Ուրբաթ, 27. 06. 2025

«Չարտասանուած Նոպելեան Ճառեր» Հաղորդաշարը Պիտի Պատմէ Զոհրապի, Վարուժանի, Սիամանթոյի Եւ Սեւակի Մասին

0

«Ճեպընթաց» մշակութային հասարակական կազմակերպութիւնը մշակած է նոր ծրագիր, որ կը կոչուի «Չարտասանուած նոպելեան ճառեր»:

Հայաստանի երիտասարդական հիմնադրամի հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն յայտնած են, որ ծրագիրը յառաջիկային չորս մասերէ բաղկացած հաղորդաշարով պիտի ներկայացնէ արեւմտահայ չորս նահատակ մեծ մտաւորականներու` Գրիգոր Զոհրապի, Դանիէլ Վարուժանի, Սիամանթոյի եւ Ռուբէն Սեւակի ենթադրեալ նոպէլեան ճառերը` հեղինակներուն կենսագրական եւ ստեղծագործական փաստերու, անոնց ապրած ժամանակուան, իղձերու ու հիասթափութիւններու ճշգրիտ վաւերական հիմքերով:

Հաղորդաշարը պիտի ներկայացուի տեսապատումով, իրական նոպէլեան ճառերու ընդունուած կանոններու ձեւաչափով: Իւրաքանչիւր նոպէլեան ճառ պիտի աւարտի 1915 թուականին` տուեալ հեղինակին եղերական նահատակութեան հանգամանքներուն պարզ ու հակիրճ արձանագրումով:

Մայիսի աւարտին` Թուրքիոյ նախընտրական հանգրուանին, ծրագիրի հեղինակները այցելած են հայ գրողներուն ծննդավայրերը, ուր կատարած են նկարահանումները: «Ճեպընթաց» կազմակերպութեան նախագահ Արթուր Բախտամեան նշած է, որ «Չարտասանուած նոպելեան ճառեր»-ը անցեալի, ներկայի, ապագայի երեւակայական սահմանահանգոյցն է: Նախորդ դարու արեւմտահայ չորս գրողներ` Սիամանթօ, Դանիէլ Վարուժան, Ռուբէն Սեւակ, Գրիգոր Զոհրապ իրենց գրականութեամբ, աշխարհընկալումով եւ փորձառութեամբ անցան միեւնոյն ճանապարհէն` Կ. Պոլսոյ «Հայտար փաշա» կայարանէն դէպի մահ: Անոնցմէ իւրաքանչիւրը ո՛չ միայն հայ, այլ նաեւ համաշխարհային քաղաքակրթութեան մաս էր, լիարժէք կերպով կրնայ կանգնիլ Սթոքհոլմի բեմին վրայ: Սակայն այդ ճառերը մենք կը լսենք անոնց պատմութենէն` հարիւր տարի անց, շրջելով Պոլսոյ փողոցներուն մէջ:

«Հայկականութեամբ լեցուն այս քաղաքի իւրաքանչիւր հատուած առ այսօր էլ լեցուն է պոէտների մտորումներով: Նկարահանումների աշխարհագրութիւնը շատ լայն էր` յայտնի Սուրբ Փրկիչ հիւանդանոցից մինչեւ Իշխանաց կղզիներ, Սեւ ծովի եզերքին կառչած Սարիգիւղ ձկնորսական աւան, Կեդրոնական վարժարան, հայ կաթողիկէ պատրիարքարան, Ղալաթիայի ոլորագլոր փողոցներով դէպի հնագրավաճառի խանութ, որտեղ գտնում ես պոէտների օսմաներէն առաջին հրատարակութիւնները, «Նաւասարդ»-ի միակ հայերէն օրինակը:

«Բազմալեզու եւ բազմաշերտ, խորհրդարանական ընտրարշաւով պարուրուած մոլագար Ստամպուլում, որտեղ, ի դէպ, տասնեակ տարիների ընդմիջումից յետոյ երեք հայ պատգամաւոր կայ, լսւում է նրանց ճառը ոչ թէ անցեալից, այլ` որպէս ներկայի ուղերձ, եւ միայն հայ զինագործի հերթական հրաձիգի փորձարկման կրակոցն է մեզ վերադարձնում հարիւր տարի անց այն օրը, երբ ընդհատուեց կեանքը, եւ աշխարհը չլսեց նրանց նոպելեան ճառերը», յայտնած է Արթուր Բախտամեան:

Նշենք, որ «Չարտասանուած նոպելեան ճառեր» ծրագիրը իրականութիւն կը դառնայ Հայաստանի նախագահի գործընկեր կազմակերպութեան` «Հայաստանի երիտասարդական հիմնադրամ»-ի յայտարարած դրամաշնորհային մրցոյթի ծիրին մէջ` «Ցեղասպանութիւն եւ մշակոյթ» անուանակարգին մէջ:

Ժապաւէնները պիտի ցուցադրուին 2015-ին, պատկերասփիւռի ընկերութիւններու նոր եթերաշրջանի ընթացքին, անոնք պիտի տրամադրուին Հայաստանի դեսպանատուներուն, սփիւռքի հայկական կառոյցներուն, սեպտեմբերէն պիտի կազմակերպուին հանրային դիտումներ բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններուն, կարճ տարբերակները (թրէյլըրները) պիտի տեղադրուին ընկերային ցանցերու վրայ:

Հայկական Կողբի Մէջ Պահպանման Տակ Առնուած Է Երկու Հայկական Գերեզմանոց

0

Կարս նահանգի Թուզլուճա (Կողբ) գաւառի կեդրոնին մէջ մնացած վերջին երկու հայկական գերեզմանոցները պահպանման տակ  վերցուած են Կարսի պահպանութեան շրջանային խորհուրդին կողմէ, կը յայտնէ akunq.net- ը:

Թրքական լրատուամիջոցներու համաձայն`  պահպանութեան տակ  առնուած են Թուզլուճա գաւառի Հանրապետութեան թաղամասին եւ Միջին թաղամասին մէջ գտնուող հայկական գերեզմանոցները:

Թուրքիոյ մէջ գանձախոյզներու գործողութիւններու եւ շինարարութիւններու պատճառով հարիւրաւոր հայկական գերեզմանոցներ ոչնչացուած են:

Այվազովսկիի «9-րդ Ալիք»-ը Ընդգրկուած Է Աշխարհի 10 Լաւագոյն Կտաւներու Ցանկին Մէջ

0

Յովհաննէս Այվազովսկիի «9-րդ ալիք» (1850թ.) ստեղծագործութիւնը ընդգրկուած է ցանկին մէջ աշխարհի 10 լաւագոյն այն կտաւներուն, որոնք կը պատկերեն ծովու ալիքներու անհաւանական գեղեցկութիւնը:

Ցանկը, որ նուիրուած է արուեստին` հիմնականօրէն լուսանկարչութեան ու գեղանկարչութեան, կազմած է միջազգային հեղինակաւոր  The Creative Business պլոքը: Գերմանացի յայտնի արուեստաբան, նկարչուհի Անտրէա Պեքլենտ կազմած է ցանկը, որ բազմաթիւ աշխատանքներ ընդգրկուած են  Գերմանիոյ պետական, Հաագայի, Փարիզի, Լոնտոնի եւ Ուաշինլթընի մասնաւոր հաւաքածուներու մէջ: Տասնեակին մէջ ընդգրկուած են Ապրահամ Ուիլարեթսի «Փոթորկոտ ծովը» (1629թ), Հոքուսայի «Կանագաւայի հսկայ ալիքը» (1829-1832թթ), Ուիլիըմ Թըրների «Սառոյցէ փոթորիկ» (1842թ.), Քլոտ Մոնէի «Էտրետատի փոթորկոտ ծովը» (1883թ.) եւ այլ աշխատանքներ:

The Creative Business պլոքը ստեղծած են Եւրոպայի եւ ԱՄՆ-ի մէջ գործունէութիւն ծաւալող խումբ մը լուսանկարիչներ, նկարիչներ եւ արուեստաբաններ: Պլոքի նպատակն է ընկերային մետիայի միջոցով աշխարհին ներկայացնել ընթացիկ ցուցահանդէսներու, աշխարհի ամենայայտնի թանգարաններու եւ պատկերասրահներու մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններու մասին: Միաժամանակ, պլոքի համահիմնադիրները արուեստը կը ներկայացնեն գործարարական տեսանկիւնէ եւ տարատեսակ թեմատիկ տասնեակներու, վերլուծական յօդուածներու միջոցով կը փորձեն ապացուցել, որ արուեստի գործեր գնելը լաւագոյն ներդրումն է:

Սուրբ Թադէի Նուիրուած Արարողութիւն Իրանի Մէջ

0

Սուրբ Թադէի եւ անոր հաւատարիմ աշակերտներուն ի պատիւ՝ արարողութիւն պիտի իրականացուի Իրանի՝  Արեւմտեան Ատրպէյճանի նահանգին մէջ։

Artsakhpress.am-ի տեղեկութիւններով՝ իրանական «Press TV»-ին յայտնած է, թէ 61-րդ անգամ ըլլալով ամենամեայ արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Սուրբ Թադէի վանքին մէջ, Յուլիս 23-25-ին, որուն պիտի մասնակցին հայեր, ասորիներ եւ կաթոլիկներ Իրանէն ու այլ երկիրներէ:

ԼՂՀ Նախագահը Հանդիպած է Վանք Գիւղի Բնակիչներուն Հետ

0

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան Յուլիս 20-ին այցելած է Մարտակերտի շրջանի Վանք գիւղ եւ հանդիպած համայնքի բնակիչներուն հետ: ԼՂՀ նախագահի աշխատակազմի տեղեկատւութեան գլխաւոր վարչութեան տեղեկութիւններով՝ քննարկուած են գիւղին մէջ առկայ խնդիրները, անոնց լուծման ուղիները:

Նախագահ Սահակեան նշած է, որ Վանքը հանրապետութեան զարգացող գիւղերէն մէկն է, որ արդէն իսկ դարձած է ծանօթ զբօսաշրջային կեդրոն։ Նախագահը յայտնած է, որ համայնքին մէջ այսուհետ եւս պիտի իրականացուին տարբեր ծրագիրներ:

Նախագահ Սարգսեան Ցաւակցական Հեռագիր Յղած Է Էրտողանին

0

ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան ցաւակցական հեռագիր յղած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանին` Շանլըուրֆա նահանգին մէջ տեղի ունեցած պայթիւնի հետեւանքով բազմաթիւ զոհերու առիթով:

«Ցաւով տեղեկացայ Յուլիս 20-ին Թուրքիոյ Շանլըուրֆայ նահանգի Սուրուճ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած եւ քանի մը տասնեակ զոհերու պատճառ դարձած պայթիւնի մասին»,- ըսուած է ՀՀ նախագահի հեռագիրին մէջ:

Սերժ Սարգսեան ընդգծած է, որ Հայաստան խստօրէն կը դատապարտէ ահաբեկչութիւնը իր բոլոր դրսեւորումներով:

«Զոհուածներուն հարազատներուն կը մաղթեմ տոկունութիւն եւ ոգիի արիութիւն, իսկ վիրաւորներուն` շուտափոյթ ապաքինում»,- ըսած է ՀՀ նախագահը:

«ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆ ՈՒԻՔԻՓԵՏԻԱ»-Ի ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՃԱՄԲԱՐԻ ՄԱՍՆԱԿԻՑՆԵՐՈՒ ԾԱՆՕԹԱՑՄԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

0

3-12 Օգոստոս 2015-ին, Զմմառի «Հայր Շէլհուպի տուն» կեդրոնին մէջ հովանաւորութեամբ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնադրամին տեղի պիտի ունենայ «Ուիքիփետիա Հայաստան»ի Լիբանանի անդրանիկ ճամբարը, որուն նպատակն է պատրաստել «Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիա»-ի նոր աշխատակիցներ։ Ճամբարին իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն լիբանանահայ երկրորդականի 11 վարժարաններէն 46 աշակերտ։ Ճամբարին Հայաստանէն իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերէ պատուիրակութիւն մը, գլխաւորութեամբ «Ուիքիմետիա Հայաստան»-ի նախագահ Սուսաննա Մկրտչեանին։

Այս առիթով, ուրբաթ, 17 յուլիս 2015-ին, կէսօրուան ժամը 12։00-ին, «Ազդակ» օրաթերթի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ճամբարի մասնակից աշակերտներու ծանօթացման հանդիպումը, որուն ընթացքին առաջին խօսքը արտասանեց «Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիա»-ի լեզուական պատասխանատու դոկտ. Արմէն Իւրնէշլեան։ Ան ներկայացուց Արեւմտահայերէն «Ուիքիփետիա» ստեղծելու կարեւորութիւնը Արեւմտահայերէնի պահպանման ու զարգացման շրջագիծին մէջ։

Իւրնէշլեան հաստատեց, որ ճամբարին մասնակից աշակերտները ունին մեծ պատասխանատուութիւն, որուն իրականացման համար պէտք է հետեւին համապատասխան մարզումի։ Արմէն Իւրնէշլեան յոյս յատնեց, որ աշակերտները լրջութեամբ կը կատարեն իրենց վստահուած առաքելութիւնը։

Ապա խօսք առաւ «Ուքիմետիա Հայաստան» հասարակական կազմակերպութեան Լիբանանի համակարգող Րաֆֆի Տէմիրճեան, որ ներկայացուց «Ուիքի ճամբար»-ին յայտագիրը, օրէնքները, աշխատանքները եւ համապատասխան մանրամասնութիւնները։ Տէմիրճեան շեշտեց, որ ճամբարը առիթ մըն է ուրախ, առողջ եւ հաճելի պայմաններու մէջ սորվելու «Ուիքիփետիա»-ն գործածելու եղանակները եւ այդ գիտելիքները հետագային տարածելու վարժարաններուն մէջ։

Րաֆֆի Տէմիրճեան հատատեց, որ ուսուցիչներու ճամբարէն ետք աշակերտական ճամբարը երկրորդ քայլն է, եւ վերամուտին աշխատանք պիտի տարուի վարժարաններուն մէջ ստեղծելու «Ուիքի ակումբ»-ներ, որպէսզի «Ուիքիփետիա» խմբագրելու գաղափարը տարածուի, ընդարձակուի եւ գործնական քայլերու ընդմէջէն արձանագրէ վերելք եւ նուաճումներ։

Ապա մասնակիցները հարցումներու ընդմէջէն ստացան լուսաբանութիւններ։

ՄԻՋ-ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԱՂՕԹՔ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐՈՒՆ

0

Կիրակի, 19 Յուլիս 2015-ի առաւօտուն, Ս. եւ Անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին: Պատարագին ներկայ էին, Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութեան եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան 100-ամեակի ձեռնարկներուն հրաւիրուած եկեղեցիներու հոգեւոր պետեր եւ եկեղեցական բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ, պետական անձնաւորութիւններ, Լիբանան ժամանած ուխտաւորներ եւ հոծ թիւով հաւատաւոր ժողովուրդ:

Օրուան պատգամը փոխանցեցին Ղպտի եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ Ն.Ս. Թաուատրոս Բ. Պատրիարքը եւ վերոյիշեալ արարողութիւններուն ու ձեռնարկներուն Ն.Ս. Ֆրանսիս Պապի ներկայացուցիչ Կարտինալ Քըրթ Քոխը ընթերցեց այս առիթով Պապին յղած յատուկ պատգամը: Յանուն բոլոր եկեղեցական հիւրերուն անոնք ողջունեցին ու շնորհաւորեցին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, շնորհակալութիւն յայտնելով իրենց տրուած հրաւէրին եւ այս մասնաւոր պատիւին: Անոնք իրենց հոգեւոր ցնծութիւնը արտայայտեցին Հայ Եկեղեցւոյ հռչակած Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներուն սրբադասման համար:

Պատարագի աւարտին, նոր օրհնուած Սրբալոյս Միւռոնով կատարուեցաւ ջրօրհնէքի արարողութիւն: Եւ ապա, ներկայ բոլոր հոգեւոր պետերու եւ եկեղեցական ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ միջ-եկեղեցական աղօթք, նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակ սուրբերուն:

Եկեղեցական արարողութեանց աւարտին, բոլոր եկեղեցականները թափօրով ուղղուեցան Անթիլիասի Սրբոց Նահատակաց մատուռը, ուր ծաղիկներ զետեղեցին նահատակ սուրբերուն մասունքներուն առջեւ: Ներկայ ժողովուրդը խնդրելով նահատակ սուրբերուն բարեխօսութիւնը անգամ մը եւս վերանորոգեց Աստուծոյ եւ Հայ Եկեղեցւոյ իր հաւատարմութեան ուխտը: Ժողովուրը նաեւ բաժին ունեցաւ օրհնուած ջուրէն, որ իրենց տուները տանելով՝ ընտանիքի բոլոր անդամները հաղորդակից դարձուցին Սուրբ Միւռոնի օրհնութեան:

7-19-15_mitch-1

 
7-19-15_mitch-4

 

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԵԱՄԲ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 100-ԱՄԵԱԿԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ ԵՐԵԿՈՅ

0

Կիրակի, 19 Յուլիս 2015-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան 100-ամեակի նուիրուած Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութեան, եկեղեցական արարողութիւններուն եւ ձեռնարկներուն համար աշխարհի չորս կողմերէն Լիբանան ժամանած ուխտաւորները եւ Լիբանանի երաժշտասէր հանրութիւնը լեցուցած էին Պիքաֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքի շրջափակը: Անոնք եկած էին ունկնդրելու եւ ըմբոշխնելու հայ երաժշտութիւնը:

Հանդիսութիւնը կը հովանաւորէր Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը եւ կը նախագահէր Ազգային Բարերար Տէր եւ Տիկ. Ալեքքօ Պէզիքեան: Ներկայ էին Կաթողիկոսութեան 100-ամեակի ձեռնարկներուն հրաւիրուած եկեղեցիներու հոգեւոր պետերը եւ ներկայացուցիչները, որոնք ժամանած էին, Միջին Արեւելքէն, Եւրոպայէն, Ափրիկէէն, Հիւսիսային ու Հարաւային Ամերիկաներէն եւ Հնդկաստանէն:

Պէյրութի սիմֆոնիք նուագախումը ղեկավարութեամբ մայսթրօ Յարութ Ֆազլեանին մեկնաբանեց Արամ Խաչատրեանի եւ այլ հայ երաժիշտներու գործերը: Երեկոն յատուկ հմայք ստացաւ երբ աշխարհահռչակ սոփրանօ Յասմիկ Պապեան եւ թենոր Բարսեղ Թումանեան իրենց թովիչ ձայներով հմայեցին հանդիսականները: Սուրբ Աստուածածին Վանքի Հայոց Ցեղասպանութեան երկնասլաց յուշարձանը, որուն հովանիին տակ տեղի ունեցաւ համերգը, կարծէք միջնորդ կը հանդիսանար դէպի երկինք փոխանցելու Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներու յիշատակը պանծացնող հայ հանճարներուն ստեղծագործութիւնները: Արդարեւ, պատմութիւնը վկայ եղաւ, որ հայ ժողովուրդի ստեղծագործ ոգին է, որ յաղթահարեց ու կը շարունակէ յաղթահարել պատմութեան բոլոր ոսոխներուն: Շուրջ մէկ ու կէս ժամ տեւող համերգի աւարտին ներկայ հազարաւոր ժողովուրդը յոտընկայս ծափողջոյններով գնահատեց նուագողներուն ու մենակատարներուն բացառիկ կատարողութիւնը:

Երաժշտական երեկոյին փակումը կատարելով, Վեհափառ Հայրապետը իր գնահատանքը յայտնեց սիմֆոնիք նուագախումբի ղեկավար մայսթրօ Յարութ Ֆազլեանին, աշխարհահռչակ երգչուհի եւ երգիչ Յասմիկ Պապեանին եւ Բարսեղ Թումանեանին, ինչպէս նաեւ նուագախումբի բոլոր անդամներուն, որոնք հայ երաժշտութեան առթած յուզմունքներով ու խոյանքներով լիցքաւորեցին ներկաները:

Ապա, Նորին Սրբութիւնը բեմ հրաւիրեց Սուրբ Աստուածածին Վանքի նահատակաց ու վերածննդեան յուշարձանի համալիրի, Թռչնոց Բոյնի Հայոց Ցեղասպանութեան «Արամ Պէզիքեան» Որբերու թանգարանի եւ Անթիլիասի Նահատակաց մատրան բարերար Տէր եւ Տիկին Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեանը, ընտանիքի անդամներով: Բարձր գնահատելէ ետք Պէզիքեան ընտանիքի իշխանական բարերարութիւնը՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ճամբով հայ ժողովուրդին, «Ասպետ»ի կարգի շքանշանով պարգեւատրեց Տիար Զարեհ Պէզիքեանը (յայտնենք որ մի քանի տարիներ առաջ Վեհափառ Հայրապետը «Իշխան»ի կարգի շքանշանով պարգեւատրած էր Տիար Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեանը): Նորին Սրբութիւնը նաեւ գնահատանքով անդրադարձաւ Կաթողիկոսարանի Կալուածոց յանձնախումբի կատարած աշխատանքին, որ մօտէն եւ կամաւոր կերպով հետեւած էր ընդհանրապէս Կաթողիկոսարանի շինարարական աշխատանքներուն եւ յատկապէս վերոնշեալ շինարարութիւններուն, եւ ապա, «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով պարգեւատրեց ճարտարապետներ Վահէ Գալինճեանը եւ Վազգէն Չէքիճեանը (յայտնենք որ Վեհափառ Հայրապետը պարգեւատրած էր նոյն յանձնախումբի անդամներէն ճարտարապետ Յակոբ Աթէշեանը եւ 2006-ին ճարտարապետ Յակոբ Շամլեանը):

 7-19-15_con-00

7-19-15_con-2

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՍՐԲԱԼՈՅՍ ՄԻՒՌՈՆԻ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆԸ ԿԱՏԱՐԵՑ ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ՎԵՐԱԾՆՈՒՆԴԸ ԽՈՐՀՐԴԱՆՇՈՂ ՍՈՒՐԲ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ՎԱՆՔԻ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՅՈՒՇԱՐՁԱՆԻՆ ԱՌՋԵՒ

0

Հայ Եկեղեցւոյ ամէնէն նուիրական ու հոգեթով արարողութիւնը՝ Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութիւնը, որ աւանդութեան համաձայն եօթ տարին անգամ մը կը կատարուի, հոգեւոր վերանորոգութիւն կ’առթէ եւ Սուրբ Հոգւոյ շնորհաբաշխ ներկայութեամբ կը հզօրացնէ եկեղեցւոյ առաքելութիւնը: Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին տեղի ունեցած Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութիւնը իր յատուկ նշանակութիւնը ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ու մեր ժողովուրդի զաւակներուն համար, որոնք 100 տարիներ շարունակ աղաղակող ձայնը հանդիսացան անպատիժ մնացած այս անմարդկային ոճիրին: Եւ ահաւասիկ, Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութիւնը եկաւ օծելու հարիւր հազարաւոր անմիւռոն մնացած մանուկներու եւ մէկ ու կէս միլիոն նահատակ սուրբերու յիշատակը եւ վերանորոգելու մեր արդար դատին պայքարի շարունակութիւնը:

Շաբաթ, 18 Յուլիս 2015-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութեան Հայրապետական թափօրը ծայր առաւ Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքի Վեհարանէն եւ ուղղուեցաւ դէպի Վանքի շրջափակին մէջ գտնուող Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձանը, որուն առջեւ տեղի ունեցաւ Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութեան արարողութիւնը: Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի Աջը պահպանող պատմական արկղը շալկող երկու եպիսկոպոսներ, Սուրբ Էջմիածնի Միւռոնը, հին Միւռոնը, բալասանը եւ վարդի իւղը բռնող եպիսկոպոսներ, առաւել տասներկու զգեստաւորուած եպիսկոպոսներ առաջնորդեցին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը: Հազարաւոր ուխտաւորներ, որոնք եկած էին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան թեմերէն՝ հեռաւոր հիւսիսային ու հարաւային Ամերիկաներէն, Եւրոպայի զանազան երկիրներէ, Պարսկաստանէն, Արաբական երկիրներէ ողողած էին Սուրբ Աստուածածին Վանքի հսկայ շրջափակը: Հոծ թիւով հաւատացեալներու ներկայութիւնը պերճախօս վկայութիւն մըն էր, մեր ժողովուրդի ամուր կապուածութեան ու հաւատարմութեան հանդէպ Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ անոր հաւատքի առաքելութեան:

Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութեան արարողութեան նախագահեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան թեմակալ առաջնորդներու շարքին, սրբազան արարողութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչ՝ Գերշ. Տ. Վազգէն Եպս. Միրզախանեան, Վիրահայոց Առաջնորդ եւ Գերշ. Տ. Վարդան Եպս. Նաւասարդեան: Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց Պատրիարքութեան ներկայացուցիչն էր Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Գերշ. Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ Գերշ. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեան:

Արարողութեան ներկայ գտնուեցան եւ աղօթակից դարձան զանազան եկեղեցիներու՝ Ղպտի Ուղղափառ, Հապէշ Ուղղափառ, Հնդիկ Մալապպար, Ասորի Ուղղափառ, Մարոնի, Յոյն Ուղղափառ, Ռուս Ուղղափառ, Կաթոլիկ, Յոյն Կաթոլիկ, Ասորի Կաթոլիկ, Հայ Կաթոլիկ, Քաղդէացի, Աւետարանական, Հայ Աւետարանական համայնքներու պետեր եւ բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ Պապական Նուիրակը եւ Վատիկանէն Ֆրանսիս Պապին անձնական ներկայացուցիչ կարտինալը: Ներկայ էին նաեւ պետական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ, դեսպաններ եւ Կաթողիկոսարանի օտար թէ հայ բարեկամներ: Զանազան եկեղեցիներու պետերը, որոնք չկրցան անձամբ եւ կամ ներկայացուցիչներու միջոցաւ ներկայ գտնուիլ արարողութեան, շնորհաւորական նամակներ յղեցին Վեհափառ Հայրապետին:

Արարողութիւնը ընթացաւ Ատուածաշնչական եւ աղօթքներու ընթերցումներով՝ Վեհափառ Հայրապետին ու մասնակից եպիսկոպոսներուն կողմէ, աղերսելով աստուածային օրհնութիւնն ու Սուրբ Հոգիին ներգործութիւնը: Սրբալոյս Միւռոնի պատմական կաթսային կափառիչը բացուեցաւ եւ արարողապետ Հոգշ. Տ. Թորգոմ Վրդ. Տօնոյեանին հրաւէրով եպիսկոպոսներ Վեհափառ Հայրապետին մատուցեցին անուշաբոյր վարդի իւղը եւ բալասանը, որ յատուկ աղօթքներու ընթերցումով Նորին Սրբութիւնը խառնեց նոր Միւռոնին: Ապա, Նորին Սրբութիւնը նոր Միւռոնին խառնեց Սուրբ Էջմիածնի մէջ օրհնուած Սուրբ Միւռոնը, ի նշան Հայ Եկեղեցւոյ անքակտելի միութեան եւ վերջապէս միւռոնաթափ աղաւնիին մէջէն Վեհափառ Հայրապետը հեղուց հին Միւռոնը՝ ապահովելով շարունակականութիւնը Ս. Թադէոս Առաքեալի Հայաստան բերած բժշկարար իւղին եւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի կողմէ օրհնուած Միւռոնին:

Սուրբ Էջմիածնի ներկայացուցիչ Սրբազանը կարդաց Ամենայն Հայոց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի  խօսքը, որուն մէջ եղբայրական սիրով կ’ողջունէր Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը: Գարեգին Բ. Վեհափառ Հայրապետը իր յղած խօսքին միջոցով ըսաւ. «Սրբացեալ մեր նահատակները եւ բոլոր սրբերի բարեխօսութեան աղերսով այժմ միաւորւում ենք  մեր աղօթքները Սուրբ Միւռոնի օրհնութեան առիթով՝ հայցելով, որ Տէրը նրանով պարգեւի մեզ հոգեւոր խաղաղութիւն, դէպի Աստուած անսայթաք ընթացք եւ մեր կեանքը պահպանի խաղաղութեան ու բարօրութեան մէջ: Միւռոնօրհնութեան այս սրբազան արարողոթիւնը վերստին հրաւէր է մեզ առ Աստուած հաւատքի եւ ուխտի նորոգութեան, նախանձախնդրութեան հոգեւոր ու ազգային մեր ինքնութեան հանդէպ, հրաւէր՝ միաբան ու միասնական մեր ջանքերը ներդնելու ի սպաս մեր Եկեղեցու պայծառութեան, մեր հայրենիքի շենացման ու հզօրացման, ի Սփիւռս աշխարհի ազգային մեր կեանքի զօրացման»:

Արարողութեան ամէնէն նուիրական պահը եղաւ երբ Հայ Եկեղեցւոյ «Հաւատքի Հօր» Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի աջով Վեհափառ Հայրապետը խառնեց նոր Միւռոնը եւ ապա, նոր Միւռոնով թաթխուած Սուրբ Աջով օրհնեց ներկայ հազարաւոր ժողովուրդը:

Արարողութեան երգեցողութիւն կատարեց Կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» երգչախումբը, ղեկավարութեամբ Հոգշ. Տ. Գարեգին Վրդ. Շխրտմեանի: Միւռոնօրհնէքի կնքահայրութիւնը ստանձնած էր Սպահան-Իրանէն Տիար Վարուժ Մինասեան: Հայրապետական «Ամպ հովանի»ն բռնելու պատիւը տրուեցաւ Կաթողիկոսարանի բարերարներէն՝ Տոքթ. Տրդատ Մանկիկեանի (Միացեալ Նահանգներ), Տիարք Ալեքքօ Պէզիքեանի (Զուիցերիա), Հրայր Սողոմոնեանի (Ա.Մ. Էմիրութիւններ), Արա Խանոյեանի ((Ա.Մ. Էմիրութիւններ), ԳրիգորՄահսէրէճեանի (Ա.Մ. Էմիրութիւններ),  Հենրիկ Տէր Ղուկասեան (Իրան), Սուրէն Սարգիսեանի (Լիբանան) եւ Ատոմ Թնճուկեանի (Անգլիա):

Հոգեպարար արարողութեան աւարտին, Սուրբ Աթոռոյս Գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս իր Հայրապետական հոգեշունչ պատգամը յղեց ներկայ եւ արբանեակային ուղղակի հեռասփռումի ճամբով աշխարհի չորս կողմերուն արարողութեան հետեւող հայ ժողովուրդի զաւակներուն:

Վեհափառ Հայրապետը իր պատգամին սկիզբը նախ ողջունեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը, Երուսաղէմի ու Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռներու Գահակալները, Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահը, աշխարհի բոլոր կողմերէն ժամանած հոգեւոր պետերը, եկեղեցիներու ու միջ-եկեղեցական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները եւ զանազան գաղութներէն ժամանած ուխտաւոր ժողովուրդը։ Խօսելով Սուրբ Միւռոնի մասին, Նորին Սրբութիւնը ըսաւ. «Սրբալոյս Միւռոնը իւրայատուկ տեղ ունի մեր եկեղեցւոյ ծէսին ու ընդհանրապէս մեր քրիստոնէական կեանքին մէջ։ Սուրբ Միւռոնի դրոշմով հայ մանուկը աստուածային շնորհներով կը լեցուի եւ կը դառնայ հայ եկեղեցւոյ զաւակ։ Սուրբ Միւռոնի օծումով Աստուծոյ ու հայ եկեղեցւոյ սպասաւորութեան կոչուած հայ մարդը կը դառնայ նոր մարդ։ Սուրբ Միւռոնի ներկայութեամբ ապականութիւնը կը հեռանայ մեր կեանքէն ու սրբութեան շղարշով կը ծածկուի մեր կեանքը։ Սուրբ Միւռոնի հեղումով հաւատքի զէնքով, յոյսի վահանով ու սիրոյ ուժով զինուած կը դիմագրաւենք կեանքի ամէն տեսակ չարերն ու չարիքները։ Այս համոզումով մեր ժողովուրդը ջերմ հաւատքով ու խոր երկիւղածութեամբ մօտեցած է Միւռոնին»։

Ապա, մեր եկեղեցւոյ ու ժողովուրդի պատմութեան անդրադառնալով, Վեհափառ Հայրապետը յիշեցուց. «Պատմութեան խաւարին դիմաց մեր կեանքը լոյսի ու յոյսի ճառագայթներով պայծառակերպեց Սուրբ Միւռոնը։ Պատմութեան փոթորիկներուն դիմաց երկնային խաղաղութեան աւետիսը բերաւ Սուրբ Միւռոնը։ Հայ եկեղեցւոյ Սրբալոյս Միւռոնը անքակտելիօրէն շաղախուեցաւ հայ ժողովուրդի պատմութեան հետ. քալեց հայ կեանքի տառապալից ճամբաներէն, նոյնացաւ հայու էութեան հետ, ձգտումներուն ու երազներուն հետ, դառնալով հայո՛ւ Միւռոն։ Սուրբ Միւռոնով դրոշմուեցաւ հայը, անով ստացաւ իր քրիստոնեայ հայու անունը, այլ խօսքով՝ իր հարազատ ինքնութիւնն ու իւրայատուկ դիմագիծը, ապրելու, պայքարելու ու ստեղծագործելու հաւատքն ու կամքը»։

Նորին Սրբութիւնը Սուրբ Միւռոնը նկատեց «Մեր եկեղեցւոյ միութեան ամուր շաղախը. այս խոր գիտակցութեամբ է որ Կաթողիկոսական երկու Աթոռներու Միւռոնները օրհնութեան ժամանակ իրարու կը խառնուին, դառնալով նոյն եւ մէկ եկեղեցւոյ նոյն Միւռոնը»։ Վեհափառ Հայրապետը նաեւ շեշտեց, թէ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով տեղի ունեցող ներկայ Միւռոնի օրհնութիւնը յատուկ կարեւորութիւն մը ունի, «Սրբալոյս Միւռոնին օրհնութիւնը հրաւէր մըն է մեր ժողովուրդի զաւակներուն՝ իրենց քրիստոնէական հաւատքը խորացնելու, սէրը ամրապնդելու ու պահանջատիրական կամքը պրկելու։ Սրբալոյս Միւռոնին օրհնութիւնը կոչ մըն է մեր ժողովուրդի զաւակներուն մեր ազգային պահանջատիրական պայքարը Միւռոնի հոգեւոր զօրութեամբ թրծելու»։

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը իր Հայրապետական պատգամը փակեց խնդրելով Աստուծմէ, որ Սուրբ Միւռոնի օրհնութիւնը դառնայ մեր ժողովուրդի զաւակներուն համար հոգեւոր վերածննդեան ու ազգային զարթօնքի աղբիւր։

7-19-15_mur-8

7-19-15_mur-61