Չորեքշաբթի, 25. 06. 2025

Շարժայի Հայկական Եկեղեցւոյ Մէջ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան Անկախութեան Տօնին Առիթով Պատարագ Մատուցուեցաւ

0

Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան անկախութեան 97-ամեակի առիթով Մայիս 29-ին Շարժայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի  ունեցաւ պատարագ եւ Հայաստանի դրօշի օրհնութիւն: Այս մասին կը տեղեկացնէ Տուպայի եւ Հիւսիսային Էմիրութիւններու ազգային վարչութեան պաշտօնական էջը:

Արարողութիւնը  ընթացաւԱրաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Քաթարի կաթողիկոսական փոխանորդ Տ. Մեսրոպ Վրդ. Սարգիսեանի հանդիսապետութեամբ: Կաթողիկոսական փոխանորդ Հայր Սուրբը հանդէս եկաւ պատգամով:

Բացի այդ, Տուպայի եւ Հիւսիսային Էմիրութիւններու ազգային վարչութեան կազմակերպութեամբ Անկախութեան տօնին առիթով` Մայիս 28-ին Տուպայի JW Marriott-Deira  հիւրանոցին մէջ տեղի ունեցաւ համերգ լիբանանահայ երգիչ Սերոբ Յակոբեանի մասնակցութեամբ:

Ձեռային Աշխատանքներու Ինքնատիպ Ցուցահանդէս Մը Պէյրութի Զապէլ Մովսէսեան Կեդրոնին Մէջ

0

Կազմակերպութեամբ  Հ.Ե.Ը-Անդրանիկ Սեւանի  Գործադիր  Մարմինին,Ուրբաթ, 23 Մայիս 2015-ի երեկոյեան, Հ.Բ.Ը.Մ.-ի  Զապէլ  Մովսէսեան  կեդրոնին մէջ  տեղի ունեցաւ   ձեռարուեստի  աշխատանքներու  եզակի  ցուցահանդէսի մը  բացումը:

  Հ.Ե.Ը-ի  Կեդրոնական Վարչութեան անդամներու, միութենականներու, մտաւորական   եւ արուեստասէր ընտրանիի մը    ներկայութեան,  Հ.Ե.Ը-ի Կեդրոնական  Վարչութեան փոխատենապետ  Համբար Եսայեան  կատարեց ցուցահանդէսին պաշտօնական բացումը, հատելով  սրահին մուտքին   զետեղուած կարմիր  ժապաւէնը:

tzouzahantes  1

   Հ.Ե.Ը Անդրանիկ Սեւանի  Գործադիր Մարմինի  ատենադպիր   Օհան Չափրազեան բարի  գալուստ    մաղթեց ներկաներուն եւ  երախտագիտութեան  խօսք  ուղղեց   Հ.Ե.Ը-ի Կեդրոնական Վարչութեան, ինչպէս նաեւ սկաուտական շարժումի անդամներուն: Ան յայտնեց, թէ  ցուցահանդէսը կը ներկայացնէ   լիբանանահայ վեց արուեստագէտներու ՝  Մկրտիչ Թահուլաքեան, Վահրամ Աղազարեան, Շահէ   Յարութիւնեան, Լենա Մանուկեան- Տաքեսեան, Տիգրան Գալուստեան եւ Հրաչ  Գարամանուկեան աշխատանքը, որոնք սիրայօժարօրէն   ընդառաջած  են  սոյն խմբային ցուցահանդէսին մասնակցելու  Անդրանիկ Սեւանի  Գործադիր Մարմինի  հրաւէրը:

Կոկիկ  հիւրասիրութեան մը  ընթացքին, ներկաները    հետաքրքրութեամբ  ծանօթացան  փայտի, պրոնզի եւ   պղինձի վրայ  փորագրութիւններու, տարբեր եղանակներով պատրաստուած քանդակներու,պտուտակներով  կազմած նկարներու, հմտօրէն  մշակուած ձեռային աշխատանքներու,  իւղաներկով եւ տեսակաւոր քարերով համադրուած ստեղծագործութիւններու,  մանրանկարչական գործերու, սերամիքի  եւ  ջրաներկի    ինքնատիպ  պաստառներու:

Ցուցահանդէսը  շարունակուեցաւ՝ Շաբաթ,   յետմիջօրէի  ժամը   4–էն, մինչեւ երեկոյեան ժամը ՝  8-ը  եւ  Կիրակի, 24  Մայիս  2015-ի առաւօտեան ժամը 10-էն՝ 1, յետմիջօրէի ժամը՝   4-էն՝ 8, Հ.Բ.Ը.Մ.-ի  Զապէլ Մովսէսեան կեդրոնը,  երրորդ  յարկ, Սին էլ Ֆիլ, Հըրշ Թեպէթ:

Օգտուելով  այս պատեհութենէն, ճեպազրոյց մը  ունեցանք  ցուցահանդէսին մասնակցող  արուեստագէտներուն հետ:

Ծանօթ  ոսկերիչ,  տաղանդաւոր պղնձագործ  ՄԿՐՏԻՉ  ԹԱՀՈՒԼԱՔԵԱՆ մահացած   ըլլալով,  մեր հարցումներուն պատասխանեց անոր  դուստրը. « Մկրտիչ  Թահուլաքեանը արհեստով  ոսկերիչ էր, սակայն յատուկ  սէր  ունէր մետաղներու  հանդէպ: Յատկապէս  հմտացած էր  պղնձի  եւ ձուլուածքներու  վրայ աշխատանքներով:  Անոր  աշխատանքները եթէ  նշմարեցիք, մեծամասնութեամբ  դիմանկարներ են՝ ազգային եւ  միջազգային  դէմքեր:  Պղնձաթելերու եւ  պղնձափոշիի    օգնութեամբ  պատրաստած է այս  դիմանկարները:  Անոր վարպետութեան  դրսեւորումն է  այս ստեղծագործութիւններուն տրուած  գունաւորումը եւ ալիքաւորումը, առանց ներկերու  օգնութեան, ջերմութեան եւ թթուային  նիւթերու  միջոցով»:

ԼԵՆԱ  ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ- ՏԱՔԵՍԵԱՆ .«   Ես յաճախած եմ  Աշրեֆիէի  Հայ Աւետարանական  Կեդրոնական  Բարձրագոյն վարժարանը: Աւետարանական  դաստիարակութիւնը  մեծ ազդեցութիւն  գործած  է  վրաս:   Ստեղծագործութիւններուս  մեծամասնութեան խորքը,  կրօնքի եւ հաւատքի  հանդէպ  մարդ արարածին  արտայայտութիւնն  է:  Խաչը տարբեր խորհուրդներ  կը պարունակէ   ինծի համար: Խաչի  հանդէպ հաւատքը լայն  հորիզոններ  կրնայ բանալ   ենթակային առջեւ:  Կեանքի որեւէ մէկ պահուն, նեղութիւն կամ՝ ուրախութիւն,  խաչին նայելով եւ  աղօթելով,  վստահ եղէք  Ձեր առջեւ պիտի բացուի  լոյս,  լայն  հորիզոն, կանանչ ճանապարհ..:  Խաչին ապաւինելով եւ անոր փրկարար խորհուրդին հաւատալով  պիտի ստանաք  հոգեկան բաւարարութիւն:

Այս՝ արդէն  հինգերորդ հաւաքական ցուցահանդէսն է, որուն  կը մասնակցիմ:  Տարբեր  փորձառութիւններ  ձեռք  բերած եմ այդ  ժամանակամիջոցին:

ՀՐԱՉ  ԳԱՐԱՄԱՆՈՒԿԵԱՆ .« Գծագրութիւնը  սիրած  եմ  շատ վաղուց՝  նախակրթարան  յաճախած տարիներուն :  Շրջան մը ծաղրանկարներով  դրսեւորած եմ  գծագրութեան հանդէպ սէրս: Աւելի ուշ՝  տարբեր  ներկանիւթերով  կտաւներ  ստեղծագործած եմ: Այս՝ որ կը  տեսնէք  ընդամէնը  մէկ  տարուան   փորձառութեան արդիւնք է:  Մօրս  մահէն ետք,  ձեռագործներու  տոպրակ մը  յայտնաբերեցի  անոր անմիջական իրերուն  մէջ: Այս  ձեռագործները որ կը տեսնէք, ամբողջութեամբ մօրս  կը պատկանին:  Որոշեցի զանոնք   ներդաշնակել   հայկական մանրանկարչութեան   հետ:  Ահաւասիկ այդ  համադրութեան արդիւնքը:

 Յաճախած եմ Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Լեւոն Կ. Նազարեան վարժարանը,ապա՝  Յովակիմեան-Մանուկեան մանչերու  երկրորդական վարժարան: Մասնագիտութիւնս կատարելագործած  եմ  Պէյրութի  Ամերիկեան համալսարանին մէջ:

    Հ.Բ.Ը.Մ.-ի  Յովակիմեան- Մանուկեան երկրորդական  վարժարանը  յաճախած  տարիներուն  շահած եմ  «Ֆապրիանօ»ի բազմաթիւ  մրցանականներ:   Ըսեմ նաեւ, որ միայն  ազատ  ժամանակներուս  կը զբաղիմ  գծագրութեամբ: Արհեստավարժ մը  չեմ  եւ  կը մնամ սիրողական   նկարիչի մը   սահմաններուն մէջ:

ՏԻԳՐԱՆ  ԳԱԼՈՒՍՏԵԱՆ.« Այս  ցուցահանդէսին առիթով  կը փափաքիմ շնորհակալութիւն յայտնել արուեստի այբուբենը ինծի  ծանօթացուցած  եւ  ընտելացուցած,   տաղանդաւոր ուսուցիչ  պարոն Վազգէն Թիւթիւնճեանին:  Իբրեւ  ուսուցիչ եւ անձնաւորութիւն, ան   մեծ ներգործութիւն   ունեցած է մեր սերունդին  հոգեմշակութային գիտակցութեան զարգացման  վրայ:  Անոր  շինիչ թելադրութիւնները մեզի մղած է դառնալու  պարտաճանաչ  մարդ  եւ հայ:  Պարոն  Վազգէն Թիւթիւնճեանը  զիս  յորդորեց  ընտրելու  ճարտարագիտութեան ասպարէզը, որուն համար մեկնեցայ  Հայաստան: Այնտեղ,  ճարտարագիտութեան գաղտնիքներուն   տիրապետելու  զուգահեռ, Կանազի  մշակութային  պալատին մէջ  հետեւեցայ  քանդակագործութեան:  Եօթ տարի   շարունակ  այդ դասընթացքներուն  հետեւելէ ետք, վկայուեցայ  իբրեւ  ժողովրդական  քանդակագործ: Միաժամանակ   շրջանաւարտ դարձայ  Երեւանի  Կարլ Մարքսի անուան  փոլիթեխնիքական  ինստիտուտի  ճարտարագիտական   ֆակուլթեթէն:  Ուսանողական  տարիներուն ծանօթացայ   տաղանդաւոր  քանդակագործ Շաւարշ  Վաղարշակեանին,  խաչքարի  փորագրութեան վարպետ Կարպիս Թաշճեանին: Պարոն Կարպիսը  ինծի նաեւ  ծանօթացուց տուֆ   քարի վրայ  քանդակագործութեան  գաղտնիքները: Կերպով մը  մասնագիտութիւնս կատարելագործուեցաւ: Մէկ կողմէ՝  ճարտարագիտութիւն, միւս կողմէ՝   քանդակագործութիւն:

Արդէն  քառորդ դար եւ աւելի, վերադարձած եմ  Պէյրութ: Հիմնած  եմ անձնական գրասենեակս:  Ստեղծած  եմ  զանազան  յուշարձաններ, շէնքեր, համալիրներ: Իբրեւ լաւագոյններէն  եւ մանաւանդ առաջիններէն կրնամ  յիշատակել  Անթիլիասի մայրավանքի  շրջափակէն ներս  Եղեռնի յուշարձանը, Սուրբ Ստեփանոս Մատուռը: Հայ  Կաթողիկէ  Մեսրոպեան  վարժարանին մէջ  Մեսրոպ Մաշտոցի յուշարձանը, ինչպէս նաեւ Արարատ Լեռը:  Զըմառի  կաթողիկոսական  գահը, Զըմառի Ապրիլեան յուշարձանը:

Այսօրուան ցուցահանդէսին  մէջ ներկայացուցած  եմ  մեր  ժողովուրդին  գոյապայքարը  խորհրդանշող  ստեղծագործութիւններ:  Ձեր առջեւը  անմիջականօրէն  կը   տեսնէք Մայր Հայաստանը՝  գրկած ապագայ Հայաստանը,  հայկական դրօշը:  Մայր Հայաստանը  իր հետ կը կրէ  Հայկական  Դատը,  իսկ  ոտքերուն  փաթթուած  օձը մեր  թշնամին է:  Ահաւասիկ տարբեր  ոճի   եւ խորհուրդի  արձաններ, խաչքարեր  տուֆի վրայ, փայտի վրայ,թաւիշի վրայ:  Ձեր բոլոր  տեսածները  կերպով մը   իմ  բարոյական պարտքն է, այն  բոլոր  անձնաւորութիւններուն  որոնք մեզի  ջամբեցին  գիտութիւն:  Չեմ ուզեր մոռնալ նաեւ  ծնողներս, տիկինս, որոնք   մեծ  ներդրում ունեցած են  բոլոր յաջողութիւններուս մէջ:

 ՎԱՀՐԱՄ ԱՂԱԶԱՐԵԱՆ.« Մենք պտուտականերու  մեծաքանակ  վաճառքով կը զբաղինք:  Օր մը, պատահականօրէն  սեղանին  վրայ պտուտակներ շարեցի, անոնց համաչափութիւնը եւ  ներդաշնակութիւնը  բան մը արթնցուց  մէջս: Հետաքրքրութիւնս աճեցաւ,սկսայ      պտուտակներով  նկարներ կազմել: Կարճ  ժամանակ  ետք,փորձեցի  տախտակի վրայ ամրացնել զանոնք  եւ որոշ  զարդեր կազմել այդ պտուտակներով:

Ժամանակի  ընթացքին   փորձառութիւն ձեռք բերելով, աւելի  մեծ եւ լուրջ  կտորներ սկսայ կազմել տարբեր  տրամաչափի պտուտակներով:  Այսօր, ինչպէս կը  նկատէք, գրեթէ  ամէն բան կրնամ աշխատիլ կամ գծել պտուտակներու  օգնութեամբ:  Աշխատանքներուս  մեծամասնութիւնը ունին  հայկական  շունչ: Բնաւ   չեմ  մոռցած   հայկական  խաչքարը:

Երեք առիթներով անհատական  ցուցահանդէս  կազմակերպած եմ  Լիբանանի եւ  արտասահմանի մէջ:  Մասնակցած  եմ  եօթ հաւաքական ցուցահանդէսներու:

ՇԱՀԷ  ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ՝  Երեւանի,   Թերլեմեզեանի անուան Գեղեցիկ Արուեստից   պետական  գոլէճէն վկայեալ, ապա՝ Երեւանի  Գեղեցիկ Արուեստից  ակադեմիայէն  վկայեալ:  Սերամիքի  վրայ արհեստագիտութեան  հմուտ մասնագէտ մը:  Անոր ստեղծագործութիւնները կ’ընդգրկեն  մայրենի բնութիւնը,   հայկական եկեղեցիներ: Շահէ Յարութիւնեան անհատական երեք ցուցահանդէս կազմակերպած է  Պէյրութի մէջ: Մասնակցած է նաեւ հաւաքական  ցուցահանդէսներու:

«Պապենական Տունը»։Կը Յիշեմ եւ կը Պահանջեմ

0

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

??????????????????????????????????????????????????????????????????

Մեր ընտանիքի պատմութիւնը սիրած եմ, բայց նաեւ ժամանակ տրամադրած՝ փորձելով կառուցել այսպէս ըսած «ընտանեկան ծառը»։Եւ այս ոչ միայն անուններով, բայց նաեւ նկարներով։Եւ այս նկարները ինծի համար դարձած են հարստութիւն, ապա նաեւ աւանդ եւ Ժառանգ՝ապրելու իմ(ու ընտանիքիս)կեանքը նոյն տեսլականով…։

Բայց այս նկարները կը խօսին…։Անոնք պատմութիւն են, բայց նաեւ աւելին…։Նկարին մէջ իւրաքանչիւր հարազատ ապրած է իր կեանքը Պատմական Հայաստանի մէջ, կերտած է տուն եւ ընտանեկան բոյն, բերած  է իր նպաստը հաւաքական ու ազգային կեանքին, բայց նաեւ «խմած» նահատակութեան դառն բաժակէն՝սպաննուելով եւ կամ անցնելով ցեղասպանութեան արհաւիրքէն՝հայ ժողովուրդի ամբողջութեան հետ։Իմ ընտանիքիս այդ արհաւիրքին մէջ  պիտի ըլլար աւելի քան քսանհինգ նահատակ՝սկսելով 1909 թուականի Ատանայի ջարդերէն ու ողբերգութենէն, հասնելով մինչեւ 1915 ցեղասպանութիւնը…։ Այս ընտանեկան ծառի մէջ են նաեւ իմ նահատակ հարազատներուս նկարները…։Ամէն  անգամ, որ կը բանամ ու կը նայիմ այդ նկարներուն՝իրենց  աչքերէն այս յատուկ պատգամը կը կարդամ…։«Եթէ պիտի յիշես մեզ՝բայց նաեւ պիտի պահանջես…»։

Կ՚արժէ  մէկ –մէկ բանալ մեր ընտանիքի պատմութեան էջերը…։

Հօրենական մեծ հայրս եղած է Այնթապի ծնունդ՝իսկ մեծ մայրս հասան Պէյլիի։

Մեծ հօրս հայրը՝Յովհաննէս աղա Ճէպէճեան,եղած է Այնթապի երեւելիներէն։ Տասնինը տարեկանին ընդունած է Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ դաւանանքը։Ամուսնացած է Մեննուշ(Մանուշակ) Գարամանուկեանի հետ եւ կազմած բազմանդամ ընտանիք՝իր զաւակներուն ջամբելով ուսում եւ զարգացում։Ան եղած է պիստակի յաջող վաճառական.այս ընթացքին կրցած է ձեռք բերել վայրի պիստակի թուփերու տարածուն անտառներ եւ զանոնք պատրաստելով ստանալ պիստակի ծառեր։Երիտասարդ տարիքին  ձեռնարկած է հասութաբեր աշխատանքներու,սեփականատէրը եղած է  կալուածներու։ Այդ կալուածներուն մէջ էր Այնթապի իր քարաշէն բնակարանը՝մեծ բակով եւ աւազանով։Եւ այդ բնակարանը դարձած էր մեր ընտանիքին, ինչպէս  ուզած էին կոչել, «Պապենական Տունը»…։

SERVER-1OIUQOJJ360 (1)

Բայց այդ տունը միայն քար չէր։Ան, իր մթնոլորտով, ստեղծած էր հայկական ու քրիստոնէական հոգի՝որմով կարելի եղած էր ջամբել դաստիարակութիւն եւ մշակոյթ։ Տունը դարձած էր հիմք, որուն վրայ կերտուած էր  գերդաստանիս հայկական նկարագիրը եւ տարիներու ընթացքին  փոխանցուած սերունդնէ սերունդ …։ Մինչեւ այսօր Այնթապի մեր «Պապենական Տունը» կանգուն է եւ վերածուած է երեխաներու համար յատուկ խաղալիքներու թանգարանի։

Հօրեղբայրս եւ հայրս ծնած են Այնթապ՝«Պապենական տան» մէջ։ 1915ի ամրան հայերը Այնթապէն տեղահան ընելու խօսակցութիւնները սկսան էին տարածուիլ, թէեւ Թուրքը կը փորձէր հաւաստիացնել,  թէ «պարզ տեղափոխութիւն մըն էր ըլլալիքը եւ թէ շուտով պիտի վերադառնան…»։Արդէն իսկ լուռերը կը հասնէին տարբեր քաղաքներու մէջ հայերու կրած տառապանքներուն մասին, ինչ որ առաւել մեծ մտավախութիւն կը ստեղծէր Այնթապի հայութեան մօտ.ան թուրքին նկատմամբ  իր հաւատքը ամբողջովին սկսած էր կորսնցնել։ Հայերը յստակ կը տեսնէին, թէ իրենց տեղափոխութենէն ետք իրենց ունեցուածքը թալանի պիտի ենթարկուէր…։ Ալ ինչ՞ խօսք իրենց կենաքերուն մասին։Եւ սկսաւ խուճապը…։Հայեր կը փորձէին «ծախել» այն ինչ, որ կը խորհէին թէ կրնային…։Գեղեցիկ պնակեղէններ,գորգեր,կարասի,ժամացոյցեր ու տակաւին…։Հազար արժէքին՝թուրքը տասը կ՚առաջարկէր՝եւ այդ ալ քմծիծաղով…։Իսկ հայուն համար կարեւորը քիչ մը դրամն էր ,«անորոշ» այդ ճամբորդութիւնը սկսելէն առաջ…։

Եւ եկաւ ժամը Այնթապի հայութեան բռնագաղթին ու տեղահանութեանը։

Նկատի ունենալով, որ մեծ հայրս սպայ էր Օսմանեան բանակին մէջ, իր ընտանիքին տեղահանումը աւելի «մեղմացուած» էր եւ հարահանգուած էր որ ան ընտանեօք Հալէպ փոխադրուի։ Հօրեղբայրս՝Տօքթ. Ռոպէր Ճէպէճեան այդ «մեղմացուած» տեղահանումը այսպէս կը նկարագրէ իր յուշերուն մէջ. «Տխուր առաւօտ մը։Այսպէս, գրաստներու կարաւանով ճամբայ ելլանք։Փոքր եղբայրս եւ ես քարիւղի սնտուկներու մէջ ծուարած, աւանակի մը կողմերը բեռցուած էինք»։Բայց կար նաեւ անորոշութիւնը եւ վախը…։ «Չեմ գիտեր,թէ ինչպէս՞հասանք Աղա-Գոյուն երկաթուղային կայարան՝Հալէպի ճամբան,Ճարապլուսին յաջորդող գիւղը։ Գիշեր էր սակայն։Այստեղ կարաւանը ցրուեցաւ չոր հողատարածքի վրայ։Օթեւան չկար,կը պատրաստուէինք բացօթեայ գիշերել։ Տխուր ամբոխ մը՝ անպաշտպան,երկիւղած դէմքեր,որոնք երէկ տակաւին հանգիստ բնակիչներ էին պապենական իրենց տուներուն մէջ»։

Անպայմանօրէն կը սկսիս հարց տալ։ Ինչու՞  այս անմեղ ժողովուրդը արմատախիլ պէտք էր  ըլլար իր պապենական տուներէն…։ Այն տուներէն,  զորս շինած էր իր վաստակած  արդար աշխատանքով…։ Տեղահանումը կը շարունակուի…։ Յուզումը եւ ոխբերգութիւնը չեն ուշանար։Եւ հօրեղբայրս է դարձեալ իր յուշերուն մէջէն։«Աւագ ծնողացս հետ մենք Հալէպ հասանք շոգեկառքով։Չեմ գիտեր ինչ՞պատահեցաւ կարաւանի մէջի մնացեալ ընտանիքներուն, որոնց հետ հասած էինք Աղա-Գոյուն։Աւելի ուշ իմացանք, թէ հօրեղբօր եւ հօրաքրոջ ընտանիքները քշուած էին հարաւ,Համայէն անդին։Իսկ Նոյեմի հօրաքրոջս ընտանիքը, աննման իր հինգ զաւակներով,հեռաւոր Խապսէ,Տէր Զօրի ճամբուն վրայ,աւաղ…։Այդ ընտանիքէն եւ ոչ մէկը պիտի տեսնէինք կրկին»։

Հալէպի մէջ սկսաւ իմ գերդաստանին «նոր» կեանքը, այս անգամ սփիւռքեան իրականութեանը մէջ։ Այս իրականութեանը մէջ անհրաժեշտ էր ստեղծել «նոր Տունը»՝որպէս շարունակականութիւն «Պապենականին»՝որ արմատախիլ եղած էր …։

Տարիներու ընթացքին սկսայ ըմբռնել ու հասկնալ, թէ ինչու՞ համար հօրեղբայրս այնքան կը շեշտէր «Պապենական տուն» հասկացողութիւնը։Հալէպի իր բնակարանը անուանած էր «Պապենական», ինչ որ վերանուանումն էր Այնթապի ընտանեկան յարկին։ Այդ «Պապենական Տան» ոգին եւ ջերմութիւնը կը փորձէր ստեղծել Հալէպի մէջ՝ մեր  ընտանեկան իւրաքանչիւր հանդիպման, յետ ցեղասպանութեան վերապրող երրորդ եւ չորրորդ  սերունդներուն մօտ։ Որպէս ցեղասպանութեան  երրորդ եւ տակաւին չորրորդ վերապրող հայ սերունդներ, տարիներու ընթացքին պիտի ընկալէինք  «Պապենականի» հաղորդականութիւնը եւ կամաց-կամաց պիտի իւրացնէինք զայն որպէս ազգային ու ընտանեկան դաստիարակութեան։ Դաստիարակութիւն մը, որ սկսած էր Այնթապէն եւ հասած Հալէպ։Ու տակաւին Պէյրութ, եւրոպա եւ ամերիկաններ…։Եթէ Թուրքը կրցաւ տեղահան ընել հայը, բայց արդիօք՞ կրցաւ վերացնել նոյնինքն այս դաստիարակութիւնը…։

Հարազատներուս նկարներուն մէջ կը կարդամ նաեւ պահանջատիրութեան պատգամ։ Մէկիկ-մէկիկ կը նայիմ իւրաքանչիւր նկարի։Այնտեղ են նաեւ բոլոր անոնք,  որոնք նահատակուեցան, բայց նաեւ անոնք, որոնք անցան ցեղասպանութեան եւ տարագրութեան արհաւիրքէն…։Կանգ կ՚առնեմ Նոյեմի մեծ հօրաքրոչս ու անոր ընտանիքին նկարին դիմաց…։Նոյեմիէն մեզի մնացած է մէկ երկար նամակ՝ղրկուած անապատի այդ ճամբայէն։Հայատառ թրրքերէնով եւ մատիտով գրուած։ Ան իր ծնողքին կ՚իմացնէ, թէ ամուսինը տարագրութեան ճամբան թիֆուսէ վարակուելով մահացած է եւ կը խնդրէ նիւթական օգնութիւն.։Նոյեմին կ՚ուզէր ապրիլ,բայց…։Իր ընտանիքն ալ չկրցաւ օգնութեան փութալ իրեն։Նոյեմին, իր ամուսինը եւ հինգ զաւակները իրենց աչքերը փակեցին տարագրութեան մէջ՝  հեռու «Պապենական Տունէն»…։ Անոր կարօտով…։

Եթէ իմ ընտանիքէս ինծի մնաց «նկար» մը, բայց այս նկարը անշարժ թուղթի կտոր մը չէ պարզապէս։Ան կը խօսի, եթէ ոչ լեզուով, ապա գէթ իւրաքանչիւրին աչքերուն մէջէն կայ  ցոլացող պատգամով…։

Եւ պատգամը «կարօտն» է…։Կարօտը իւրաքանչիւր հայորդիին, որ անմեղօրէն նահատակուեցաւ։Բայց նաեւ կարօտը տան՝«Պապենական»ին։ Այն Տան, որով հայը շինեց ընտանիք,կերտեց սերունդ, բայց նաեւ պատմութիւն եւ մշակոյթ։ Այս պատմութիւնը այսօր կենդանի է եւ աշխուժ…։

Այս աշխուժ պատմութեան կարօտն է որ մենք պիտի տանինք դէպի ապագայ։ Պիտի տանինք զայն՝մէկ կողմէ յիշելով՝բայց նաեւ պահանջելով…։«Պապենական Տունը»։

Նոյեմին եւ բոլոր մեր նահատակները մեզ կը փոխանցեն  պատգամ մը, թէ անոնք կարօտցած են «Պապենական Տունը»…։ Բայց նաեւ աւելին…։Անոնք կը յորդորեն մեզ՝թէ «Պապենական Տան» կարօտը պէտք է յիշենք, բայց նաեւ պահանջենք…։

Եւ այս հայուն Ազգային դաստիարակութիւնն է…։

Կարօտը միշտ վառ պահել։

Կարօտը՝ ուր «Պապենական Տունը» պիտի յիշենք եւ պահանջենք…։

Օրդ. Վերա Պաղտատլեանի Մահուան Քառասունքին առթիւ

0
OLYMPUS DIGITAL CAMERA

Ի’նչ դառն է այս կեանքը, յատկապէս երբ մարդ իր ողջ կեանքը կ՛անցընէ նուիրումով ու զոհողութեամբ վասն նոր սերունդին դաստիարակութեան եւ կրթութեան… եւ երբ կը հասնի պահը, որ այլեւս պիտի հանգստանայ թէ՛ ֆիզիքապէս եւ թէ՛ հոգեպէս, յանկարծ ինքզինք կը գտնէ դաժան  հիւանդութեան առջեւ, որ կը հիւծէ զինք, կը հալեցնէ ու կը հասցնէ մահուան սեմին… Աստուծոյ կամքը:

Ահա այս եղաւ ճակատագիրը մեր շատ սիրելի Օրդ. Վերային:

Օրդ. Վերա Պաղտատլեան անվերադարձ մեկնեցաւ մեր աշխարհէն 14 Ապրիլ 2015ին:

Օրդ. Վերա Պաղտատլեան «անուն» մը որ անջնջելի պիտի մնայ Լեւոն Կ. Նազարեան վարժարանի պատմութեան մէջ:

Ան հազիւ իր քսանամեակը բոլորած մտաւ կեանքի ասպարէզ Հ.Բ.Ը.Մ.ի Լ. Կ. Նազարեան վարժարանէն ներս, յանձն առնելով մատղաշ հայ սերունդին հայեցի դաստիարակութեան եւ ուսուցման դժուարին գործերը:

Ան եղաւ նուիրեալ դասատու, գործեց լուռ, ղեկավարեց մանուկները քաջութեամբ եւ մեծ համբերութեամբ:

Ան եղաւ հայ լեզուի անխոնջ մշակն ու ջերմ պաշտպանը եւ անսպառ կորովով մը ան էջ առ էջ սորվեցուց «Այբբենարանը» բազմաթիւ սերունդներու եւ որոնց յաջողութիւններն ու երախտագիտութեան արտայայտութիւնները եղան իր մեծագոյն վարձատրութիւնը:

Ան եղաւ այն անձերէն, որոնք միշտ մնացին հաւատարիմ իրենց դպրոցին ու անկեղծ` իրենց գործին: Թէեւ ան երբեմն ունեցաւ հիասթափութիւն կամ յուսախաբութիւն, սակայն ան բնաւ չընկրկեցաւ ու չտկարացաւ ու շարունակեց իր անձնուիրական գործը, մնալով պատասխանատու իր յանձնառութեանց մէջ9 համբերութեամբ եւ սիրով: Եւ ան իր այս ազնիւ կեցուածքով ու համբերատար վարմունքին պատճառով արժանացաւ բոլորին յարգանքին, յատկապէս իր աշակերտներուն, որոնք միշտ ակնածանքով ու երախտագիտութեամբ խօսած են իրենց Օրդ. Վերային մասին եւ պիտի շարունակեն խօսիլ նոյն յարգանքով, նոյնիսկ երբ մահը հեռացուց զինք մեր աշխարհէն:

Թէեւ Օրդ. Վերային մահը խոր ցաւ պատճառեց բոլորիս, սակայն մխիթարական է մեզի համար, որ ան իր կեանքին մէջ հանդիսացաւ այն բախտաւորներէն, որոնք մարդկային առաքելութեանը մէջ յաջողեցան Հայեցի Դաստիարակութիւն եւ Հայրենասիրութիւն ներշնչել բազմաթիւ հայորդիներու հոգիներուն մէջ:

 Բիւր յարգանք քու պայծառ յիշատակիդ, Սիրելի Օրդ. Վերա:

                                                                                                      Յասմիկ

Եագուդսքի Մէջ Հայկական Մշակութային Կեդրոն Պիտի Բացուի

0

Յունիս 2-ին Եագուդսքի մէջ պիտի բացուի Հայկական մշակութային կեդրոնի շէնքը: Ըստ «Երկրամաս» պարբերականի՝ այս օրերուն այնտեղ կ՝ըթանան ներքին յարդարման վերջին աշխատանքները:

Կեդրոնի բացման արարողութեան Հայաստանէն պիտի մասնակցի պաշտօնական պատուիրակութիւն` Ազգային ժողովի փոխնախագահ Հերմինէ Նաղտալեանի գլխաւորութեամբ:

Տեղի հայ համայնքի նախագահ Անդրանիկ Նաւոյեանի խօսքով, մշակութային կեդրոնի հիմնական խնդիրներէն մէկը կրթութիւնն է: Այստեղ պիտի ուսուցանեն հայերէն, ռուսերէն եւ եագուդերէն: Ընդհանուր առմամբ, Հայկական մշակութային կեդրոնը պիտի ունենայ 12 աշխատող: Բացման արարողութեան ժամանակ կեդրոնին մէջ պիտի կայանայ մեծ համերգ` հայկական, եագուդական եւ ռուսական մշակութային խումբերու մասնակցութեամբ:

Նշենք, որ մշակութային կեդրոնը կառուցուած է վերջերս բացուած Հայ առաքելական Սուրբ Կարապետ եկեղեցւոյ մօտակայքը:

Պէյրութի ՀԲԸՄ-ի Պաշտօնաթերթ՝ «Խօսնակ»ի Միջդպրոցական «Արտասանական Եւ Նկարչական» Մրցումը

0

Հ.Բ.Ը.Միութեան «Խօսնակ» պաշտօնաթերթի խմբագրութեան եւ անոր կից գործող Մշակութային Յանձնախումբի կազմակերպութեամբ, եւ հովանաւորութեամբ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան Լիբանանի Կեդրոնական Մարմնի, Ուրբաթ, 22 մայիս 2015 -ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11.00-ին, մասնակցութեամբ՝ Լիբանանահայ 12 նախակրթարաններու Ե.եւ Զ. կարգերու աշակերտութեանց, տեղի ունեցաւ «Արտասանութեան եւ Նկարչութեան» հետաքրքրական մրցում մը, Հ.Բ.Ը.Մ. – Հ.Ե.Ը.-ի Ահրամճեան Կեդրոնէն ներս:

Այս տարուայ «Արտասանական եւ Նկարչական» զոյգ մրցումները նուիրուած էին Ցեղասպանութեան 100-ամեակին, որուն մասնակցեցան «Հ. եւ Մ. Արսլանեան Ճեմարան»ի,  Ազգային «Ռուբինեան» վրժ.ի, «Ազգ. Աքսոր Գասարճեան» վրժ.ի,  Ազգային «Աբգարեան» վրժ.ի,  Հայ Կաթողիկէ «Սրբուհի Ակնէս» վրժ.ի, «Հայ Աւետարանական «Գոլէճ»ի,  Հայ Աւետարանական «Կեդրոնական Բարձրագոյն» Հայ Աւետարանական «Թորոսեան» վրժ.ի, Հայ Աւետր. Շամլեան-Թաթիկեան վրժ.ի, Հայ Կաթողիկէ «Հռիփսիմեանց» վրժ.ի, Հ.Բ.Ը.Միութեան «Լ.Կ.Նազարեան» եւ « Պ.Կարմիրեան» վարժարաններու 72 աշակերտ-աշակերտուհիներ:

 Ուրախութիւն էր, որ այտարարուած ժամէն առաջ, Ահրամճեան Կեդրոնի սրահը, լեցուած էր արդէն մրցման մասնակիցներով, ինչպէս նաեւ իրենց ընկերները քաջալերել փափաքող սան-սանուհիներով, որոնք գարնանային զուարթ առաւօտով, երամ-երամ, հաճելի տրամադրութեան մէջ եկած էին, իրենց համբերատար ու նուիրեալ ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուն առաջնորդութեամբ:

Բոլորի դէմքերուն վրայ կար գոհունակութեան ժպիտ ու ուրախութեան արտայայտութիւն: Անոնք խանդավառ էին ու անհամբեր,  ու բոլորն ալ կը սպասէին լսելու մրցակիցներու արտասանութիւնները: Սակայն, այս միջոցառման մէջ կար տարբեր գեղեցիկ պատկեր մը. գաղութիս 12 հայկական նախակրթարաններէն բազմատասնեակ ուսանողներ հաւաքուած էին ի մի, եւ անոնք ժրաջան մեղուներու նման կը խօսէին իրարու հետ, կը կատակէին եւ կը ջանային ծանօթութիւն հաստատել իրարու հետ..: Ահա՛ նաեւ «Խօսնակ»ի նախաձեռնութեան նպատակը՝ ծանօթութիւն, բարեկամութիւն եւ գործակցութիւն միաժամանակ:

«Արտասանական Մրցման» համար կազմուած էր «Գնահատիչ Յանձնախումբ» մը, որ կը բաղկանար գաղութիս ծանօթ դերասան-ասմունքողներ՝ Արփի Աւետիքեանէ , Արփի Քարամանլեանէ եւ վաստակաւոր ուսուցիչ Օհան Պոտրումեանէ : Իսկ «Նկարչական մրցման» համար կազմուած «Գնահատիչ Յանձնախումբը կը գլխաւորէր արուեստի վաստակաւոր ուսուցիչ եւ արուեստագէտ՝ Վազգէն Մուղալեան, ինչպէս նաեւ հայրենի ծանօթ արուեստագէտ՝ Հրազդան Թոքմաճեան:

Մրցում ցերեկոյթը սկսաւ պաշտօնաթերթի խմբագրական կազմի անդամ Տիկին Անժէլ Միսիսեանի բացման խօսքով: Ան ողջունելով մեր նորահաս սերունդի պատանի ներկայացուցիչները, շեշտեց կարեւորութիւնը նման հանդիպումներու ու միջոցառումներու, որպէսզի փառաբանենք մեր մայրենի լեզուն եւ զայն հնչեցնենք ամէն ժամ: Տիկին Միսիսեան կարեւորեց նման հանդիպումները եւ փափաք յայտնեց որ անոնք շարունակուին ամէն տարի եւ յարատեւեն ապագային ալ՝  ի շահ մեր մշակոյթին, ուր այսօրուայ փոքրիկ արտասանողներն ու նկարողները վստահաբար վաղը, հետապնդուող հոգատարութեան ու խնամքի տակ պիտի դառնան հռչակաւոր ասմունքողներ ու գեղանկարիչներ:

Տիկին Անժէլ Միսիսեանի բացման խօսքէն ետք, հերթականութեամբ սկսան արտասանել մասնակցող վարժարաններու Ե. կարգի ուսանողները: Այս տարի Յանձնախումբը փափաքած էր «պարտադիր արտասանութիւն» դրութիւնը ջնջել եւ արդարեւ աշակերտներ արտասանեցին իրենց նախընտրած ազատ քերթուածները: Ե. կարգի աշակերտներու ելոյթներէն ետք, հանդէս եկան Զ. կարգի ուսանողներ:

Հոս, անվարանօրէն կ’ուզենք ըսել, որ մասնակից  33  աշակերտ-աշակերտուհիներ, բոլորն ալ համարձակութեամբ, գիտակցութեամբ ու խոր ապրումով կատարեցին իրենց մեկնաբանութիւնները, ներկաներուն ներշնչելով  հայաբոյր գինարբուք, արժանանալով թէ «Ժիւրի»ի անդամներուն  եւ թէ ներկայ աշակերտներու գնահատանքին ու բուռն ծափահարութեանց:

Այս առթիւ պիտի ըսենք, որ նշմարելի էր բոլոր վարժարաններէ ներս տարուած բացառիկ հոգատարութիւնը՝ երեւոյթ մը, որ զգալի դարձաւ կատարուած «Արտասանական ու Նկարչական» մրցումներու ժամանակ:

Իսկ երբ Բ. յարկի սրահէն ներս տեղի կ’ունենար քերթողութեան յաջող վազքը, վարը՝ Ա. յարկի վրայ կը կատարուէր գծագրութեան մրցումը, ուր թէ Ե. կարգի եւ թէ Զ. կարգի ուսանողութեանց համար որոշուած էր յանպատրաստից  «Վերածնունդ» նիւթը: Իրապէս հետաքրքիր ու տպաւորիչ էր պարզուող տեսարանը: «Նկարչութեան մրցման» մասնակից  39 ուսանողներ, որպէս փոքրիկ գեղանկարիչներ, մեծ լրջութեամբ կը շարժէին իրենց փոքրիկ մատները՝ թուղթին յանձնելով իրենց երեւակայութեան արգասիքները, գունաւորելով իրենց նկարները..:

Եւ վերջապէս… երբ յաջողութեամբ աւարտեցան թէ՛ ասմունքները ու թէ՛ ալ գծագրութիւնները, ասոնց հետ դադրեցան ծափահարութիւնները ու պահը ստացաւ այլ  պատկեր եւ Տիկին Անժէլ Միսիսեանի փափաքին վրայ, կարգ մը աշակերտներ հանդէս եկան երգով, ու ծաղկեցուցին ցերեկոյթը: Հուսկ ապա, աշակերտներ հեւ ի հեւ սպասեցին զոյգ Գնահատիչ Յանձնախումբերու որոշումներուն՝ տեսնելու համար մրցումներուն արդիւնքները:

Արդիւնքներու յայտարարութեան լոյսին տակ, «Խօսնակ»ի խմբագիր Համբիկ Մարտիրոսեան նախ իր շնորհակալութիւնը յայտնեց մասնակից վարժարաններու տնօրէնութեանց, այդ վարժարաններու հայերէն լեզուի եւ արուեստի ուսուցիչներուն, գնահատելով անոնց ազգանուէր ու կրթանուէր առաքելութիւնն ու գործակցութիւնը, եւ ապա ան  շնորհակալութիւն յայտնեց «Ժիւրի»ի անդամներուն, իրենց անկողմնակալ գնահատանքին համար: Ան մասնաւոր շնորհակալութիւն յայտնեց  «Տէմքօ» հաստատութեան  եւ Ռաֆի Միքայէլեանին,  որոնք գնահատելով հայ գիրն ու մշակոյթը, տրամադրած էին օրուայ  նուէրները: Ան շնորհաւորեց նաեւ բոլոր մասնակիցները, յայտարարելով, թէ այսօր «յաղթող ու յաղթուող չկայ, այլ՝ բոլոր մասնակիցներն ալ յաղթանակած են…  քանի որ ներկայ եւ ասոր նման բոլոր միջոցառումներ նետուած ձեռնոցներ են մեր ոսոխի դէմքին, որովհետեւ, ան, արիւնարբու գազանը 100 տարիներ առաջ կ’ուզէր աշխարհի երեսէն ջնջել հայն ու հայուն անունը, իսկ մենք այսօր կա՛նք ու կը շարունակենք մեր պահանջատիրութեան երթը, որուն դրօշակակիրները դո՛ւք էք, սիրելի աշակերտներ»:

Ապա Համբիկ Մարտիրոսեան շնորհաւորեց թէ՛ Արտասանական եւ թէ Նկարչական մրցման լաւագոյնները եւ անոնց բաժնուեցան արժէքաւոր պարգեւներ՝ Ժիւրիի անդամներու ձեռամբ:

Ըստ «Գնահատիչ Յանձնախումբ»ի որոշման, «Արտասանական մրցման»  բացառիկ նուէր մը տրուեցաւ Ռիթա Գասպարեանին՝ իր գեղեցիկ ասմունքին եւ դերասանական շնորհքին համար: Իսկ Ե. կարգի Առաջին պարգեւի արժանացան՝ Հրակ Լախեան(Ճեմարան.) եւ Համբիկ Մարտիրոսեան ( Հ.Բ.Ը.Մ. Նազարեան վրժ.), Երկրորդ հանդիսացան՝ Սեւան Հայրապետեան (Ազգ. Աբգարեան վրժ.), եւ Ժոէլ Տէմիրճեան (Հռիփսիմեանց վրժ.): Երրորդ հանդիսացան՝ Սերլի Մանուկեան(Թորոսեան վրժ.) եւ Արամ Հանտեան (Ճեմարան): Իսկ Խրախուսանքի մրցանակին  արժանացան Հերմինէ Աբրահամեան (Աբգարեան վրժ.) եւ Էլվիրա Զէյթունցեան (Հայ Աւետարանական Քոլէճ):

Զ.կարգի Առաջին հանդիսացան՝ Սարին Զարմէնեան(Ճեմարան) եւ Սելինա Աբիկեան (Հռիփսիմեանց): Երկրորդ հանդիսացան՝ Պետրոս Աթիքեան (Ազգ. Ռուբինեան վրժ.) եւ Գառնի Քէօշկէրեան (Հայ Աւետրն Քոլէճ.): Երրորդ հանդիսացան՝ Բալիկ Թէքէլեան (Ազգ. Աբգարեան վրժ.)  եւ Նաթալի Մարգարեան (Ազգ. Աքսոր  Գասարճեան Վրժ.): Իսկ Խրախուսանքի մրցանակը ստացան ՝ Կարօ Կիրիթլեան ( Հ.Բ.Ը.Մ. Կարմիրեան վրժ.) եւ Սիլվիա Տէմիրճեան (Ճեմարան):

Գալով «Նկարչական մրցման», Ե.կարգի Առաջին հանդիսացաւ Աբիկ Արփաճեան (Հ.եւ Մ. Արսլանեան Ճեմարան), Երկրորդ հանդիսացաւ՝  Փաթիլ Զարմէնեան  (Ճեմարան),  Երրորդ հանդիսացաւ Զեփիւռ Գէորգեան (Շամլեան-Թաթիկեան), իսկ Խրախուսանքի մրցանակի արժանացաւ Սէրլի Եթիմեան (Հայ Աւետ. Կեդր. Բարձր. վարժ.):

Նկարչական Մրցման Զ.կարգի Առաջին հանդիսացաւԼոռի Պէրպէրեան ( Ճեմարան), Երկրորդ հանդիսացաւ Եարա Եունէս(Հայ Աւտր. Քոլէճ), Երրորդ հանդիսացաւ Յակոբ Ջուլֆայեան(Հ.Բ.Ը.Մ. Կարմիրեան վրժ.): Իսկ խրախուսանքի մրցանակը ստացաւ Յարութ Ղազարեան  ( Ճեմարան):

Եզրակացնելով պիտի ըսենք, որ «Խօսնակ» պաշտօնաթերթի խմբագրութիւնը, գնահատելով մասնակցող բոլոր աշակերտները, իւրաքանչիւրին տրամադրեց արժէքաւոր յիշատակի նուէր ու գիրք: Սպասուած հայաբոյր հանդիպումը վերջացաւ խանդավառ տրամադրութեան մէջ, որ վստահաբար իր լաւ տպաւորութիւնը  պիտի ձգէ նորահաս սերունդի մօտ, եւ անոնք ապահովաբար աւելի ու աւելի պիտի սիրեն Մեծն Մաշտոցը, հայերէն լեզուն ու կիրքով փարին մեր ոսկեղնիկին եւ պաշտպանեն զայն ի գին ամէն զոհողութեան:

                                                                                                                       «ԽՕՍՆԱԿ» ԼՐԱՏՈՒ

low 2

Հայ Ուսանողները Փեքինի Մէջ Ներկայացուցած են Իրենց Հայրենիքը

0

Մայիս 9-ին հայ ուսանողները մասնակցեցան Փեքինի լեզուի եւ մշակոյթի համալսարանի կազմակերպած 12-րդ մշակութային փառատօնին: Մեր ուսանողները ձեռնարկին ընթացքին  ներկայացուցին  Հայաստանի վերաբերեալ հետաքրքիր պատմութիւններ: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն Չինաստանի հայ համայնքէն:

Հայկական տաղաւարը մեծ հետաքրքրութիւն յառաջացուցած էր չինացի եւ արտասահմանցի ուսանողներուն մօտ: Ճաշակելով հայ ուսանողներու պատրաստած համեղ ուտեստները` անոնք կը ծանօթանային  հայկական աւանդական խոհանոցին, արուեստին ու մշակոյթին:

Հայ ուսանողները եւս մէկ անգամ յաջողեցան Հայաստան ներկայացնել վառ գոյներով, որուն լաւագոյն ապացոյցն էր բազմաթիւ հիւրերու ներկայութիւնը տաղաւարին մէջ եւ  հետաքրքրուածութիւնը Հայաստանով:

Պէյրութի Մեսրոպեանը Նուաճեց Լիբանանի Դպրոցներու Ճատրակի Ախոյեանութեան Պրոնզէ Բաժակը

0

Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի ճատրակի հաւաքականը պատուաբեր էջ մը եւս աւելցուց վարժարանի մարզական նուաճումներու մատեանին մէջ, երբ Կիակի, 3 Մայիս 2015-ին երրորդ հանդիսացաւ Լիբանանի դպրոցներու ճատրակի ախոյեանութեան մրցումներուն: Մրցումները կազմակերպուած էին Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին կողմէ. կը մասնակցէին լիբանանեան 26 վարժարաններու հաւաքականները:

Մեր վարժարանի աշակերտական խումբին անդամները՝ Նանօր Առնէլեան, Կի Գալուստ, Ճիօ Գալուստ, Ժանտարք Տաւուլպէօքեան, Յակոբ Թերզեան եւ Կարօ Գալֆայեան ցուցաբերեցին վարպետ եւ հնարամիտ խաղ: Անոնց յաջողութեան մէջ մեծ էր դերը ճատրակի ուսուցիչ պրն. Էլի Հուլիշեանին, որ տարիներէ ի վեր կը հետեւի պատանի խաղցողներու պատրաստութեան եւ յառաջդիմութեան:

Այս առիթով, Մեսրոպեանի տնօրէնութիւնը շնորհաւորեց պրոնզէ բաժակակիր աշակերտներն ու անոնց ծնողները, գնահատեց ինչպէս վերջիններուն, նոյնպէս եւ պատասխանատու ուսուցիչին ջանքերը՝ պատանիներու մտաւոր ընդունակութիւնները զարգացնող այս մարզաձեւին շնորհուած ուշադրութեան համար:

 ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ

photo 2 (2)photo 3 (2)

Պէյրութի Վահան Թէքէեան Միջնակարգ Վարժարանի 2014 -2015 Տարեշրջանի Ատենամարզանքներու Եզրափակիչ Փուլը

0

Նկատի ունենալով որ իւրաքանչիւր աշակերտի բնածին կարողութիւնները առաջնորդելը մեր մեծագոյն նպատակն է, վարժարանիս ուսուցչակազմին, ի մասնաւորի գծագրութեան եւ ձեռային աշխատանքի ուսուցչուհիներուն առաջնորդութեամբ, Երկուշաբթի 18 Մայիսին, վարժարանիս  Յակոբ  Պարսամեան   սրահը համախմբուած էինք, միասնաբար ըմբոշխնելու Մանկապարտէզէն մինչեւ Միջն. Գ. դասարաններու աշակերտներուն ստեղծագործութիւնները: Տիկ. Ռիթա Թամուկեան փոխանցեց վարժարանիս տնօրէնուհի՝ Տիկ. Կալինա Նաճարեանի խօսքը, անդրադառնալով թէ չորրորդ տարին ըլլալով կը ներկայանանք նման ցուցահանդէսով մը, սակայն այս տարի տարբեր եռանգով, որովհետեւ կը զուգադիպի Հայոց Ցեղասպանութեան 100 Ամեակին: Հետեւաբար, յատուկ անկիւն մը տրամադրուած էր սոյն նպատակին համար: Իր խօսքին մէջ տնօրէնուհին անդրադարձած էր, թէ գծագրութեան ու ձեռային աշխատանքի հետեւող աշակերտներուն մօտ դաս սորվելու կարողութիւնը աւելի զօրաւոր կը դառնայ: Վերջապէս ան շնորհակալութիւն յայտնած էր բոլոր ուսուցիչներուն:

         Իսկ Ուրբաթ 22 Մայիսին, աշակերտները խանդավառ եկած էին դպրոց, որովհետեւ  միայն երեք դասապահ ունենալէ ետք պիտի բարձրանային սրահ ըմբոշխնելու համար «Samaritan’s Purse»ի կողմէ ներկայացուելիք կրօնաբարոյական զուարճալի թատերգութիւնը: ներկայացումին աւարտին աշակերտ ստացաւ տուփ մը լեցուն նուէրներով: Սոյն առիթը ընծայուած էր մեզի նախաձեռնութեամբ հոգաբարձութեան նախկին անդամ՝ Ընկ. Վահէ Արթինեանի: Ապա,  աշակերտները իջան բակ, ուր տեղի ունեցաւ մարմնամարզական խաղեր: Թէքէեան խումբը խլեց խաղերուն առաջնութիւնը, իսկ «Basket Ball Match»ը վերջ գտաւ Վահան խումբի յաղթանակով: Իւրաքանչիւր յաղթանակ արձանագրող աշակերտ ստացաւ նուէր մը:

         2014 – 2015 տարեշրջանի ատենամարզանքի պահերը  իրենց աւարտին հասան «Վերջին  Զանգ»ով, որ Հայաստանի մէջ ծնունդ առած սովորութիւն մըն է: Յայտագիրը սկսաւ Միջն. Գ. դասարանի աշակերտներուն սրտայոյզ  խօսքերով, որմէ ետք Ծաղիկ դասարանի աշակերտները ներկայացան «Մնաք Բարով Իմ Դպրոց» արտասանութեամբ եւ «Վերջին Զանգ» երգով: Ապա Նախ. Զ. եւ Միջն. Ա.,Բ. եւ Գ. դասարաններու աշակերտները ներկայացան «Վերջին Զանգ» գեղեցիկ պարով,պարուսոյց Տիկ. Արազ Ագըլեանի առաջնորդութեամբ: Բեմահարթակ բարձրանալով  Ծաղիկ դասարանի աշակերտները Միջն. Գ. դասարանի աշակերտներուն նուիրեցին մէկական ձեռային անմոռուկ եւ զանգակ, փոխարէնը ստանալով մէկական կարմիր ծաղիկ: Վերջապէս Միջն. Գ. դասարանի աշակերտները ջահը փոխանցեցին Միջն. Բ. դասարանին, որմէ ետք յաջորդեց կարկանդակի հատումը:

       Վերջապէս տնօրէնուհին ի սրտի խօսքին մէջ անդրադարձաւ, որ մեր աշակերտները հրաժեշտ տալով իրենց վարժարանին պիտի անցնին կեանքի նոր հանգրուան, յուսալով որ բարձր պահեն վարժարանիս անունը: Իսկ որպէս ժառանգորդները Հայոց Ցեղասպանութեան 100 Ամեակի, տէր ու պաշտպան կանգնին մեր նուիրական սրբութիւններուն: Ան իր խօսքը եզրափակեց մաղթելով աշակերտներուն, թէ ինչ որ ստացան Թէքէեանի կրթական ու հայեցի դաստիարակութենէն աւելիով վերադարձնեն մարդկութեան ու հայ ազգին:

          Բեղուն տարեշրջան մը եւս բոլորեցինք: Նորանոր նուաճումներ աձանագրելու վճռակամութեամբ պիտի շարունակենք մեր գոյերթը:

IMGP1198

IMGP1275

IMGP1329

Հաճելի Հանդիպումի Մը Առիթով

0

*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*

Sevag Hagopian

Խմբագրատանս մէջ երեկոյեան աշխատանքի պահուն մեր գրասենեակին դուռը զարնելով ներս մտաւ ժպտադէմ անձ մը: Ան շատ զգացական մօտեցումով մը սկսաւ արտայայտուիլ «Զարթօնք»ի հետ իր ունեցած կապին մասին:

Սուրճի շուրջ մեր մտերմիկ հանդիպման ընթացքին ի յայտ եկաւ, որ մեր հիւրը` Թալալ Խրէյս պատանի տարիքին «Զար թօնք»ի աշխատակից եղած է, որպէս գրասենեակային աշխա – տող «Զարթօնք»ին վերաբերող քլիշէներ փոխադրելով ատենի հանրածանօթ տպարան Աթլաս:

Թալալ երախտագիտութեամբ խօսեցաւ «Զարթօնք»ի եւ Թէքէեան Մշակութային Միութեան մասին, որոնց բաւական ծանօթ էր ու հոգեհարազատ կը զգար: Ան յուզումնախառն արտայայտութեամբ պատմեց իր կեանքին վերաբերող հետեւեալ դրուաքը.

Օր մը «Զարթօնք»ի ատենի օգնական խմբագիր եւ Թալալի աշխատանքին անմիջական վերահասու ընկեր Նազարէթ Թօ փալեան իր գրասենեակը կը կանչէ զինք պատուիրելով, որ յաջորդ օր Թալալ իր հօր ընկերակցութեամբ գայ գործի: Պատանի Թալալ կը մտահոգուի, թէ արդեօք ինք սխա՞լ մը գործած է, որ պատասխանատուն իր հայրը կ՛ուզէ տեսնել: Յաջորդ օր ութ զաւակներու հայր իր հրշէջ հօր հետ Թալալ կը ներկայանայ խմբագրատուն: Ընկեր Թօփալեան սիրալիր կ՛ընդունի իր հիւրը անոր ազնուօրէն տեղեկացնելով, թէ ինք շատ գոհ է Թալալի աշխատանքէն եւ բնաւ չ՛ուզեր նման աշխատասէր պաշտօնեայ մը կորսնցնել սակայն սրտին մէջ ցաւ մը ունի, որն է` թէ Թալալ դպրոցական յարկի տակ չէ եւ ինք վստահ է, թէ եթէ Թալալ վերադառնայ ուսումնառութեան, լաւ ապագայ մը կրնայ խոստանալ: Այս ըսելով գրպանէն կոկիկ գումար մը հանելով կը յանձնէ Թալալի հօր ըսելով, թէ ինք նոյն օրերուն Լի բա նանի Ազգային Վիճակահանութենէն 100,000 լ.ո. շահած է եւ այդ գումա րէն մաս մը կ՛ուզէ յատկացնել Թալալի դպրոց վերադարձին…:

Թալալի հօրենական ընտանիքի անդամները Թալալի Մանկութեան
Թալալի հօրենական ընտանիքի անդամները Թալալի Մանկութեան
Պատանի Թալալը
Պատանի Թալալը

Թալալ կը վերադառնայ դպրոց եւ զայն կ՛աւարտէ փայլուն արդիւնք ներով: Իր արդիւնքները կ՛օգնեն զինք անցնելու Եւրոպա, ուր կը շարունակէ իր բարձրագոյն ուսումը: Ան այսօր յաջող թղթակիցն է շատ մը միջազ գա յին գործակալութիւն ներու որոնց շարքին իտալական «Ռայ»ին ինչպէս նաեւ «Արմէնփրես»ի:

Էօճալանի Հետ
Էօճալանի Հետ

Թալալ իր յուշերով ետ երթալով պատմեց, թէ 70 ական թուականներու Եւրոպայի մէջ իր ու սա նողութեան շրջա նին, օր մը նամակա տունէն կը ստանայ ծրար մը, որուն մէջ կը գտնէ «Զարթօնք»ի օրինակ մը, որուն մէջ ըն կեր Նազարէթ Թօփալեան գրութիւն մը ունէր իր մասին եւ ձեւը գը տած էր իրեն հասցընելու թերթէն օրինակ մը…:

Թալալ կը թղթակցի Սուրիոյ Պատերազմին
Թալալ կը թղթակցի Սուրիոյ Պատերազմին

Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ընթաքին Թալալ եկած է Պէյրութ եւ ուզած է այցելել «Զարթօնք» սակայն Թէքէեան Կեդրոնի աշխարհագրական դիրքը (արեւելեան Պէյրութ) եւ իր համայնքային պատկանելիութիւնը արգելք հան դի սա ցած են: Իսկ յետ պատերազմեան օրերուն իր կեանքի արագ ընթացքը առիթը չէր ընծայած իրեն կատարելու այս այցելութիւնը: Թալալէն իմացանք, որ ինք գործի բերմամբ եւ հոգե կան պատկանելիութեամբ բազմիցս գտնուած է Հայաստան: Ան ամենաջերմ բառերով արտայայտուեցաւ Հայաստանի եւ Հայ ժողովուրդին նկատմամբ:

Թալալ հազիւ ձգած էր մեր խմբագրատունը երբ իրմէ ստացանք հետեւեալ զգացական ե-նամակը, որ նաեւ մուտքագրուած էր իր Facebook-ի էջին վրայ.

le sens du mot Zartonk dans ma vie

Aujourd’hui, le 22 Mai, je me suis rendu au siège du quotidien armenien Zartotk(le Réveil) après longtemps. Je fus forcé de quitter le Liban, il y avait des raisons personnelles, mais je ne l’ai pas oublié, je n’ai pas oublié la communauté arménienne, le peuple arménien et sa cause. Je suis entré chez le chef en rédaction Sevak Agobyan, sans rendez-vous. Avant de présenter des excuses parce que je ne demandais pas le rendez vous , Sevak le directeur m’a dit: vous êtes chez vous .

J’étais très émotionné, je dis que quand j’étais un gamin j’ai travaillé dans votre journal, et j’ai vécu parmi les arméniens de l’Association Vahan Tekeyan. Il est très difficile raconter toute mon histoire. 

Mais je peux seulement dire que grâce aux amis Arméniens et en particulier a l’ex chef en rédaction j’ai continu mes études et je suis devenu un patriotique.
Malgré mon absence j’ai suivi les nouvelles du quotidien « Zartonk », organe du Parti Ramgavar du Liban. Le quotidien fondé il y a 76 ans , une institution avec des très célèbres signatures qui ont au fil des ans contribué à la vie communautaire des Arméniens du Liban et de la diaspora. 

Aucun lieu dans le monde me signifie comme l’Arménie. Je cherche toujours la justice pour ce Pays. 

Quand j’ai travaillé au quotidien j’ai appris une terminologie pour décrire la plus grande tragédie du peuple Arménien de son histoire : le terme Tséghasbanoutioun(Génocide). Une terme a été incorporé dans le quotidien Zartonk (Réveil), répété toujours pour ne pas oublier le Génocide. Zartonk a employé le terme Tséghasbanoutioun dans son éditorial du 24 avril en 1954 et il a continué à l’utiliser les années suivantes «La patrie des Arméniens a été dépeuplée par suite de l’horrible crime de Génocide perpétré le 24 avril 2015» (Zartonk 1954)..

Թարգմանաբար`

 «Զարթօնք»ի նշանակութիւնը կեանքիս մէջ

 Այսօր, Մայիս 22-ին, երկար բացակայութենէ ետք արագ այցելութիւն մը տուի «Զարթօնք»ի (Վերածնունդ) խմբագրատուն: Հակառակ Լիբանանէն իմ երկարամեայ բացակայութեան ես բնաւ չմոռցայ «Զարթօնք»ը, Լիբանանահայ հա – մայնքն ու Հայ ժողովուրդի Դատը: Այցելութիւնս եղաւ աeանց ժամադրութեան սակայն խմբագիրը` Սեւակ ինծի ըսաւ, որ դուն քու տանդ մէջ կը գտնուիս:

Զգացուած էի, եւ ըսի թէ մանկութեանս ես աշխատած եմ այս թերթին մէջ եւ ապրած եմ Հայկական Թէքէեան Մշակութային Միութեան շրջանակին մէջ եւ պատմութիւնս երկար է սակայն ես կրնամ ըսել, որ շնորհիւ հայ ընկերներու եւ «Զարթօնք»ի նախկին խմբագիրին ես շարունակեցի ուսումս ու դարձայ Հայ ժողովուրդի բարեկամ:

Հակառակ իմ բացակայութեան ես հետեւած եմ Լիբանանի Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան օրկան «Զարթօնք»ին, որ հիմնադրուած է 76 տարիներ առաջ եւ իր հարուստ ստորագրութիւններ կրող յօդուածներով երկար տարիներ նպաստած է համայնքային կեանքին թէ՛ Լիբանանի եւ թէ Սփիւռքի մէջ: Աշ խարհի մէջ ոչ մէկ երկիր նոյն նշանակութիւնը ունի ինծի համար ինչպիսին ունի Հայաստանը, որուն համար արդարութիւն կը մաղթեմ: «Զարթօնք»ի մէջ իմ աշխատած օրերուս ես սորվեցայ հայոց մեծ ողբերգութիւնը բնութագրող բաe մը` Ցեղասպանութիւն, որ առօրեայ դրութեամբ կը կրկնուէր «Զարթօնք»ի էջերուն մէջ, որպէսզի մոռացութեան չմատնուի պատահածը: «Զարթօնք» այս բառը օգտագործած էր 24 Ապրիլ 1954-ի իր խմբագրականին մէջ եւ անոր յաջորդող տարիներուն: «Հայոց հայրենիքը դատարկուեցաւ իր ժողովուրդէն որպէս հետեւանք սարսափելի ոճրագործութեան` Ցեղասպանութեան, որ կատարուեցաւ 24 Ապրիլ 2015-ին»: («Զարթօնք 1954)…

Թալալի այցելութիւնը առիթ մըն էր մեզի աւելի եւս հաստատելու, որ մեր երէց սերունդէն ընկեր Նազարէթ Թօփալեան պատկանած է Անդրանիկ Ծառուկեանի «Մեծերը եւ Միւսները» մարդոց բաժանումին «Մեծեր»ու փաղանգին: Թալալ Խրէյս իր անզուգական երախտագիտութեամբ նոյնպէս կը պատկանի «Մեծեր»ու այդ փաղանգին մինչ մենք կ՛ապրինք օրեր, ուր դժբախտաբար որքան նուազած են «Մեծերը» ու շատցած «միւսները»…: