Երեքշաբթի, 24. 06. 2025

Նունէ Եսայեան Ելոյթ Ունեցաւ Նիկոսիոյ Մէջ

0

Հայրենի վաստակաւոր ու սիրուած երգչուհի Նունէ Եսայեան Ուրբաթ իրիկուն հմայեց Կիպրոսի հայ համայնքը իր «Կանք, պիտի լինենք եւ դեռ շատանանք»հայրենասիրական համերգով: Այս մասին յայտնած է artsakank.com:

Հանդիսութիւնը կազմակերպուած էր Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի Ոգեկոչման Կիպրոսի Յանձնախումբին եւ հովանաւորուած՝ ՀՀ Սփիւրքի նախարարութեան կողմէ, «Հրայր Յովնանեան» եւ «Փիւնիկ» Հիմնադրամներուն աջակցութեամբ:

Երեկոն բացուեցաւ Նիկոսիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցիի կրտսեր երգչախումբի երգերով, որմէ ետք Նունէ Եսայեան ամբողջ մէկուկէս ժամ բարձր խանդավառութեան մէջ պահեց հանդիսատեսները իր հայկական ընտրեալ երգացանկով: Սկսելով Կոմիտասով ու Սայաթ Նովայով, ան անցաւ ժողովրդական, ֆէտայական ու հայրենասիրական սիրուած ու պաշտուած երգերուն, վերջացնելով Հայաստանին ու հայոց բանակին նուիրուած երգերով, բուռն ծափահարութիւններ ու հիացմունքի արտայայտութիւններ խլելով ներկաներէն:

Ուրբաթ, 12 Յունիսի երեկոյեան կիպրահայութիւնը ապրեցաւ անմոռանալիայն քաղցր պահերէն մին, երբ եղբայրացած ու միակամ, ան զգաց հայրենի աշխարհի կարօտն ու ջերմութիւնը, շնորհիւ Նունէի հոյակապ այս համերգին:

Յաջորդ առաւօտ Նունէ Եսայեան եւ իր գործակիցները մեկնեցան Աթէնք, շարունակելու իրենց համերգային շրջագայութիւնը, որ 100-ամեակի միջոցառումներու ծիրէն ներս Սփիւռքի նախարարութեան գովելի ու գնահատելի նախաձեռնութիւններէն մէկն է:

Untitled23Untitled22

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ Տարելիցին Նուիրուած Խաչքարի Բացում Մարսէյլի Մէջ

0

Յունիս 13-ին Մարսէլի 4-րդ եւ 5-րդ շրջաններու ղեկավարութեան եւ Մարսէյլի հայ համայնքի միասնական ջանքերով, ինչպէս նաեւ Մարսէյլի մէջ ՀՀ գլխաւոր հիւպատոսութեան աջակցութեամբ «Սիթի-Պրահիմ» պուրակին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող խաչքարի բացման արարողութիւն, որուն յաջորդեց օրհնութեան ու օծման կարգ` Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ քահանաներու ձեռամբ: Այս մասին կը յայտնեն ԱԳՆ մամլոյ ծառայութենէն:

Ձեռնարկին ներկայ էին 4-րդ եւ 5-րդ շրջաններու ծերակուտական-քաղաքապետ Պրունօ Ժիլը, Մարսէյլի մէջ ՀՀ հիւպատոս Սամուէլ Լալայեանը, փոխքաղաքապետներ, տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ներկայացուցիչներ, ֆրանսական եւ հայկական կազմակերպութիւններու նախագահներ, լրագրողներ, հայ համայնքի բազմաթիւ ներկայացուցիչներ:

Մարսէյլի 4-րդ եւ 5-րդ շրջաններու հայ փոխքաղաքապետ Արթուր Օհաննիսեան իր խօսքին մէջ բացատրեց խաչքարի խորհուրդը հայ ժողովուրդի պատմութեան, մշակոյթի եւ հոգեւոր կեանքին մէջ` միաժամանակ նշելով, որ խաչքարը նուիրուած է ոչ միայն Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն, այլեւ արեւելեան քրիստոնեայ այլ փոքրամասնութիւններուն, որոնք սարսափելի փորձութիւններու միջէն  անցած են:

Մարսէյլի 4-րդ եւ 5-րդ շրջաններու ծերակուտական-քաղաքապետ Պրունօ Ժիլ իր խօսքին մէջ նշեց, որ խաչքարի կանգնեցման նպատակը Հայոց ցեղասպանութեան անմեղ զոհերու յիշատակը վառ պահելն ու գալիք սերունդներուն իրազեկելն է 1915-ի հայերու հանդէպ տեղի ունեցած ցեղասպանութեան մասին` յիշատակելով, որ 100 տարի առաջ հայ ժողովուրդին նկատմամբ տեղի  ունեցած է ցեղասպանութիւն պարզապէս այն պատճառով, որ հայ էին եւ քրիստանեայ: Ան նշեց նաեւ, որ որեւէ խաչքարի, յուշարձանի եւ, ընդհանրապէս, պատմութեան էջերը յիշատակող եւ լուսաբանող կառոյցներու առկայութիւնը ապագայ սերունդներուն դաստիարակելու եւ ոգեկոչելու ամենագլխաւոր միջոցներէն մէկն է:

Մարսէյլի մէջ ՀՀ հիւպատոս Սամուէլ Լալայեան իր ելոյթին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց քաղաքապետին խաչքարի տեղադրման առիթով` կարեւոր համարելով վերջինիս հետեւողական գործունէութիւնը Ցեղասպանութեան ժխտման դէմ պայքարին: Այնուհետեւ ան անդրադարձաւ հայ-ֆրանսական բարեկամական յարաբերութիւններուն եւ հայ համայնքի ու տեղական իշխանութիւններու արդիւնաւէտ ու լայնածաւալ աշխատանքներուն` Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած բազմաթիւ ձեռնարներու իրականացման ծիրէն ներս:

Ձեռնարկի  աւարտին «Սահակ Մեսրոպ» երգչախումբի կատարմամբ հնչեցին Ֆրանսայի եւ Հայաստանի պետական օրհներգները, որուն յաջորդեց ծաղկեպսակներու զետեղման արարողութիւնը:

Հալէպի Մէջ Հայ Նահատակներու Յիշատակին Ծառատունկ Տեղի Ունեցած Է

0

Հալէպի քրիստոնէական թաղամասին մէջ Յունիս 12-­ին տեղի ունեցած է ծառատունկ. տնկուած են 30 ծառեր, որոնցմէ 10-­ը հայ, 10-­ը այլազգի քրիստոնեայ եւ 10-­ը իսլամ նահատակներու անունով: Այս մասին «Արմէնփրես»­ի հետ զրոյցի ընթացքին յայտնած է Բերիոյ թեմի ազգային առաջնորդարանի խօսնակ Ժիրայր Ռէյիսեանը` աւելցնելով, որ ծառատունկին ներկայ եղած են Հալէպի նահանգապետը, տարբեր կուսակցութիւններու եւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներ, Սուրիոյ բնապահպանութեան հայազգի նախարար Նազիրա Սարգիսը:

«Մեծ պաստառի վրայ փակցուած են նահատակներուն լուսանկարները եւ 30 թիւը, ծաղիկներ դրուած են նահատակներուն յիշատակին, որմէ ետք տեղի ունեցած է ծառերու տնկման արարողութիւնը»,-­ նշած է Ռէյիսեան` աւելցնելով, որ նախաձեռնութեան ընթացքին ուժեղացած է շրջանի հսկողութիւնը` խուսափելու համար հնարաւոր միջադէպերէ:

Ռէյիսեանի խօսքով, բարեբախտաբար, ձեռնարկը լաւ ընթացած է, առանց միջադէպերու:

Տեղական լրատուամիջոցները լուսաբանած են զայն: Այն հարցումին, թէ ինչո՛ւ որոշուած է 30 ծառ տնկել, որմէ 10-­ը հայ նահատակներուն անունով, Ռէյիսեան տեղեկացուցած, որ թիւին մէջ մասնաւոր իմաստ չկայ, պարզապէս նախապէս որոշուած է տնկել 30 ծառ:

Նախապէս ան տեղեկացուցած էր, որ ծառատունկը տեղի պիտի ունենայ Սուրիոյ բնապահպանութեան նախարարութեան հովանաւորութեամբ:

Ոչ Թէ 1000 Տոլար, Այլ 16,000 Եւրօ

0

Արձագանգելով ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի` սփիւռքահայերուն ուղղուած կոչին` 1000-ական տոլար ներդնել հայկական դրամատուներու մէջ եւ այդպիսով նպաստելով Հայաստանի տնտեսութեան զարգացման եւ միաժամանակ շահոյթ ունենալ, ֆրանսահայ Ժիլպերթ Տէրտէրեանը ցանկութիւն յայտնած է, ոչ թէ 1000 տոլար, այլ 16.000 եւրոյի աւանդային ներդրում կատարել հայկական դրամատուներէն մէկուն մէջ: Այս մասին պարոն Տէրտէրեան յայտնած է ՀՀ սփիւռքի նախարարին ուղղուած նամակի մէջ, ուր մասնաւորապէս ըսած է.

Յարգելի՛ տիկին Յակոբեան,

Տեղեկացայ Ձեր մտայղացման մասին, այն է՝ հայաստանեան դրամատնային համակարգին եւ ՀՀ տնտեսութեան խթանելու եւ աջակցելու նպատակով սփիւքահայերու համաձայնութեամբ դրամատուներու մէջ աւանդներու ներդրումը:

Տարիներ շարունակ Հայաստանի դրամատնային համակարգը բաւական բարելաւուած է եւ համախմբուած Կեդրոնական դրամատան շուրջը՝ համապատասխանելով միջազգային մասնագիտացուած դրամատնային չափորոշիչներուն:

Չցանկալով մանրամասնել այս հարցին առնչուող մակրոտնտեսական մոտեցումները՝ ես՝ իբրեւ հայաստանեան դրամատուներէն մէկուն անհատ-յաճախորդ, կը հաւաստիացնեմ իմ գոհունակութիւնս թէ´ ծառայութեան որակի, թէ´ ընդունելութեան, թէ´ հաշուի սպասարման որակի եւ թէ´ ներդրած գումարի շահութաբերութեան առումներով:

Կարծեմ այս գերազանց նախաձեռնութիւնը, սփիւռքի մեր հայրենակիցներու կամքի եւ աջակցութեան պարագային, կը հանդիսանայ իբրեւ երկարատեւ խթանիչ միջոց Հայաստանի Հանրապետութեան տնտեսութեան զարցման գործին մէջ:

Յարգանքով եւ երախտիքով՝

Ժիլպերթ Տէրտէրեան

Փորձագէտներու միջազգային ընկերակցութեան պատուաւոր փորձագէտ

Սիանս-Պո էքս ինստիտուտի կրթութեան հարցերով պատասխանատու.

Հայկական Ընկերութեան «Shadomatic» Խաղը Արժանացած Է «Apple Design» Մրցանակին

0

Յունիս 8-ին կայացած է ամերիկեան հեղինակաւոր «Apple» ընկերութեան «Apple Design» մրցանակաբաշխութիւնը, ուր պարգեւատրուած են «iOS» համակարգին համար ստեղծուած լաւագոյն յաւելուածներու հեղինակները։

Techcrunch.com կայքը կը տեղեկացնէ, թէ մրցանակի արժանացած է նաեւ հայկական «Տրիադա Ստուդիօ» («Triada Studio») ընկերութիւնը, իր «Shadowmatic» խաղին համար:

