այս մասին նշուած է նաեւ Հայաստանի անկախութեան հռչակագիրին մէջ: Ան յայտարարած է, որ Թուրքիա այցելող հայերը «սադրիչ գործողութիւններ կը կատարեն» եւ մեղադրած է Հայաստանի իշխանութիւններն ու սփիւռքի նախարարութիւնը՝ նմանօրինակ գործողութիւններուն իբր թէ աջակցելու համար:

«Հայերը Կարսի բերդին մէջ պարզած են Հայաստանի դրօշը եւ երգած քայլերգը: Նոյնը կատարած են նաեւ Վանի Աղթամար կղզիին վրայ: Ինչո՞վ զբաղած են անվտանգութեան ուժերը», հարց տուած է ASIMDER–ի առաջնորդը եւ սպառնացած, որ հետամուտ պիտի ըլլայ այս հարցով թրքական պատասխանատու մարմինները պատժելու:

Թուրք ազգայնականը զգօնութեան կոչ ուղղած է իշխանութիւններուն եւ յայտարարած, որ հայկական լոպիիստական ուժերը կը պատրաստուին 2015 թուականի շեմին Թուրքիոյ տարածքին սադրիչ եւ քայքայիչ գործողութիւններ իրականացնել:

Արեւմտահայոց Հարցերու Ուսումնասիրութեան Կեդրոնին մէջ` Հանդիպում Համշենահայ Մտաւորականներու Հետ

0

Յուլիս 25-ին, ժամը 18:30-ին Արեւմտահայոց հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոնին մէջ, Հ  ՀԵՀ-ի` իբրեւ ՀՀ նախագահի կողմէ գործընկեր կազմակերպութեան յայտարարած` “Հայութեան խնդիրներն ու իրաւունքները Թուրքիոյ Հանրապետութեան մէջ” անուանակարգով դրամաշնորհի ծիրէն ներս, “Հասարակութիւն եւ մշակոյթ” ՀԿ-ն պիտի կազմակերպէ հանդիպում` Թուրքիոյ Հոպա քաղաքէն Երեւան այցելած համշենահայ մտաւորականներու հետ:

Համշենցի մտաւորականները պիտի ներկայացնեն արդի ժամանակաշրջանին համշենահայութեանը յուզող խնդիրները եւ պիտի պատասխանեն հարցերուն:

www.akunq.net

Արցախի Տիգրանակերտի Մէջ Վաղքրիստոնէական Դամբարան Յայտնաբերուած Է

0

«Պատմական միջավայրի պահպանութեան պետական ծառայութիւն» կազմակերպութեան նախաձեռնութեամբ, 25 Յունիսէն Տիգրանակերտի հնագիտական արշաւախումբի ղեկավար, պատմական գիտութիւններու դոկտոր Համլէտ Պետրոսեանի գլխաւորութեամբ վերսկսած են Արցախի Տիգրանակերտի պեղումները: Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, յայտնած են Լեռնային Ղարաբաղի զբօսաշրջութեան եւ պատմական միջավայրի պահպանութեան վարչութենէն:

Հնագիտական աշխատանքները տեղի կ՛ունենան երեք հիմնական տեղամասերու մէջ՝ Ամրացուած թաղամասի հիւսիսային պարսպապատ, Անտիկ առաջին թաղամաս եւ Վաղքրիստոնէական հրապարակի հիւսիսային բակ: Պեղման ներկայ մակերեսը շուրջ 500 քառակուսի մեթր է, միջին խորութիւնը՝ 2.5 մեթր:

Տիգրանակերտի մէջ արդէն արձանագրուած է առաջին ու կարեւորագոյն յայտնագործութիւնը, որ նորաբաց երկրորդ եկեղեցւոյ արեւելեան խորանին տակ պեղուող վաղ քրիստոնէական դամբարանն է: Անիկա ունի արեւմուտք-արեւելք ուղղուածութիւն, համարեա քառակուսի դամբարանասրահ, թաղակապ ծածկ, հիւսիսային եւ հարաւային պատերուն մէջ ներկառուցուած են մասունքները տեղադրելու յատուկ երկայնքին խորշեր: Ամբողջ կառոյցը յայտնաբերուած է սրբատաշ մեծ սալերով՝ ամուր կրաշաղախի օգնութեամբ: Հաւանաբար այս յուշարձանը Աղցքի արքայական դամբարանի եւ Ամարասի Գրիգորիսի դամբարանէն ետք լաւ պահպանուած երրորդ կառոյցն է՝ հայկական վաղքրիստոնէական մշակոյթին մէջ: Պեղումներուն իբրեւ արդիւնք կարելի պիտի ըլլայ վաւերացնել այս տեսակի կառոյցի մը նոր յօրինուածքը, ինչպէս նաեւ պիտի փաստագրուին եւ պատմական իրական հիմերու վրայ դրուին 5-րդ դարու երկրորդ կէսի Հայաղուանքի արքայ Վաչագան Բարեպաշտի կրօնական բարեկարգութեան իսկական ընթացքն ու մանրամասնութիւնները:

Կարեւոր նկատելով դամբարանի յայտնաբերումը՝ զբօսաշրջութեան եւ պատմական միջավայրի պահպանութեան վարչութիւնը ներկայիս կը քննարկէ նորայայտ յուշարձանի ամրակայման եւ պահպանման աշխատանքներու կարեւորութիւնը:

 

Լեռնային Ղարաբաղի Խնդրի Կարգաւորումը Առաջնահերթութիւն Պէտք է Ըլլայ. Կը Գրէ Ուորլիք

0

ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիքը յիշեցուցած է ԵԱՀԿ ներկայացուցիչներուն, որ Լեռնային Ղարաբաղի խնդրի կարգաւորումը պէտք է առաջնահերթութիւն ըլլայ: Այդ մասին ան գրած է Twitter-ի իր էջին մէջ` կցելով ԵԱՀԿ ներկայացուցիչներու հետ հանդիպումէն նկար:

“Ես յիշեցուցած եմ ԵԱՀԿ ներկայացուցիչներուն, որ Լեռնային Ղարաբաղի խնդրի կարգաւորումը պէտք է առաջնահերթութիւն ըլլայ` նոյնիսկ շատ համաշխարհային խնդիրներու առկայութեան պարագային”,- գրած է ամերիկացի համանախագահը: