Չորեքշաբթի, 25. 06. 2025

Եթէ Այսօր Ունինք Ազատ Անկախ Հայրենիք Ապա Զայն կը Պարտինք Սարդարապատի Համազգային` Միակամ Գոյամարտին

0

Եթէ Ապրիլ ամիսը Հայ ժողովուրդին համար ունի իր յատուկ իմաստը, Մայիս ամիսը եւս իր կարգին Հայ Ժողովուրդին համար խորհրդանշական ամիս է: Համազգային գոյամարտի, պայքարի ու փառաւոր յաղթանակներու ամիս է ան: Աւարայրէն Սարդարապատ, մինչեւ Շուշի` մայիսեան երեք գոյամարտեր են անոնք, որոնք Հայ ժողովուրդի ու անոր պապենական հողին գոյութիւնը երաշխաւորող անուններու վերածուեցան Հայոց Պատմութեան մէջ:

97 տարիներ առաջ Արարատեան դաշտին վրայ` Ցեղասպանութենէն մազապուրծ փրկուած մեր ժողովուրդի զա – ւակները կենաց-մահու գոյամարտ մղեցին թուրքին դէմ` յանուն հայրենի հողին վերջին պատառին ազատութեան եւ Հայ Ժողովուրդի գոյատեւման:

Սարդարապատը մեր ժողովուրդի պարտութիւն չի ճանչցող ոգիին եւ չխորտակուող կամքին յաղթանակն էր: Սարդարապատը կ՛իմաստաւորուի նաեւ այն փաստով, որ արիւնաքամ ու գրեթէ մահամերձ Հայ ժողովուրդը պատմութեան մէկ ամենաճակատագրական պահուն՝ կրցաւ ի մի բերել իր վերջին ուժերը եւ միասնական կամքով ու մէկ բռունցք դարձած վճռական ճակատամարտի մը նետուեցաւ իր մեծով ու փոքրով եւ ջախջախեց թշնամիին բազմահազարանոց բանակը:

Բոլորին ծանօթ է Սարդարապատի համազգային գոյամարտին մանրամասնութիւնները, որ կը յատկանշուի որպէս մեր ժողովուրդի միաμանութեան յաղթանակը: Հայ հրամանատարին ու զինուորին, ամէն գոյնի կուսակցականին ու ռչ կուսակցականին, գիւղացիին, մտաւորականին, հոգեւորականին, իգականին ու արականին, մեծին ու փոքրին միասնականութեան յաղթանակը:

Հայրենի հողին վերջին պատառիկին սպառնացող` դէպի Սարդարապատ արշաւող թրքական զօրախումμի կորիզը կը կազմէր 36-րդ հետեւակային «Կալիμոլի»ի (Տարտանելեան) զինուորական բաժանմունքը, որ ըստ Սարդարապատի ճակատամարտի մասնակից մարաջախտ Բաղրամեանին, «թրքական բանակի ամենամարտունակ զօրամասերէն էր»: Զօրա խումբը բաղկացած էր երեք հետեւակային, 40 ծանր թնդանօթով զինուած հրետանային գունդէ, հարուածային գու մարտակներէ ու հազարներ հաշուող հեծեալ գունդերէ:

Ի տես այս բոլորին եւ օրհասական այդ պահուն միայն հրաշք պէտք էր դէմ դնելու այս անհաւասար` արիւնարμու թշնամիին μանակին: Այդ հրաշքը պատահեցաւ. Հայ ժողովուրդին մէջ կրկին արթնացաւ Հայկի ազատատենչ ոգին: Տակաւին երէկ յուսահատած ու սպառած ժողովուրդը հսկայի կորովով ելաւ պայքարի այն գիտակ ցու թեամբ, որ այս մէկը Հայ ժողովուրդի վերջին ու ճակատագրական կռիւն է: Էջմիածնի Մայր Տաճարին զանգերը Մայիս 22 – 29 երկարող օրերուն անդադար ղօղանջեցին եւ այդ ղօղանջը իբրեւ մարտակոչ տարածուեցաւ Արարատեան դաշտի μոլոր անկիւններուն մէջ՝ յուասադրելով կենաց մահու կռիւի ելած Հայ ժողովուրդի զաւակները: Յաղթեց Հայ ժողովուրդը այս պատերազմին՝ պարտութեան մատնելով մինչեւ ատամները զինուած թրքական հսկայ μանակը:

Սարդարապատեան միասնականութեան յաղթանակը այնպիսի իրադարձութիւն մըն է Հայոց Պատմութեան մէջ, որ առիթ կու տայ մեզի վերաիմաստաւորելու եւ վերարժեւորելու ո՛չ միայն այն, ինչ որ Սարտարապատի մէջ կատարուե ցաւ 97 տարիներ առաջ, այլ շատ կարեւոր դասեր քաղելու անկէ:

Եթէ մինչեւ Սարդարապատի պատերազմ աշխարհը լսած էր Ցեղասպանութեան զոհ ազգի մը հառաչանքը, ապա Սարդարապատի մէջ հնչեց բոլորովին այլ ձայն մը: Գոյատեւելու, ապրելու, յաւերժանալու եւ միասնակամ մնալու կանչը, որուն արձագանգները 97 տարիներէ ի վեր մնացած են ու պիտի մնան Հայ ժողովուրդի զաւակներուն հոգիներուն մէջ:

Յարգանք ու Պատիւ Սարդարապատի Հայ հերոսներուն:

Թող յաւերժ ապրի Հայուն Հայրենիքը ու Հայ ժողովուրդը:

Խմբագրական «Զարթօնք»ի

«Գարնանային Մաքրութիւն»

0

*ՅՈՎԷԼ  ՇՆՈՐՀՕՔԵԱՆ*

Hovel 2013 (2)

Գարնանային  մաքրութիւնը եզր մըն է, որ կ’ակնարկէ տան մը ամբողջական մաքրութեան գործին, Գարնան շրջանին. Ան լայնատարած սովորութիւն մըն է Եւրոպայի եւ Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ: Այս նոյն սովորութիւնը գոյութիւն ունի նոյնպէս աւելի հին քաղաքակրթութիւններու մէջ: Իրանեան գործածուող եզրը «Նոր Տարուայ մաքրութիւն» է, Պարսկական Նոր տարին (Նօրուզը) զուգադիպելով Գարնան առաջին օրուան:

Հայկական եզրը ՛՛Զատկուայ Մաքրութիւն՛՛, որ կ’ակնարկէ Տան մաքրութեան վերէն վար, լուալ, ՝նեֆթալինով՝ օծանել, ոլորել եւ մէջտեղէն վերցնելու գորգերը ամառուայ համար, կը զուգադիպի Եբրայական եզրին հետ: Արդարեւ, Հին Կտակարանին մէջ Եբրայեցիք հրամայուած էր նկատի առնել Հրէից Զատիկը, հեռու կենալով խմորեղէններէ: Նախքան ծոմապահութեան եօթը օրերը, հաւատացեալ Հրէաներու տուները մինչեւ օրս կը մաքրուին լաթերէն սկսեալ մինչեւ կահ կարասիք, զերծ պահելու զանոնք հացի նոյնիսկ մանր փշրանքներէ:

Այս տարի, Աւագ Հինգշաբթի օր, որ Գարնան առաջին տաք օրն էր Փարիզի մէջ, թռչուններու գեղգեղանքի եւ ծաղիկներու բոյրի մթնոլորտի մէջ, Բաթրիսիան ստանձնեց ընտանեկան նկարներու դասաւորումը: Աւելի քան երեք տասնեակներու ընթացքին, մենք մեր նկարներու ծրարները «նետած» էինք մեր առաջին յարկի նրբանցքի փայտեայ նստարանին մէջ:

Attic storage (1)

Բաթրիսիան բոլորը դուրս հանեց, դրաւ զանոնք մաս մաս մեր խոհանոցի սեղանին վրայ, եւ ետքը զատեց կոյտեր կազմելով: մէկական կոյտ մեր զաւակներէն իւրաքանչիւրին, ընտանեկան, ամուսնութիւններու, մեր եռամեայ ընտանեկան հաւաքոյթներու, արձակուրդի պտոյտներու, գործի եւ AJA ի – Հայկական Ոսկերիչներու Միութեան նկարներ: Իւրաքանչիւրը իր տեղը: Երբ վերջացուց, ան դասաւորեց իւրաքքանչիւր տրցակ ժամանակագրականօրէն, եւ ետքը դասակարգերու հիման վրայ, դրաւ զանոնք հին պատկերատետրերու մէջ: կրկնատիպ նկարները դրուեցան տուփերու մէջ, եւ դարաններու վրայ՝ վերնատան մէջ:

The kitchen table (1)

Սուրբ Մեռելոցի օրը, գործը վերջացած էր: Ան յանձնեց գործի եւ AJA ի նկարներու դասաւորումը ինծի: Այսպիսով էր որ տրցակ մը նկարներ զետեղուեցան գրասեղանիս վրայ:

Յիշատակներ: Պարզ նկար մը կրնայ անհատի մը ետ տանիլ, մոռցնել ներկան:

Հայ Աւետարանական Քոլէճ - Պէյրութ
Հայ Աւետարանական Քոլէճ – Պէյրութ

Այն նկարը որ Վարդգէսը կամ ես առած էինք, Փարիզի  Yan’s ակումբէն ներս, ուր սեպտեմբեր 2000-ին, մենք ունեցանք մեր AJA ի առաջին համեստ ընթրիքը, տարաւ զիս Լիբանան, դէպի իմ մանկութիւնս: Այդ ժամանակ, Արմէնը, Շահէն եւ ես սկաուտներ էինք նոյն խումբին մէջ: Մենք դպրոցի ընկերներ էինք: Ամէն Կիրակի միասին նոյն եկեղեցին կը յաճախէինք: Մեր մայրերը անդամ  էին Տիկնանց միութեան մէջ. Իսկ  մեր հայրերը եկեղեցւոյ յոգաբարձու անդամներ էին: Անկէ աւելի հեռուն, Թուրքիոյ մէջ, Արսլանեանները եւ մենք նոյն քաղաքէն էինք: Շատ հաւանական էր որ մեր մեծ հայրերը կապի մէջ էին այն ատեն ալ:

AJA ի Առաջին Համեստ Ընթրիքը
AJA ի Առաջին Համեստ Ընթրիքը

Երբ Լիբանանի քաղաքային պատերազմը սկսաւ, բոլորս անցանք Եւրոպա: Իսկ երբ Հայաստան իր անկախութիւնը ստացաւ, Հայկ Արսլանեանը, Ռահվիրան, առաջինը եղաւ հաստատելու լայնածաւալ ընկերութիւն մը Հայաստանի մէջ, ունենալով հինգ հարիւր աշխատաւոր:

Մարդիկ ընդհանրապէս կարօտախտային են. Անոնք կը յիշեն ՝՝նախկին լաւ օրերը՝՝ վերյիշելով միայն լաւ բաները:

Ես Կը նայիմ նկարին եւ ինքզինքիս հարց կու տամ թէ արդեօք ես ալ կարօտախտայի՞ն եմ, կամ միթէ այսօր ալ կան Պրն.Արսլանեանին նման մարդիկ. Ուղղամիտ, խօսքին տէր եղող,  խոնարհ, բարի եւ հոգացող:

Կը յիշեմ իր գանգատը երբ տիկին Շաքէն իրեն նուիրած էր ոսկիէ ժամացոյց մը իր տարեդարձին առթիւ. ըստ իրեն, այդ դրամով իրենք կրնային օգնել շատերու, ուրախացնել շատեր:

Կը յիշեմ Արմէնին խօսքը 1992-ին, երբ միջին թոշակը Հայատանի մէջ 50,000 դրամ էր, բայց իրենք սահմանած էին իրէնց նուազագոյն թոշակը 150,000-ի, փափաքելով որ իրենց աշխատաւորները ունենան կեանքի լաւ մակարդակ:

Արմէնը, Շահէն եւ ես բախտաւոր էինք ծնելու մեր ընտանիքներուն մէջ, եւ բախտաւոր մեր ստացած կրթութեամբ: Դպրոցէն ներս, մենք ստացանք իմաստութիւն եւ արժէքներ՝ Գիրքէ մը: Այդ այն նոյն Գիրքէն, որ սերտած էին մեր հայրերը, մենք սորվեցանք,

– Խոնարհութիւն, ՝՝հպարտութիւնը կը տանի նախատինքի բայց խոնարհութեան հետ կուգայ իմաստութիւն՝՝.

– խոհականութիւն, ՝՝թող ուրիշը գովէ քեզի, եւ ոչ թէ քու բերանդ՝՝… ՝՝բայց երբ հրաւիրուիք, գացէք եւ նստեցէք ամենայետին տեղը, որպէսզի երբ հրաւիրոողը գայ, ան ըսէ քեզի, «անցի՛ր աւելի լաւ տեղ «՝՝.

– Ազնուութիւն, ՝՝Գործատէրեր, ձեր աշխատաւորներուն  իրավունքը տուէք՝՝.

– Բարութիւն, ՝՝երբ կուտաս աղքատին, թող ձախ ձեռքդ չ՛իմանայ ինչ որ աջ ձեռքդ կ’ընէ՝՝.

– Ժրաջանութիւն, ՝՝Ամէն ինչ որ կ՝ընէք, ամոողջ սրտով ըրէք, որպէս թէ Աստուծոյ եւ ոչ թէ մարդոց՝՝.

– Ուղղամտութիւն, ՝՝Պարզապէս ձեր ՝՝Այո՝՝ն այո ըլլայ, եւ ձեր ՝՝Ոչ՝՝-ը ոչ.

– Իմաստութիւն, ՝՝Երբ բառերը շատ ըլլան, սխալը անխուսափելի կ՛ըլլայ, բայց ան որ իր լեզուն կը զսպէ , իմաստուն է՝՝… ՝՝յիմարը իր բարկութիւնը կ’արձակէ, բայց իմասունը ինքզինք կը զսպէ՝՝.

Մենք միայն չկարդացինք: վերոնշեալները գամուեցան մեր գլուխներուն մէջ, թէ տունը եւ թէ դպրոցէն ներս:

Այդ Գիրքը չպատկանիր պարզապէս միայն դպրոցի կամ  խումբ մը անհատներու: Այդ Գիրքը կեդրոնասիւննն է Հայկական մշակոյթին:  Արդարեւ, այդ Գիրքի թարգմանութեան համար էր որ Սահակ Պարթեւ Կաթողիկոս յանձնարարեց Մեսրոպ մաշտոցին, որ գտնէ հայոց Այբուբէնը: Առաջին նախադասութիւնը որ գրուեցաւ հայերէն Մաշտոցի ձերքով, հետեւեալ համարն էր – «Ճանաչել զիմաստութիւն եւ զխրատ, իմանալ զբանս հանճարոյ»:

Այդ Գիրքը կը պատկանի բոլոր Հայերուն: Հաւանաբար սակայն, կարգ մը ընտանիքներ կամ դպրոցներ, Գրքին ճիշտ տեղը չեն տրամադրած, կամ չեն տեսած կարեւորութիւնը անոր արժէքները փոխանցելու գալիք սերունդներուն:

The bench

Այս Ապրիլ 24-ին, մեր «Քիփուրին», մեր սուքի եւ քաւութեան օրուան, յատկապէս մեզմէ անոնք որոնք առաջնորդներ են, գան միասին, քննեն իրենձ անձերը, խորհրդածեն իրենձ սխալ արարքներուն վրայ,խոստովանին զանոնք, շտկեն իրենձ ճամբան, փնտռելով ներողամտութիւն եւ քաւութիւն: Այս  Գարնան հետ, այս Զատիկին, վերանորգուինք, վերածնինք:  Հեռանանք «Մարմնի (մարդկային բնութեան) գործերէն , որոնք են հպարտութիւն, թշնամութիւններ, կռիւ, նախանձ, բարկութիւն, վէճեր, անհամերաշխութիւն, անհամաձայնութիւն, չարասիրութիւն», եւ ճիգ թափենք ունենալու «Հոգիին Պտուղը, որ է սէր, ուրախութիւն, խաղաղութիւն, համբերութիւն, ազնուութիւն, հաւատարմութիւն, քաղցրութիւն, ինքնազսպում»:

Այս Ապրիլ 24-ին, Հարիւր տարիներէ ետք, Ֆրանսիս Պապը քաջութիւնը ունեցաւ ճշմարտութիւնը խօսելու. մեծ Եւրոպական պետութիւններ ճանչցան Հայոց Ցեղասպանութիւնը, եւ ընդունեցին իրենց իսկ պատախանատուութիւնը անոր մէջ. անոնք գերազանցեցին բարոյական եւ մարդկային արժէքները իրենց անմիջական տնտեսական շահերէն:

Այս տարի, եկէ՛ք դնենք մեր նախահայրերուն արժէքները մեր տուներուն, դպրոցներուն, ընկերութիւններուն, եկեղեցիներուն եւ հայրենիքի պետութեան կեդրոնը. Այդ նոյն հաւատքը եւ արժէքները, որոնց համար նահատակուեցան 1,5 միլիոն հայեր:

 

 

Վանի Պանծալի Հերոսամարտի 100-Ամեակի Տօնակատարութիւն

0

*ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ*

Khachig Janoyan

Կիրակի, Մայիս 17, 2015-ին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Կլենտէյլի  Hoover High School-ի սրահին մէջ՝ յորդահոս բազմութեան մը ներ-կայութեամբ, տեղի ունեցաւ Վանի փառապանծ ինքնապաշտպութեան 100-ամեակի փառաշուք տօնակատարութիւնը:

Ձեռնարկը կազմկերպուած էր Վասպուրականի Հայրենակցական Միութեան Լոս Անճելոսի մասնաճիւղին կողմէ:

Պարսիկները Վան նահանգի անունը Վասպուրական դրած են, որ կը նշանակէ »Քաջորդիք«, կամ՝ »Վեհորդիք«. եւ իսկապէս ալ, Վանի մեր հայրենակիցները իրենց հայրենասիրութեամբ, քաջագործութեամբ, խիզախութեամբ փաստած են որ անոնք արժանի են Վասպուրականի այս պատուաբեր անունին:

Արդարեւ, այս տօնակատարութիւնը իր յայտագրով, բանախօսնե-րու պատգամներով եւ գեղարուեստական շատ հաճելի բաժինով, հպարտութեամբ լեցուց իւրաքանչիւր անձի սիրտը, որ ներկայ էր այդ ձեռնարկին, իր հետ տանելով վասպուրականցիներու հայու անպարտելի ոգին:

Հ. Բ. Ը. Միութեան սկաուտական խումբի դրօշակի արարողութեամբ սկսաւ տօնակատարութիւնը: Մեծանուն երգիչ Յովիկ Գրիգորեան երգեց Ամերիկայի եւ Հայաստանի օրհներգները: Բացման եւ ողջոյնի իր խօսքով ելոյթ ունեցաւ ծանօթ հասարակական երիտասարդ գործիչ՝ Արէգ Գէորգեան: Ան հրաւիրեց Միութեան վարչութեան ներկայացուցիչ, իրաւաբան, »Կամարակ« թերթի խմբագիր՝ Յակոբ Մկրտիչեանը, Միութեան վարչութեան խօսքը ըսելու: Պրն. Մկրտիչեան, Կազմակերպիչ Յանձնախումբի եւ Միութեան վարչութեան անունով աւուր պատշաճի խօսքերէն ետք, շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց որոնք նիւթապէս եւ բարոյապէս նպաստեցին այս տօնակատարութեան աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց գաղութիս հոգեւոր եւ աշխարհիկ հաստատութեանց եւ կազմակերպութեանց ղեկավարներուն, Հայաստանի Հանրապետութեան Գլխաւոր հիւպատոսի տեղակալ՝ Վալերի Մկրտումեանին, Կլենտէլի, Լոս Անճելոսի քաղաքական գործիչներուն, Գոնկրեսմէն Ատամ Շիֆին, որ իր ներկայութեամբ պատուեց տօնակատարութիւնը:

Արէգ Գէորգեան ջերմ խօսքերով հրաւիրեց »հայ գաղութի ընտանիքի անդամ«, հայասէր Գոնկրեսմէն՝ Ատամ Շիֆը, ելոյթ ունենալու համար: Յարգելի Գոնկրեսմէնը նախ իր ուրախութիւնը յայտնեց գտնուելու համար իր շատ սիրելի »Հայկական ընտանիքին« հետ, ապա ջերմ խօսքերով շնորհաւորեց հայ ժողովուրդը Վասպուրականի հերոսական ինքնապաշտպանութեան 100-ամեակին առիթով: Պրն. Շիֆ հայերուն ու մանաւանդ անոնց պատմութեան մօտէն ծանօթ ըլլալով, մեծապէս գնահատեց հայ ժողովուրդը, որ պատմութեան ընթացքին նման քաջագործութիւններով փայլուն էջեր կերտած է:

Գաղութիս ծանօթ ասմունքող, »Բարեւ« հեռատեսիլի յայտագրի տնօրէն եւ հաղորդավար՝ Նունէ Աւետիսեան շարունակեց տօնակատարութեան հանդիսավարութիւնը:

Բեմ հրաւիրուեցաւ բազմավաստակ երգիչ՝ Յովիկ Գրիգորեան, որ երգեց Արմէն Մանդակունեանի խօսքերով եւ երաժշտութեամբ յօրինուած »Իմ հայրենիք Վան« երգը, արժանանալով հանդիսականնե-րու ջերմ ծափահարութեանց:

Վասպուրականի Հայրենակցական Միութեան բազմավաստակ ղեկավարներէն, Վանի հերոսամարտի հմուտ մասնագէտ, ազգային-սարակական գործիչ՝ Մայքըլ Սօսիկեան օրուան գլխաւոր բանախօսներէն էր: Ան շատ գեղեցիկ հայերէնով, հրապարակախօսի տպաւորիչ ելոյթով ներկայացուց այս պատմական ինքնապաշտպանութեան մանրամասնու-թիւնները, կազմակերպչական աշխատանքները, ինքնապաշտպանու-թեան տուն տուող քաղաքական պատճառները: Մայքըլ Սօսիկեան մեծա-պէս արժեւորեց այս ինքնապաշտպանութեան մէջ հայ ժողովուրդի ու մանաւանդ քաղաքական կուսակցութեանց համերաշխ եւ համագործակ-ցութեան ոգին, որ մեծ դեր խաղաց այս հերոսամարտի մէջ: Մայքըլ Սօսիկեանի այս իրապէս խղճամիտ եւ խիստ շահեկան ելոյթը արժանացաւ ներկաներու երկարատեւ ծափահարութեանց:

Ձեռնարկի երկրորդ բանախօսն էր Նիւ Եորքէն հրաւիրուած, ծանօթ մտաւորական, հասարակական գործիչ, Համազգայինի Արեւելեան Շրջանի ղեկավարներէն, դերասան, գիրքերու հեղինակ Տօքթ. Հրանդ Մարգարեան:

Տօքթ. Մարգարեան անգլերէնով, ապա հայերէնով, սահիկներու ցուցադրութեամբ ներկայացուց Վանի պատմականը, ունեցած նախկին անունները, ինքնապաշտպանութեան անցեալի դրուագներէն պատառիկներ տալով հասաւ մինչեւ այս հերոսամարտը: Ժողովուրդը ծափահա-րութեամբ գնահատեց Տոքթ. Մարգարեանին ելոյթը:

Այս առիթով պատրաստուած էր յատուկ գրքոյկ մը որուն մէջ դրուած էին հոգեւոր, կուսակցական եւ միութենական մարմիններէ ստացուած նամակներ: Կարդացուեցաւ Ամենայն Հայոց Հայրապետ Գարեգին Բ.ի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Հայրապետ Արամ Ա.ի Օրհնութեան Գիրերը:

Գործադրուեցաւ շատ ճոխ եւ հաճելի յայտագիր մը, որ տօնական իսկական մթնոլորտ մը ստեղծեց սրահէն ներս: Երկու քնքուշ եւ սրտաշարժ երգերով ելոյթ ունեցաւ Լիբանանի Լիբանանի երաժշտանոցէն շրջանաւարտ, անուանի սոփրանօ Արտա Ռումեան-Սօսիկեան՝ »Տլէ եա-ման« եւ »Երգիր ինձ համար« երգերը երգելով, որոնք խռովեցին ներկայ հասարակութեան հոգիները, դաշնակի ընկերակցութեամբ՝ Նորա Ռումեան-Պայրամեանի: Ելոյթ ունեցաւ »Համազգային«ի աննման պարախումբը, ղեկավարութեամբ պարուսոյցներ Սիւզի Դարբինեանի եւ Եղիա Հաշոլեանի, ինչպէս նաեւ գաղութիս Լիլիա Մարգարեանի պատանեկան պարախումբը: Երկու խումբերն ալ իրենց հայաբոյր ու խրոխտ պարերով հմայեցին ներկաները, արժանանալով ժողովուրդին խելայեղ եւ յոտընկայս ծափահարութեանց:

Ժողովուրդը մեծագոյն հաճոյքով ունկնդրեց ասմունքի մեծ վարպետ՝ Նունէ Աւետիսեանի երեք կտորները, որոնք արժանացան ժողովուրդի պոռթկացող »պրաօ«ներուն:

Վերջաւորութեան »Համազգային«ի Սայաթ-Նովա երգչախոմբը, ղեկավարութեամբ եւ դաշնակի ընկերակցութեամբ՝ Նորա Ռումեան-Պայրամեանի չորս երգեր երգելով տրամադրութիւնները գագաթնակէտին հասցուց, սրահէն ներս հայրենասիրական եւ ազգասիրական ջերմ մթնոլորտ մը ստեղծելով:

Ժողովուրդի խելայեղ եւ ջերմ ծափահարութիւններուն հիման վրայ երգչախումբը երկու երգ եւս երգելով, խորապէս գոհ ձգեց ներ-կաները, որ դժուարաւ բաժնուեցաւ սրահէն:

Ջերմօրէն կը շնորհաւորենք այս տօնակատարութիւնը կազմակերպող Վասպուրական Հայրենակցական Միութեան բոլոր պատա-խանատուները: Այդ օր Վասպուրականի նահատակներուն ոգին կը սաւառնէր այդ սրահէն ներս, օրհնելով հայ ժողովուրդ որ գիտէ գնա-հատել եւ արժեւորել այդ հերոսներուն գործը:

Վասպուրականի հերոսամարտի մեծագոյն յաղթանակը եղաւ,     որ մեր ժողովուրդի փրկութեան, պաշտպանութեան զոհողութիւնները ի զուր չանցան, այլ բազմահազար վանեցիներ Հայաստան տեղափոխուելով, իրենց քրտինքով եւ աշխատանքով, իրենց նպաստը բերին վերջ-նականապէս փրկուած, ապահով ու անկաշկանդ իր փայլուն ճակա-տագիրին տէր եղող մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ եւ անոր յաւիտենական հայրենիքին՝ Հայաստանին:

Բիւր յարգանք  Վանի հերոսամարտի նահատակներուն յիշատակին:

_MG_7394

«Լիլա» Պարախումբի Պատանիները
«Լիլա» Պարախումբի Պատանիները
Ատամ Շիֆ
Ատամ Շիֆ
Համազգայինի «Անի» Պարախումբ
Համազգայինի «Անի» Պարախումբ
Համազգայինի «Սայեաթ Նովա» Երգչախումբ
Համազգայինի «Սայեաթ Նովա» Երգչախումբ

Մայքըլ Սօսիկեան

Սոփրանօ Արտա Ռումեան - Սօսիկեան
Սոփրանօ Արտա Ռումեան – Սօսիկեան

Վեհափառներուն Օրհնութեան Գիրերու ԸնթերցումՏոքթ. Հրանդ Մարգարեան

Շնորհանդէս Կիրակոս (Կարօ) Գույումճեանի՝ Կայաններ Եւ Դիրքորոշումներ – 100 Տարի. Ցեղասպանութենէն Վերականգնում Գիրքերուն

0

Շնորհանդէս

Կիրակոս (Կարօ) Գույումճեանի՝

Կայաններ Եւ Դիրքորոշումներ 

100 Տարի. Ցեղասպանութենէն Վերականգնում

Գիրքերուն (հայերէն եւ արաբերէն տարբերակներ)

Կը ներկայացնեն`

Դոկտ. Պարոյր Աղպաշեան

Դոկտ. Ժոզէֆ Պասիլ (Նահար թերթի աշխատակից)

Երեքշաբթի, 26 Մայիս 2015, երեկոյեան ժամը 6:30 Հայկազեան Համալսարան

Մեծ Եղեռնի Հերոսամարտներէն- Համշէնահայութեան Գոյապայքարը

0

*ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԻՍԿԱՀԱՏԵԱՆ*

Մեծ Եղեռնի տարիներուն քիչ չեն թուրքերու դէմ մղուած հերոսամարտները: Ամէն տեղ չէ որ հայերը ոչխարներու պէս հետեւեցան իրենց տրուած հրամաններուն: Քաջարի հայ երիտասարդներ զէնք վերցուցին եւ իրենց գոյութիւնը պաշտպանեցին թուրք թշնամիին դէմ: Ստորեւ զետեղուած Զօրիկ Քեշիշեանի «Մահապարտների Պարը» յուշագիրքին ամփոփումն է: Սոյն Յուշագիրքին մէջ կարգ մը դէպքեր եւ անհատներ յիշուած են նաեւ «Ագ-Տաղի Քառամեայ Գոյամարտը» յուշագիրքին մէջ: Անոնցմէ մեկը կը յիշենք հետեւեալ ձեւով.

[divide]

Կիւլպէնկ Գալուստեանի եւ Նազար Գաբիկեանի հեղինակած «Ագ  Տաղի Քառամեայ Գոյամարտը» յուշագիրքին մէջ  հայդուկապետ Զիլ Օհան կամ Օհաննէս կամ Յովհաննէսի անուան եւ ուրիշ խմբապետներու ու հայդուկներու անուններուն սոյն գիրքիս- Գիրք Զ. էջ 52, 53, 57 եւ 59-ի մէջ կը հանդիպինք:

Նոյն հայդուկապետ անձնաւորութեան անունը` Զիլ Օհան կամ Օհաննէս կամ Յովհաննէս եւ ուրիշներու անուններուն վերոյիշեալ յուշագիրքէն բոլորովին անկախ ուրիշ յուշագիրքի մը մէջ` «Մահապարտների Պարը» խորագրով  հեղինակուած Զօրիկ Քեշիշեանի կողմէ, կը տեսնենք սոյն Գիրք Զ.-ի էջ 218, 219 եւ 220-ի մէջ:

Զուգահեռներ որոնք գերազանցապէս փաստացի տուուեալներ են Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ:

Զօրիկ Քեշիշեան, «Մահապարտների Պարը», «Վան Արեան» հրատ., Երեւան, 2006, փոքր չափի 194 էջ:

          Հեղինակը` Զօրիկ Քեշիշեանը ծնած է 1934-ին, Աբխազիոյ Գագրայի շրջանի Աչմարդա (Օվա) գիւղը: Մեծ հայրը` Համբարձումը, իր որդւոյն 18-ամեայ Աւագի` հեղինակին ապագայ հօր հետ միասին Տրապիզոնի նահանգի Օրտուի գաւառակի Քիրազ-Տէրէ գիւղէն 1913-ին Աբխազիա գացած է գործով: Ընտանիքին միւս բոլոր անդամները զոհ գացած են Մեծ Եղեռնի կոտորածներուն: Լսելով համշէնցի վերապրողներէ, Զօրիկ Քեշիշեան գրի առած է համշէնահայութեան հերոսամարտին մանրամասնութիւնները եւ հրատարակած է սոյն վէպը, որ հիմնուած է իսկական անուններով հերոսներու եւ դէպքերու վրայ:

Տրապիզոնի նահանգի Օրտուի գաւառակին գիւղերը համշէնահայերով բնակուած էին: Թուրք գիւղացի Ահմէտը դրացի հայկական գիւղէ մը կ’առեւանգէ երիտասարդուհի Արուսեակը: Քանի մը օր ետք Արուսեակ անձնասպան կ’ըլլայ: Անոր եղբայրը` Սեդրակը կ’որոշէ վրէժ լուծել, եւ Ահմէտը դաշունահարելով կը սպաննէ: Սեդրակ լեռները կը փախչի ու Եոքուշ-Տիպի սարին անտառապատ լանջին վրայ գտնուող քարայր մը կ’ապաստանի:

Այս դէպքէն երկու տարի ետք, 1915-ին, կը սկսի հայոց մեծ հալածանքը:

Սեդրակ երկու տարի քարայրին մէջ կ’անցընէ, մերթ ընդ մերթ իր տունը այցելելով: Թուրքերը մարդիկ կը ղրկեն զայն սպաննելու համար, սակայն Սեդրակ անոնց բոլորին հաշիւը կը մաքրէ: Ասոր համար, անոր կու տան Տէլի Սեդրակ անունը:

Սեդրակի բարեկամներէն Կարապետ Վարդանեանը անոր կ’այցելէ ու կ’իմացնէ, թէ իթթիհատականները ամէն գիւղ եւ քաղաք գաղտնի նամակներ ղրկած են` մտադրած ըլլալով հայերը բնաջնջել:

Կարապետ Պօղոսի Վարդանեան ծնած է 1888-ին, Օրտուի գաւառակի Փոմպիգիւղ կոչուող գիւղին մէջ: Հայերն ու թուրքերը զայն «Վաշտոնօղլի» կը կոչէին, որովհետեւ համշէնահայերու բարբառով` «Վաշտոն» Վարդան կը նշանակէ (էջ 4): «…Իրենց խաղաղասէր, հաւասարութեան նուիրեալներ յայտարարող երիտթուրքերը ոչնչով չեն տարբերւում Արիւնոտ Սուլթանից: Նոյնիսկ աւելին կ’ասէի` նրանից ստոր են ու վատը»,- կ’ըսէ Վարդանեան: Ան կ’աւելցնէ, «Որոշել են մեզ աքսորել»: Կարապետ Վարդանեան Սեդրակը իր տունը գումարուելիք գաղտնի ժողովին կը հրաւիրէ:

Օրտուի գաւառակի գիւղերէն Փոմպուկլուզի մէջ կ’ապրէին Մաթոս եւ Լուսիկ ամուսինները իրենց զաւակներով: Կեավուր Ալի անունով թրքացած հայ ոստիկան մը անոնց կը հաղորդէ հայոց կոտորածի եւ բռնագաղթի սարսափելի լուրերը: Ան տեղեակ էր Կ. Պոլսէն շրջանները ղրկուած գաղտնի նամակներուն բովանդակութենէն: Յաջորդ օրը թուրք ոստիկաններ Մաթոսը իր տան մէջ կը ձերբակալեն, ապա բանտ կ’առաջնորդեն. որովհետեւ անոր երէց որդին` Գէորգը բանակէն փախուստ տուած էր ու լեռները ապաստանած: Մաթոսի ձերբակալման օրը, Լուսիկ իր կրտսեր որդին` Մելքոնը Գէորգին քով կը ղրկէ, իմացնելու համար հօր ձերբակալման լուրը եւ լսելու համար յետագայ քայլերուն մասին անոր առաջարկը: Քանի մը ժամուան ընթացքին, Մելքոն Գէորգին քով կ’երթայ ու կը վերադառնայ: Գէորգ խորհուրդ տուած էր գիշերը բոլորով միասին ճամբայ ելլել եւ իր քով գալ: Լուսիկ իր զաւակները առնելով լեռ կը բարձրանայ: Անոնց մեկնումէն քիչ ետք, թուրքերը գիւղին հայ բնակիչներուն վրայ կը յարձակին եւ կը կոտորեն: Անոնք արդէն գիշերը 16-60 տարեկան հայ այրերը հաւաքած ու տարած էին: Թուրքերը Կարապետ Վարդանեանի տունը կը պաշարեն եւ թոյլ չեն տար, որ տան բնակիչները դուրս գան: Կարապետին կինը` Վարդուհին, իր երեխան գրկած, պատուհանէն կը դիտէր գիւղին մէջ կատարուող ջարդերը: Թուրք տասնապետ մը երկու չէրքէզ օգնականներով, ներս կը խուժէ տունը խուզարկելու պատրուակով: Ան կը փորձէ Վարդուհին բռնաբարել: Վերջինս կատաղօրէն կ’ընդդիմանայ: Տասնապետը Վարդուհին ու երեխան կը սպաննէ եւ տունը կրակի կու տայ: Այդ միջոցին, գիւղին կոտորածէն ազատած հայերը բռնի ոյժով հրապարակը կը հաւաքեն` զանոնք աքսորելու համար:

Կարապետ Վարդանեան լեռները կը գտնուէր: Ան Փոմպուկլուզի մօտակայ անտառներուն մէջ կը հանդիպի համագիւղացի Մարտիրոսին: Վերջինս իր կինն ու զաւակները առած` լեռ փախած էր կոտորածի պահուն: Կարապետ Մարտիրոսէն կ’իմանայ ծեծի, կոտորածի եւ խոշտանգումներու լուրերը: Ան կը տեղեկանայ նաեւ իր կնոջ եւ զաւկին նահտակութեան լուրը, ինչպէս նաեւ իր տան հրկիզուիլը:

Գիւղին ձերբակալուած այրերը սպաննուած էին:

Վերադառնալով Լուսիկի ամուսնոյն` Մաթոսի ձերբակալութեան, թուրք տասնապետ մը զայն Կեավուր Ալիին կը յանձնէ որպէսզի առաջնորդէ եկեղեցի… այսինքն,  ըստ նախապէս տրուած հրամանին, զայն սպաննէ: Մաթոս բախտաւոր դուրս կու գայ Ալիին յանձնուած ըլլալուն համար: Վերջինս Մաթոսը մահէն կ’ազատէ: Յարմար մէկ պահուն Մաթոս փախուստ կու տայ ու դէպի լեռը կ’ուղղուի: Եկեղեցիին մէջ հաւաքուած հայ այրերը կը սպաննուին: Մաթոս իրեն հետ կրցած էր ազատել նաեւ համագիւղացի Թեփուլ Թեփուլեանը: Մաթոս կը հասնի իր որդւոյն` Գէորգի հիւղակը, ուր կը գտնէ իր կինն ու միւս զաւակները:

Մաթոս կ’որոշէ իր զաւակները, բացի Գէորգէն, յոյն բարեկամի մը` Խամբոյին տունը տանիլ: Իրենք լեռները պիտի մնային մինչեւ վիճակը պարզուէր:

Կարապետ Վարդանեան իր նահատակուած կինն ու երեխան կ’ողբար: Կացութեան լաւատեղեակ, ան կ’որոշէ թուրքին դէմ զէնք բարձրացնել եւ այս գաղափարին կը համոզէ համագիւղացի Մարտիրոսը: Անոնք կը յիշեն 1895-1896-ին թուրքերուն դէմ զէնք բարձրացուցած եւ կռուած քաջամարտիկ Մինասօղլի Օհաննէսը: Կարապետի եւ Մարտիրոսի առաջին գործը կ’ըլլայ ջարդերէն ճողոպրած հայերը լեռ բերել: Անոնցմէ իւրաքանչիւրը տարբեր ուղղութեամբ կ’երթայ` լեռներուն վրայ թափառող հայու բեկորներն ի մի հաւաքելու համար:

Սեդրակի եղբայրը` Սահակը անոր քով կու գայ ու բռնագաղթին մասին կը պատմէ: Երկու եղբայրներ միասնաբար կ’երթան իրենց գիւղը` Մահմատ, որ թէեւ Սեբաստիոյ գաւառին կը պատկանէր, բայց տնտեսապէս կախեալ էր Օրտուի գաւառակի գիւղերէն:

Թուրքերը պարպուած հայկական գիւղերը կը կողոպտեն: Հայոց մեծ մասը բռնագաղթեցուած էր:

Կարապետ Վարդանեան կ’այցելէ վերապրող հայոց` անտառին մէջ, ուր կը հանդիպի համագիւղացի Վարդան Չթճեանին: Մարտիրոս Կարապետին կը յայտնէ, թէ իր խումբը արդէն տասնըհինգ հոգի եղած էր: Վարդանեան քանի մը խմբապետներ իր քովը կը կանչէ` խորհրդակցութեան համար: Ժողովին մէջ ինքնապաշտպանութեան անհրաժեշտութիւնը կը շեշտուի: Հարկ էր կիներն ու երեխաները ապահով պահել: Անոնց ապաստանած անտառը փոքր ըլլալով, անհրաժեշտ էր ուրիշ վայր մը փոխադրուիլ: Կարապետ կ’առաջարկէ Սալամանտրա կոչուած լայնատարած անտառը երթալ:

Գայա-Տիպի կոչուած գիւղին հայոց բռնագաղթի հրամանը կու գայ: Տասնըեօթը տարեկան Խաչիկ Մաթուլեանը չէր հաւատար թուրքերու տուած խոստումին, թէ զիրենք ապահով ձեւով ուրիշ վայր մը պիտի փոխադրեն: Ան իր մօր կը յայտնէ, թէ բռնագաղթի հրամանին պիտի չհնազանդի ու մօտակայ անտառը պիտի ապաստանի: Ուստի Խաչիկ իրեն հետ քանի մը օրուան պաշար առնելով, անտառ կ’երթայ եւ հոն իր կացարանը կը շինէ հաճարենիի մը վրայ:

Յաջորդ առաւօտ գիւղը տակնուվրայ վիճակ կը պարզէր: Լաց ու կոծ, հայհոյեանք, պոռչըտուք ու վայնասուն իրարու խառնուած էին: Խաչիկ անտառին ծայրամասի ծառերուն ետին պահուըտած, գիւղին բռնագաղթուածներուն կարաւանը կը դիտէր: Ան կը տեսնէ իր մայրը, որ լուռ ու մունջ կը քալէր: Ապա կը տեսնէ գիւղի գեղեցկուհիներէն Սաթենիկը, որ կ’ընդդիմանար Ջոպան Էնվեր անունով թուրքի մը քաշկռտուքներուն: Սաթենիկի մայրն ու քոյրերը ի զուր կը ջանային զայն ազատել հրէշին առեւանգումէն: Վերջապէս, Էնվեր կը յաջողի Սաթենիկը խլել ու անոր հետ կը հեռանայ: Շատ չանցած, Խաչիկ ծառերուն ետեւէն կը տեսնէ Էնվերը, որ, ձեռքին ծրար մը բռնած, հապճեպով կը հեռանար: Կասկած կ’արթննայ Խաչիկի մտքին մէջ եւ ան կը փութայ Սաթենիկը վտանգէ ազատելու: Սակայն ուշ էր: Երբ Խաչիկ կը յառաջանայ դէպի առեւանգման վայրը, զարհուրանքով կը տեսնէ Սաթենիկին յոշօտուած մարմինը: Խաչիկ անտառ կը վերադառնայ:

Սեդրակն ու Սահակը անտառէն կ’իջնեն գիւղ` իրենց տունը: Այդ օրը, թուրքերը կը յայտարարեն, թէ 16-60 տարեկան այրերը պարտին գիւղին եկեղեցիին մէջ հաւաքուիլ «կարեւոր ժողով»ի մը համար: Սեդրակ կ’որոշէ իր երեխան իր թուրք բարեկամ Հիւսէյնին տունը ձգել ու իրենցիններով լեռ բարձրանալ: Իրենցմէ առաջ, Սահակն ու Սեդրակին միւս եղբայրը` Նոյսէսը(հեղինակը “Ներսէս” անձնանունի փաղաքշական ձեւը գործածած է- Յ.Ի. ) լեռ կ’ելլեն: Սեդրակ իր  զաւակը Հիւսէյնին քով ձգելէ յետոյ, կնոջ հետ լերան ճամբան կը բռնէ: Թուրքերը զանոնք կը հետապնդեն ճամբան ու անոնց վրայ կը կրակեն: Սեդրակին կինը կը սպաննուի:

Հարիւր ընտանիք ունեցող Քիրազ-Տէրէ գիւղի հայերուն ալ բռնագաղթի հրաման կը տրուի: 16-60 տարեկան այրերը պարտադիր կերպով  Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ պէտք է համախնբուէին` «ժողովի համար»: Սակայն, ո`չ ժողով կար, ո`չ ալ ժողովի նիւթ… Թուրքերը զանոնք ոչնչացնելու նենգ նպատակը կը հետապնդէին պարզապէս: Իրապէս ալ, եկեղեցւոյ մէջ հաւաքուած այրերը նոյն գիշերը մօտակայ անտառները տարուելով` կը սպաննուին: Ապա քանի մը թուրք սպաներու հսկողութեամբ, տուներու մէջ մնացած կիները, երեխաներն ու ծերերը դուրս կը հանուին եւ ոստիկաններու ու չէթէներու ձեռքով կը բռնագաղթեցուին: Թուրքերը զանոնք կը կողոպտեն, կը բռնաբարեն, կ’առեւանգեն, կը սպաննեն ու մինչեւ Սուրիոյ անպատները կը քշեն: Հիւանդները, անկարներն ու ծերերը նախապէս զատելով կարաւանին մէջէն, մարդակերպ հրէշ Ջոպան Էնվերի ոճրագործներուն ձեռքը յանձնած ու սպաննած էին: Աքսորի ճամբուն սկիզբը, թուրքերը կարաւանին մէջի անտէր կիներն ու երեխաները անխնայօրէն ջարդած էին` Քիրազ-Տէրէի մօտակայ անտառին մէջ զանոնք կողոպտելէ յետոյ: Թուրքերը «մորթում էին ու ծաղրում, թէ կեավուրին ո՞վ է իրաւունք տուել ապրելու»,- կը գրէ հեղինակը` Զօրիկ Քեշիշեանը:

Օրտուի գաւառակի գիւղերուն բռնագաղթէն հինգ-վեց օր անցած էր արդէն: Սալամանտրա կոչուող անտառին մէջ Կարապետ Վարդանեանի շուրջը քառասուն վերապրող հայեր հաւաքուած էին: Վարդանեան զանոնք խումբերու կը բաժնէ եւ տարբեր տեղերու մէջ կը պատսպարէ: Հայ պատանիները մեծ դեր կը խաղան ջարդերէն ազատած հայերը Վարդանեանի քով առաջնորդելով: Կիներն ու ծերերը, անտառին մէջ շրջելով, վայրի պտուղներ կը քաղեն, ու զանոնք չորցնելէ յետոյ, իբրեւ ձմրան պաշար կ’ամբարեն:

Խումբերը անզէն էին: Այս հարցը Կարապետ Վարդանեանին մեծ մտահոգութիւն կը պատճառէր: Որեւէ ատեն, թուրքերը կրնային իրենց հետքը գտնել եւ յարձակիլ: Վարդանեան իր թուրք բարեկամներէն քանի մը հրացան կը ճարէ: Ան կ’իմանայ, թէ թուրքերը որոշած էին բոլոր հայ փախստականները հալածել ու ոչնչացնել:

Գէորգ օսմանեան բանակին մէջ շատ գէշ պայմաններու տակ ծառայած ատեն, ծանր աշխատանքին, անօթութեան ու ծարաւին պառճառով հիւանդացած էր ու փախուստ տուած: Ծնողներուն` Մաթոսի եւ Լուսիկի հոգածութիւնը չէին կրցած զայն մահէն ազատել: Գէորգը կորսնցնելէն յետոյ, Մաթոս օր մը իր երկու որդիները` Մելքոնն ու Առաքելը յոյն բարեկամներու քով կը ղրկէ քիչ մը ալիւր եւ ուտելիք ճարելու համար: Այդ միջոցին, թուրք սպայ մը երկու չէթէներով Մաթոսի եւ Լուսիկի թաքստոց հիւղակը կը պաշարէ: Սպան եւ չէթէները բռնի ոյժով զանոնք դուրս կը հանեն ու Մաթոսը սաստիկ կերպով կը ծեծեն կնոջ աչքերուն առջեւ: Սպան հիւղակը կրակի կու տայ եւ ապա Լուսիկն ալ կը ծեծէ: Երեք վայրենիները Մաթոսն ու Լուսիկը քաշկռտելով կը տանին ու անոնց պատսպարանէն քիչ մը անդին կը սպաննեն:

Խաչիկ օր մը իրենց գիւղը կ’երթայ տունէն քիչ մը ուտեստեղէն բերելու մտադրութեամբ: Երբ ան տուն կը մտնէ, իր 12 տարեկան եղբայրը, որ նոյնպէս Խաչիկ անունը կը կրէր, անկողնին վրայ ուժասպառ պառկած կը գտնէ: Բռնագաղթի հրանանէն ետք, կրտսեր Խաչիկ ոչ մէկ բան կերած էր: Միջնեկ եղբայրն ալ անտառը ապաստանած էր: Երէց խաչիկ իր կրտսեր եղբայրը հետը առնելով դէպի անտառ կ’ուղղուի: Երկու եղբայրները կրտսեր Խաչիկը կը կերակրեն ու հոգ կը տանին անոր: Կրտսեր խաչիկ կ’առողջանայ ու կը կազդուրուի: Շատ չանցած սակայն, երկու թուրք չէթէներ անոնց կը հանդիպին անտառին մէջ: Խաչիկ կը պահուըտի, բայց անոր երկու եղբայրները չէթէներուն ձեռքը կ’իյնան: Վերջիններս երկու մանչերը իրենց հետ առնելով` մօտակայ բլուրը կը բարձրանան: Խաչիկ ծառերուն ետեւէն գաղտնաբար կը հետեւի  անոնց` իր եղբայրները ստոյգ վատանգէն ազատելու մտօք: Սակայն ի զո~ւր…: Պահ մը Խաչիկ կը մտածէ աղաչել ու պաղատիլ չէթէներուն, սակայն … «ումի՞ց ի՞նչ է ուզում խնդրել, խնդրում են մարդուց, ոչ թէ վայրենուց»,- կը խորհրդածէ հեղինակը` Զօրիկ Քեշիշեանը: Երկու վայրենի թուրքերը Խաչիկին մատղաշ եղբայրները անոր գաղտագողի տեսողութեան առջեւ կը գնդակահարեն: Խաչիկ Տէլի Սեդրակին քով կ’երթայ:

Կարապետ Վարդանեան օգնական խմբապետներու` Վարդանի, Յակոբի, Գարեգինի, Սեդրակ Պոստանճեանի, Կիւտիւկ Արթինի եւ ուրիշներու հետ կը խորհրդակցի ու փախստականներուն ապահովութեան համար նոր կարգադրութիւններ կ’ընէ: Ան Եոքուշ-Տիպիի մէջ ապաստանած Սեդրակին կ’այցելէ ու կարծիքներ կը փոխանակեն: Վարդանեանն ու Սեդրակը զէնք ապահովելու եւ ժողովուրդը կերակրելու մասին կը խորհրդակցին: Խօսակցութեան պահուն Գայա-Տիպի գիւղէն Կարապետ Մաթուլեանի որդին` Խաչիկը անոնց քով կու գայ: Վերջինս դառն կսկիծով խնբապետներուն կը պատմէ իր երկու եղբայրներուն  եւ Սաթենիկին ողբերգական վախճանին մասին: Տէլի Սեդրակ յուսադրիչ խօսքերով զայն կը մխիթարէ: Ան կը խոստանայ Սաթենիկը սպաննող Ջոպան Էնվերէն եւ Խաչիկի եղբայրները սպաննող երդու թուրք չէթէներէն վրէժ լուծել:

Տէլի Սեդրակն ու Կարապետ Վարդանեանը մեծ ճիգ կը թափեն անտառներուն մէջ ապաստանած հայորդիներուն ապահովութիւն եւ ուտելիք հայթայթելու համար: Այսուհանդերձ, թուրքերը երբեմն անոնցմէ ոմանք կը բռնէին ու կը սպաննէին:

Վարդանեան Սալամանտրա անտառին մէջ կառուցած էր գլխաւոր հիւղակը, ուր ան բոլոր խմբապետներուն հետ ժողով կը գումարէր: Առաջին ժողովին ներկայ էին, բացի Կարապետ Վարդանեանէն, խմբապետներ Սեդրակ Պոստանճեանը, Կիւչիւկ Արթինը, Մարտիրոսը եւ Վարդանը: Ժողովին ընթացքին յանկարծ ներս կը մտնեն կապաւորներ (սուրհանդակ) Արթինն ու Թեփուլ Թեփուլեանը, որոնք ուրախութեամբ կը դիմաւորուին ներկաներուն կողմէ: Անոնք ձմեռը անվտանգ կերպով անցընելու մասին կը խորհրդակցին: Վարդանեան կ’առաջարկէ կիները, ծերերը, երեխաներն ու հիւանդները դուրս ղրկել օսմանեան տիրապետութեան տակ գտնուող տարածքներէն: Մինչ ներկաները յոյս կը յայտնեն, թէ տիրող դժուարին պայմանները կրնան մեղմանալ եւ բարելաւուիլ, Վարդանեան թուրք կառավարութեան հայատեաց եւ ոխերիմ կեցուածքին վրայ կը ծանրանայ, ու կը յորդորէ զանոնք` չսխալիլ այդ մասին: Թրքական «կառավարութիւնը հայերի նկատմամբ կարող է աւելի վատ միջոցներ ձեռնարկել, դրան հաւատացէք, բայց լաւ բան մի` յուսացէք»,- կ’ըսէ ան: Վարդանեան կը հաստատէ, թէ ինք այս տեղեկութիւնները ստոյգ եւ հաւաստի աղբիւրներէ քաղած էր եւ թրքական կառավարութիւնը բնաւ վստահելի չէր կրնար ըլլալ հայոց համար: Ներկաները այն եզրակացութեան կը յանգին, թէ միայն սեփական ոյժին վրայ պէտք է յոյս դնել: Որոշում կը կայացուի, որ Վարդանը, Արթինն ու Թեփուլը ամբողջ անտառը հետազօտեն ձմեռուան համար յարմար ապաստարաններ գտնելու նպատակով: Մարտիրոսն ու Պոստանճեանը պիտի զբաղէին փախստականներու մատակարարման եւ նորեկներուն հարցերով, իսկ Վարդանեանը միջոցներ պիտի գտնէր փախստական կիները, երեխաները, ծերերն ու հիւանդները արտասահման փոխադրելու` բարեկամներու օգնութեամբ:

Այս ժողովէն քանի մը օր ետք, փախստական Յարութիւնը խումբին կը միանայ: Վերջինս Վարդանեանի կ’իմացնէ, թէ Չաքրեան անունով խմբապետ մը քանի մը հոգիով Ունիէի անտառը ապաստանած է: Հոս կը պարզուի, թէ ուրիշ փախստականներ զանազան անտառներու մէջ կայք հաստատած էին: Յարութիւն Վարդանեանի կ’ըսէ, թէ հինգ օր ետք Էլիմ-Տաղ կոչուած գիւղին դիմացի անտառին մէջ բոլոր խմբապետները ժողով մը պիտի գումարեն:

Եւ իսկապէս, Տրապիզոնի նահանգի յայտնի առեւտրականներէն, փախստական դարձած Օհաննէս Զէյթունեանի (շրջապատին մէջ յայտնի էր Զիլ Օհաննէս անունով) հրաւէրով, բոլոր խմբապետները Էլիմ-Տաղ գիւղին դիմացի անտառին մէջ ժողով մը կը գումարեն: Զիլ Օհաննէս ժողովին բացումը կը կատարէ ըսելով, թէ բռնագաղթերէն եւ կոտորածներէն ազատած բոլոր հայերը պէտք է պաշտպանել:

Այս հաւաքին ներկայ կ’ըլլան Օրտուի գաւառակէն Կարապետ Վարդանեանը, Տէլի Սեդրակը, Չարշամպայի գաւառէն` Ակոբոս անուանեալ Յակոբ Քեհեանը, Պելուկ Պաշըն կամ Յովհաննէսը, Ունիէի եւ Թերմէի  գաւառակներէն` Ապիոն Յակոբը, Աւետիս Չաքրեանը կամ Չաքրօղլին, Գարա Խաչիկ անուանեալ Խաչիկ Գարակէօզեանը եւ Զիլ Օհաննէսը: Կ’առաջարկուի տուն ու տեղ պահել եւ  զանոնք պաշտպանելու միջոցներ գտնել: Բուռն վիճաբանութիւններ կ’ըլլան: Ոմանք կ’առաջարկեն գաղթել Եւրոպա, Ռուսաստան, Վրաստան կամ Աբխազիա: Անտառները մնալու պարագային կ’առաջարկուէր զէնք ապահովել եւ պաշտպանուիլ: Ակոպոսը որ օսմանեան բանակին ծառայած եւ 300 հայ զինուորներու ջարդէն մազապուրծ ազատելով խումբին միացած էր, անոնց կը պատմէ իր ոդիսականը.

Թուրքերը հայ զինուորներուն սնունդը օրէ օր պակսեցնելով եւ աշխատանքի ժամերը աւելցնելով ոյժաթափ կ’ընեն զանոնք: Օր մը անոնք 300  հայ զինուոր հաւաքելով կը տանին մօտակայ գիւղ մը, ուր գիւղացիները ամէն տեսակ զէնքերով անոնց վրայ կը յարձակին ու կը կոտորեն: Այս ջարդէն առաջ թուրք հարիւրապետը գիւղացիներուն կ’ըսէ` «Ահա՛ այն զինուորները որոնց պատճառով տանուլ ենք տալիս պատերազմը, կոտորէ ՛ ք, խոշտանգ՛էք բոլորին` ա՛յդ է պահանջում ձեզանից Ալլահը: Մա`հ բոլոր կեավուրներին», ու ձեռքը բարձրացնելով` կոտորածն սկսելու նշանը կու տայ: Ստեղծուած խառնիճաղանճին մէջ Ակոպոսը առանց նկատուելու ինքզինք առջեւ կը նետէ, արագօրէն կամուրջը կը հասնի եւ «Միակ փրկութիւնը գետը նետուիլն է» գոռալով, ջուրը նետուողներէն առաջինը կ’ըլլայ: Չորս ընկերներ անոր կը հետեւին: Բոլորը միասին կը լողան, քիչ մը անդին գետափ կ’ելլեն, ու դէպի Սամսոն կ’ուղղուին: Անօթի ու ծարաւ, անոնք գիշերները կը քալեն եւ ցերեկները կը հանգստանան: Անոնցմէ երեք հոգի քրտական գիւղ մը կը մտնեն հաց ճարելու համար` «հաւատալով մարդկային հոգու խղճին»: Սակայն քիւրտ բնակիչները գամբռերը անոնց վրայ կ’արձակեն ու «շնախեղդ» կ’ընեն զանոնք: Ակոպոսը ողջ մնացած միակ ընկերոջ` Օհանին հետ ճամբան կը շարունակէ: Երկու ընկերները թուրք ձիաւոր մը զինաթափ կ’ընեն ու կը զինուին: Օհանը Սամսոն կ’երթայ, իսկ Ակոպոսը` իր գիւղը` Չաքմաղ: Քիչ մը յառաջանալէ յետոյ, Ակոպոս օդը կը կրակէ: Ան կը լսէ ծանօթ թուրքի մը ձայնը, որ զինք կը զգուշացնէր ու կը տեղակացնէր, թէ մօտակայ անտառը փախստական հայեր կան: Ակոպոս դէպի անտառ կ’աճապարէ: Ողջ մնացած քանի մը գիւղացիներէ ան կ’իմանայ բռնագաղթին եւ ջարդերուն մասին: Ակոպոս քանի մը հայ փախստականներ իր շուրջը հաւաքելով` անտառը կ’ապաստանի:

Այս էր Ակոպոսի վկայութիւնը, զոր ան կը պատմէ հաւաքին ներկաներուն:

Ժողովը կը շարունակուի եւ Զիլը երեք կէտերէ բաղկացած առաջարկ մը կը ներկայացնէ: Առաջին` կիները, մանուկներն ու ծերերը օսմանեան տիրապետութեան սահմաններէն դուրս հանել ձմեռը չսկսած: Երկրորդ` մնացեալներուն համար պաշար հաւաքել: Երրորդ` զինուելու հարցը: Կ’որոշեն զէնքն ու դրամը թուրքերէն խլել: Գործը դժուար էր, բայց` անհրաժեշտ: Վերջին հարցին լուծման պարտականութիւնը կը յանձնուի Գարա Խաչիկին, որ սիրայօժար կերպով կ’ընդունի: Տէլի Սեդրակ կռուելու պատրաստ էր եթէ զէնքերը ապահովուէին: Բոլորն ալ, ոգեւորուած, համարձակօրէն գործի կ’անցնին:

Ատեն մը ետք, Կարապետ Վարդանեան կը յաջողի Օրտուի գաւառակի փախստականներէն փոքր մաս մը նաւերով Ռուսիա եւ Աբխազիա հասցնել: Այրերը կը յամառին մնալ իրենց հողին վրայ ու պաշտպանել զայն: Գիշեր ու ցերեկ, անոնք կեանքի դժուար պայմաններու տակ թրքական յարձակումներուն դէմ կը պայքարին: Վարդանեանի խումբը յունական Եայլաիւզ գիւղին բնակիչներէն զէնքեր կը ճարէ: Թրքական կառավարութիւնը այս իրողութեան կը տեղեկանայ եւ զինեալ ջոկատ մը կը ղրկէ հայ ֆետայիները ոչնչացնելու համար: Երկուստէք հրացանաձգութիւն կը սկսի: Վարդանեան հայ մարտիկները կը խրախուսէ: Թուրքերը չհասած` ան իր 70 կռուողները երեք խումբի բաժնած էր: Երեք խումբերը կը պաշարեն թրքական ջոկատը ու յանկարծակի հարուած կու տան անոր: Թուրքերը խայտառակ պարտութիւն կը կրեն ու կը ցրուին: Հայերը միայն երեք վիրաւոր կ’ունենան:

Էնվեր անունով թուրք հովիւ մը Տէլի Սեդրակին կը տեղեկացնէ, թէ երկու զինուած թուրքեր զայն կը փնտռեն: Ասիկա իր տղոց իմացնելէ յետոյ, Տէլի Սեդրակ կը ծպտուի հովիւի հագուստներով եւ իր քարայրին մօտակայ բլուրներուն վրայ կը շրջագայի երկու թուրքերը փնտռելով: Ան կը յաջողի գտնել ու սպաննել զանոնք: Այս դէպքէն ետք, Սեդրակ Կարապետ Վարդանեանի հետ կը խորհրդակցի հաւանական յարձակումի մը դէմ դնելու մասին: Երկու մտերիմներուն խօսակցութեան պահուն թուրք մը Վարդանեանին հիւղակը կու գայ եւ անոնց կը յանձնէ նամակ մը, որ թրքական մօտալուտ յարձակման մը մասին կ’իմացնէր: Վարդանեան իր տղոցմէ` Մարկոսին պարտականութիւն կու տայ կապաւոր պատանիներու միջոցով բոլոր խումբերը տեղեակ պահել հաւանական յարձակման մը դէմ պատրաստուելու համար: Այդ իրիկուն, քանի մը խմբապետներ Վարդանեանի հետ ժողով կը գումարեն գլխաւոր հիւղակին մէջ: Վարդանեան 50-60 կիներու ու երեխաներու խումբ մը Աբխազիա ղրկելու կարգադրութիւն մը ըրած էր: Յաջորդ առտու խումբը ճամբայ կ’ելլէ: Քիչ ետք, խումբին ընկերակցող ֆետայիներէն Համբարձումը փութկոտ կը վերադառնայ եւ Վարդանեանին կ’իմացնէ թէ Վարսենիկ անունով կին մը ծանրօրէն հիւանդացած ըլլալով, չէր կրնար քալել: Պահ մը մտածելէ յետոյ, Վարդանեան շատ դժուար ու դաժան որոշում մը կու տայ. ան Համբարձումին կը հրահանգէ ամայի վայրի մը մէջ Վարսենիկը գնդակահարել, որպէսզի թշնամի թուրքին ձեռքը չիյնայ: Քիչ ետք կը պարզուի, թէ Վարսենիկ ինքզինք ժայռէ մը վար նետած ու անձնասպան եղած էր … Համբարձումին վերադառնալէն առաջ:

Այդ միջոցին, թուրքերը Սալամանտրայի անտառին մէջ ապաստանած հայոց վրայ կը յարձակին: Ամբողջ գարունն ու ամառը կռիւներով կ’անցնի: Հայերը ծանր ու դաժան օրեր կ’անցընեն: Ամրան վերջաւորութեան օր մը Վարդանեանն ու քանի մը խմբապետներ գոմի մը մէջ հաւաքուած ատեն թուրքերը կը յարձակին ու զանոնք կը պաշարեն: Քանի մը ժամ կռուելէ յետոյ, Կարապետ Վարդանեանին հնարամտութեամբ, հայերը կը յաջողին թուրք զինուորներուն թիկունքը անցնիլ եւ արդէն իրե՛նք պաշարել զանոնք: Վարդանեան թուրք հարիւրապետին հետ կը բանակցի, եւ թուրքերը կը հեռանան` առանց արիւն թափուելու:

Պայքարի եւ նեղութեան տարիները իրարու ետեւէ կը սահին: Հայ ֆետայիները կը գոյատեւեն եւ ականատես կ’ըլլան Մուսթաֆա Քեմալի բռնութիւններուն: Անոնք կրկին կը պայքարին անկոտրում կամքով: Քանի մը մարտիկներ լեռներէն վար կ’իջնեն եւ Օրտու կը հաստատուին: 1921-ի գարնան քեմալական ոյժերը նորէն կը սկսին հալածել հայերը: «Թուրքը մնում էր թուրք»,- կը հաստատէ հեղինակը` Զօրիկ Քեշիշեանը: Թուրքերը կը ծրագրեն սպաննել Վարդանեանն ու Տէլի Սեդրակը: Ֆետայիներուն մէկ ոտքը անտառն էր, իսկ միւսը` տունը: Անոնք յաճախ իրենց գիւղի տուները կ’երթային:

Երկար հետապանդումներէ ետք, թուրքերը Տէլի Սեդրակը կը գտնեն ու կը սպաննեն: Շրջանին բոլոր գիւղերուն մէջ անոնք հայերը կը հալածեն: Թուրքերը կը սկսին յոյներն ալ ջարդել: Յոյներէն շատերը լեռները կը բարձրանան եւ Կարապետ Վարդանեանի խումբին կը միանան: Թուրքերուն եւ փախստականներուն միջեւ բուռն բախումներ տեղի կ’ունենան: Օր մը հազարապետ Իրոստոմ (այսպէս է բնագիրին մէջ, հաւանաբար պէտք է ըլլայ` Ռոստոմ- Յ.Ի. ) պէյին լրաբերը` Մահմատը հայ ֆետայիներու մեծաւորին` Վարդանեանին պատգամ մը կը փոխանցէ: Իրոստոմ Վարդանեանը Գայա-Տիպի գիւղին մէջ հանդիպումի մը կը հրաւիրէ: Վարդանեան յաջորդ օրը ֆետայի Մարկոսը հազարապետին քով կը ղրկէ: Վերջինս հայ կռուողներուն կ’առաջարկէրէ իրենց տուները վերադառնալ եւ բնականոն կեանք վարել, խոստանալով չդպչիլ անոնց կեանքին: Սակայն ո՞վ կը հաւատար թուրքին խոստումին: Հայերը բնաւ չէին վստահեր թուրքերուն, ուստի առաջարկը կը մերժուի:

Վարդանեան Մարտիրոսին եւ Մաթուլեանին հետ Գայա-Տիպիի գիւղապետ Համիտին կ’այցելէ եւ անոր կը յայտնէ, թէ բոլոր փախստականները երկրէն դուրս ելած են: Այս ապատեղեկատուութեան նպատակն էր հետապնդումներէ եւ հալածանքներէ զերծ մնալ: Վարդանեան բոլոր փախստականները փոքր խումբերու կը բաժնէ եւ անտառին ձորերուն ու կիրճերուն մէջ կը տեղաւորէ:

Կոտուն գիւղին թուրք իմամը (իսլամ կրօնաւոր), որ նախորդող տարիներուն հայոց դէմ բազմաթիւ ոճիրներ գործած էր ու հալածած էր զանոնք, հայոց համար վտանգ մըն էր տակաւին: Ուստի 1922-ի ամրան, Վարդանեանի հնարամտութեամբ, հայդուկները իմամը կը գերեվարեն ու իրենց քով կը բերեն: Լուրը առագօրէն կը տարածուի Օրտուի եւ Տրապիզոնի մէջ: Վարդանեան յարմար կարգադրութիւն մը կ’ընէ որպէսզի իմամին կինը, որդին եւ երկու սպասուհիները անոր այցելեն ու վստահ ըլլան, թէ ան ողջ է: Թրքական կառավարութիւնը կը զգուշանայ եւ յարձակում չի գործեր` իմամին կեանքը չվտանգելու համար: Վերջինիս հարազատներուն այցելութեան ընթացքին, Վարդանեան կնոջմէն փրկագին կը պահանջէ: Հայդուկները Սաթենիկը ապաննած Ջոպան Էնվերը ձերբակալած էին եւ Վարդանեանի քով բերած: Վարդանեան Էնվերի պատիժը իմամի աչքերուն առջեւ գործադրութեան կը դնէ` ստոր արարածի կեանքին վերջ տալով: Վարդանեան փրկագինը ստանալուն յաջորդ օրը իմամը ազատ կ’արձակէ:

Կարապետ Վարդանեանը իր ստացած փրկագինին գումարը ճանապարհածախսի յատկացնելով, բոլոր ֆետայիներուն եւ փախատականներուն հետ միասին երկրէն դուրս կու գայ: Անոնցմէ մաս մը Աբխազիա, իսկ ուրիշ մաս մըն ալ Ռուսիա կ’երթայ:

1 Մայիս 1923-ի առաւօտեան, 104 հայ ֆետայիները Սեւ Ծովի հիւսիսային ափերուն վրայ գտնուող ռուսական Ատլեր քաղաքին մօտերը` Վեսելոյէ գիւղը կը հասնին:

 

Հայոց Ցեղասպանութիւնը Պատահաբար Տեղի Չէ Ունեցած. The Independent Institute

0

Անցեալ ամիս Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեայ տարելիցի առիթով հարիւրաւոր հրապարակումներ եղած են, սակայն անոնցմէ գրեթէ ոչ մէկը չէ նշած, թէ ինչո՞ւ հայերը անպաշտպան եղած են Օսմանեան կայսրութեան մէջ, ըստ Tert.am-ի՝ կը գրէ ամերիկեան The Independent Institute վերլուծական կեդրոնի գիտաշխատող Սթեֆըն Հալպրուքը:

Ատոր պատճառն այն էր, կը գրէ ան, որ օսմանեան թուրքերը զանոնք զինաթափած էին, նոյն միջոցը, որ երկու տասնամեակ անց թոյլ կու տար նացիստներուն ստրկացնել եւ սպաննել հրէաները:

Թէեւ այժմ Թուրքիան կը հերքէ Հայոց ցեղասպանութեան հետ կապուած շատ մանրամասնութիւններ, պատմաբաններու մեծ մասը կը համաձայնի հիմնական փաստերուն, որոնց շարքին է այն, որ օսմանեան օրէնքներուն համաձայն` յանցագործութիւն դիտարկուած է առանց իշխանութիւններու թոյլտուութեան հայերու հրազէն ունենալը:

Հեղինակը կը նշէ, որ 1915 թուականի տեղահանութեան հրամանագիրը մահապատիժ կը նախատեսէր զինուած դիմադրութեան, ինչպէս նաեւ թաքնուելու կամ ինչ-որ մէկը թաքցնելու հարցով օգնելու համար: Օսմանեան Թուրքիան նաեւ հրամանագիր ընդունած է` հայերէն պահանջելով իշխանութիւններուն յանձնել զէնքերը, այլապէս զէնքի յայտնաբերման պարագային անոնց «խիստ պատիժ կը սպասուէր»:

Օսմանեան զօրքերը այնուհետ անցնելով հայկական քաղաքներով` հրացաններ փնտռած են: Բնակիչները տանջանքներու ենթարկուած են, որպէսզի խոստովանին թաքնուած զէնքերու մասին: Հրամայուած են զանգուածային մահապատիժներ:

Հեղինակը կը նկարագրէ, թէ ինչպէս տեղի ունեցած է նացիստական Գերմանիոյ մէջ հրէաներու զինաթափումը եւ կը նշէ, որ այն պահուն, երբ բոլոր հրէաները արդէն զինաթափուած էին, թակարդը դրուած էր:

Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ Հոլոքոսթը միակ դէպքերը չեն, երբ դաժան բռնապետները զինաթափած են իրենց զոհերը եւ այնուհետ սպաննած զանոնք: Նման ռազմավարութիւն օգտագործուած է ստալինեան Ռուսիոյ, Իտի Ամինի օրօք Ուկանտայի եւ Պոլ Պոտի ժամանակ Քամպոճայի մէջ:

«Ամերիկացիները պէտք է յիշեն նման դէպքերը, երբ յաջորդ անգամ Ուաշինկթընը փորձէ սահմանափակել զէնք կրելու իրաւունքները կամ փորձէ պահանջել զէնքի արձանագրութիւն: Պատմութեան հետ չեն վիճիր»,- կ՛եզրափակէ հեղինակը:

Թուրքիոյ Մէջ Կը Ծրագրեն Զարգացնել Պատմական Հայաստանի Շարք Մը Գաւառներ

0

Թուրքիոյ մէջ մեկնարկած է «Արեւելեան Անատոլիոյ մէջ գործողութիւններու ծրագիր» նախագիծը, որ պէտք է իրականացուի մինչեւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան հռչակման 100 ամեակը` 2023 թուականը:

Ըստ Ermenihaber.am-ի՝ թրքական «Akşam» պարբերականը կը փոխանցէ, որ կ’ակնկալուի այդ նախագիծի արդիւնքով երկրի արեւելեան Թունճելի (Տերսիմ), Էլազըղ (Խարբերդ), Պինկէոլ (Բիւրակն) եւ Մալաթիա նահանգներուն մէջ ապահովուել տարեկան 2 միլիառ տոլարի արտահանման ցուցանիշ, կէս միլիոն զբօսաշրջիկի այց եւ գործազրկութեան մակարդակի 8 տոկոսանոց նուազում:

Վերոյիշեալ չորս նահանգներու արագ զարգացումը ապահովելու համար իրականացուող այդ ծրագիրի ծիրէն ներս մինչեւ 2023 թուականը կը նախատեսուի Չեթինքայա-Մալաթիա-Եոլչաթ- Էլազըղ-Տիարպեքիր (Տիգրանակերտ) ճեպընթաց շոգեկառքի համար երկաթուղիի կառուցումը, ինչպէս նաեւ Սիվաս (Սեբաստիա)-Մալաթիա-Էլազըղ- Պինկէոլ-Թաթուան (Դատուան) երկաթուղիի արդիականացման եւ նշեալ նահանգներուն մէջ քաղաքային հեծանիւային ճանապարհներու կառուցում:

Բացի այդ, կը նախատեսուի  Մալաթիա քաղաքի պատմութեան եւ քաղաքակրթութիւններու թանգարանի, բոլոր չորս նահանգներուն մէջ գիտական կեդրոններուն, սինեմայի եւ թատրոնի շէնքերու կառուցում:

Զբօսաշրջութեան զարգացման նպատակով պիտի իրականացուին ճանապարհաշինական աշխատանքներ, ինչպէս նաեւ` պատմական եւ կրօնական կառոյցներու բարեկարգումներ, որոնց մէջ են նաեւ` Պինկէոլի «Հայկական շուկան»:

Նախագիծի ծիրէն ներս տարածաշրջանին մէջ կը խթանուի նաեւ անասնապահութիւնը, ձկնաբուծութիւնը եւ մեղուաբուծութիւնը:

Թուրքիոյ Մէջ Չերքեզները Քննարկած Են Հայոց Ցեղասպանութեան Մէջ Չերքեզներու Դերը

0

Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին Թուրքիոյ չերքեզական «Գուշիփիս» ամսագիրը Թուրքիոյ մէջ ապրող եւ արտասահմանէն հրաւիրուած չերքեզներու հետ քննարկած են Հայոց ցեղասպանութեան մէջ չերքեզներու դերակատարութիւնը:

Ինչպէս կը տեղեկացնէ News.am-ը՝ վկայակոչելով հայկական «Ակօս»-ը, Թուրքիոյ մէջ ապրող եւ արտասահմանէն Թուրքիա ժամանած չերքեզները քննարկած են չերքեզներու տեսակէտը Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ եւ անոր մէջ չերքեզներու դերակատարութիւնը:

Չերքեզական հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու տեսակէտը բաւականին զարմանալի եղած է, քանի որ անոնք առանց կաշկանդուելու օգտագործած են Հայոց ցեղասպանութիւն եզրոյթը:

Թուրքիոյ մէջ չերքեզական «Գուշիփիս» ամսագրի խմբագիր Քուպան Քուրալը նշած է, որ բաւականին դրական է, որ Հայոց ցեղասպանութեան հարցի շուրջ քննարկումներու  ընթացքին երիտասարդ չերքեզները անհրաժեշտ համարած են, որ չերքեզները իրենց բաժին մեղքն ընդունին 1915-ի մէջ եւ առերեսուին տեղի ունեցածին հետ:

Անգարայի չերքեզներու միութեան նախագահ Եինալ Քոզուքը նշած է, թէ չերքեզներէն մասնակցած են Հայոց ցեղասպանութեան, ինչպէս նաեւ եղած են չերքեզներ, որոնք փրկած են հայեր:

 

«Մթնշաղէն Դէպի Արշալոյս»

0
“ From Dusk to Dawn” concert is dedicated to the Centennial commemoration of the Armenian Genocide.
The concert is performed by Armiss Choir- conducted by Rev. Nerces Balabanian. Mezzo soprano Ms Anna Mayilian from Armenia is the quest soloist.
The concert is under the auspices of H.E. Minister of Energy and Water, Mr. Arthur Nazarian.
The concert will take place on Wednesday, May 27, 2015, in the Armenian Evangelical First Church, Mexique Street, Beirut( Next to Haigazian University).
Please consider this as a personal invitation.