Խաղը առաջին իսկ օրերէն յայտնուած էր լաւագոյնը նկատուող «Featured» բաժինին մէջ, ստանալով «Editor’s Choice» (համադրողի ընտրութիւն) կարգավիճակ:

«Shadowmatic» խաղը ստեղծած են Բագրատ Դաբաղեան, Արսէն Աւոյեան, Սերգէյ Մելքոնեան եւ Արա Աղամեան, իսկ «Triada Studio»ն հիմնադրուած է 1993-ին։ Խաղը կարելի է գնել «Apple App Store»էն։

Հայկական Վիլայեթներու Տարազներու Նորովի Մեկնաբանութիւնները

0

Մշակութային կրթութեան հիմնադրամի նախաձեռնութեամբ` Յունիս 4-ին, ժամը 13:00-ին, Յովհաննէս Թումանեանի տուն-թանգարանին մէջ բացուեցաւ ՀՀ մարզերու եւ Երեւանի մէջ գործող արուեստի եւ գեղարուեստի դպրոցներու սաներու 2014-2015 թուականներու աշխատանքներու հաշուետու ցուցահանդէսը։ Այս մասին կը յայտնէ News.am-ը:

Իւրաքանչիւր դպրոց ցուցադրութեան ներկայացաւ 3-4 գեղանկարչական աշխատանքով:

Մշակոյթի նախարարութեան տեղեկութիւններով՝ ներկայացուեցան նաեւ դպրոցներու կիրառական արուեստի բաժինի սաներու` «Արեւմտեան Հայաստանի կորուսեալ վիլայեթներու տարազներու նորովի մեկնաբանում» ծրագիրի աշխատանքները` նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին:

Պատանի ստեղծագործողները նախաձեռնութեան շնորհիւ մանրամասն ուսումնասիրած են Արեւմտեան Հայաստանի շրջաններու մշակոյթը, կենցաղին բնորոշ յատկանիշները` զարգացնելով երեւակայութիւնը, ցուցաբերելով գեղարուեստական մտքի թռիչք:

Ներկայացուեցաւ Արամ Նիքոլեանի «Ուրֆա. Վերածնուած Արժէքներ» Նոր Հաւաքածոն

0

Յունիս 4-ին, Պատմութեան թանգարանի նախասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Արամ Նիքոլեանի «Ուրֆա. վերածնուած արժէքներ» հաւաքածոյի ցուցադրութիւնը, այս մասին կը գրէ News.am-ը:

Ցուցադրութիւնը սկսաւ Տէրեան մշակութային կեդրոնի վերականգնած տարազներու իւրօրինակ ներկայացմամբ, որմէ անմիջապէս ետք յաջորդեց ձեւաւորողի նոր հաւաքածոն:

Հաւաքածոյի հիմքին մէջ հայկական տարազներն են, անոնց խորհրդանիշները, Ուրֆայի ոսկեթել եւ արծաթաթել ասեղնագործութիւնները:

Շքեղ զարդաձեւերով, միջնադարեան նկարչութեան շունչով յագեցած Ուրֆայի ասեղնագործութիւններով այս հաւաքածոյի նպատակը աստիճանաբար մոռացութեան մատնուած ազգային հագուստի տարրերը կրելի դարձնել ոչ միայն բեմի վրայ, այլեւ առօրեայ կեանքին մէջ:

Հաւաքածոն կը ներառէ բեմական, առօրեայ, երեկոյեան զգեստներ` տարազային ձեւուածքով, թեթեւ գունային յիշողութեամբ եւ Ուրֆայի «մոռցուած» ասեղնագործութեամբ:

Սուրիահայ Ձեւաւորողը Ցուցադրեց Ազգային Տարազի Բաղադրիչներով «Վերածնունդ» Հաւաքածոն

0

Սուրիահայ ձեւաւորող-­մոտելաւորող Գէորգ Շատոյեան Հայոց ցեղասպանութեան 100-­րդ տարելիցի ձեռնարկներու ծիրէն ներս ներկայացուց «Shadoyan Fashion» նորաձեւութեան տան «Վերածնունդ» հաւաքածոն: ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան հովանաւորութեամբ կազմակերպուած ցուցադրութիւնը տեղի ունեցաւ «Մերիտիան Էքսփօ» կեդրոնին մէջ, Յունիս 12-­ին:

Ինչպէս կը տեղեկացնէ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մամուլի եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութիւնը, ցուցադրութեան ներկայ եղան ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանը, ոլորտի մասնագէտներ, հիւրեր: Ներկայացուեցան 23 կանացի, 7 տղամարդու եւ 8 մանկական համալիր հագուստներ, որոնք բացառապէս ստեղծուած էին հայկական ազգային տարազներու բաղադրիչներէ:

ՌԱԿ-ի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Լիբանանեան Ուժերու Նախագահ Սամիր Ժաաժային

0

Երեքշաբթի 16 Յունիս 2015ի  յետ միջօրէի ժամը 4:00ին, ՌԱԿի պատուիրակութիւնը գլխաւորութեամբ Ընկ. Միքայէլ Վայէճեանին այցելեց  Լիբանանեան Ուժերու կեդրոնատեղի՝ Մաարապ, տեսակցութիւն ունենալու անոր նախագահ’՝ տոքթ. Սամիր Ժաաժային հետ: Պատուիրակութեան մաս կազմեց նաեւ ՌԱԿի պետական նախկին երեսփոխան Ընկ. Յակոբ Գասարճեան:

Pic 3

Շուրջ մէկ ժամ տեւած մտերմիկ հանդիպումին ընթացքին, որուն ներկայ եղաւ նաեւ Լիբանանեան Ուժերու Պէյրութի համակարգող Պրն. Իմատ Ուաքիմ, կողմերը արծարծեցին Լիբանանը եւ շրջանը յուզող հարցեր, ի մասնաւորի Լիբանանի նախագահական ընտրութիւնները, ինչպէս նաեւ ընտրական օրէնքի շուտափոյթ լոյս ընծայման կարեւորութիւնը, որուն հիման վրայ կարելի ըլլայ կազմակերպել խորհրդարանական ընտրութիւններ: Կողմերը նաեւ անդրադարձան շրջանին մէջ քրիստոնեաներու իրավիճակին:

Pic 4

ՌԱԿի պատուիրակութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց տոքթ. Ժաաժային, իր կողմէ կազմակերպուած Հայոց Ցեղասպանութեան 100 ամեակի ոգեկոչման հանդիսութեան համար: Պատուիրակութիւնը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան պատրաստութեամբ լոյս ընծայուած «Նարեկ» աղօթագիրքի ձեռագրին կրկնօրինակը նուիրեց տոքթ. Ժաաժաին առ ի երախտագիտութիւն:

Աւարտին ընկ. Վայէճեան թղթակիցներուն առջեւ ելոյթ ունենալով պարզեց այցելութեան նպատակը:

Pic 2
Ձախէն՝ ընկ.հի Ճէքի Տէրվիշեան, Տոքթ. Ժոզէֆ Կրպոյեան, ընկ. Միքայէլ Վայէճեան, ընկ. Սեւակ Յակոբեան եւ ընկ. Արա Գոյունեան

Puzzle Game Made in Armenia Wins Apple Design Award

0

Yerevan-based Triada Studio’s recently released mobile game, “Shadowmatic,” has been selected as an Apple Design Award winner.

Exclusive to Apple’s iOS, “Shadowmatic” is an ornately crafted and imaginative puzzle game in which abstract objects are rotated to find recognizable silhouettes in projected shadows. Selected as an Apple Design Award winner for its attention to detail, high-fidelity rendering, excellent execution, and perfect representation of multi-touch game play, “Shadowmatic” challenges the player’s spatial thinking with more than 80 puzzles in gorgeous atmospheric environments rendered with highly realistic textures and shadows.

Untitled 12