Գաֆէսճեան դասական երաժշտութեան համերգաշարի հերթական համերգը կը կրէ «Աննա Մայիլեանը ներկայացնում է. Չարտասանած խօսքը քո» խորագիրը: Այս մասին Panorama.am-ին յայտնած են Գաֆէսճեան արուեստի կեդրոնի մամուլի ծառայութենէն:
Վարուժան Պարթեւի կատարումով պիտի հնչեն վոքալ-գործիքային ստեղծագործութիւններ: Մշակումը` Սուետլանա Ալեքսանեանի:
Այսօր՝ Յուլիս 24-ին Երեւանի մէջ պիտի կայանայ “Վերապրածները” լուսանկարչական ժողովածուի շնորհանդէսը: Հայերէն-անգլերէն երկլեզու գիրքը հրատարակուած է Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկները համակարգող պետական յանձնաժողովի եւ տնօրինութեան ամբողջական աջակցութեամբ:
Մէկ տասնամեակի ընթացքին ստեղծուած “Վերապրածները” մեծածաւալ լուսանկարչական պատում է Հայոց ցեղասպանութենէն ողջ մնացածներու մասին, որ կ’ընդգրկէ դիմանկարներ, ներքին կահաւորման պատկերներ, ականատեսներու վկայութիւններ եւ արխիւային լուսանկարներ: Նախագիծը կ’ընդգծէ լուսանկարչութեան կարեւորութիւնը` 1915-ը ընկալելու եւ անհատական ինքնութեան վրայ անոր հետեւանքները ըմբռնելու գործի մէջ: Սկիզբ առնելով 2005-ին “Վերապրածները” իր ամբողջական տեսքով առաջին անգամ հանրութեան ներկայացուած է 2015-ի Ապրիլին Սարգիս Մուրատեան պատկերասրահի մէջ, Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկներու ծիրէն ներս: Տարուայ երկրորդ կիսուն, ցուցահանդէսը պիտի ներկայացուի նաեւ՝ Դիլիջանի, Գիւմրիի եւ Վանաձորի մէջ:
Նախագիծը կ’ամփոփէ “Վերապրածներ” ժողովածուն: Ան կազմուած է 40-է աւելի սեւ-ճերմակ եւ գունաւոր լուսանկարներէ եւ շուրջ 35 վկայութիւններու բացառիկ արձանագրութիւններէ որոնք կը հրատարակուին առաջին անգամ: Գիրքի ծաւալուն նախաբանը հեղինակած է անուանի ֆրանսահայ փիլիսոփայ, գրականագէտ Մարկ Նշանեանը, ուր կը մեկնաբանուին վերապրածներու փորձառութիւնը ներկայացնելու, ըմբռնելու խնդիրները:
Գիրքին խմբագիր, արուեստաբան Վիգէն Գալստեան կը դիտարկէ Արմենակեանի լուսանկարներու նշանակութիւնը իբրեւ աղէտի հետեւանքներու եւ ներկայի միջեւ յարաբերակցութիւն ստեղծող տարածք: Իր ձեւաւորման եւ հայեցակարգային լուծումներու շնորհիւ, “Վերապրածները” լոկ պատկերներու ու վկայագրութիւններու զետեղում չէ այլ պատումի ուրոյն ձեւ եւ արուեստի ինքնուրոյն առարկայ: Ան կ’ընդլայնէ լուսանկարի տեսողական շրջանակները, դառնալով աղէտալի անցեալի վերլուծութեան, բացայայտման եւ յարաբերակցման միջոց:
Ամերիկեան Մասաչուսէթս նահանգի Ուոթերթաուն քաղաքի Ամերիկայի Հայկական թանգարանի մէջ Յոււլիս 30-ին կը կայանայ գանատահայ յայտնի լուսանկարիչ Հրայր Բազէ Խաչերեանի գիրքի շնորհանդէսը: Այս մասին կը գրէ “The Armenian Weekly”-ն:
“100: 1915-2015” վերնագիրով անոր վերջին աշխատանքը կը ներառէ աւելի քան 1.000 լուսանկար` ներկայացնելով հայկական հարուստ մշակութային ժառանգութիւնը, որ ծաղկում կ’ապրի: Գիրքի մէջ անդրադարձ կայ հայկական թագաւորութիւններու զարգացմանն ու անկման, հայ համայնքներու կեանքին եւ հայերու այժմեան դրութեան:
Հրայր Բազէն արուեստի եւ լուսանկարչութեան մասին եւս 12 գիրք ունի: Աւելի քան 40-ամեայ աշխատանքի գագաթնակէտը դարձած անոր վերջին գիրքը նուիրուած է Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին:
Իրականացած է Սիպիլի վաղեմի երազանքը. երգել «Տեսնել Անին ու նոր մեռնել» Անիի մէջ: Երգչուհին վերջերս Համահայկական խաղերու կոմիտէին հետ միասին այցելած է Արեւմտեան Հայաստան ու իր խօսքերով` չափազանց տպաւորուած է այդ ուղեւորութենէն:
«Հազար շնորհակալութիւն Աստուծոյ եւ Համահայկական խաղերու կոմիտէի անդամներուն` Իշխան Զաքարեանի գլխաւորութեամբ: Բառերը բաւարար չեն զգացումներս արտայայտելու համար: Անմոռանալի ժամեր ապրեցայ եւ երջանկութեան արցունքներ թափեցի»,- կը գրէ երգչուհին իր ֆէյսպուքեան էջին վրայ:
Պատերազմական Հալէպի մէջ վերջին քանի մը օրերուն, որոշ շրջաններու մէջ վերականգնուած է պետական ջրամատակարարումը, ինչպէս նաեւ փորուած են հորեր, որոնք մասամբ կը լուծեն ամառուան այս տաքին՝ քաղաքը ջուրով մատակարարելու խնդիրը:
Այս մասին Tert.am-ին յայտնած է Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդարանի բանբեր Ժիրայր Ռէիսեան` անդրադառնալով այն հարցումին, թէ որքա՞ն են Հալէպի մէջ ջուրի պաշարները:
«Այդ հորերուն մէկ մասը կարելի է նկատել ըմպելի, միւս մասnվ ալ նախատեսուած է առօրեայ–կենցաղային գործածութեան համար: Եւ, անշուշտ, բացի այդ հորերը, ջուր մատակարարող անձնական նախաձեռնութիւններ կան վճարովի: Ըմպելի ջուր` շիշերով, կայ նաեւ խանութներու մէջ»,- ըսած է Ժիրայր Ռէիսեան:
Ժիրայր Ռէիսեան նկատած է, որ Հալէպի մէջ օրական քանի մը ժամով, ըստ էութեան, հովհարային կարգով կայ նաեւ ելեկտրականութեան մատակարարում, քանի որ նշած է. «Ոչ յստակ ժամերով, բայց օրական մէկ-երկու անգամ`մէկ եւ կէս ժամ կը տրուի»:
Ի պատասխան այն հարցումին, թէ Հալէպի մէջ քաղաքի հայազգի բնակչութեան ո՞ր մասը մնացած է, Բերիոյ առաջնորդարանի խօսնակը դժուարացաւ պատասխանել` ըսելով, որ ձեռքի տակ վիճակագրական տուեալներ չունի եւ որ անոնք ոչ ոք ունի: «Որովհետեւ միշտ տեղաշարժ է. կայ ժամանակաւոր, կայ այլ պատկերացումներ, եւ ոչ ոք վիճակագրական տուեալ կրնայ ունենալ»,-աւելացուցած է ան:
Հարցումին, թէ հալէպահայութիւնը մէկ միասնական դիրքորոշում ունի՞`մնալու կամ գաղթելու, վերջինս ըսած է. «Իւրաքանչիւր անձ իր անձնական պայմաններէն դրդուած` կ’որոշէ իր ընելիքը: Այսինքն` մնալն ալ իր անձնական որոշումն է, դուրս գալն ալ»:
Թրքական «ASİMDER» (այսպէս կոչուած` Հայկական անհիմն պնդումներու դէմ կազմակերպութիւն) հակահայկական կազմակերպութեան ներկայացուցիչ Իրֆան Էրմիշը յայտարարած է, որ իրենց կազմակերպութիւնը պիտի խոչընդոտէ հայերու կողմէ Վանի Աղթամար կղզիի Սբ. Խաչ եկեղեցւոյ ամենամեայ պատարագի իրականացման:
Ըստ Ermenihaber-ի՝ որ կը վկայակոչէ թրքական «Milliyet» թերթի կայքի` Իրֆան Էրմիշը որպէս պատարագի իրականացման խոչընդոտելու պատճառ նշած է այն, որ իբրեւ Հայաստանի իշխանութիւնները իրենց թոյլ չեն տուած նամազ ընել Երեւանի կեդրոնին մէջ գտնուող Կապոյտ մզկիթին մէջ:
Էրմիշը յայտարարած է, որ այդ հարցով պիտի համագործակցին տեղի հասարակական կազմակերպութիւններու հետ, ինչպէս նաեւ աշխատանք պիտի տանին Վանի բնակչութեան հետ:
Ազգայնական ու հակահայ գործիչը պնդած է նաեւ, որ Սբ. Խաչ եկեղեցին «կառուցած են քրիստոնեայ պեչենեկ թուրքերը»:
Նշենք, որ Երեւանի մէջ գտնուող Կապոյտ մզկիթին մէջ նամազ ընելու համար մուտքի արտօնագիր եւ անվտանգութեան երաշխիքներ ստանալու նպատակով «ASİMDER»-ը 2014-ի Սեպտեմբերին պաշտօնապէս դիմած էր Իրանի եւ Վրաստանի մէջ Հայաստանի դեսպանատուներուն:
Կազմակերպութեան նախագահ Կէոքսել Գիւլպէյը, այս թեմայով ըրած յայտարարութեան մէջ նշած է, որ իրենք դիմած Իրանի եւ Վրաստանի մէջ Հայաստանի դեսպանատուներուն, երբ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը ընթացք չէր տուած, մուտքի արտօնագրի եւ անվտանգութեան երաշխիքի համար ներկայացուցած իրենց պաշտօնական դիմումին:
Յիշեցնենք, որ Վանայ լիճի Աղթամար կղզիի Սուրբ Խաչ հայկական եկեղեցին թրքական կառավարութեան ֆինանսաւորմամբ վերականգնուելէ ետք 2010 թուականէն բացուած է թանգարանի կարգավիճակով:Այդ երկրի կառավարութիւնը տարին մէկ անգամ միայն կը թոյլատրէ կրօնական արարողութիւն կատարել հոն:
Աւստրալիոյ միաւորուած եկեղեցին Օսմանեան կայսրութեան մէջ 1915-1923 թուականներուն հայ ժողովուրդին հետ տեղի ունեցածը պաշտօնապէս ճանչցած է որպէս Ցեղասպանութիւն: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Նուվել տէ Արմէնի» պարբերականը` յղում ընելով եկեղեցւոյ որոշումը:
Պարբերականի փոխանցմամբ` Աւստրալիոյ միաւորուած եկեղեցին ազգային մակարդակին արդէն երրորդ խոշոր կառոյցն է, որ 1915 թուականի դէպքերը` հայ ժողովուրդի սպանութիւնները եւ զանգուածային տեղահանումը կը ճանչնայ իբրեւ Ցեղասպանութիւն, կը գրէ Panorama.am-ը:
Ինչպէս կը հաղորդէ` քրիստոնէական բողոքական այս եկեղեցին Աւստրալիոյ մէջ ունի աւելի քան 2500 թեմ եւ շուրջ մէկ միլիոնէն աւել հետեւորդներ: Անիկա թիւով երրորդ խոշոր եկեղեցական հաստատութիւնն է` Անգլիական եւ Կաթոլիկ եկեղեցիներէն ետք: Կառոյցի մաս կը կազմէ նաեւ Սիտնէի հայ աւետարանական եկեղեցին:
Պելճիքայի խորհրդարանը 22 Յուլիսին սկսած է քննարկելու Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւը: Այդ մասին` ըստ News.am-ի՝ կը հաղորդէ Եւրոպական արդարութեան եւ ժողովրդավարութեան հայկական դաշնութիւնը:
Պելճիքայի խորհրդարանի Ներկայացուցիչներու տան Բարեփոխական շարժում խմբակցութեան առաջնորդ Տենի Տիւքարմ իր խօսքին մէջ յայտարարած է, թէ երկրի վարչապետը յստակ կերպով ըսած է, որ կը ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը: «Անոնք սպաննուեցան, քանի որ հայ էին», հաստատած է ան։
Ընկերվարական Սթեֆան Քրուզնիըրը ընդգծած է, թէ իր կուսակցութիւնը միշտ ճանչցած է Ցեղասպանութիւնը, սակայն կը կարծէ, թէ պէտք է հաշտութիւն հաստատուի։ Իսկ Ֆլամանտական ժողովրդական շարժում կուսակցութեան պատուաւոր նախագահ, երեսփոխան Փիթըր տը Ռուվեր ամպիոն բարձրացած է անմոռուկով:
Նշենք, որ աւելի կանուխ, բանաձեւի նախագիծը ընդունած էր Պելճիքայի խորհրդարանի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովը:
Վերջերս յաճախակիօրէն կը հանդիպինք տարակարծիք անհատներու, որոնց ունեցած պաշարը երբեմն ալ պատմական անհիմն հարցադրումներու դուռը կը բանայ՝ հայ ազգային ազատագրական պայքարի գաղափարախօսութեան ժողովրդական սկզբունքներու ջատագով՝ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան հիմքերուն, երբեմն ալ այդ կուսակցութեան կազմաւորման արմատներուն կարեւորագոյնին՝ Արմենական Կուսակցութեան շուրջ, որ ծնունդ առաւ 1885-ի Օգոստոսին, Վասպուրականի սրտին՝ Վանի մէջ ու գործեց զանազան շրջանակներէ ներս, կեդրոն ունենալով Վան քաղաքը։ Կուսակցութեան կանոնագրութեան համաձայն Վանը կը կոչուէր Ա. Շրջանակ։ Որպէս իրողութիւն անգամ մը եւս կ՚ուզենք հաստատել որ Արմենական Կուսակցութիւնը եղաւ ու գործեց որպէս հայ իրականութեան մէջ անդրանիկը քաղաքական հոսանքներուն ու միակը, որ ծնունդ առաւ հայ ժողովուրդի պատմական հողին՝ Արեւմտահայաստանի սրտին մէջ, Օսմանեան կայսրութեան դժուար օրերուն, պատրաստելու համար արեւմտահայութիւնը իր պապենական հողի պահանջատիրութեան։
Թերեւս կարճ տեւեց արմենականներու կազմակերպչական կեանքը, բայց որպէս հաստատում պէտք է ըսել որ Արմենական Կուսակցութեան խորհրդանիշը մնաց «Ազատութիւն կամ մահ» լոզունգը։
Դժբախտաբար հատուածական վարկի ու շահախնդրութեան մունետիկները ջանացին ստորագնահատել ու յաճախ արհամարհել արմենականներու ոյժն ու դերը, զայն անծրագիր Միութեան մը մակարդակին իջեցնել փորձելով։ Պատմական ճշմարտութիւնը կը յուշէ մեզի թէ հայ ազգային վերազարթնումի այդ դաժան շրջանին, Արմենական ծրագիրը կը յայտարարէր կուսակցութեան նպատակը՝ բացայայտ ու յստակ զօրութեամբ.
«Արմենական կազմակերպութեանս նպատակն է յեղափոխութեամբ հայ ժողովուրդին համար իրաւունք ձեռք բերել ինքզինք ազատօրէն կառավարելու, որով միայն կարող կը լինի իբրեւ մարդ ապրելու միջոցներ գտնալ եւ զանոնք գործադրել ժամանակի պահանջաց համեմատ»։
Նոյնքան ազատական եւ յանդուգն էին նաեւ արմենականներու քաղաքական- ընկերային ըմբռնումները։ Անոնք գաւառային յետամնաց, պահպանողական ու նախապաշարումներէ կաշկանդուած մտքերով մարդիկ չէին, ինչպէս կը փորձեն զանոնք պատկերացնել պատմութեան խեղաթիւրողները։ Աւելի քան 110 տարիներ առաջ, Ռուս Սոցիալ-Դեմոկրատներու 1905-ի յեղափոխութեան վաղորդայնին, Արմենական շրջաբերական մը կը պարզաբանէր կուսակցութեան տեսակէտը այդ մասին.
«Ընկերային, սոցիալիստական յեղափոխութիւնը մեր իրականութեան հետ կապ ունեցող հեռաւոր գաղափարն է, որուն պէտք է ձգտինք ապագային, երբ որ քաղաքական կարգերու ու տնտեսական պայմաններու շնորհիւ առաջ կու գայ մեր մէջ նոր հասարակութիւն՝ նման եւրոպական հասարակութեան, այսինքն երբ սկսի աշխատանքի ու կապիտալի պայքարը մեր մէջ»։
Արմենականներու 1885-ի հիմնադիր կազմի անդամ Գրիգոր Աճեմեան, հայրը ականաւոր վիպասան Գուրգէն Մահարիի, 1907-ի Ընդհանուր Ժողովին դարձաւ Ա. Շրջանակի գործադիր վարչութեան վերջին ատենապետը։ Կուսակցութեան գործունէութիւնը ծաւալած էր զանազան շրջանակներէ ներս՝ Սալմաստ, Ուրմիա, Բաղէշ, Թիֆլիս եւ Փլովտիւ (Պուլկարիա)։ 1908-ին Արմենական ականաւոր գործիչ Սեպուհի սպանութենէն ետք է որ կուսակցութիւնը աւելի եւս սկսած էր հետապնդումի առարկայ դառնալ ու տկարանալ Վանի մէջ։
Նոյն տարուայ՝ 1908-ի Հոկտեմբեր 31-ին, Աղեքսանդրիոյ մէջ ծնունդ կ՚առնէր Հայ Սահմանադրական Կուսակցութիւնը, որ ապագային պիտի միաձուլէր Արմենական Կուսակցութիւնն ու Լոնտոնի մէջ 1898-ին ծնունդ առած Վերակազմեալ Հնչակեան Կուսակցութիւնը՝ մէկ անուան տակ։ Վերակազմեալները, գլխաւորութեամբ Միհրան Տամատեանին, Արփիար Արփիարեանին, Միհրան Սվազլեանին ու Վահան Թէքէեանին, կը գործէին որպէս շրջանակ ունենալով Եգիպտոսը, Յունաստանը, Ֆրանսան, Անգլիան եւ Միացեալ Նահանգները։ Որոշ շրջանակներէ ներս վերակազմեալները սկիզբը մաս չկազմեցին Հայ Սահմանադրական Ռամկավար Կուսակցութեան, անոնք գործեցին որպէս Ազգային Ազատական Կուսակցութիւն մինչեւ 1921 Հոկտեմբեր 1, ու անոնց միացումով գոյութիւն առաւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը՝ Պոլսոյ Գնալը կղզիին վրայ։ Հոս կ՚արժէ աւելցնել որ Ազգային Ազատական Կուսակցութեան ղեկավարներն էին Արշակ Չոպանեանն ու Հրաչ Երուանդը։
Վերեւը նշուած պատմական իրողութեանց, դժբախտաբար, յաջորդեց մտահոգիչ երեւոյթ մը, որ վտանգաւոր պէտք է նկատել Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան որդեգրած առաքելութեան ու անոր հանգրուանային յաջողութեանց, որոնք միայն նպատակ ունեցան ծառայելու հայ ժողովուրդին ու անոր յաւերժական Մեծ Երազի Ճամբու վրայ մարտնչող հայրենասիրութեան։
Հայաստանի երրորդ հանրապետութեան հռչակումէն ետք՝ 1991-ին, նախագահ Լ. Տէր Պետրոսեանի իշխանութեան շրջանին, երբ Կտրիճ Սարդարեանի կողմէ պատրաստուած «Կուսակցութիւններու համար» օրէնքը որդեգրուեցաւ, յաճախ լսեցինք ու կրկնուեցաւ հայ աւանդական կուսակցութիւններու վերադարձը Մայր հայրենիք լարուած ձայնապնակը։
Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք հիմնուած Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը 70 տարի գործեց Սփիւռքի մէջ որպէս սփիւռքածին իրողութիւն, բայց պէտք չէ մոռնալ որ սահմանադրականները Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան շրջանին գործեցին որպէս Հայաստանի Ռամկավար Կուսակցութիւն ՀՌԿ։ Այս կուսակցութեան շարքերու մէջ էին բազմահազար վանեցիներ, որոնք Արմենական իրենց շառաւիղով դարձեր էին այլեւս «ռամկավարներ»։ Հայաստանի Ռամկավար Կուսակցութիւնը Հանրապետութեան խորհրդարանէն ներս գործող 80 երեսփոխաններու շարքին ունէր 11 աթոռ։ Իսկ Հայաստանի շրջանային վարչութեան ատենապետն էր վանեցի երախտաւոր ու Վանի նախկին քաղաքապետ Արտակ Դարբինեանը, որ ձերբակալուեցաւ 1920 թուականի Հոկտեմբերին, Խատիսեանի գլխաւորած իշխանութեան կողմէ, իրեն հետ էր նաեւ վանեցի ռամկավար Վերապատուելի Արսէն Կէօրկիւզեանը, երկուքն ալ այդ օրերուն աքսորուեցան Պոլիս։ Մնացին այլ վանեցի ռամկավարներ՝ Ղեւոնդ Խանճեան, Գրիգոր Աճեմեան եւ ուրիշներ, որոնք 1922-ին ողջունեցին Արտակ Դարբինեանը՝ այս անգամ որպէս պատուիրակ ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան, որ եկած էր հանդիպելու Ալեքսանդր Մեասնիկեանին։
Հայրենադարձութեան տարիներուն «1946-1948», սփիւռքահայ Ռամկավար Ազատականներ պահեցին իրենց ուխտը՝ միշտ ծառայել հայրենիքին։
Տասնամեակներ ետք, Հայաստան ժամանած Ռամկավար Ազատական ուսանողները, հայրենիքէն ներս գործեցին հաւատարիմ իրենց ուխտին՝ «Հայրենիքի հետ ու Հայրենիքի համար» լոզունգի սկզբունքով։ Աւելին, անոնք կազմեցին Երեւանի ՌԱԿ-ի Արշակ Չոպանեան ակումբը, որ հպարտութեամբ գործեց հայրենիքի մէջ։ Այլ խօսքով ՌԱԿ-ը հայրենիքի մէջ էր արդէն ու վերադառնալու պէտք չունէր։
ՌԱԿ-ի հարազատ շառաւիղը կազմող Արմենականութիւնն ալ իր պատուանդանին վրայ մնաց, երբ ՌԱԿ-ի Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանակէն ներս կուսակցութեան երիտասարդական միաւորը անուանուեցաւ Արմենական Երիտասարդական Շարժում՝ 1982-ին։
Ամրացնելով իր տեղը այդ պատուանդանին վրայ, օրուան ՌԱԿ-ի Կեդրոնական Վարչութիւնը ողջունելով այդ իրողութիւնը, 1985-ին Արմենական կազմակերպութեան հիմնադրութեան 100-ամեակին, տարբեր շրջանակներու մէջ ալ կիրարկեց Արմենական Երիտասարդական Շարժումի ծրագիրը։ Վերանկախացած հայրենիքէն ներս Արմենականներու հիմնադրութեան 120- ամեակին առիթով, 2005 թուականին, որպէս հասարակական-երիտասարդական կազմակերպութիւն գրանցուեցաւ Արմենական անունը։
Ահա թէ ինչպէս կարելի եղաւ սերունդէ սերունդ վառ պահել Արմենական անունը որպէս ծնունդը ռամկավարութեան ու անոր անշեղ գաղափարախօսութեան։
Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան միաւորման աշխատանքին մաս կազմեցին նաեւ անոր միաձոյլ ծրագիրը ու ժողովրդավարութիւն տարածող կանոնագիրը։ Հայրենիքի հետ ու հայրենիքի համար գործող ժողովրդավարական գաղափարախօսութիւնը միաձոյլ երեւոյթ պէտք է առնէ ու մնայ որպէս ՌԱԿ՝s իր Արմենական, Վերակազմեալ ու Սահմանադրական անցեալի շառաւիղներով։
Վերանկախացած հայրենիքէն ներս ու աշխարհացրիւ ՌԱԿ-ի շարքերուն համար էական է կառչիլ հայ ժողովուրդին գերագոյն շահերուն եւ թոյլ չտալոր քայքայիչ արարքներով քանդուի հայ ժողովուրդի ծառայութեան գերագոյն նպատակը։ Յաւերժական հայրենիքի երազով գործող եւ Հայաստանի Հանրապետութեան վերելքը ցանկացող քաղաքական ու աւանդական կազմակերպութեան համար տեղատուութիւն չկայ, մանաւանդ, երբ ընդունինք որ երկրին որդեգրած երկքաղաքացիութեան օրէնքն ալ կրնայ նպաստել Հայրենիք- Սփիւռք միաձոյլ ու միանպատակ սրբազան առաքելութեան։
Կիրակի առտու, Յուլիս 13-ին, փառաւոր նախաճաշէ մը ետք (թէյ, կաթ, սուրճ, 15 տեսակ պանիր, 12 տեսակ անուշեղէն, փեթակաւոր եւ զտուած մեղր, 3 տեսակ կարագ, 5 տեսակ ձիթապտուղ, 10 տեսակ կարկանդակներ, 10 տեսակ պահածոյ մսեղէն, երշիկի տեսակներ, խաշած, տապկուած-պարզ կամ բանջարեղէններով-հաւկիթ, տապկուած եւ փուռի գետնախնձոր, թարմ մածուն, սեռ, չորցուած եւ թարմ պտուղի տեսակներ, եւայլն, եւայլն, եւայլն) ճամբայ ելանք դէպի հայոց Սրբազնագոյն Լեռը, դէպի Արարատ:
Նոյն պատմութիւնը: Ընդարձակ դաշտագետիններ, գեղեցիկ տեսարաններ: Ճիշտ է երբ կ’ըսենք «Հայաստան երկիր դրախտավայր»: Դրախտավայր մը՝ որ իր գեղեցկութեամբ հրապուրեց բազմաթիւ ցեղախումբեր, որոնք մե՛ր դրախտը մե՛ր դժոխքին վերածեցին:
Պարսկաստանի սահմանին բաւական մօտ էինք: Սահմանապահ պահակներու դիտարանները հոս ու հոն կ’երեւային: Մեզի ցոյց տրուեցաւ Չալտրանի Ճակատամարտի վայրը: Չալտրանի ճակատամարտը ճակատագրական էր մեր ժողովուրդին համար, քանի որ այդ ճակատամարտէն ետք Արեւմտեան Հայաստանը Պարսիկներու տիրապետութենէն անցաւ Օսմանեան Թուրքերու իշխանութեան տակ:
23 Օգոստոս 1514-ին տեղի ունեցաւ Չալտրանի Ճակատամարտը ուր Պարսկական Սավաֆիտ կայսրութեան եւ Օսմանեան կայսրութեան բանակները ճակատեցան իրարու դէմ:
Պատերազմը արդարացնելու համար Սութան Սելիմ Ա.-ը Շէյխ Իւլ Իսլամէն ֆէրման մը առաւ ուր կ’ըսուէր թէ Պարսիկներու Շահը, Իսմայիլ Ա., «անհաւատ է եւ հեռետիկոս» (ճիշտ այնպէս՝ ինչպէս հիմա ԱՅՍԻՍի ծայրայեղականները կը պատրուակեն իրենց բարբարոսութիւնները բացատրելու) եւ հետեւաբար Սուլթանին պատերազմը արդար էր եւ ուրեմն կրնար յարձակիլ: Առ այդ, Շահ Իսմայիլ ամբաստանեց Սելիմ Ա.-ին որ ան «իսլամներու դէմ կը պատերազմի եւ կրօնական ու սեռային օրէնքները կը խախտէ եւ թէ միւսլիւմանի անմեղ արիւն կը թափէ»…, ուրեմն՝ օրինաւոր էր Օսմանցիներուն դէմ պատրեազմիլը:
Օսմանցիներու Սելիմ Ա. Սութանը 60,000 բանակով եւ մօտ 200,000 պաշըպոզուքներով յարձակեցաւ Պարսկական Սավաֆիտ կայսրութեան վրայ: Պարսիկներու Շահ Իսմայիլ Ա.-ը պատրաստ չէր պատերազմի, հետեւաբար սկսաւ նահանջել: Որպէսզի Օսմանցիներու յառաջխաղացքը դադաղեցնէ, ան շրջանի գիւղերն ու քաղաքները կը կործանէ, բերքը կ’այրէ, անասունները կը փճացնէ, ջրհորները կը թունաւորէ (ո՞վ տուժեց, աշխարհի «առաջին քրիստոնեայ ժողովուրդը», հայերը…): Օսմանցիները այնքան մը դժուարութիւններու հանդիպեցան որ ենիջերիները պատրաստ էին ապստամբելու եւ մինչեւ անգամ Սութանին վրանին վրայ կրակեցին:
Պարսիկներու 40,000-նոց բանակը եւ 80,000-նոց ամբոխը կը խմբուին Չալտրանի դաշտին մէջ: Օսմանցիները անմիջապէս կը փութան Չալտրան եւ Օգոստոս 23-ին ճակատամարտը կը սկսի: Օսմանեան բանակը ենիջէրիներու առաջնորդութեամբ կ’անցնի յարձակողականի: Օսմանցիները կը գործածէին այն ժամանակուայ արդիական զէնքերը, մանաւանդ մեծ թնթանօթներ, որոնք աւեր կը գործէին Պարսկական ուժերուն վրայ: Տակաւին, Օսմանեան բանակը, ենիջէրիներու ղեկավարութեամբ, աւելի լաւ մարզուած եւ շատ կարգապահ էր, մինչ Պարսիկները՝ նուազ կարգապահ եւ անպատրաստ: Պարսիկներու պատերազմական «ծրագիր»ը, ռազմավարութիւնը, շատ տկար էր, ինչպէս նաեւ գործածած զէնքերը՝ քիչ մը ժամանակավրէպ: Այդ օր, Պարսիկներու հազարաւոր վիրաւորեալներու կողքին կային 5000 մեռեալներ, մինչ Օսմանցիները 2000 սպաննուածներով օրը գոցեցին: Գերի ինկան Շահին կիները (երանի Սուլթան Սելիմին…): Շահը շատ նեղուեցաւ, վշտացաւ, եւ իր տառապանքը փորձեց գինիի մէջ խեղդել (վիշտերը լաւ լողալ գիտէին…): Ան պարտուած վերադարձաւ Պարսկաստան եւ Շահ մնալով հանդերձ՝ կառավարութիւնը յանձնեց իր զաւկին:
Պատերազմը շարունակուեցաւ աւելի քան 40 տարիներ եւս: Պարսիկները շատ լաւ դիմադրեցին, բայց Օսմանցիք յաղթեցին: 1555-ին Ամասիայի դաշնագրով Արեւելեան Անատոլուն եւ Իրաքի հիւսիւս-արեւմտեան մասը, մինչեւ Թաւրիզ, մտան Օսմանցիներու տիրապետութեան տակ: Արեւմտեան Հայաստանը, մինչեւ Երեւանի մօտակայքը գրաւուեցաւ Օսմանցիներուն կողմէ: Քիւրտ ցեղախումբերը Օսմանցիներուն հաւատարմութիւն յայտնելով անցան անոնց կողմը:
Դէպի Արարատ մեր ճամբուն վրայ հանդիպեցանք Բերկրիի (այժմ Մուրտիյէ) ջրվէժներուն: Կարծէք հսկայական ժայռերուն մէջէն ջուրերը ինքնին կը ժայթքէին: Մաքուր, զուլալ ջուրեր որոնք գետի վերածուելով կ’երթային վար՝ դաշտագետիններն ու մրգաստանները ոռոգելու: Մետաղեայ հաստ պարաններով շինուած կամրջակի մը վրայէն անցանք գետին միւս կողմը, աւելի լաւ վայելելու զմայլելի տեսարանը: Երբ Բերկրիի ջրվէժներուն շառաչիւնը կը վայելէինք, յանկարծ մեր ուխտագնացներէն մէկը հարցուց որ այդ ջուրերը ուրկէ՞ կու գային եւ ջրվէժը երբ եւ ինչպէ՞ ս կազմուած է: Զինք յուսախաբ չընելու համար հետեւեալ պատմութիւնը տեղւոյն վրայ «շինեցի»: Քանի որ «Փոքր Մհերի Դուռ»ի ազդեցութիւնը տակաւին թարմ էր մեր միտքերուն մէջ, ըսի.- «Այս շրջանը ժամանակին շատ չոր էր: Առիւծ Մհերը երբ որսի ելած էր, գիւղացիները կու գան եւ կը բողոքեն իրեն որ ջուր չունին: Առիւծ Մհերն ալ իր «լախտ»ը կը հանէ եւ «կիւ՛՜մ» ուժգին հարուած մը կու տայ այդ ժայռերուն եւ ի՜նչ հրաշք, ջրվէժները կը ժայթքին:» Երբ տեսայ որ ոմանք չէին ուզէր հաւատալ, ըսի.- «Ինչպէ՛ս Մովսէս մարգարէն անանպատին մէջ գաւազանը զարնելով հրեաներուն ջուր տուաւ, անդպէս ալ Առիւծ Մհերը իր «լախտ»ը զարնելով ջուր տուաւ հայերուն:» Եթէ այս «պատմութիւն»ը հազար տարի առաջ մեր պապիկները իրենց թոռնիկներուն պատմած ըլլային, կամ Ղեւոնդ Ալիշանը գրած ըլլար, հիմա «Հայոց Պատմութեան» գիրքերուն մէջ գրուած կ’ըլլար…: Ուխտագնացներէն ոմանք հաւատացին եւ սկսան իրարու պատմել…:
Ռամատան ըլլալուն, Բերկրիի ջրվէժներուն դիմացի ճաշարան-սրճարանին մէջ ուտելիք չէին ծախեր: Ստիպուած եղանք գոհանալ «չիփս»երով, պիստակեղէնով եւ զովացուցիչներով:
Իշհաք Փաշայի ամրոց-պալատը Տողու-պայազիտէն հինգ մղոն դէպի հարաւ-արեւելք կը գտնուէր, բարձր բլուրի մը վրայ, շրջանի դաշտագետիններուն իշխող դիրքին մէջ: Հանդիպակաց բլուրին վրայ կային պարսպապատ կառոյցներ, հաւանաբար բերդի մը մնացորդացը, մզկիթ մը եւ կենդանիներու ախոռներ: Այս բերդանման պալատը սկսած էր կառուցուիլ 1685-ին, Չոլաք Ապտի Փաշային կողմէ եւ աւարտած էր 1784-ին, իր թոռան՝ Իշհաքի կողմէ, որ քիւրտ ցեղապետ մըն էր: Այս հսկայ կառոյցին մէջ նշմարելի է Հայկական, Օսմանեան, Պարսկական, Վրացական եւ Սելճուքեան ճարտարապետութեան ազդեցութիւնները: Կամարապատ, նախշապատ հսկայ դռնէ մը ներս մտանք: Շատ մեծ բակի մը, գաւիթի մը շուրջ շինուած 366 սենեակներուն մէջն էին հարեմի 14 սենեակները իրենց յարակից «սէլամլիք»ներով…: Սրահները, ժողովատեղիները, հիւրասենեակները, զարդաքանդակներով հարուստ պատուհաններով, շատ գեղեցիկ էին: Փոքր բայց շատ ճաշակաւոր մզկիթ մը ինքզինք կը ցուցադրէր: 19-րդ դարուն, այս պալատը քանի մը անգամ փոխն ի փոխ անցած էր Ռուսերու եւ Օսմանցիներու տիրապետութեան տակ որոնք աւելի աւերած էին զայն քան պահպանած: Իշհաք Փաշայի ամրոցին վայրը Օսմանեան Կայսրութեան ժամանակ շատ կարեւոր արեւտրական կեդրոն մըն էր, ուր Պարսկաստանէն, Հնդկաստանէն եւ ծայրագոյն արեւելքէն, ինչպէս նաեւ արեւմուտքէն կարաւաններ իրենց ապրանքները կը փոխադրէին կամ կը ծախէին: Վաճառականական կեդրոն մըն էր ան: Անոր համար շատ հարուստ եւ ճոխ շինութիւն մըն էր այդ: Ըստ մեր ուղեկցորդին, պալատի շինութեան ժամանակ, բազմաթիւ հայ արհեստաւորներ աշխատած են հոս եւ անոր համար ալ զարդաքանդակներու մէջ հայկական ոճով շինուածքները իշխող էին: Մարդը ըսաւ նաեւ որ բազմաթիւ հայ արհեստաւորներ եւ քանդակագործներ իրենց անուններուն սկզբնատառերը փորագրած կամ քանդակած են զարդաքանդակներու ետեւները, գաղտնի տեղերու մէջ, որոնք յետագային յայտնագործուած են:
1880-ական թուականներուն Պայազիտի (այժմ Տողու-պայազիտ) մէջ կ’ապրէին շուրջ 1000 հայ ընտանիք: Արեւտրական կեդրոն մը եղած էր ան ուր արեւելքէն եկող վաճառականներն ու Սեւ Ծովի եւ Եւրոպայի արեւտրականները իրարու կը հանդիպէին : Ամառները փոշոտ իսկ ձմեռները ցեխոտ այս քաղաքին մէջ կարծես հիմա հայ չէ մնացած: քաղաքէն դուրս ժայռոտ լեռներ եւ տափաստաններ են ուր ցորենի դաշտերէն վեր՝ արօտավայրերը կը սկսին: Մեր ուղեկցորդը քանի մը տեղեր լեռնալանջերուն վրայ ցոյց տուաւ վրաններու փոքր խումբեր եւ ըսաւ որ անոնք թափառաշրջիկ քիւրտեր կամ «ճիփսի»ներ են որոնք անասնաբուծութեամբ կը զբաղին եւ ոմանք ալ մօտակայ քաղաքներուն մէջ բեռնակիրներ կամ պարզ արհեստաւորներ են:
Հեռուէն տեսանք Արարատը: Մշուշներուն մէջէն աղօտ կ’երեւար ան, քիչ մը ամչնալով կարծես: Մինչ մեր պասը կը սուրար, սկսանք անդադար լուսանկարել, հակառակ որ միայն մշուշն էր որ կը պատկերացուէր մեր լուսանկարչական գործիքներուն կամ «այ-ֆոն»ներուն վրայ:
Որու՞ հոգը, Արարատի մշուշն անգամ սուրբ էր մեզի համար…:
Իսհակ Փաշայի Պալատի զարդաքանդակները, գեղազարդարուած հայ վարպետներու կողմէ: